alt2 Ապ­րիլ 2016ին Ար­ցա­խի ­Հան­րա­պե­տու­թեան դէմ Ատր­պէյ­ճա­նի կող­մէ շղթա­յա­զեր­ծո­ւած պա­տե­րազ­մը, դժբախ­տա­բար, «ա­նակն­կալ» ո­րա­կու­մով բնո­րոշուե­ցաւ շա­տե­րու կող­մէ: ­Բո­լորս գի­տէինք, որ Ատր­պէյ­ճան ան­հա­մե­մատ քա­նա­կով զէնք կը գնէր ­Ռու­սիա­յէն`

շուրջ 16 մի­լիառ տո­լար ար­ժո­ղու­թեամբ, Իս­րա­յէ­լէն` շուրջ 5 մի­լիառ ար­ժո­ղու­թեամբ, դառ­նա­լով Ա­սիոյ մէջ Իս­րա­յէ­լի երկ­րորդ մեծ յա­ճա­խոր­դը, իսկ ­Թուր­քիա­յէն` չբա­ցա­յայ­տո­ւած քա­նա­կով:

Ատր­պէյ­ճա­նա­կան «Ի­լիու­շին 76» տի­պի բեռ­նա­տար օ­դա­նա­ւը եր­կու ան­գամ վայ­րէջք կա­տա­րած է Իս­րա­յէլ` Ապ­րի­լի 4ին եւ Ապ­րի­լի 6ին, ըստ հա­մա­ցան­ցի թռիչք­նե­րու կայ­քին: Օ­դա­նա­ւը` AZAF8 ան­ցած է ­Թուր­քիոյ, ա­պա ­Կիպ­րո­սի վրա­յէն եւ մտած է իս­րա­յէ­լեան օ­դա­յին տա­րածք` իջ­նե­լով Ուվ­տա­յի զի­նո­ւո­րա­կան խա­րիսխ: Ապ­րի­լի 10ին ­Հա­յաս­տան Իս­րա­յէ­լի դէմ բո­ղոք ներ­կա­յա­ցու­ցած է` Ատր­պէյ­ճա­նին ա­նօ­դա­չու «անձ­նաս­պա­նա­կան» ռումբ-թռչող սար­քեր տրա­մադ­րե­լուն հա­մար:

­Բո­լո­րիս հա­մար` զի­նամ­թերք վա­ճա­ռող­նե­րուն ու պարզ ժո­ղո­վուր­դին, յստակ էր, որ այդ զի­նա­տե­սակ­նե­րը պի­տի գոր­ծա­ծո­ւին Ար­ցա­խի ու ­Հա­յաս­տա­նի դէմ, ոչ թէ` Ատր­պէյ­ճա­նի միւս հա­րե­ւան­նե­րէն ­Ռու­սիոյ, ­Թուր­քիոյ, կամ` առ այժմ Ի­րա­նի ու Վ­րաս­տա­նի դէմ: ­Բայց` ո­րո՞ւ հո­գը, «ա­ռեւ­տուր է սա»…
­Մինչ Ատր­պէյ­ճա­նի ղե­կա­վար­նե­րը ան­դա­դար ռազ­մա­շունչ ճա­ռեր կ­՛ար­տա­սա­նէին եւ վեր­ջին տա­րի­նե­րուն ան­դա­դար փոր­ձեր կը կա­տա­րէին` «փոքր» յար­ձա­կում­ներ գոր­ծե­լով Ար­ցա­խի ու ­Հա­յաս­տա­նի սահ­ման­նե­րուն վրայ, զո­հեր խլե­լով խա­ղաղ բնա­կիչ­նե­րու եւ բա­նա­կա­յին­նե­րու շար­քե­րէն:

­Սա­կայն այս պա­տե­րազ­մի նա­խօ­րեա­կին, ա­միս­նե­րով, վեր­լու­ծա­բան­ներ ու քա­ղա­քա­կան յայտ­նի դէմ­քեր, ակ­նար­կե­լով Ատր­պէյ­ճա­նի ան­հա­մե­մա­տօ­րէն զի­նո­ւե­լուն, դժբախ­տա­բար, ընդ­հան­րա­պէս այս­պի­սի պա­տե­րազմ մը բո­լո­րո­վին ան­հա­ւա­նա­կան կը նկա­տէին` հիմ­նո­ւե­լով այն թիւր կար­ծի­քին վրայ, թէ` «Շր­ջա­նա­յին եւ մի­ջազ­գա­յին լա­րո­ւած ի­րա­վի­ճա­կը չ­՛ար­տօ­ներ նոր տագ­նա­պի մը բռնկու­մը ­Կով­կա­սի մէջ»… ­Կար­ծէք, թէ Ատր­պէյ­ճան ար­տօ­նու­թիւն պի­տի խնդրէր ոե­ւէ մէ­կէն, թէեւ ան ու­նէր ­Թուր­քիոյ (եւ հա­ւա­նա­բար` ու­րիշ­նե­րու, ինչ­պէս Իս­րա­յէ­լի) ան­վե­րա­պահ ու բա­ցա­յայտ զօ­րակ­ցու­թիւ­նը: ­Մինչ քի­չեր կ­՛ը­սէին, թէ այս­պի­սի «խեն­թու­թիւն» կա­րե­լի էր ակն­կա­լել:

­Բայց ին­չո՞ւ Ատր­պէյ­ճան ո­րո­շած է, ու կը հա­մար­ձա­կի զէն­քի ու­ժով վերս­տին բռնագ­րա­ւե­լու Ար­ցա­խը, քա­նի որ Ար­ցա­խը, մա­սամբ ա­զա­տագ­րե­լու հայ ժո­ղո­վուր­դին զի­նո­ւո­րա­կան յաղ­թա­նա­կէն ետք, օ­րո­ւան վար­չա­կազ­մը իր ան­նե­րե­լի, ա­նար­դա­րա­նա­լի, թոյլ ու կար­ծէք պար­տո­ւո­ղի սխալ վար­քա­գի­ծով յոյ­սեր շնոր­հեց պար­տո­ւած Ազր­պէյ­ճա­նին, թէ` տա­րածք­ներ պի­տի վե­րա­դարձ­նէ… բա­նակ­ցու­թեան ճամ­բով:

­Թէեւ հայ ժո­ղո­վուր­դը մա­սամբ տա­պա­լեց այդ վար­չա­կազ­մը, սա­կայն յա­ջոր­դող վար­չա­կազ­մե­րը, այդ բա­նակ­ցա­յին հո­լո­վոյ­թի կա­տա­րո­ւած ի­րո­ղու­թեան ծու­ղա­կին մէջ շա­րու­նա­կե­ցին տապլտ­կիլ: Այս մա­սին եր­բե­ւի­ցէ հայ­կա­կան «միաս­նու­թեան» կար­ծի­քը առ­նուե­ցա՞ւ… Ո՛չ, բնա՛ւ: ­Վե­րա­դար­ձանք դրա­մա­հա­ւա­քի ու նո­ւի­րա­տո­ւու­թեան ան­խու­սա­փե­լի յան­կեր­գին…

Իւ­րա­քան­չիւր «բա­նակ­ցու­թե­նէ» ետք, հայ­կա­կան կող­մը միայն կը հեր­քէ ատր­պէյ­ճա­նա­կան յայ­տա­րա­րու­թիւն­նե­րը, բայց հայ ժո­ղո­վուր­դը տե­ղեակ չի պա­հեր, թէ ի­րա­կա­նու­թիւ­նը ի՛նչ է: Այս հեր­քում­նե­րու շա­րա­նը իշ­խա­նա­ւոր­նե­րուն հան­դէպ վստա­հու­թեան սահ­մա­նը հա­տած է ար­դէն: ­Մին­չեւ ե՞րբ պի­տի շա­րու­նա­կո­ւի այս կա­ցու­թիւ­նը:

­Նա­զա­րէթ ­Պէր­պէ­րեան «Աս­պա­րէզ»ի 24 ­Յու­նիս 2016ի «­Պա­լա­տա­կա՞ն», թէ՞ «մար­տա­կան»… ­հա­շո­ւե­յար­դար» յօ­դո­ւա­ծին մէջ կ­՛ը­սէ.- «­Բա­ցի պե­տա­կան լծակ­նե­րուն տէր ե­ղող իշ­խա­նա­ւոր փոք­րա­մաս­նու­թե­նէն, բո­լորս ալ կը խար­խա­փենք ան­տե­ղեա­կու­թեան եւ ա­պա­տե­ղե­կա­տո­ւու­թեան մու­թին մէջ… Ո՛չ «ի­րա­ւա­կան պե­տու­թեան» հան­դէպ յար­գանք կայ, ո՛չ ալ ժո­ղո­վուր­դին հա­շիւ տա­լու հրա­մա­յա­կա­նին ար­ժէք տո­ւող կայ»…

«Ե­թէ ար­տա­քին ու­ժեր վճռած են ի­րենց յար­մար դա­տած ե­ղա­նա­կով ­Հա­յաս­տա­նի ու հա­յու­թեան պար­տադ­րել ի­րենց նա­խա­սի­րած քար­տէսն ու քա­ղա­քա­կան լու­ծու­մը, գո­նէ իբ­րեւ այս պե­տու­թեան պա­հա­պանն ու պաշտ­պա­նը` մեր ժո­ղո­վուր­դը պէտք է գիտ­նայ, թէ ի՞նչ ա­պա­գայ կը պատ­րաս­տո­ւի ու կը պար­տադ­րո­ւի իր գա­լիք սե­րունդ­նե­րուն»: Եւ կ­՛եզ­րա­կաց­նէ.- «­Սե­փա­կան ժո­ղո­վուր­դէն դուրս չկան ու­ժի յե­նա­րան եւ դի­մադ­րա­կա­նու­թեան ե­րաշ­խիք: ­Հա­շիւ տո­ւէք եւ ոչ թէ պա­լա­տա­կան կամ մար­տա­կան հա­շո­ւե­յար­դար­նե­րով մսխէք ­Հա­յաս­տա­նի եւ հա­յու­թեան բա­ժին ին­կած ամ­բող­ջա­կան վե­րա­կանգ­նու­մի եւ ինք­նա­հաս­տատ­ման պատ­մա­կան բա­ցա­ռիկ պա­հը»:

­Ներ­կա­յիս Ատր­պէյ­ճա­նի նա­խա­յար­ձակ պա­տե­րազ­մը եւ ա­նոր կա­տա­րած հրէ­շա­յին վայ­րա­գու­թիւն­նե­րը ոս­կի ա­ռիթ են այդ բա­նակ­ցա­յին հո­լո­վոյ­թի կա­նոն­նե­րը եւ ցարդ կա­տա­րո­ւած «զի­ջում­նե­րը» (շատ հա­ւա­նա­բար կան) ջնջե­լու եւ միայն ու միայն ա­մէն գնով պա­հան­ջե­լու յա­ւե­լեալ ա­պա­հո­վու­թեան գօ­տի­ներ` Ար­ցա­խի ու ­Հա­յաս­տա­նի այժ­մու սահ­ման­նե­րուն շուրջ` պաշտ­պա­նո­ւե­լու հա­մար Ատր­պէյ­ճա­նի ա­տե­լա­վառ ցե­ղաս­պան մո­լուց­քէն, եւ վե՛րջ:

­Փաս­տօ­րէն, քա­նի մը «անն­շան» ո­րա­կո­ւող պաշտ­պա­նու­թեան դիր­քե­րու կո­րուս­տին պատ­ճա­ռով՝ ­Թա­լի­շը եւ ­Մա­տա­ղի­սը աս­կէ ետք մնա­յուն վտան­գի տակ են:
­Հար­ցում­ներ. ին­չո՞ւ նմա­նօ­րի­նակ կա­ցու­թեան մէջ գտնո­ւող Աբ­խա­զիոյ, ­Հա­րա­ւա­յին Օ­սե­թիոյ ու Խ­րի­մի պա­րա­գա­նե­րուն «­Մինս­քի Խմ­բակ­ներ» չկազ­մուե­ցան… Ին­չո՞ւ ­Քո­սո­վո­յի պա­րա­գա­յին «մի­ջազ­գա­յին ըն­տա­նի­քը», շարք մը բա­ցա­ռու­թիւն­նե­րով, ճանչ­ցաւ ա­նոր ան­կա­խու­թիւ­նը...
­Քա­նի որ օ­տար ու­ժեր մաս­նա­կից էին ա­նոնց պա­րա­գա­յին:
­Մինչ Ար­ցա­խի պա­րա­գա­յին, հա­մազ­գա­յին, զուտ հայ­կա­կան ա­զա­տագ­րա­կան պայ­քար էր՝ ցե­ղաս­պա­նու­թիւն գոր­ծող Ատր­պէյ­ճա­նի դէմ եւ սրբագ­րե­լու խորհր­դա­յին վար­չա­կար­գին հայ­կա­կան տա­րածք­նե­րու բռնազ­բօ­սիկ բաշ­խու­մը Ատր­պէյ­ճա­նին, ­Թուր­քիոյ ու Վ­րաս­տա­նին:
***
Իս­րա­յէլ բա­ցա­յայ­տօ­րէն թէ՛ զի­նո­ւո­րա­կան ներ­կա­յու­թիւն է Վ­րաս­տա­նի ու Ատր­պէյ­ճա­նի մէջ` խորհր­դա­տու­նե­րով եւ մաս­նա­գէտ­նե­րով, թէ՛ ալ` ար­դիա­կան զի­նամ­թերք հայ­թայ­թող:
Իս­րա­յէ­լի հե­տա­խու­զու­թեան բա­ժան­մուն­քը` ­Մո­սատ, իր մեծ կեդ­րո­նով ա­զա­տօ­րէն գոր­ծու­նէու­թիւն կը ծա­ւա­լէ Ատր­պէյ­ճա­նի մէջ: Այս պա­տե­րազ­մէն միայն եր­կու օր ա­ռաջ, Իս­րա­յէլ լէյ­զըր ճա­ռա­գայ­թով ուղ­ղո­ւող հա­կահ­րա­սայ­լա­յին ար­դիա­կան հրթիռ­ներ յանձ­նեց Ատր­պէյ­ճա­նին։ (­Տե՛ս «­Նիւզ Էյ.Էմ», 9 Ապ­րիլ 2016).- «­Մար­տի 31ին Իս­րա­յէ­լը Ատր­պէյ­ճա­նին է տրա­մադ­րել իր հա­կա­թան­կա­յին լա­զե­րա­յին հրթիռ­նե­րը»: ­Շատ հա­ւա­նա­բար իս­րա­յէ­լա­ցի մաս­նա­գէտ­ներ մաս­նակ­ցած են հայ­կա­կան 14 հրա­սայ­լեր կոր­ծա­նե­լուն, վկայ` պա­տե­րազ­մէն միա՛յն եր­կու օր ա­ռաջ հա­սած այս ար­դիա­կան հրթիռ­նե­րը: Ինչ­պէս նաեւ հա­ւա­նա­բար մաս­նակ­ցած էին ի­րենց վա­ճա­ռած ա­նօ­դա­չու սար­քե­րով յար­ձա­կում­նե­րուն:

Ին­չո՞ւ Իս­րա­յէլ բա­ցա­յայտ ներ­կա­յու­թիւն է Ատր­պէյ­ճա­նի մէջ, քա­նի որ Իս­րա­յէլ յայ­տա­րա­րած է, որ իր թիւ մէկ թշնա­մին լի­բա­նա­նեան ­Դի­մադ­րու­թիւնն է եւ ա­նոր դաշ­նա­կից Ի­րա­նը եւ, փո­խա­դար­ձա­բար, Ի­րա­նի ու ­Հըզ­պալ­լա­յի թիւ մէկ թշնա­մին Իս­րա­յէլն է: Չ­մոռ­նանք, որ Իս­րա­յէլ որ­քան փոր­ձեց «ճնշում» բա­նեց­նել Ա­մե­րի­կա­յի վրայ` ռմբա­կո­ծե­լու հա­մար Ի­րա­նը եւ ա­նոր հիւ­լէա­կան կա­յան­նե­րը: Ատր­պէյ­ճան 756 քի­լո­մեթր եր­կա­րու­թեամբ սահ­ման ու­նի Ի­րա­նի հետ, մինչ ­Թեհ­րա­նը միայն 400 քի­լո­մեթր հե­ռա­ւո­րու­թեան վրայ է Ատր­պէյ­ճա­նի սահ­մա­նէն…: Իս­րա­յէլ քա­նիցս յո­խոր­տա­ցած էր, որ ե­թէ Ա­մե­րի­կա չռմբա­կո­ծէ Ի­րա­նը, ինք պի­տի ռմբա­կո­ծէ: ­Յատ­կան­շա­կան է, որ Իս­րա­յէլ իր քա­րիւ­ղի պա­հան­ջին 40 տո­կո­սը Ատր­պէյ­ճա­նէն կը նե­րա­ծէ:
Իլ­համ Ա­լիեւ, Ո­ւի­քի­լիք­սի բա­ցա­յայ­տու­մով, ա­մե­րի­կեան դես­պա­նա­տան մէջ ը­սած է.- «Ատր­պէյ­ճա­նի եւ Իս­րա­յէ­լի երկ­կողմ յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րը նման են ծփա­ցող սա­ռոյ­ցի, ո­րուն 90 տո­կո­սը մա­կե­րե­սին տակ է»…

Իսկ ա­մե­նավ­տան­գա­ւո­րը` իս­րա­յէ­լեան ԼԱՌ-160 եւ ռու­սա­կան «Ս­մերչ» տի­պի տա­րան­ջա­տո­ւող հրթիռ­ներ (cluster bomb) գոր­ծա­ծո­ւե­ցան այս պա­տե­րազ­մին, ո­րոնց իւ­րա­քան­չիւ­րին` հա­րիւ­րա­ւոր ա­կան­նե­րու մա­հաս­փիւռ ազ­դե­ցու­թիւ­նը կը մնայ եր­կար տա­րի­ներ, մա­հա­ցու կամ հաշ­ման­դամ զո­հեր խլե­լով հո­ղա­գործ­նե­րէն, քա­ղա­քա­ցի­նե­րէն ու մա­նուկ­նե­րէն:

­Ռազմ.Ին­ֆօ 13 ­Յու­նիս 2016ին կը յայտ­նէ.- «Ապ­րի­լի մար­տե­րից յե­տոյ չպայ­թած զի­նամ­թեր­քից ա­ռաջ­նա­հերթ մաքր­ւում են Ար­ցա­խի գիւ­ղա­կան տա­րածք­նե­րը»: «Այս տի­պի քա­սե­թա­յին ռում­բե­րը վտան­գա­ւոր են նախ եւ ա­ռաջ այն պատ­ճա­ռով, որ ու­նեն գու­նա­ւոր ժա­պա­ւէն­ներ, ո­րոնք գրա­ւիչ են ա­ռա­ջին հեր­թին ե­րե­խա­նե­րի հա­մար»,- նշած է ՀԱԼՕ Թ­րաս­թի ներ­կա­յա­ցու­ցի­չը` ա­ւելց­նե­լով, որ «Ս­մերչ»ի գոր­ծա­ծու­թեան կող­քին, նաեւ գոր­ծա­ծո­ւած է իս­րա­յէ­լեան ԼԱՌ-160ը: «Այս ժա­պա­ւէ­նով ա­կան­նե­րը այս­տեղ են հաս­նում իս­րա­յէ­լեան ԼԱՌ-160 («Կ­րատ»ի հա­մար­ժէք) հրթիռ­նե­րով, իւ­րա­քան­չիւր հրթիռ 104 նման ա­կան է բե­րում… ­Սա պայ­թու­ցիկ բե­կո­րա­յին հրթիռ է, տե­ղե­կու­թիւն ու­նենք, որ ­Մար­տա­կեր­տի ուղ­ղու­թեամբ մի քա­նի հա­րիւր նման հրթիռ են կրա­կել»:

Իս­րա­յէլ 2006ին հա­րա­ւա­յին ­Լի­բա­նա­նի վրայ շուրջ 1800 ոճ­րա­յին մա­հաս­փիւռ տա­րան­ջա­տո­ւող հրթիռ­ներ ար­ձա­կեց, ո­րոնք շուրջ մէկ մի­լիոն 200 հա­զար փոքր ռում­բե­րով ո­ղո­ղե­ցին գիւ­ղե­րը եւ դաշ­տե­րը, ո­րոնց պատ­ճա­ռով հա­րիւ­րա­ւոր լի­բա­նան­ցի­ներ մին­չեւ այ­սօր, տա­սը տա­րի­ներ ետք, ի­րենց կեան­քը կը կորսնցնեն կամ հաշ­ման­դամ կը դառ­նան:

2000 թո­ւա­կա­նէն սկսեալ ՀԱԼՕ Թ­րասթ ա­կա­նա­զերծ­ման մար­դա­սի­րա­կան մի­ջազ­գա­յին կազ­մա­կեր­պու­թիւ­նը, որ ար­դէն ա­կա­նա­զեր­ծում կը կա­տա­րէր Ար­ցա­խի մէջ, սկսաւ ա­կա­նա­զերծ­ման նոր ա­ռա­քե­լու­թեան` յայտ­նա­բե­րե­լու եւ վնա­սա­զեր­ծե­լու հա­ւա­նա­բար շուրջ 20 հա­զա­րի հաս­նող այս փոքր ա­կան­նե­րը:
­Վիեթ­նա­մի պա­տե­րազ­մէն ի վեր քա­նիցս մի­ջազ­գա­յին փորձ կա­տա­րո­ւած է զան­գո­ւա­ծա­յին բնաջնջ­ման այս ոճ­րա­յին զի­նամ­թեր­քի գոր­ծա­ծու­թիւ­նը ար­գի­լե­լու, ու վեր­ջա­պէս՝ 2008 ­Մա­յի­սին ­Տապ­լի­նի մէջ ո­րո­շում կա­յաց­նե­լէ ետք, 2008ի ­Դեկ­տեմ­բե­րին Օս­լո­յի մէջ կը հաս­տա­տո­ւի պայ­մա­նա­գի­րը, որ ու­ժի մէջ կը մտնէ Օ­գոս­տոս 2010ին: ­Մին­չեւ Ապ­րիլ 2016 108 եր­կիր­ներ ստո­րագ­րած են զայն: ­Հա­յաս­տան, Ատր­պէյ­ճան, Իս­րա­յէլ, ­Ռու­սիա եւ ­Միա­ցեալ ­Նա­հանգ­ներ պայ­մա­նա­գի­րը տա­կա­ւին չըն­դու­նող­նե­րու շար­քին են:

Այս պա­տե­րազ­մին մեղ­սակ­ցու­թեան իս­րա­յէ­լեան գոր­ծօ­նը ա­ւե­լի եւս հաս­տա­տո­ւե­ցաւ, երբ Իս­րա­յէ­լի խորհր­դա­րա­նի ան­դամ­ներ ու յօ­դո­ւա­ծա­գիր­ներ կոչ ուղ­ղե­ցին ո­րոշ տե­սա­կի զի­նամ­թերք չյանձ­նե­լու Ատրպէյ­ճա­նին: Յս­տակ է, որ այս պա­տե­րազ­մի ակնյայտ կող­մե­րու շար­քին` Ար­ցախ, ­Հա­յաս­տան, Ատր­պէյ­ճան, ­Թուր­քիա եւ ­Ռու­սիա, պէտք է ա­ւելց­նել Իս­րա­յէ­լը եւ Ի­րա­նը` իբ­րեւ լուրջ հա­կա­դիր ու առն­չո­ւող կող­մեր:

­Հա­յաս­տան-Ար­ցախ-սփիւռք միաս­նու­թիւն լո­զուն­գին պէտք է տալ ի­րա­կան ու գործ­նա­կան ի­մաստ, քա­նի որ այս եր­րոր­դու­թիւ­նը կտրա­կա­նա­պէս կը մեր­ժէ՛ ո­րե­ւէ զի­ջում: Ա­րեան գնով մա­սամբ ա­զա­տագ­րո­ւած մեր հո­ղե­րը եր­բե՛ք սա­կար­կու­թեան ու բա­նակ­ցու­թեան նիւթ չե՛ն կրնար ըլ­լալ:

ՅԱՐՈՒԹ ՉԷՔԻՃԵԱՆ