­altԶար­մա­նա­լի են այս ­Թուր­քե­րը։

­Թուր­քիան ճար­պիկ եւ խո­րա­մանկ դի­ւա­նա­գի­տու­թեան դա­րա­ւոր ա­ւան­դու­թիւն ու­նի, եւ ա­սոր շնոր­հիւ կրցած է, օս­մա­նեան շրջա­նէն մին­չեւ ­Մուս­թա­ֆա ­Քե­մալ եւ յա­ջորդ­նե­րը, օ­տար պե­տու­թիւն­նե­րը իր մատ­նե­րուն վրայ խաղց­նել ու զի­րենք իր շա­հե­րուն ծա­

ռա­յեց­նել։

­Սա­կայն երբ հար­ցը հա­յե­րուն կու գայ՝ կար­ծես, թէ այս նոյն ճար­պիկ ու խո­րա­մանկ թուր­քը մէկ ան­գա­մէն խել­քը կը կորսնց­նէ ու կը սկսի ա­պուշ-ա­պուշ դուրս տալ այն­քան, որ մարդս կը սկսի տա­րա­կու­սիլ, թէ թուր­քին ու­նե­ցա­ծը ա­ղո­ւէ­սի խո­րա­ման­կու­թի՞ւն է, թէ՞ հա­ւու խելք։
Այս ի­րո­ղու­թեան վեր­ջին ա­պա­ցոյ­ցը ­Թուր­քիոյ ա­ւա­գա­նին տո­ւաւ, իր նա­խա­գա­հէն սկսեալ, ­Յու­նիս 2ին ­Գեր­մա­նիոյ խորհր­դա­րա­նին կող­մէ ­Հա­յոց ­Ցե­ղաս­պա­նու­թիւ­նը դա­տա­պար­տող ծա­նօթ բա­նա­ձե­ւին առ­թիւ։

­Մե­ծա­փառ, վսե­մա­փայլ, Աս­տո­ւա­ծըն­տիր ու սուլ­թա­նա­պա­տիւ Էր­տո­ղան փա­տի­շահ-նա­խա­գա­հը, կա­շիէն դուրս գա­լով, սկսաւ աջ ու ձախ շան­թեր ար­ձա­կել՝ ա­սոնց­մէ մին ուղ­ղե­լով ­Գեր­մա­նիոյ խորհր­դա­րա­նի ան­դամ, եւ ծա­գու­մով թուրք, ­Ճէմ Էօզ­տէ­մի­րին, որ յի­շեալ բա­նա­ձե­ւին զօ­րա­վիգ կանգ­նած էր՝ պա­հան­ջե­լով, որ իր ա­րիւ­նը քննո­ւի՝ ստու­գե­լու հա­մար, ե­թէ իս­կա­պէս ­Թուրք է։

Արդ, մէկ­դի թո­ղունք այն ի­րո­ղու­թիւ­նը, թէ ա­րեան քննու­թեամբ մէ­կու մը ազ­գա­յին պատ­կա­նե­լու­թիւ­նը կա­րե­լի չէ ճշդել. բայց ե­թէ իս­կա­պէս Էր­տո­ղան կ­՚ու­զէ գիտ­նալ ի­րեն­նե­րուն ազ­գա­յին ինք­նու­թիւ­նը՝ ա­րեան քննու­թիւն­նե­րու պէտք չկայ. կը բա­ւէ, որ քիչ մը իր չորս կող­մը դի­տէ եւ ինքն ի­րեն հարց տայ, թէ ին­չո՞ւ այ­սօ­րո­ւան թուր­քե­րուն ե­րես­նե­րը բնաւ չեն նմա­նիր ԺԱ. դա­րուն Ալ­փարս­լա­նին հետ ա­ռա­ջին ան­գամ ­Հա­յաս­տան եւ ­Փոքր Ա­սիա ներ­խու­ժած թուր­քե­րու մոն­ղո­լա­տիպ դէմ­քե­րուն։

­Չեն նմա­նիր, ո­րով­հե­տեւ ներ­խու­ժած թուր­քե­րը՝ փոք­րա­մաս­նու­թիւն մը ըլ­լա­լով, տե­ղաբ­նիկ­նե­րուն մէջ ձու­լո­ւած են, բռնի ու­ժով զա­նոնք թրքաց­նե­լով ու այս պատ­ճա­ռաւ ներ­կայ թուրք ժոո­վուր­դին ե­րակ­նե­րուն մէջ ա­ւե­լի շատ հա­յու, յոյ­նի, ա­սո­րիի եւ այլ­նի ա­րիւն կը հո­սի, քան թէ՝ թուր­քի։ ­Նոյ­նինքն Էր­տո­ղա­նի պա­րա­գա­յին, որ ­Սեւ ­Ծո­վեան ցա­մա­քա­մա­սի սե­րունդ է, ո՞վ գի­տէ, թէ ա­նոր նախ­նի­նե­րուն մէջ որ­քա՛ն յոյն, լազ, հայ կամ վրա­ցի կայ։ Ար­դէն իր փոքր աղ­ջիկն ալ, վեր­ջերս, ծա­գու­մով լա­զի մը հետ ա­մուս­նա­ցաւ, ուս­տի իր ծնե­լիք զա­ւակ­նե­րը, Էր­տո­ղա­նի թոռ­նե­րը, լա­ւա­գոյն պա­րա­գա­յին, կէս-թուրք պի­տի ըլ­լան միայն։

Իսկ ե­թէ զտա­րիւն թուրք Էր­տո­ղան սուլ­թա­նը բաղ­դա­տենք իր նախ­կին պաշ­տօ­նա­կից­նե­րուն՝ օս­մա­նեան սուլ­թան­նե­րուն հետ, ո­րոնց յա­ջորդն ըլ­լա­լու մար­մա­ջէն հնդկա­հա­ւի մը պէս կ­՚ու­ռի-կը փչո­ւի, պի­տի նկա­տենք, թէ օս­մա­նեան թա­գա­ւո­րա­կան հարս­տու­թիւ­նը, իր հիմ­նա­դիր Օս­մա­նէն մին­չեւ վեր­ջին սուլ­թան ­Վահ­տէտ­տի­նը, ու­նե­ցած է 38 սուլ­թան­ներ, ո­րոնց­մէ գէթ ե­րե­սու­նին մայ­րը թուրք չէր, այլ՝ յոյն (3 հատ), հրեայ (5 հատ), սերպ (5 հատ), պուլ­կա­րա­ցի (3 հատ), Ֆ­րան­սա­ցի (4 հատ), չեր­քէզ, հայ (մէկ հատ, ­Վեր­ժին ա­նու­նով, Ապ­տիւլ ­Հա­միտ Բ.ի մայ­րը), ի­տա­լա­ցի (5 հատ), ռուս, ռու­մա­նա­ցի, ալ­պա­նա­ցի ե­ւայլն։

­Հե­տե­ւա­բար՝ ա­ռա­ջին սուլ­թա­նը, ո­րուն մայ­րը օ­տար էր, ար­դէն կի­սով միայն թուրք էր, ա­նոր յա­ջոր­դը՝ դար­ձեալ օ­տար մօր զա­ւակ, մէկ քա­ռոր­դով միայն թուրք էր ու այս­պէս, թո­ւա­բա­նա­կան հա­շի­ւով մին­չեւ վեր­ջի­նը, ո­րուն ա­րեան մէջ թրքու­թեան տո­կո­սը հա­ւա­սար է մէ­կի՝ 53687088ի դի­մաց. այ­սինքն՝ ոչ իսկ կա­թի­լի մը կէ­սը։ Աս­կէ կը հե­տե­ւի, թէ թուր­քե­րը, հին սուլ­թան­նե­րէն սկսեալ մին­չեւ մեր օ­րե­րու սուլ­թա­նու­թեան թեկ­նա­ծուն, ա­մէնքն ալ խառ­նա­ծին են։

Ու­րեմն լաւ է լռել՝ թուր­քե­րու ա­րեան ա­նա­ղար­տու­թեան մա­սին։
­Սա­կայն այս ա­մէ­նով հան­դերձ՝ կը խոր­հիմ, թէ հայ ազ­գը իր ամ­բող­ջու­թեամբ պէտք է ե­րախ­տա­պարտ ըլ­լայ Էր­տո­ղա­նին եւ իւ­րա­յին­նե­րուն հան­դէպ, ո­րով­հե­տեւ ե­թէ ­Գեր­մա­նիոյ խորհ­դա­րա­նին, ու ան­ցեալ տա­րի՝ ­Պա­պին կող­մէ ­Հա­յոց ­Ցե­ղաս­պա­նու­թիւ­նը դա­տա­պար­տող դիր­քո­րո­շում­նե­րուն առ­թիւ ձայն-ծպտուն հա­նած չըլ­լա­յին, ոչ ոք պի­տի անդ­րա­դառ­նար ­Մեծ Ե­ղեռ­նին, մի­ջազ­գա­յին մա­մուլն ու հան­րա­յին կար­ծի­քը լռու­թեամբ պի­տի անց­նէին ա­նոր վրա­յէն. մինչ թուր­քե­րու ա­նո­պայ ու ան­հա­ւա­սա­րակ­շիռ հա­կազ­դե­ցու­թիւ­նը ոչ միայն քննա­դա­տու­թեան ու ծաղ­րան­քի ա­ռար­կայ դար­ձուց ­Թուր­քիան ու ա­նոր նա­խա­գա­հը, այ­լեւ ա­րար-աշ­խար­հին՝ ման­կամ­սու­րի նո­րա­ծի­նէն մին­չեւ ծե­րա­նո­ցի մա­հա­մեր­ձը, ծա­նօ­թա­ցուց ­Հա­յոց ­Ցե­ղաս­պա­նու­թիւ­նը՝ ա­ռիթ տա­լով, որ մարդ­կու­թեան ստո­ւար զան­գո­ւած մը տե­ղե­կա­նայ թրքա­կան մեր­ժո­ղա­կա­նու­թեան մա­սին ու զայն դա­տա­պար­տէ։

Ու­րեմն՝ ­Թուր­քիոյ ը­րա­ծը, ի­րա­կա­նու­թեան մէջ, հա­յան­պաստ հսկա­յա­կան քա­րոզ­չու­թեան մը վե­րա­ծո­ւե­ցաւ։ ­Քա­րոզ­չու­թիւն մը, զոր մենք, մեր բո­վան­դակ մարդ­կա­յին ու նիւ­թա­կան կա­րո­ղու­թիւն­նե­րը զօ­րա­կո­չի են­թար­կե­լու պա­րա­գա­յին ալ, պի­տի չկա­րե­նա­յինք այդ­քան ծա­ւա­լուն կեր­պով ի­րա­գոր­ծել։ Ո՛չ միայն։

Այ­լեւ՝ աս­կէ ետք մե­զի դրա­մա­կան մեծ խնա­յո­ղու­թիւն մը ը­նել պի­տի տայ, ո­րով­հե­տեւ այն ա­մէն օ­տար անձ­նա­ւո­րու­թիւն­նե­րը, ո­րոնց հա­յա­սէ­րի մակ­դի­րը տո­ւած ենք, անվ­ճար չէ որ մե­զի զօ­րա­վիգ կը կանգ­նին. այլ ի­րենց բա­րե­կա­մու­թիւ­նը մեր վրայ բա­ւա­կան մեծ ծախ­սի կը նստի. ի­րենց ի պա­տիւ տրո­ւած ճա­շե­րով, նո­ւէր­նե­րով, ­Հա­յաս­տան կա­տա­րած ճամ­բոր­դու­թիւն­նե­րու ծախ­սե­րը հո­գա­լով եւ այլն։ Ու այս բո­լոր ծախ­սե­րը կ­՚ը­նենք, որ­պէս­զի մեր քա­րոզ­չու­թիւ­նը ա­ռաջ տա­նին. իսկ Էր­տո­ղան այս ա­մէ­նը անվ­ճար, եւ ա­ւե­լիո­վը, կը կա­տա­րէ. հե­տե­ւա­բար ար­ժա­նի է՝ մեր ազ­գին ե­րախ­տա­գի­տու­թեան ու մեծ հա­յա­սէր­նե­րուն՝ ­Մոր­կըն­թաո­ւի, ­Լեփ­սիու­սի, Ար­մին ­Վեկ­նե­րի եւ այլ­նի կար­գին դա­սո­ւե­լու։

Աս­կէ կը հե­տե­ւի, թէ ­Հա­յաս­տա­նի ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րա­րու­թիւ­նը, աշ­խար­հիս չորս կող­մը գոր­ծող ­Հայ ­Դա­տի ­Յանձ­նա­խումբ­նե­րը, եւ ընդ­հան­րա­պէս ­Հայ ­Դա­տով ու ­Ցե­ղաս­պա­նու­թեան դա­տա­պար­տու­մով զբա­ղող մեր կազ­մա­կեր­պու­թիւն­նե­րը պի­տի կա­րե­նան պիւտ­ճէի կա­րե­ւոր կրճա­տում մը կա­տա­րել, ո­րով­հե­տեւ, փա՜ռք Էր­տո­ղա­նին, մեր կող­մէ տա­րո­ւե­լիք քա­րոզ­չու­թիւ­նը ինք ար­դէն, եւ մեզ­մէ ա­ւե­լի լաւ, կը կա­տա­րէ։

­Հայ ագ­գը, որ բազ­մա­թիւ թե­րու­թիւն­ներ ու­նե­նա­լով հան­դերձ՝ ա­պե­րախտ չէ, գի­տէ իր բա­րե­կամ­նե­րը գնա­հա­տել. հե­տե­ւա­բար Աս­տո­ւա­ծա­պա­տիւ ու ար­քա­յա­շուք փա­տի­շահ-նա­խա­գա­հը այժ­մէն իսկ կրնայ վստահ ըլ­լալ, թէ այն օ­րը, որ ինք Ալ­լա­հին ծո­ցը հա­սած ըլ­լայ, սգա­ւոր ու ե­րախ­տա­գէտ հա­յու­թիւ­նը Ե­րե­ւա­նի գլխա­ւոր հրա­պա­րա­կին վրայ իր դիր­քին, համ­բա­ւին ու մե­ծու­թեան վա­յել ու զին­քը յա­ւեր­ժաց­նող ոս­կե­ձոյլ ու մե­ծա­դիր ար­ձա­նը պի­տի կանգ­նեց­նէ։

ՍՈՒՐԷՆ ԾՈՎԻԿԵԱՆ - «­Նոր ­Յա­ռաջ»