­Թուր­քիոյ վար­չա­պետ ­Պի­նա­լի Եըլ­տը­րըմ 24 ­Մա­յիս 2016ին իր պաշ­տօ­նը ստանձ­նե­լէն քա­նի մը օր ետք յայ­տա­րա­րեց, որ ­Թուր­քիան «կա­րի­քը ու­նի բազ­մաց­նե­լու իր բա­րե­կամ­նե­րը եւ նո­ւա­զեց­նե­լու թշնա­մի­նե­րը»` ա­ւելց­նե­լով.- «Իս­րա­յէլ, ­Սու­րիա, ­Ռու­սիա, Ե­գիպ­տոս… ­Սեւ ծովն ու ­Մի­ջերկ­րա­կա­նը շրջա­պա­տող այս եր­կիր­նե­րուն

հետ չի կրնար ո­րե­ւէ մնա­յուն թշնա­մու­թիւն ըլ­լալ»:

­Մէկ ա­միս ետք, ­Թուր­քիան ար­դէն այդ ուղ­ղու­թեամբ ա­ռաւ գործ­նա­կան 2 քայ­լեր, ա­ռա­ջի­նը` Իս­րա­յէ­լի, իսկ երկ­րոր­դը` ­Ռու­սիոյ ուղ­ղու­թեամբ: Ան­գա­րա ­Մա­յիս 2010էն` «­Մա­ւի ­Մար­մա­րա»յի դէպ­քէն ի վեր, Իս­րա­յէ­լի հետ սա­ռե­ցո­ւած յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րը բնա­կա­նո­նաց­նե­լու հա­մա­ձայ­նա­գիր մը ստո­րագ­րեց ­Թել Ա­ւի­ւի հետ, ա­պա՝ նո­յեմ­բեր 2015էն` ­Սու­րիոյ վե­րեւ ռու­սա­կան «­Սու-24» ռմբա­ձի­գի վար առ­նո­ւե­լուն դէպ­քէն ի վեր, լա­րո­ւած ռուս-թրքա­կան յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րը բնա­կա­նո­նաց­նե­լու հա­մար նա­խա­գա­հի մա­կար­դա­կով նա­մակ մը յղեց ­Փու­թի­նին: Այդ նա­մա­կը մէկ շաբ­թո­ւան մէջ Էր­տո­ղա­նի 2րդ ­նա­մակն էր ­Փու­թի­նին, սա­կայն այս ան­գամ «նե­րու­մի հայց» մը կը բո­վան­դա­կէր:

Յս­տակ է, որ ­Թուր­քիոյ ար­տա­քին քա­ղա­քա­կա­նու­թիւ­նը դար­ձած է նո­ւազ գա­ղա­փա­րա­պաշ­տա­կան եւ ա­ռա­ւել գործ­նա­պաշ­տա­կան: Այդ քա­ղա­քա­կա­նու­թեան մէջ գա­ղա­փա­րա­պաշ­տա­կան մօ­տե­ցում­նե­րը կը յա­մե­նան, վկայ` Ե­գիպ­տո­սի նկատ­մամբ Ան­գա­րա­յի կե­ցո­ւած­քը, սա­կայն Իս­րա­յէ­լի եւ ­Ռու­սիոյ նկատ­մամբ կա­տա­րո­ւած քայ­լե­րը ­Թուր­քիոյ կող­մէ իր շուրջ ստեղ­ծած մե­կու­սաց­ման օ­ղա­կը փշրե­լու նա­խա­ձեռ­նու­թիւն­ներ են: Ար­տա­քին քա­ղա­քա­կա­նու­թեան մէջ այս շրջա­դար­ձը բնա­կա­նա­բար կա­րի­քը ու­նէր զո­հի մը: Այդ զո­հը դար­ձաւ նախ­կին վար­չա­պետ Ահ­մեթ ­Տա­ւու­թօղ­լուն, ո­րուն ու­սե­րուն այժմ (ա­նար­դա­րօ­րէն) կը բեռ­ցո­ւի ­Թուր­քիոյ մի­ջազ­գա­յին ու շրջա­նա­յին մե­կու­սաց­ման մեղ­քը:

­Թուր­քիոյ ար­տա­քին նոր քա­ղա­քա­կա­նու­թեան ա­ռաջ­նա­հեր­թու­թեանց մէջ Իս­րա­յէ­լի հետ յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րու վե­րա­կանգ­նու­մը ա­մէ­նէն դիւ­րինն էր, ո­րով­հե­տեւ եր­կու եր­կիր­նե­րուն մի­ջեւ գո­յու­թիւն ու­նին գոր­ծակ­ցու­թեան ա­ւան­դու­թիւն մը եւ հա­սա­րա­կաց շա­հեր, օ­րի­նակ` ­Սու­րիոյ վար­չա­կար­գին, Ի­րա­նի եւ ­Հըզ­պալ­լա­յի վե­րա­բե­րող հար­ցե­րուն մէջ: Ա­ւե­լի՛ն, Իս­րա­յէ­լի հետ հա­կադ­րու­թիւ­նը կորսնցու­ցած է ա­րա­բա­կան աշ­խար­հին մէջ իր շա­հա­ւէ­տու­թիւնն ու հմայ­քը` ­Սու­րիոյ եւ Ե­գիպ­տո­սի նկատ­մամբ ­Թուր­քիոյ վա­րած քա­ղա­քա­կա­նու­թեան պատ­ճա­ռով:

Յս­տակ է, որ հա­մա­ձայ­նու­թեան ստո­րագ­րու­մով՝ ­Թուր­քիան ու ա­նոր նա­խա­գա­հը Իս­րա­յէ­լի հետ ի­րենց գօ­տե­մար­տին մէջ կրե­ցին պար­տու­թիւն մը: «Իս­րա­յէ­լը մի­ջազ­գա­յին գետ­նի վրայ կա­տա­րե­լա­պէս պի­տի մե­կու­սաց­նենք»ի, «ա­նոնք շատ լաւ գի­տեն ինչ­պէ՛ս սպան­նել»ի, «Իս­րա­յէլ ­Կա­զա­յի մէջ ցե­ղա­յին մաք­րա­գոր­ծում կը կա­տա­րէ»ի եւ «Իս­րա­յէլ ­Կա­զա­յի մէջ իր ո­ճիր­նե­րուն հա­մար հա­շո­ւե­տո­ւու­թեան պի­տի կան­չո­ւի»ի նման յայ­տա­րա­րու­թիւն­ներ կա­տա­րե­լէ ետք, ­Թուր­քիոյ իշ­խա­նու­թիւն­նե­րը ստի­պո­ւե­ցան երկ­կողմ յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րը վե­րա­կանգ­նել` ա­ռանց ­Կա­զա­յի շրջա­փակ­ման ջնջու­մը ա­պա­հո­վե­լու:

Իս­րա­յէ­լի վար­չա­պետ ­Պե­նիա­մին ­Նե­թա­նիա­հու 2013ին ար­դէն նե­րում հայ­ցած էր «­Մա­ւի ­Մար­մա­րա»յի վրայ թուրք գոր­ծիչ­նե­րուն սպա­նու­թեան հա­մար եւ ըն­դու­նած հա­տու­ցում կա­տա­րել, սա­կայն Իս­րա­յէ­լի հետ յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րը բնա­կա­նո­նաց­նե­լու հա­մար ­Թուր­քիոյ 3րդ ­նա­խա­պայ­մա­նը` ­Կա­զա­յի շրջա­փակ­ման ջնջու­մը, կա­տա­րե­լա­պէս ա­նըն­դու­նե­լի էր Իս­րա­յէ­լի հա­մար: 3 տա­րի ետք, Ան­գա­րա ի վեր­ջոյ ըն­դու­նեց ­Կա­զա­յին մար­դա­սի­րա­կան օ­ժան­դա­կու­թիւն մա­տա­կա­րա­րե­լու հա­մար օգ­տա­գոր­ծել իս­րա­յէ­լեան Աշ­տոտ նա­ւա­հան­գիս­տը, ա­ռա­ջարկ մը, որ ­Թել Ա­ւիւ ար­դէն «­Մա­ւի ­Մար­մա­րա»յի մի­ջա­դէ­պէն ա­ռաջ ներ­կա­յա­ցու­ցած էր Ան­գա­րա­յի:

Էր­տո­ղան չկրցաւ զի­ջում պար­տադ­րել եւ մե­կու­սաց­նել Իս­րա­յէ­լը, որ շա­րու­նա­կեց իր յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րը ­Թուր­քիոյ «փոքր եղ­բօր»` Ատր­պէյ­ճա­նի, ինչ­պէս նաեւ Ե­գիպ­տո­սի, ­Կիպ­րո­սի, ­Յու­նաս­տա­նի եւ այլ եր­կիր­նե­րու հետ: Իր եր­կիրն էր, որ մե­կու­սա­ցաւ եւ «­Սուլ­թան»ը ստի­պո­ւե­ցաւ նե­րու­մի հայ­ցի եւ 20 մի­լիոն տո­լար հա­տուց­ման դի­մաց վե­րա­կանգ­նել յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րը ա­նոր հետ: Ի­րո­ղու­թիւն մը, ո­րուն ի տես ­Թուր­քիոյ գլխա­ւոր ընդ­դի­մա­դիր ­Հան­րա­պե­տա­կան ­Ժո­ղո­վուր­դի կու­սակ­ցու­թեան ղե­կա­վար ­Քե­մալ ­Քը­լըճ­տա­րօղ­լու կա­տա­րեց հե­տե­ւեալ դի­պուկ յայ­տա­րա­րու­թիւ­նը. «Ս­կիզ­բը ա­ռիւ­ծի պէս մռնչաց, իսկ հի­մա ալ կա­տո­ւի պէս կը մլա­ւէ»:

ՎԱՀՐԱՄ ԷՄՄԻԵԱՆ