Ռապըրթ Ֆիսք բրիտանական «Տը Ինտիփենտընթ» օրաթերթին մէջ կը գրէ.-
«Սողոմոն Թեհլիրեան կրտսերը ժամանակ չունի անոնց համար‚ որոնք կ՚ուզեն‚ որ աշխարհը ճանչնայ Հայոց Ցեղասպանութիւնը։ «Հայերը
շարունակ կը փորձեն գերեզմանէն բաներ դուրս բերել»‚- կ՚ըսէ ան։ «Երեք սերունդ առաջ տեղի ունեցած է։ Պատմութիւն է։ Բոլորը շատ մարդ սպաննեցին։ Չես կրնար Սպանական Հաւատաքննութեան եւ Հռոմէական Կայսրութեան վերադառնալ եւ զայն վերադարձնել։ Ես այդ մարդը չեմ։ Չեմ յիշեր‚ որ հայրս թուրքերուն մասին մէկ հատ վատ խօսք ըսած է։ Ան պարզապէս կ՚ուզէր խաղաղ կեանք ապրիլ»։
«Մտիկ կ՚ընեմ առոյգ ձայնը 86ամեայ այս հայուն‚ որ հեռաձայնով ինծի հետ կը խօսի ամերիկայէն‚ եւ գլուխս կը ստիպուիմ շարժելու‚ որպէսզի յիշեմ‚ թէ անոր հայրը՝ Սողոմոն Թեհլիրեանը‚ մարդասպան մըն էր‚ որ սպաննած էր Մեհմեթ Թալէաթ փաշան՝ Օսմանեան Կայսրութեան մեծ վեզիրը եւ 1915ին 1,5 միլիոն քրիստոնեայ հայերու ցեղասպանութեան կազմակերպիչը։
«Ան 1921ին Պերլինի զբօսայգիին մէջ սպաննեց Թալէաթը‚ իրենց ժողովուրդի բնաջնջումը ծրագրած անձերը սպաննելու հայերու «Նեմեսիս» գործողութեան ծիրին մէջ։ Գերմանիոյ Վէյմարի Հանրապետութեան դատարանը 20րդ դարու առաջին ողջակիզումէն այնքան ցնցուած էր‚ որ Թեհլիրեանի դատավարութեան ընթացքին դատաւորները հազիւ երկու օրուան պէտք ունեցան հայ մարդասպանը «անպարտ» հռչակելու։
«Ուրեմն՝ Սողոմոն Թեհլիրեան չպատժուեցաւ եւ հաստատուեցաւ Եուկոսլաւիոյ մէջ‚ ուր իր զաւակները ծնան‚ ապա՝ հասաւ Քալիֆորնիա։ Անոր փոքր տղան 12 տարեկան էր‚ երբ գերմանացիները 1941ին պալքանեան երկիրներ ներխուժեցին։
«Թալէաթ Փաշան սպաննելու համար հօրս օգտագործած ատրճանակը տեսայ‚ սակայն երբ գերմանացիները եկան‚ ան զայն Տանուպ գետին մէջ նետեց»‚- կ՚ըսէ կրտսեր Թեհլիրեան՝ աւելցնելով.- « Երբ գերմանացիները Եուկոսլաւիան գրաւեցին‚ «Լուկար» ատրճանակ մը ունենալը մահավճիռի համազօր էր»։
«Թեհլիրեան ընտանիքի պատմութիւնը թէ՛ ահաւոր է‚ թէ՛ ողբերգական‚ եւ Սողոմոն Թեհլիրեանի կրտսեր որդին իր մականունը փոխած է՝ ինքզինք հեռու պահելու համար պատմութենէն եւ թուրքերէն‚ որոնք տակաւին իր հայրը կը նկատեն աշխարհի ամէնէն հռչակաւոր «ահաբեկիչը»։
«Ան «Ինտիփենտընթ»էն խնդրեց իր իսկական ինքնութիւնը չբացայայտել‚ «Անունս կամ հասցէս մի նշէք... ։ Չես գիտեր ի՛նչ կրնայ պատահիլ‚ եթէ խենթ թուրք մը իմանայ...»։
«Թեհլիրեան կրտսերին մեծ եղբայրը այժմ մահացած է։ Անոր հայրը մահացաւ 1960ին Ամերիկայի մէջ։ Խնդրանք մըն էր‚ որ կարելի չէր մերժել։ Սակայն տակաւին ողջ եղող զաւկին մօտ Սողոմոն Թեհլիրեանի մասին յիշողութիւնը շատ լաւ է։
«Ան շատ քնքոյշ‚ հեզաբարոյ մարդ մըն էր‚ համարեա՛ միամիտ մը։ Ես եւ մեծ եղբայրս պէտք էր ստիպէինք զինք‚ որ պատահածին մասին պատմէ։ Ան չէր սիրեր այդ մասին խօսիլ։ Ան սակաւախօս մըն էր։ Ան բանաստեղծութիւններ կը գրէր եւ լաւ կը գծէր։
«Ան չէր այն‚ որ մարդասպան մը պէտք է ըլլայ։ Ան առաջին անգամ Թալէաթը սպաննելուն մասին խօսեցաւ‚ երբ 10 տարեկան էի»։
«(...) Թալէաթ Փաշան, երեք տասնամեակ ետք իր օրինակին հետեւած նացի պատերազմական ոճրագործներուն նման‚ Համաշխարհային Ա. Պատերազմին իր երկրին կրած պարտութենէն ետք, արտասահմանի մէջ ապաստան փնտռեց։ Ան ընտրեց Պերլինը։ Եւ այդտեղ է‚ որ 1921ին Սողոմոն Թեհլիրեան երէցը ուղարկուեցաւ՝ սպաննելու երկարահասակ‚ մօրուքաւոր մարդը‚ որ լուռ կերպով կ՚ապրէր Գերմանիոյ մայրաքաղաքի Շարլոթենպերկ թաղամասին մէջ։
«Հայրս խումբ մը ուսանողներու հետ սենակի մը մէջ կ՚ապրէր»,- անոր զաւակը կը յիշէ՝ աւելցնելով.- «Ան Թալէաթի տան դիմացը կ՚ապրէր։ Լուսանկարներուն մէջ Թալէաթ պեխ ունի‚ որ երկարելով վերածած էր մօրուքի եւ երկու թիկնապահ ունէր»։
«Թալէաթ սովորութիւն մը որդեգրելու դասական սխալը գործեց.- «Ան քալելու կ՚երթար ամէն օր ժամը 11ին։ Հայրս իր ետին հասաւ եւ անունը կանչեց՝ «Թալէա՛թ»‚ եւ երբ ան ետ դարձաւ՝ հայրս զինք սպաննեց...Տեղեակ չեմ, թէ թիկնապահերուն ի՛նչ պատահեցաւ։ Այս բոլորին ականատես դարձած մարդիկը բռնեցին ու ծեծեցին հայրս եւ Պերլինի ոստիկանութիւնը միայն զինք փրկեց խոշտանգուելէ։ Հետագային իմացայ‚ որ ան Պոլսոյ մէջ նաեւ սպաննած է Հայ Քուիսլինկ մը‚ որ Ցեղասպանութեան ժամանակ թուրքերուն հաշւոյն կը լրտեսէր»։
Իրապէս ալ 1920ին‚ Թեհլիրեան ահաբեկեց Յարութիւն Մկրտիչեանը‚ ով Ապրիլ 1915ին Թալէաթին օժանդակեց հաւաքելու հայ կրօնաւորները‚ լրագրողներն ու փաստաբանները՝ աքսորելու եւ սպաննելու համար։ Վիտքուն Քուիսլինկ 1940ին‚ Օսլոյի մէջ, Նացիական բռնագրաւումի կառավարութեան նորվեկեացի ղեկավարն էր‚ «ցեղասպանութիւն» բառին նման անոր անունը եւս գոյութիւն չունէր իբրեւ եզր մինչեւ Համաշխարհային Բ Պատերազմ‚ եւ Քուիսլինկ եւս մահապատիժի ենթարկուեցաւ‚ թէեւ յետ-պատերազմեան դատավարութենէ մը ետք։
«(...) Ըստ հայկական ժողովրդային պատմութեան՝ Թեհլիրեանի ամբողջ ընտանիքը‚ իր հայրը‚ մայրը‚ քոյրերն ու երեք եղբայրները Ցեղասպանութեան ընթացքին իր աչքին առջեւ սպաննուած են։ Ասիկա ճիշդ չէ։ Օրին Սողոմոն Թեհլիրեան Հայաստան չէր գտնուեր։
«Ան Սերպիա էր‚ զուգադիպութեամբ մը այդտեղ փոխադրուած էր Յունիս 1914ի այն օրը‚ երբ Կաւրիլլօ Փրինչիփէն Սարայեւոյի մէջ սպաննեց Ֆերտինանտ արքիդուքսը։
«Հայրս քոյր չէ ունեցած»‚- կ՚ըսէ անոր որդին։ «Ան եւ իր երկու եղբայրները Սերպիա էին։ Իր մայրն էր՝ իմ մեծ մայրս‚ որ Ցեղասպանութեան ընթացքին սպաննուած էր իր մեծ եղբօր Վազգէնի հետ՝ որ հօրեղբայրս է եւ Պէյրութի մէջ բժշկութիւն կ՚ուսանէր։
«Հայրս (Պոլշեւիկեան) Յեղափոխութեան ժամանակ մեկնեցաւ Ռուսիա եւ միացաւ զօրավար Անդրանիկ Օզանեանի հայկական բանակին‚ որ Ռուսիոյ ցարի բանակին կողքին կը կռուէր թուրքերուն դէմ։ Հօրս լուսանկարը ունիմ բուրդէ գլխարկով եւ փամփուշտները խաչկապ կապած։ Ռուսական ճակատը օրին (հայկական քաղաք) Վանի մէջ էր։ Չեմ գիտէր‚ եթէ օրին տեղեակ էր‚ թէ իր մօր եւ եղբօր ինչ պատահած է‚ սակայն գտաւ իր 12 տարեկան զարմիկը‚ որ կորսուած էր Արեւմտահայաստանի անտառներուն մէջ։ Անոր անունը Արմէնուհի էր եւ Միսակ հօրեղբօրս աղջիկն էր։ Գտաւ նաեւ Միսակի առաջին կինը»։
1917ին‚ Սողոմոն Թեհլիրեան հանդիպեցաւ 15 տարեկան հայ աղջիկի մը‚ որուն անունը Անահիտ էր։ «Ան իր կեանքին մեծագոյն սէրն էր»‚- անոր որդին կ՚ըսէ։
«Պերլինի մէջ իր դատավարութենէն ետք հայրս մեկնեցաւ Միացեալ Նահանգներու Քլիվլընտ քաղաքը‚ սակայն Անահիտը‚ որ իմ մայրս է‚ կը գտնուէր Խորհրդային Միութիւն եւ չէր կրնար հեռանալ։ Ան Թիֆլիսի մէջ տեղւոյն անցագրի գրասենեակը գնաց եւ ըսաւ‚ որ կ՚ուզէ մեկնիլ Ամերիկա՝ ամուսնանալու համար հօրս հետ‚ սակայն անոնք «ոչ» ըսին։
Ապա՝ ան եւ իր մեծ քոյրը 1923ին Թիֆլիսի մէջ հանդիպեցան առեւտրականի մը‚ որ լսեց անոր պատմութիւնը‚ ապա իր այցետոմը տուաւ եւ երկու աղջիկներուն թելադրեց զայն ցոյց տալ անցագրերու սովետական գրասենեակին։
«Հազիւ այդ մէկը կատարեցին, Անահիտին ելքի արտօնագիր մը տուին եւ իր քրոջ սովետական անցագիր մը։ Երբեք չգիտցան‚ թէ առեւտրականը ո՛վ էր։ Անահիտի մայրը՝ մեծ մայրս անոր ըսաւ‚ որ շատ փոքր է առանձին երթալու եւ անոր քոյրը՝ այսինքն մօրաքոյրս պէտք է իր հետ երթայ»։
«Երկու աղջիկները մեկնեցաւ Մարսէյլ‚ սակայն Միացեալ Նահանգները մերժեցին Անահիտի քրոջ մուտքի արտօնագիր տալ‚ որովհետեւ նորակազմ Սովետական Միութեան քաղաքացի մըն էր։ Ան ստիպուեցաւ վերադառնալ։
«Հայրս Քլիվլընտի մէջ իր գործը ձգեց եւ մեկնեցաւ Մարսէյլ»‚- որդի Թեհլիրեան կ՚ըսէ։ Սողոմոն Թեհլիրեան ամունացաւ Անահիտի հետ եւ որոշեց երթալ Եուկոսլավիա‚ որովհետեւ այդտեղ ազգականներ ու բարեկամներ ունէր։ Սակայն յեղափոխութեան քաղաքականութիւնը զինք ծովու թռչունի մը նման կը հետապնդէր։
Եուկոսլաւիոյ մէջ ան սկսաւ սուրճի յաջող առեւտուր մը եւ իր այցեքարտը‚ ըստ անոր որդիին‚ կը հռչակէր‚ թէ ինք Ալեքսանտր թագաւորին «արքունիքի սուրճ աղացող»ն է։ Եուկոսլավիոյ մէջ սուրճի առեւտուրի մենաշնորհը ունէր «եւ Ֆորտ փոքր բեռնակառքով մը սուրճ կը մատակարարէր թագաւորի պալատին»։
«Սակայն Համաշխարհային Բ. Պատերազմէն եւ Թիթոյի իշխանութեան գալէն ետք‚ Սողոմոն Թեհլիրեան բարեկամացաւ փողոցային լակոտի մը հետ եւ զայն հրաւիրեց իր սուրճի գործին մէջ աշխատելու։ «Ան համայնավար դարձաւ»‚- կ՚ըսէ Թեհլիրեանի որդին‚ «եւ օր մը խանութ մտաւ եւ հօրս ըսաւ.- «Հիմա դուրս ել‚ ասիկա ժողովուրդին կը պատկանի»։ Հայրս լալով տուն եկաւ։ Զինք վտարեցին»։
Սողոմոն Թեհլիրեան իր կեանքի մնացեալ օրերը անցուց Միացեալ Նահանգներու մէջ եւ 1960ին մահացաւ՝ ուղեղային ուռի մը պատճառով։ Անոր կինը՝ Անահիտը մահացաւ 1979ին։
«Իր վերջին տարիներուն‚ հայերը զինք ցուցադրեցին Ամերիկայի տարբեր քաղաքներու՝ Պոսթոնի‚ Քլիվլընտի‚ Նիւ Եորքի մէջ»‚- կ՚ըսէ անոր որդին։ «Ան հայրենասիրական ճառեր կը խօսէր‚ սակայն երբեք չէր սիրեր խօսիլ պատահածին մասին»։ Անոր գերեզմանը կը գտնուի Ֆրեզնոյի Արարատ գերեզմանատան մէջ‚ անոր վրայ կայ ոսկեզօծ հայկական արծիւ մը՝ իր ժանիքներուն մէջ օձ մը‚ որ կը ներկայացնէ Թեհլիրեանի հռչակաւոր զոհը՝ Թալէաթ փաշան։
Թալէաթի դիակը այսօր կը գտնուի կեդրոնական Պոլսոյ՝ մեծաթիւ այցելուներ ունեցող դամբարանի մը մէջ։ Դիակը 1943ին թուրքերուն վերադարձուեցաւ նացիական կեռ խաչով զարդարուած շոգեկառքով մը‚ եւ հրամանովը Ատոլֆ Հիթլերի‚ որ կը յուսար‚ թէ այդ քայլը չէզոք դիրք բռնած Թուրքիան պիտի համոզէ Գերմանիոյ ճամբարին միանալու։ Ի զուր»։