­altՍու­րիա­հայ ­Թէ­քէեան­նե­րու ըն­տա­նի­քին պատ­մու­թիւ­նը ան­ցեալ տա­րի յու­զեց շա­տե­րը: Օ­րեր, շա­բաթ­ներ շա­րու­նակ մեր հե­րո­սու­հի ­Սէր­լի ­Թէ­քէեա­նը սպա­սեց` յոյ­սով, որ կը վե­րագտ­նէ ըն­տա­նի­քը…

Ա­ւա՜ղ, յա­ջո­ղե­ցաւ փրկո­ւիլ միայն քոյ­րը` Ա­րի­նան…

Իսկ պատ­մու­թիւ­նը սկիզբ կ’առ­նէ ­Սա­սու­նէն ու Այն­թա­պէն, ուր­կէ ալ կը սե­րին ­Սէր­լիի հայ­րա­կան ու մայ­րա­կան կող­մե­րու մեծ հայ­րե­րը: ­Ցե­ղաս­պա­նու­թիւ­նը վե­րապ­րած շատ հա­յոր­դի­նե­րու նման ա­նոնք եւս ա­պաս­տան կը գտնեն ­Սու­րիոյ մէջ, հոն կը կա­ռու­ցեն ի­րենց նոր բոյ­նը:

18ա­մեայ ­Սէր­լիի ըն­տա­նի­քին մէջ բո­լո­րը ա­րո­ւես­տի հան­դէպ մեծ սէր ու­նէին: ­Հայ­րը կի­թա­ռի խումբ ու­նէր ­Սու­րիոյ մէջ, մայրն ալ դաշ­նա­կա­հա­րու­հի էր, որ վեր­ջին տա­րի­նե­րուն, երբ ըն­տա­նի­քը ­Սու­րիա­յէն ­Լի­բա­նան տե­ղա­փո­խո­ւե­ցաւ, կը դա­սա­ւան­դէր ­Պէյ­րու­թի ­Հա­մազ­գա­յի­նի դպրո­ցէն ներս:

­Միայն թէ ­Սէր­լիի միտ­քը ա­նընդ­հատ ­Հա­յաս­տա­նի հետ էր, ու ան­ցեալ տա­րո­ւան Ապ­րի­լին ե­կաւ Ե­րե­ւան` մեծ-մօր ու քե­ռիին մօտ: «Ին­ծի Ե­րե­ւան բե­րո­ղը Աս­տո­ւած էր, Ե­րե­ւա­նը ին­ծի հա­մար աշ­խար­հի կեդ­րոնն էր կար­ծես»,- յի­շե­լով մէկ տա­րո­ւան վա­ղե­մու­թեան դէպ­քե­րը` «­Հա­յերն Այ­սօր»ին կը պատ­մէ ­Սէր­լին:
­Մինչ ­Սէր­լին կը հաս­տա­տո­ւի Ե­րե­ւա­նի մէջ, կը յա­ճա­խէ այս­տեղ դպրոց ու նոր ըն­կեր­ներ ձեռք կը բե­րէ, ըն­տա­նի­քը` հայ­րը, մայ­րը, մեծ մայ­րը, 19ա­մեայ քոյրն ու 10նա­մեայ եղ­բայ­րը կ­՚ո­րո­շեն ­Պէյ­րու­թէն նա­ւով հաս­նիլ ­Թուր­քիա, յե­տոյ` ­Յու­նաս­տան, որ­պէս­զի հոն­կէ ալ տե­ղա­փո­խո­ւին ­Գեր­մա­նիա` ­Սէր­լիի մօ­րաք­րոջ մօտ:

Այս ըն­տա­նի­քին, ցա­ւօք, միա­սին ըլ­լալ վի­ճա­կո­ւած չէր:
­Թուր­քիա­յէն ­Յու­նաս­տան ճա­նա­պար­հին նա­ւը կը խոր­տա­կո­ւի, եւ ­Սէր­լիի ըն­տա­նի­քին 4 ան­դամ­նե­րը կը խեղ­դուին` մայ­րը, հայ­րը, մեծ մայրն ու 10նա­մեայ եղ­բայ­րը: ­Կը փրկո­ւի միայն քոյ­րը` Ա­րի­նան, որ 4 ժամ լո­ղա­լէ յե­տոյ կը հաս­նի Իզ­միր, եւ այ­սօր քրոջ հետ միա­սին կ­՚ապ­րի Ե­րե­ւա­նի մէջ:

Այդ ծանր օ­րե­րու ապ­րում­նե­րուն մա­սին խօ­սե­լու պա­հուն` ­Սէր­լին չի կրնար թաքց­նել յուզ­մուն­քը, բայց ան­գամ այդ պա­րա­գա­յին ա­նոր աչ­քե­րուն մէջ սէ­րը կը խօ­սի, եւ ոչ դառ­նու­թիւ­նը: Ի դէպ, ­Սէր­լին իր ա­նու­նը պար­զօ­րէն այդ­պէս ալ կը մեկ­նա­բա­նէ` սի­րով լի…

«Այս­քան կո­րուստ­նե­րէ ետք կը հասկնաս, որ միայն «մարդ» ըլ­լա­լով` անհ­նար է խա­ղա­ղու­թիւ­նը վե­րապ­րիլ, պէտք է նաեւ աս­տո­ւա­ծա­յի­նը, վե­րերկ­րա­յի­նը… ­Հա­ւատքն է, որ կը փրկէ զիս»,- կ­՚ը­սէ 18ա­մեայ հա­յու­հին, որ այդ­չափ փոր­ձու­թիւն­նե­րու մէ­ջէն անց­նե­լէ ետք ալ լի է կեն­սու­րա­խու­թեամբ, հայ­րե­նի­քի հան­դէպ սի­րով ու ա­պա­գա­յի ծրա­գիր­նե­րով:

­Սէր­լին այս տա­րի ա­ւար­տեց դպրո­ցը ու կը մտա­ծէ ձե­ւա­ւո­րող դառ­նա­լու մա­սին: ­Դեռ չէ ո­րո­շած ո՛ր հա­մալսարա­նը դի­մէ, բայց հա­մո­զո­ւած է` ի՛նչ ու­ղի ալ, որ ընտ­րէ, հայ­րե­նի­քի ու ա­րո­ւես­տի հան­դէպ սէ­րը չի փոխուիր:

ՋՈՒԼԻԵՏԱ ՄԱԹԵՒՈՍԵԱՆ