altԹր­քե­րէ­նով ը­սո­ւած է եւ մեր ծնող­նե­րուն կող­մէ մե­զի՝ մեր ման­կու­թեան կամ պա­տա­նե­կու­թեան շրջա­նին, փո­խան­ցո­ւած ի­մաս­տու­թեան թե­ւա­ւոր խօսք է, որ «­Խո­ճան գիտ­ցա­ծը կը կար­դայ»…

Այ­սինքն՝ ինչ որ ալ գրո­ւած ըլ­լայ ճշմար­տու­թիւ­նը ար­ձա­նագ­րող բնագ­րին կամ փաս­տա­թուղ­թին մէջ, տար­բե­րու­թիւն չ­՛ը­ներ եւ կա­րե­ւոր ալ չէ. ու­սու­ցի­չը կամ ա­ռաջ­նոր­դը կրնայ, աչ­քե­րը յա­ռած պա­հե­լով հան­դերձ բնա­գի­րին վրայ, «կար­դալ» ոչ թէ գրո­ւա­ծը, այլ մտքին մէջ ե­ղա­ծը եւ իր քա­րո­զած «ճշմար­տու­թիւն»ը։
Ոչ միայն թրքե­րէ­նով «լաւ» կը հնչէ, այլ նաեւ թուրք ցե­ղաս­պան մտա­ծո­ղու­թիւ­նը ա­ռա­ւե­լա­գոյնս կը խտաց­նէ ու հա­րա­զատ հնչե­ղու­թեամբ կ­՛ար­տա­յայ­տէ… խո­րագ­րի ա­սա­ցո­ւած­քը։

­Հայ ժո­ղո­վուր­դին դէմ թրքա­կան պե­տու­թեան ծրագ­րած եւ 1915ին պե­տա­կա­նօ­րէն կազ­մա­կեր­պած ու գոր­ծադ­րած ­Ցե­ղաս­պա­նու­թե­նէն աս­դին, վե­րապ­րող հա­յու­թեան ի­րե­րա­յա­ջորդ սե­րունդ­ներս, ո՛ւր ալ ապ­րե­լու ճա­կա­տագ­րո­ւե­ցանք, շա­րու­նակ դէմ յան­դի­ման գտնո­ւե­ցանք ­Հա­յոց ­Ցե­ղաս­պա­նու­թեան հե­տե­ւո­ղա­կան ՈՒՐԱՑՈՒ­Մին՝ ցե­ղաս­պան­նե­րու ժա­ռան­գորդ­նե­րուն կող­մէ։
­Թուրք պե­տա­կան մտա­ծո­ղու­թիւ­նը, ընդ­հան­րա­պէս ­Հայ­կա­կան ­Հար­ցին եւ ո­րո­շա­պէս ­Հա­յոց ­Ցե­ղաս­պա­նու­թեան վե­րա­բե­րեալ, գրե­թէ ամ­բողջ դար մը սնա­նե­ցաւ… մեր­կա­պա­րա­նոց ՈՒՐԱՑՈՒ­Մով։

­Թուրք հա­սա­րա­կու­թեան ազ­գա­յին յի­շո­ղու­թեան մէջ թրքա­կան պե­տու­թիւ­նը սեր­մա­նեց միայն սուտն ու հեր­քու­մը։
­Թուր­քիոյ դպրո­ցա­կան դա­սա­գիր­քե­րէն ամ­բող­ջա­պէս հա­նո­ւե­ցան նո­ւա­զա­գոյն յղում­ներն ու յի­շա­տա­կում­ներն ան­գամ գոր­ծո­ւած ա­հա­ւոր ող­բեր­գու­թեան մա­սին։

Օ­րէն­քով ար­գի­լո­ւե­ցաւ եւ քրէա­կա­նօ­րէն պատ­ժե­լի հռչա­կո­ւե­ցաւ ­Հա­յոց ­Ցե­ղաս­պա­նու­թիւն բա­ռեզ­րին գոր­ծա­ծու­թիւնն ան­գամ՝ հրա­պա­րա­կա­յին ե­լոյթ­նե­րու կամ մամ­լոյ ար­տա­յայ­տու­թեանց մէջ, մին­չեւ իսկ Ազ­գա­յին ­Մեծ ­Ժո­ղո­վի ամ­պիո­նէն կամ խորհր­դա­րա­նա­կան քննար­կում­նե­րու ըն­թաց­քին։
­Բայց որ­քան ալ հա­կա­սա­կան հնչէ, ե­րա­նի՜ այդ ժա­մա­նակ­նե­րուն եւ թուրք պե­տա­կան մտա­ծո­ղու­թեան ընտ­րած ՈՒՐԱՑՈՒՄԻ քա­ղա­քա­կա­նու­թեան։

Այ­սօր կը դի­մագ­րա­ւենք ՈՒՐԱՑՈՒ­Մէն շատ ա­ւե­լի վտան­գա­ւո­րը։
­Թուրք պե­տա­կան մտա­ծո­ղու­թիւ­նը այ­լեւս… չ­՛ու­րա­նար, թէ հա­յեր զոհ գա­ցին Ա­ռա­ջին Աշ­խար­հա­մար­տին ըն­թաց­քին։

Ընդ­հա­կա­ռակն՝ ոչ միայն կ­՛ըն­դու­նի հա­յե­րու կո­տո­րա­ծին ճշմար­տու­թիւ­նը, այ­լեւ Ապ­րիլ 24ին ցա­ւակ­ցա­կան գրու­թիւն ալ կը ղրկէ ­Հա­յոց պատ­րիար­քա­կան փո­խա­նոր­դին, որ­պէս­զի Ա­րամ Արք. Ա­թէ­շեան մեր ե­կե­ղե­ցի­նե­րուն մէջ կար­դալ տայ ­Թուր­քիոյ նա­խա­գա­հին նա­մա­կը՝ թրքա­կան պե­տու­թեան վշտակ­ցու­թիւն­նե­րը փո­խան­ցե­լու հա­մար թրքա­հայ հա­մայն­քին…

­Փաս­տօ­րէն Էր­տո­ղա­նի ­Թուր­քիան շու­քի մէջ ձգած է իր նա­խորդ­նե­րը՝ ­Հայ­կա­կան ­Հար­ցը թա­ղե­լու իր ցե­ղաս­պա­նա­կան «ճկուն» եւ «ար­դիա­կան» վար­քա­գի­ծով։

Ինչ­պէս ­Թուր­քիոյ առն­չո­ւած բո­լոր մար­զե­րէն ներս, այն­պէս ալ ­Հայ­կա­կան ­Հար­ցի ու ­Հա­յոց ­Ցե­ղաս­պա­նու­թեան պա­րա­գա­յին եւս, Էր­տո­ղա­նի ղե­կա­վա­րած թուրք պե­տա­կան մտա­ծո­ղու­թիւ­նը կը փոր­ձէ իր ու­րոյն, իր շա­հե­րէն բխող «տրա­մա­բա­նու­թիւն»ն­ ու «ճշմար­տու­թիւն»ը պատ­շա­ճեց­նել ձե­ւա­ւոր­ման փու­լի մէջ գտնո­ւող… 21րդ ­դա­րու նոր աշ­խար­հա­կար­գին։

Էր­տո­ղան շատ լաւ կը գի­տակ­ցի, որ մե­ծա­պե­տա­կան աշ­խար­հը ինչ­պի­սի՜ մե­քե­նա­յու­թիւն­նե­րով, բռնու­թիւն­նե­րով եւ ի հար­կին կո­տո­րած­նե­րով ամ­րապն­դած է իր բիրտ հա­կակ­շիռն ու տի­րա­կա­լու­թիւ­նը մնա­ցեալ ազ­գե­րուն եւ ժո­ղո­վուրդ­նե­րուն վրայ։

Առ այդ, իս­լա­մա­կան աշ­խար­հի հա­մե­մա­տա­բար ա­մէ­նէն ժո­ղովր­դա­վա­րա­կան եւ ա­րեւմ­տա­մէտ եր­կի­րը նկա­տո­ւե­լու իր «վար­կա­նիշ»ը ա­ռա­ւե­լա­գոյն չա­փով ար­դիւ­նա­ւո­րել փոր­ձե­լով՝ Էր­տո­ղա­նի ­Թուր­քիան Եւ­րո­պա­յի եւ ­Մեր­ձա­ւոր Ա­րե­ւել­քի մեծ ու կա­յուն ու­ժի իր դիր­քը կը շա­հա­գոր­ծէ, որ­պէս­զի կա­րե­նայ քա­ւել ­Թուր­քիոյ «ան­ցեա­լի սեւ կէ­տը» հան­դի­սա­ցող յան­ցա­գոր­ծու­թիւ­նը՝ ­Հա­յոց ­Ցե­ղաս­պա­նու­թիւ­նը, զայն իբ­րեւ «պատ­մա­կան դժբախտ ող­բեր­գու­թիւն» ըն­դու­նե­լի դարձ­նե­լով մե­ծա­պե­տա­կան աշ­խար­հի իր գոր­ծըն­կեր­նե­րուն։

Էր­տո­ղա­նի հա­շո­ւար­կով՝ կա­րե­ւոր չէ, թէ ­Թուր­քիա պի­տի կա­րե­նա՞յ յա­ջո­ղիլ իր այս նոր խա­ղին մէջ։ ­Կա­րե­ւո­րը՝ ­Թուր­քիոյ հաշ­ւոյն մեծ գրաւն է, զոր Էր­տո­ղան դրած է ­Հա­յոց ­Ցե­ղաս­պա­նու­թեան ճա­նաչ­ման հար­ցը բա­նա­վէ­ճի ա­ռանցք դարձ­նե­լու իր ռազ­մա­վա­րու­թեան վրայ։

Էր­տո­ղան նոյն­պէս շատ լաւ կը գի­տակ­ցի, որ ­Հա­յոց ­Ցե­ղաս­պա­նու­թեան կա­մա­կոր ՈՒՐԱՑՈՒ­Մը փո­խա­րի­նե­լու կո­չո­ւած իր այս «ողջ­միտ» ռազ­մա­վա­րու­թիւ­նը ի վեր­ջոյ կը վա­յե­լէ ­Նոր Աշ­խար­հա­կար­գի գլխա­ւոր դրօ­շա­կի­րին՝ Ա­մե­րի­կա­յի ­Միա­ցեալ ­Նա­հանգ­նե­րու գոր­ծա­դիր իշ­խա­նու­թեանց հե­տե­ւո­ղա­կան «զօ­րակ­ցու­թիւն»ը, ե­թէ ոչ, հա­յաս­տա­նեան սի­րո­ւած եզ­րով, «հա­մա­հե­ղի­նակ» ըլ­լա­լու դիր­քէն բխող հա­ւա­նու­թիւ­նը։

Ե­թէ պա­տաս­խա­նա­տո­ւու­թեան ո­գիով հե­տե­ւինք Էր­տո­ղա­նի ­Թուր­քիոյ հա­կա­հայ­կա­կան վեր­ջին գա­լա­րում­նե­րուն, յատ­կա­պէս ­Գեր­մա­նիոյ ­Պուն­տես­թա­կի ո­րո­շու­մին դէմ դրսե­ւո­րո­ւած ջղա­գար հա­կա­դար­ձու­թեան, ան­կաս­կած պի­տի անդ­րա­դառ­նանք, թէ ճիշդ ի՛նչ խաղ է պա­հան­ջա­տէր հա­յու­թեան գլխուն խաղ­ցո­ւա­ծը…
­Հա­յերս բա­ւա­րա­րո­ւած ենք մե­զի բա­ժին հա­նո­ւած այն «յաղ­թա­նա­կով», ո­րուն հա­մա­ձայն՝ ­Թուր­քիա չկրցաւ ­Գեր­մա­նիոյ կա­ռա­վա­րու­թեան ստի­պել, որ իր խորհր­դա­րա­նա­կան­նե­րը ետ մղէ ­Հա­յոց ­Ցե­ղաս­պա­նու­թեան ճա­նա­չու­մէն։

­Գեր­մա­նիա բա­ւա­րա­րո­ւած է իր այն յաղ­թա­թուղ­թով, որ նախ՝ սե­փա­կան պատ­մու­թեան հետ ա­ռե­րե­սո­ւե­լու բա­րո­յա­կան նո­ւա­ճու­մը ա­պա­հո­ված է, ա­պա՝ ­Թուր­քիոյ նա­խա­գա­հին դրած է ­Ցիւ­րի­խեան Ար­ձա­նագ­րու­թիւ­նը խորհր­դա­րա­նա­կան վա­ւե­րաց­ման են­թար­կե­լու ճնշու­մին տակ, ա­ռանց որ տէր կանգ­նի ­Հայ­կա­կան ­Հար­ցին քա­ղա­քա­կան լու­ծում մը գտնե­լու Եւ­րո­խորհր­դա­րա­նի 30ա­մեայ բա­նա­ձե­ւով ճշդո­ւած ճամ­բու քար­տէ­սին։
Իսկ ­Թուր­քիա ի՞նչ կորսն­ցուց։

­Կորսն­ցո՞ւց ար­դեօք։
­Քա­ղա­քա­կան պար­զա­գոյն հա­շո­ւար­կով ան­գամ՝ ­Թուր­քիա ո­չինչ կորսն­ցուց։
­Պար­զա­պէս ­Գեր­մա­նիան ալ ա­ւել­ցաւ ­Հա­յոց ­Ցե­ղաս­պա­նու­թիւ­նը ճանչ­ցած խորհր­դա­րան­նե­րու ցան­կին վրայ։
­Փո­խա­րէ­նը, սա­կայն, ­Թուր­քիա ա­պա­հո­վեց ճա­նա­չու­մին դի­մաց հաշ­տու­թիւն ստա­նա­լու… հնա­րա­ւո­րու­թիւ­նը։
Ա­մէն պա­րա­գա­յի, Էր­տո­ղան իր խա­ղը լաւ կը խա­ղայ։
Եօ­թը տա­րի ա­ռաջ ա­րար-աշ­խար­հին կը յայ­տա­րա­րէր, թէ թուրք ժո­ղո­վուր­դին ազ­գա­յին յի­շո­ղու­թիւ­նը չի կրնար ըն­դու­նիլ, որ ինք կրնայ ցե­ղաս­պա­նու­թիւն գոր­ծած ըլ­լալ…

Էր­տո­ղա­նի տրա­մա­բա­նու­թեամբ՝ չէ՞ որ իս­լա­մա­կան կրօն­քը ան­քա­ւե­լի մեղք հռչա­կած է մարդ էա­կին սպա­նու­թիւ­նը։
Էր­տո­ղան կը կար­ծէ, որ աշ­խարհ չի տես­ներ ­Սու­րիոյ մէջ իր թա­փած ան­մեղ­նե­րու ա­րիւ­նը։
Ա­ւե­լի՛ն. Էր­տո­ղան յա­ռաջ կը մղէ ­Թուր­քիոյ ­Հա­յոց պատ­րիար­քա­կան փո­խա­նոր­դի ա­թո­ռին իր պար­տադ­րած Ա­րամ Ա­թէ­շեան Ար­քե­պիս­կո­պո­սը, որ­պէս­զի ա­նոր պաշ­տօ­նա­կան նա­մա­կով աշ­խար­հին ազ­դա­րա­րէ, թէ իբր մի՛ շա­հա­գոր­ծէք ­Մեծ Ե­ղեռ­նի ող­բեր­գու­թիւ­նը՝ մե­ծա­պե­տա­կան ձեր հա­շո­ւե­յար­դար­նե­րուն հա­մար…
Ա­յո՛, «­Խո­ճան գիտ­ցա­ծը կը կար­դայ»։

Էր­տո­ղան TARCի՝ ­Թուր­քեւ­հայ ­Հաշ­տու­թեան ­Յանձ­նա­ժո­ղո­վի օ­րե­րէն իր գիտ­ցա­ծը կը կար­դայ, ի՛նչ որ ալ ըլ­լայ աշ­խար­հի տար­բեր ծա­գե­րէն թուրք ժո­ղո­վուր­դին ուղ­ղո­ւած հաշ­տու­թեան եւ խա­ղա­ղու­թեան կո­չե­րուն բնա­գի­րը։
Էր­տո­ղան տա­կա­ւին կ­՛օգ­տո­ւի այն ի­րո­ղու­թե­նէն, որ ­Հա­յաս­տանն ու հա­յու­թիւ­նը դեռ չու­նին ի­րենց գիտ­ցա­ծը կար­դա­լու ազ­գա­յին ռազ­մա­վա­րու­թիւն…

­Գի­տե՞նք, թէ ի՛նչ պի­տի ը­նենք, ե­թէ ­Թուր­քիան ճանչ­նայ ­Հա­յոց ­Ցե­ղաս­պա­նու­թեան պատ­մա­կան ի­րո­ղու­թիւ­նը եւ հաշ­տու­թեան ձեռք եր­կա­րէ մե­զի՝ ա­ռանց մեր հո­ղե­րը վե­րա­դարձ­նե­լու։

ՆԱԶԱՐԷԹ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ