altՅի­շո­ղու­թեան վայ­րե­րուն հետ մեր­ձա­ւո­րու­թիւ­նը ներ­քին ան­հանգս­տու­թիւն մը կու տայ մե­զի։ ­Վայ­րը, որ յի­շո­ղու­թիւն կը կրէ կամ ու­նի, ու­ծա­ցած է ինք­նին եւ այ­ցե­լու­թիւն­նե­րը կը դառ­նան ա­ռիթ­ներ՝ վե­րագ­րե­լու ա­նոնց նախ­կին կամ բո­լո­րո­վին նոր ի­մաստ, արթնց­նե­լու,

վե­րա­դարձ­նե­լու ի­րենց յու­շը, յի­շեց­նե­լու ի­րենց՝ թէ ի՛նչ էին ու ե՛ն ալ տա­կա­ւին։ Ա­ռանց անդ­րա­դար­ձու­մի՝ թե­րի պի­տի ըլ­լայ այդ վայ­րը։ ­Մենք պէ՛տք է յի­շենք, որ­պէս­զի ա­նոնք ըլ­լա՛ն։

Այս­պէս սկսաւ մխի­թա­րեան­ցի ա­շա­կերտ­նե­րուս հետ ճա­նա­պար­հոր­դու­թիւ­նը ­Ռու­բէն ­Սե­ւա­կի հետ­քե­րով։ ­Սի­լիվ­րի ծնած բա­նաս­տեղ­ծը ի­րենց ըն­տա­նե­կան տան վայ­րին վե­րա­բե­րեալ ո­րոշ տե­ղե­կու­թիւն­ներ կը փո­խան­ցէր ար­դէն «­Ման­չե­րուն գե­րեզ­մա­նը» ար­ձա­կին մէջ՝ գրո­ւած ­Լօ­զան, 1913ին։ «Բ­ժիշ­կին գիր­քէն փրցո­ւած է­ջեր» շար­քին այս պա­տու­մը ման­կու­թեան ան­հոգ օ­րե­րու յի­շա­տակ մը կը բե­րէ հե­ղի­նա­կէն. կը յի­շէ ­Սե­ւակ «այն օրհ­նեա՜լ օ­րե­րը, երբ ու­ղե­ղիս, ջի­ղե­րուս, մարմ­նիս բո­լոր բջիջ­նե­րը այն­պէ՜ս լե­ցո­ւած էին կեան­քով՝ որ մա­հո­ւան գա­ղա­փա­րին հա­մար տեղ չէր մնա­ցած...»։ Այդ է­ջե­րուն վրայ է, որ կը յի­շա­տա­կո­ւի պա­պե­նա­կան տու­նը։ «­Սի­լիվ­րիի այդ աշ­տա­րա­կը ճիշդ մեր տան դէմն էր. բարձր ու խար­խուլ մի­նա­րէ մը՝ յու­նա­կան հին մե­հեա­նի վրայ թա­ռած. մե­հեա­նը դեռ կան­գուն է՝ մի­նա­րէն փլած...»։

­Յի­շա­տա­կի այս փշրան­քը սրբու­թեան մը նման ար­ձա­նագ­րե­լով ծո­ցա­տետ­րիս մէջ՝ կապ հաս­տա­տե­ցի ­Ռու­բէն ­Սե­ւա­կի եղ­բօր՝ ­Քե­րով­բէ ­Չի­լին­կի­րեա­նի զաւ­կին՝ պր. ­Յով­հան­նէս ­Չի­լին­կի­րեա­նին հետ։ Ա­ռա­ջին օ­րէն մին­չեւ վեր­ջի­նը զօ­րա­կից ու խորհր­դա­կից էր ան մե­զի այս ձեռ­նար­կին մէջ։ Պր. ­Չի­լին­կի­րեան տրա­մադ­րեց լու­սան­կար­ներ՝ 1960ին ­Ռու­բէն ­Սե­ւա­կի զաւ­կին՝ ­Լե­ւո­նին դէ­պի ­Սի­լիվ­րի կա­տա­րած ու­ղե­ւո­րու­թե­նէն, ո­րու ըն­թաց­քին ի­րեն ըն­կե­րա­ցած էին կո­ղա­կի­ցը՝ ­Ժա­նեթ եւ ­Սե­ւա­կի քրոջ աղ­ջի­կը՝ Ատ­րի­նէ ­Յա­կո­բո­վիչ-­Մա­լա­կեան։ ­Ռու­բէն ­Սե­ւա­կի հա­տըն­տիր հա­տո­րի մը մէջ հան­դի­պած էի տու­նը ցուց­նող այլ լու­սան­կա­րի մըն ալ, զոր նոյն­պէս հետս ու­նէի այ­ցե­լու­թեանս օ­րը։ ­Թէեւ գի­տէի, որ ո՛չ թէ ա­սի­կա, այլ՝ պր. ­Չի­լին­կի­րեա­նի ու­ղար­կածն է ճիշ­դը։

­Պոլ­սոյ մեր­ձա­կայ, ծո­վափ­նեայ այս գիւ­ղը մին­չեւ 1915ը 160 տան մէջ բնա­կող 1000 հայ կը հաշուէր իր բնա­կիչ­նե­րու շար­քին։ Աս­քա­նա­զեան վար­ժա­րա­նի կող­քին, կար նաեւ Ս. ­Գէորգ ե­կե­ղե­ցին։ ­Չի­լին­կի­րեան­նե­րը գիւ­ղա­քա­ղա­քի հա­րուստ ըն­տա­նիք­նե­րէն էին։ Ի­րենց ու­նե­ցած ա­ւե­լի քան տա­սը կա­լո­ւա­ծա­թուղ­թե­րը տա­կա­ւին կա­րե­լի է տես­նել ­Յով­հան­նէս-Իր­մա ­Չի­լին­կի­րեա­նի յի­շա­տա­կի տան մէջ, ­Նիս։ ­Ռու­բէն ­Սե­ւակ նա­մա­կի մը մէջ կը խոս­տո­վա­նէր, թէ ե­թէ բժիշկ չըլ­լար, ա­պա պի­տի ու­զէր զբա­ղիլ հո­ղա­գոր­ծու­թեամբ։ Եւ իր ե­րազն էր օր մը վե­րա­դառ­նալ ­Սի­լիվ­րի ու զբա­ղիլ հո­ղա­գոր­ծու­թեամբ։ «Ա­մե­նա­վեր­ջին փա­փաքս է օր մը կա­րե­նալ գիւղ քա­շո­ւիլ ու կեան­քիս վեր­ջին տա­րի­նե­րը դաշ­տե­րուս ու հո­ղե­րուս վրայ ան­ցը­նել լռու­թեան ու բնու­թեան մէջ»,- կը գրէր ան 1912 թուա­կիր նա­մա­կի մը մէջ։

­Սե­ւա­կին այս տո­ղե­րը դա­տա­պար­տո­ւած էին ե­րա­զանք մը մնա­լու։ Պր. ­Չի­լին­կի­րեա­նի տրա­մադ­րած լու­սան­կար­նե­րուն մէջ կա­յին դրո­ւագ­ներ ալ, ո­րոնք կը յա­ւեր­ժաց­նէին ­Սե­ւա­կը որ­պէս որ­սորդ։ Եւ­րո­պա­կան հա­մալ­սա­րան­նե­րուն մէջ բժշկա­գի­տա­կան կրթու­թիւն ստա­ցող ու այն­տեղ ալ պաշ­տօ­նա­վա­րող ­Սե­ւա­կին հա­մար, վստա­հա­բար, վե­րա­դար­ձի վայր մը ու ա­պաս­տան մըն էր հայ­րե­նա­կան այս ոս­տա­նը, ­Սի­լիվ­րին։

­Մեր այ­ցե­լու­թիւ­նը նշա­նա­կա­լից դարձ­նե­լու նպա­տա­կով կապ հաս­տա­տե­ցինք ­Սի­լիվ­րիի քա­ղա­քա­պե­տու­թեան հետ։ ­Փոխ-քա­ղա­քա­պե­տը, որ ու­ղե­կից ազ­նիւ պաշ­տօ­նեայ մըն ալ տրա­մադ­րեց մե­զի, կա­րե­լի բո­լոր մի­ջոց­նե­րով օ­ժան­դա­կեց մեր ձեռ­նար­կի յա­ջո­ղու­թեան հա­մար։ ­Սի­լիվ­րին փոք­րիկ բնա­կա­վայր մըն է, հե­տե­ւա­բար դիւ­րին ե­ղաւ մօ­տա­ւո­րա­պէս գտնել այն թա­ղը, ուր բնա­կած ըլ­լա­լու էր ­Չի­լին­կի­րեան գեր­դաս­տա­նը։ Ու­րա­խու­թիւն էր նաեւ յայտ­նա­բե­րել մնա­ցորդ­նե­րը այն տան, ո­րու լու­սան­կա­րը սխալ­մամբ տե­ղադ­րո­ւած էր հա­տըն­տիր ժո­ղո­վա­ծո­յի մը մէջ։ Ու­րեմն, կը զգա­յի, որ ան­հա­ւա­նա­կան չէ յայտ­նա­բե­րել նաեւ ­Սե­ւա­կին ի­րա­կան տու­նը։

Պր. ­Չի­լին­կի­րեա­նի ա­ռա­քած լու­սան­կար­նե­րը ի ձե­ռին՝ փո­ղոց առ փո­ղոց տուն կ­՚ո­րո­նէինք, քա­ղա­քի տա­րեց բնա­կիչ­նե­րուն կը հարց­նէինք, քա­նի որ հսկայ տու­նը կան­գուն էր գո­նէ մին­չեւ 1960ա­կան­նե­րը։ Եւ վեր­ջա­պէս մե­զի ցոյց տո­ւին ա­զատ տա­րա­ծու­թիւն մը, ուր կը նշմա­րո­ւէին տան հի­մե­րը, ա­լա­թուր­քա ճե­միշ­նե­րը, սե­նեակ­նե­րը ի­րար­մէ զա­տող պա­տե­րուն հետ­քե­րը։ Ա­հա՛ տու­նը, ա­ւե­լի ճիշդ՝ ­Սե­ւա­կենց տան մնա­ցոր­դը։ Ու­րա­խու­թիւն ու տխրու­թիւն կը զգանք միա­ժա­մա­նակ։ Ու­րախ ենք, որ գտած ենք տու­նը, սա­կայն տխուր՝ որ այս վի­ճա­կի մէջ է ան։ ­Բո­լոր այս ըն­թաց­քին կը զրու­ցէինք ան­շուշտ քա­ղա­քա­պե­տա­րա­նի պաշ­տօ­նեա­յին հետ, կը պատ­մէի ի­րեն ­Ռու­բէն ­Սե­ւա­կին մա­սին։

­Հե­տաքրք­րո­ւած էր, կը մտա­ծէր կազ­մա­կեր­պել ծա­նօ­թա­ցու­մի ներ­կա­յա­ցում մը հայ բա­նաս­տեղ­ծին մա­սին, հրա­ւի­րել զիս՝ որ­պէս­զի խօ­սիմ ի­րենց, թե­րեւս կա­րե­լի ըլ­լար յու­շա­քար մը, յի­շա­տա­կի ցու­ցա­նակ մը տե­ղադ­րել ի յի­շա­տակ սի­լիվ­րի­ցի այս ան­ծա­նօթ բա­նաս­տեղ­ծին (ինչ­պէս որ ը­րած էին սի­լիվ­րի­ցի Ս. ­Նեկ­տա­րիո­սի, 1846-1920, տան հա­մար)։

­Սե­ւակ, գի­տենք, կը նա­հա­տա­կո­ւի 1915ին։ ­Սի­լիվ­րին, ինչ­պէս վերն ալ ը­սի, ան­կիւն մըն էր ի­րեն հա­մար, ուր թե­րեւս վե­րա­դառ­նար հե­տա­գա­յին։ ­Տու­նը կան­գուն էր իր­մէ ետք ալ։ ­Հայրն ու մայ­րը այն­տեղ էին։ ­Հայ­րը կը մա­հա­նայ 1920ա­կան­նե­րուն, ­Սի­լիվ­րիի մէջ, երբ գիւ­ղա­քա­ղա­քը կը գտնո­ւէր յու­նա­կան բա­նա­կի գրաւ­ման տակ։ ­Յոյ­նե­րը ­Սե­ւա­կենց տան վեր­նա­յար­կը վե­րա­ծած էին բա­նա­կա­յին կեդ­րո­նա­տե­ղիի։ ­Սե­ւա­կին հայ­րը՝ ­Յով­հան­նէս երբ կը մա­հա­նայ, յու­ղար­կա­ւո­րու­թիւ­նը կը կա­տա­րո­ւի զի­նուո­րա­կան պա­տիւ­նե­րով, քա­նի որ ան հայրն էր օս­մա­նեան բա­նա­կի հա­րիւ­րա­պետ ­Ռու­բէն ­Սե­ւա­կի։

­Բա­նաս­տեղ­ծին մայ­րը՝ Ար­մա­ւե­նի ­Չի­լին­կի­րեան, յու­նա­կան բա­նա­կին հետ կը լքէ հայ­րե­նի քա­ղա­քը։ Ան կը վախ­ճա­նի 1934ին, ­Սե­լա­նի­կի մէջ, ուր կը թա­ղո­ւի հայ­կա­կան գե­րեզ­մա­նա­տան մէջ։ ­Յի­շո­ղու­թիւ­նը վառ պա­հե­լու հա­մար կա­րիքն ու­նինք այս ջան­քին, այս եր­թին, ­Սե­ւակ կամ այլ ա­նուն մը կա­պե­լու հա­մար վայ­րի մը, վե­րա­դարձ­նե­լու հա­մար զի­րենք ի­րենց քա­ղաք­նե­րուն։

ՍԵՒԱՆ ՏԷՅԻՐՄԵՆՃԵԱՆ - « Ա­կօս»