­altՄեր թո­ւա­կա­նէն 122 տա­րի­ներ ա­ռաջ՝ 1894ի ­Մարտ ամ­սուն, Ա­թէն­քի մէջ սկսած է լոյս տես­նել «ԱՊՏԱԿ» ա­նու­նով եր­գի­ծա­կան-քա­ղա­քա­կան հան­դէս մը, որ սկսած է եր­գի­ծա­կա­նօ­րէն ու սուր գրի­չով քննա­դա­տել այդ օ­րե­րուն տե­ղի ու­նե­ցած հար­ցերն ու ա­ռօ­

րեայ խնդիր­նե­րը: ­Թեր­թը լոյս տե­սած է մօ­տա­ւո­րա­պէս 4 տա­րի, որ­պէս ամ­սա­գիր:
­Թեր­թին մէջ գրո­ւած յօ­դո­ւած­նե­րը կը մատ­նան­շեն այն­պի­սի հար­ցեր, որ դժբախ­տա­բար դար մը ետք այ­սօր եւս գո­յու­թիւն ու­նին մեր ի­րա­կա­նու­թե­նէն ներս:
­Հե­տաքրք­րա­կան է թեր­թի ա­ռա­ջին թի­ւին մէջ հրա­տա­րա­կո­ւած խմբագ­րա­կա­նը, որ կը խօ­սի ամ­սագ­րի հիմ­նադ­րու­թեան եւ ա­նոր ա­նո­ւան շուրջ:
Ս­տո­րեւ՝ կը ներ­կա­յաց­նենք այդ խմբագ­րա­կա­նը*:

Կ. ԽԱՉԵՐ

Խմ­բագ­րա­կան «ԱՊՏԱԿ»ի
(Ա­թէնք, ­Մարտ 1894, Ա. ­Տա­րի - ­Թիւ 1, էջ 1-2)

 

­Զա­նա­զան տե­սա­կի ապ­տակ­ներ կան: Ապ­տակ կայ, որ վի­րա­ւո­րո­ւա­ծը կը տայ վի­րա­ւո­րո­ղին։ Ապ­տակ կայ, որ ամ­բար­տա­ւա­նը ու­շի կը բե­րէ։ Ապ­տակ կայ, որ վա­տին հա­մար վար­ձատ­րու­թիւն մ­՚է։ Ապ­տակ մ­՚ալ կայ, որ դե­րա­սան­նե­րը կը տան մի միայն բե­մին վրայ:

­Զէն­քե­րի մէջ ապ­տա­կը ոչ միայն ինք­նա­պաշտ­պա­նու­թեան գոր­ծիք մ­՚է, ո՛չ միայն վի­րա­ւո­րե­լու մի­ջոց մ­՚է, այ­լեւ ե­րե­սի մը վրայ նո­րա թո­ղած հետ­քը, թէեւ ան­տե­սա­նե­լի, կը մնայ անջն­ջե­լի, այ­լեւ նո­րա բա­րո­յա­կան ի­մաս­տը համ­բոյ­րին ճիշդ ու ճիշդ հա­կա­ռակն է:

­Մենք՝ այդ բո­լոր ապ­տակ­նե­րէն ա­մէ­նէն նա­խա­մե­ծա­րե­լին կը հա­մա­րենք վի­րա­ւո­րո­ւա­ծին ապ­տա­կը, ապ­տակ՝ որ հա­յու­թեան կող­մէ կ­՚ու­զենք տալ նո­րա բռնա­ւոր­նե­րին, ո­րոնք ի­րենց հայ­րախ­նամ գթա­ռա­տու­թեամբ, բա­րե­րար վար­մունք­նե­րով, ժպտուն վայ­րե­նու­թեամբ եւ քաց­րա­լուր հայ­հո­յանք­նե­րով այն­քա՜ն կը վի­րա­ւո­րեն ան­վերջ ապ­տա­կե­լով հայ ժո­ղո­վուր­դը:

­Մեր ազ­գա­յին աս­պա­րէ­զին վրայ կան մար­դիկ ալ, ո­րոնք կար­ծես ներ­քին դրդու­մով մը միշտ ապ­տակ ստա­նալ կ­՚ու­զեն եւ մենք հար­կաւ կը ցան­կանք այն­չափ բա­րի ըլ­լալ, որ այդ­պի­սի­նե­րին տանք ա­մօ­թոյ ապ­տա­կը:

­Կան այն­պի­սի ան­ձեր ալ, նո­րէն մեր ազ­գա­յին աս­պա­րէ­զին վրայ, ո­րոնց բնա­ւո­րու­թեան գլխա­ւոր յատ­կա­նիշ­ներն են ամ­բար­տա­ւա­նու­թիւնն ու ի­մաս­տա­կու­թիւ­նը. ապ­տա­կը այդ­պի­նե­րի հա­մար նոյնն է, ինչ որ պաղ ջու­րը խե­լա­գար­նե­րի գլխին:

Ա­մե­նայն յօ­ժա­րու­թեամբ այդ դար­մանն ա­նե­լու դե­րը կ­՚ու­զենք կա­տա­րել մենք: ­Չո­րորդ տե­սա­կի ապ­տա­կը, այն՝ որ վա­տե­րին իբ­րեւ վար­ձատ­րու­թիւն կը տան, նոյն­պէս կա­րե­ւոր զէնք մ­՚է, բայց ա­նա­խորժ պաշ­տօն մ­՚է այդ­պի­սի ապ­տակ տա­լը, ո­րով­հե­տեւ տո­ւո­ղը կ­՚աղ­տո­տի վա­տի ե­րե­սէն:

­Հին­գե­րորդ կար­գի ապ­տա­կը, դե­րա­սան­նե­րի ի­րար տո­ւած ապ­տա­կը, մաս­նա­ւոր սե­փա­կա­նու­թիւ­նը կը կազ­մէ այն ինք­նա­գով, կեղծ, ի­րենց ազ­գա­սէր կար­ծող շա­ղակ­րատ­նե­րին, ո­րոնք դի­մա­կա­ւո­րո­ւած դե­րա­սա­նու­թիւն կ­՚ը­նեն՝ «­Հայ­կա­կան Խն­դիր» խո­րագ­րով թատ­րեր­գու­թեան մէջ:

Եւ մենք շո­ւա­րած մնա­ցած ենք, թէ այդ ա­մէ­նէն անհրա­ժեշտ, սքան­չե­լի, խորհր­դա­ւոր ապ­տակ­նե­րէն ո՞ր մէ­կը գոր­ծա­ծենք: Ա­մէ­նը մէկ­տեղ գոր­ծա­ծե­լու հա­մար հինգ ձեռք պէտք է, մինչ­դեռ մենք, ինչ­պէս իւ­րա­քան­չիւր մարդ, ի հար­կէ միայն եր­կու ձեռք ու­նինք եւ այդ­չա­փով մեր ապ­տակն այն­քան ուժ­գին չէ կա­րող ըլ­լալ: Խն­դիր մ­՚է այս: ­Սա­կայն կը կար­ծենք, թէ ել­քը պի­տի գտնէինք, ե­թէ ա­մէն մէկ ապ­տակն ա­ռան­ձին-ա­ռան­ձին գոր­ծա­ծե­լու լի­նինք: ­Տես­նենք:

Ըն­թեր­ցո­ղը թե­րեւս զար­մա­նայ, թէ՝ այս ի՜նչ տա­րօ­րի­նակ եւ յան­դուգն ցան­կու­թիւն մ­՚է տի­րած մեզ, որ մեր ազ­գա­յին ներ­կայ շփոթ վի­ճա­կին մէջ, մենք ապ­տա­կը կ­՚ընտ­րենք մե­զի զէնք, մինչ­դեռ շա­տե­րը սուր կը պո­ռան եւ ո­մանք՝ դի­ւա­նա­գի­տու­թիւն: ­Բայց ա­մէն մարդ ալ իր բնա­ւո­րու­թեան յա­տուկ դեր մը կը ստանձ­նէ... մենք միւս­նե­րէ հա­մեստ ըլ­լա­լով՝ կ­՚ու­զենք Ապ­տա­կը մե­զի զէնք ը­նել:

Այս թի­ւէն ու­րեմն, կը սկսինք կա­ռու­ցա­նել մեր «ԱՊՏԱԿ»ին հինգ սիւ­նակ­նե­րը եւ պատ­րաս­տել ապ­տա­կան­ման մա­տու­ցա­րան մը այլ եւ այլ կար­գին նո­ւէր­նե­րի հա­մար մեր բռնա­ւոր­նե­րին, հայ մե­ծե­րին, հայ գոր­ծիչ ը­սո­ւած­նե­րուն ե­ւայլն: ­Թէ ի՛նչ պի­տի ա­ռաջ­նոր­դէ մեզ՝ ար­դէն շա­տոնց նոյն այդ ազ­գա­յին գոր­ծիչ­նե­րը փո­ղով փչած են. հար­կա՛ւ ազ­գա­յին շա­հե­րը: ­Տա­րա­կոյս չու­նինք, որ այդ խօս­քը մութ խօսք մ­՚է, բայց ար­դեօք մեր ազ­գա­յին գոր­ծիչ­նե­րը նոյն այդ մութ խօս­քը չէ՞, որ միշտ կը գոր­ծա­ծեն եւ այդ չը խան­գա­րեր, որ նո­քա... թէ ոչ ու­րիշ բան մ­՚ալ կը շի­նէին:

­Բայց միայն ու­րիշ կեր­պով մը կ­՚ու­զենք խմբագ­րել մեր ուղ­ղու­թիւ­նը. մեզ պի­տի ա­ռաջ­նոր­դէ միշտ ՎԷՐՔԸ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ: Ա­պա՝ կը կար­ծենք, թէ 19րդ ­դա­րուս մէջ այն­չափ հրաշք­ներ են ե­ղած, որ նոր հրաշք մ­՚ալ ե­ղած է. ԽԵՆԹԵՐն են խե­լօք­նե­րը այժմ:
Եւ ի վեր­ջոյ մեր ապ­տա­կը պի­տի միաց­նել այն զէն­քե­րի հետ, ո­րոնց­մով հայ աշ­խա­տա­ւոր ժո­ղովր­դեան ե­րեսն ա­պա­գա­յին բո­լո­րո­վին պի­տի ա­զա­տո­ւի ա­մէն բռնա­ւոր­նե­րու ձեռ­քէն:

­Վեր­ջին խօսք մ­՚ալ: ­Մեր ազ­գա­յին աս­պա­րէ­զին մէջ կան մէկ այլ տե­սակ «գոր­ծիչ»ներ, ո­րոնց ե­րե­սը կը հա­ւա­տա­ցու­նեն մեզ, իբր ապ­տա­կի ազ­դե­ցու­թիւնն ալ կը զգայ: Է՜հ ո­րո՞ւ հոգն է, այդ­պի­սի­նե­րը կա­շո­ւէ ե­րեսն ար­դէն ինք­նին ապ­տակ մ­՚է ի­րենց հա­մար:

* «Ա­զատ Օր» - Ան­փո­փոխ պա­հած ենք մեր աշ­խա­տա­կի­ցին տրա­մադ­րած խմբագ­րա­կա­նին բնա­գի­րը. միայն ուղ­ղագ­րա­կան շտկում­ներ կա­տա­րած ենք։