­altԹէեւ պար­զա­միտ կամ միա­միտ մար­դիկ այ­լեւս շատ չեն մնա­ցած, այ­դու­հան­դերձ՝ նոյ­նիսկ ե­թէ տա­կա­ւին դիւ­րա­հա­ւատ­ներ կան, հա­ւա­նա­բար ա­նոնք ալ կ­՚անդ­րա­դառ­նան, թէ ­Գեր­մա­նիոյ խորհր­դա­րա­նը սոսկ պատ­մա­կան ճշմար­տու­թեան կամ հա­յե­րուս սեւ աչ

­քե­րուն սի­րոյն չէր, որ ­Հա­յոց ­Ցե­ղաս­պա­նու­թիւ­նը իր ճիշդ ա­նու­նով կո­չե­լու եւ իբ­րեւ ցե­ղաս­պա­նու­թիւն ճանչ­նա­լու ո­րո­շու­մը կա­յա­ցուց։

Ընդ­հա­նուր է հա­մո­զու­մը, որ ան­ցեա­լի մեծ ող­բեր­գու­թիւն մը պե­տա­կա­նօ­րէն ճանչ­նա­լու բա­րո­յա­կան պարտ­քէն ան­դին գա­ցող՝ մե­րօ­րեայ քա­ղա­քա­կան աշ­խար­հի բուռն վե­րի­վայ­րում­նե­րու խոր­քին տե­ղա­ւո­րո­ւող քայլ էր ­Գեր­մա­նիոյ ­Պուն­տես­թա­կի 2 ­Յու­նիս 2016ի ո­րո­շու­մը։

Առ այդ՝ բա­նա­ձեւն ու ա­նոր որ­դեգր­ման ե­տին գտնո­ւող քա­ղա­քա­կան դրդա­պատ­ճառ­ներն ու հա­շո­ւարկ­նե­րը, մի­ջազ­գա­յին լրա­տո­ւա­մի­ջոց­նե­րով ու հա­մա­ցան­ցով, լայն­քին-եր­կայն­քին քննար­կո­ւե­ցան եւ բազ­մա­կող­մա­նի մեկ­նա­բա­նու­թեանց ար­ժա­նա­ցան վեր­ջին եր­կու շա­բաթ­նե­րուն ըն­թաց­քին։

­Յատ­կա­պէս հա­յերս հասկ­նա­լիօ­րէն եւ ար­դա­րօ­րէն յաղ­թա­կան տրա­մադ­րու­թեամբ ող­ջու­նե­ցինք ­Պուն­տես­թա­կի ո­րո­շու­մը, ո­րով­հե­տեւ նախ՝ ­Գեր­մա­նիա ­Մեծ Ե­ղեռ­նի օ­րե­րուն ­Թուր­քիոյ դաշ­նա­կիցն ու ա­ւագ զի­նա­կիցն էր, որ մա­տը մա­տին չզար­կաւ օ­րին թէ այ­նու­հե­տեւ, ի տես եւ ի լուր Օս­մա­նեան կա­ռա­վա­րու­թեան պե­տա­կա­նօ­րէն կազ­մա­կեր­պած ու գոր­ծադ­րած ցե­ղաս­պա­նու­թեան՝ հա­յե­րու եւ այլ քրիս­տո­նեայ փոք­րա­մաս­նու­թեանց դէմ։

­Հե­տե­ւա­բար, ­Հա­յոց ­Ցե­ղաս­պա­նու­թեան ­Պուն­տես­թա­կի ճա­նա­չու­մը ­Գեր­մա­նիոյ հա­մար ու­նի սե­փա­կան պատ­մու­թեան հետ ա­ռե­րե­սո­ւե­լու եւ 20րդ ­դա­րու ա­ռա­ջին ցե­ղաս­պա­նու­թեան գոր­ծադ­րու­թեան մէջ սե­փա­կան պա­տաս­խա­նա­տո­ւու­թիւ­նը խոս­տո­վա­նե­լու հիմ­նա­կան նշա­նա­կու­թիւ­նը, ինչ որ ինք­նին ­Թուր­քիոյ ուղ­ղո­ւած նոյն օ­րի­նա­կին հե­տե­ւե­լու քա­ղա­քա­կան ծան­րակ­շիռ մար­տահ­րա­ւէր մըն է։

Երկ­րորդ՝ ­Գեր­մա­նիա մեր օ­րե­րուն կը հան­դի­սա­նայ հա­մաեւ­րո­պա­կան տա­րո­ղու­թեամբ այն գե­րակ­շիռ մե­ծա­պե­տա­կան ու­ժը, որ իր դիր­քո­րո­շում­նե­րով ու ձեռ­նար­կած քայ­լե­րով՝ քա­ղա­քա­կան ե­ղա­նակ կը ստեղ­ծէ եւ, ըստ այնմ, հա­շո­ւի կ­՚առ­նո­ւի մի­ջազ­գա­յին տա­րո­ղու­թեամբ խմո­րում­նե­րու եւ կար­գա­ւո­րում­նե­րու մէջ։

­Միւս կող­մէ՝ նոյն­պէս հասկ­նա­լի է, որ ­Թուր­քիա ին­չո՞ւ այս աս­տի­ճան կա­տա­ղու­թեամբ հա­կա­դար­ձեց ­Հա­յոց ­Ցե­ղաս­պա­նու­թիւ­նը իբ­րեւ այդ­պի­սին ա­նո­ւա­նե­լու եւ ճանչ­նա­լու ­Գեր­մա­նիոյ խորհր­դա­րա­նի ո­րո­շու­մին։

­Միա­ցեալ ­Նա­հանգ­նե­րէն յե­տոյ ­Գեր­մա­նիա այն կա­րե­ւո­րա­գոյն եր­կիրն է, ո­րուն կե­ցո­ւածքն ու քա­ղա­քա­կա­նու­թիւ­նը, ­Հայ ­Դա­տի առն­չու­թեամբ, հիմ­նա­կան ար­ժէք ու­նին ­Թուր­քիոյ վա­րիչ­նե­րու աչ­քին՝ կու­սակ­ցա­կան կամ քա­ղա­քա­կան ի՛նչ պատ­կա­նե­լու­թիւն ալ ու­նե­նան թրքա­կան պե­տու­թեան պա­տաս­խա­նա­տու­նե­րը։

­Տա­կա­ւին պէտք է սպա­սել՝ տես­նե­լու հա­մար, որ ­Պուն­տես­թա­կի ո­րո­շու­մին հե­տե­ւան­քով ստեղ­ծո­ւած լա­րո­ւա­ծու­թիւ­նը ո՞ւր պի­տի յան­գի եւ յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րը ի՞նչ հո­լո­վոյթ պի­տի ապ­րին նախ ­Թուր­քիոյ եւ ­Գեր­մա­նիոյ, ա­պա՝ ­Թուր­քիոյ եւ Եւ­րո­պա­կան ­Միու­թեան, իսկ այ­նու­հե­տեւ՝ ­Թուր­քիոյ եւ ­Ռու­սիոյ, այ­լեւ՝ ­Թուր­քիոյ եւ Մ. ­Նա­հանգ­նե­րու մի­ջեւ։

­Մինչ այդ ու­շադ­րու­թե­նէ պէտք չէ վրի­պի, որ ­Գեր­մա­նիոյ ­Պուն­տես­թա­կի 2 ­Յու­նիս 2016ի ո­րո­շու­մին ան­բա­ժա­նե­լի մա­սը կը կազ­մէ ­Հա­յաս­տա­նի եւ ­Թուր­քիոյ մի­ջեւ, այ­լեւ՝ հա­յեւ­թուրք յա­րա­բե­րու­թեանց մէջ, այս­պէս կո­չո­ւած պատ­մա­կան հաշ­տեց­ման ուղ­ղու­թեամբ գծուած… ճամ­բու քար­տէ­սը։

­Նոյ­նինքն վար­չա­պետ ­Մեր­քել, բա­ռե­րը ա­ռանց ծամծ­մե­լու, շեշ­տը դրաւ այդ հաշ­տեց­ման ի նպաստ գոր­ծե­լու ­Գեր­մա­նիոյ յանձ­նա­ռու­թեան ու պատ­րաս­տա­կա­մու­թեան վրայ՝ միա­ժա­մա­նակ մե­ղադ­րե­լով ­Թուր­քիոյ նա­խա­գահ Էր­տո­ղա­նը, որ կը շա­րու­նա­կէ խա­փա­նել ­Ցիւ­րի­խեան Ար­ձա­նագ­րու­թեանց վա­ւե­րա­ցու­մը ­Թուր­քիոյ Ազ­գա­յին ­Մեծ ­Ժո­ղո­վին կող­մէ։

Ան­շո՛ւշտ, ­Հա­յոց ­Ցե­ղաս­պա­նու­թիւ­նը իր ա­նու­նով կո­չե­լու եւ իբ­րեւ այդ­պի­սին ճանչ­նա­լու ­Գեր­մա­նիոյ քայ­լը, ա­մէն պա­րա­գա­յի, ող­ջու­նե­լի է եւ պատ­մա­կան տա­րո­ղու­թեամբ դէ­պի առ­ջեւ նե­տո­ւած քայլ մըն է։

­Բայց իբ­րեւ այդ­պի­սին ալ ար­ժա­նի է ու­շա­դիր եւ բազ­մա­կող­մա­նի ար­ժե­ւոր­ման, որ­պէս­զի ­Հա­յոց ­Ցե­ղաս­պա­նու­թիւ­նը միշտ յի­շե­լու եւ ամ­բող­ջա­կան հա­տուց­ման ար­ժա­նաց­նե­լու հա­մազ­գա­յին մեր պա­հան­ջա­տի­րու­թիւ­նը պատ­րաստ գտնո­ւի քայլ պա­հե­լու՝ ճա­նա­չու­մին դի­մաց հաշ­տու­թիւն խթա­նե­լու գեր­մա­նա­կան ներ­կայ ռազ­մա­վա­րու­թեան զիկ­զակ­նե­րուն։

­Կա­րե­լի չէ ան­տես առ­նել, որ ­Գեր­մա­նիոյ վար­չա­պե­տը նոյ­նիսկ ­Հա­յոց ­Ցե­ղաս­պա­նու­թեան ճա­նաչ­ման ­Պուն­տես­թա­կի բա­նա­ձե­ւէն ետք տա­կա­ւին կը խօ­սի… պատ­մա­կան վէ­ճե­րու շուրջ հա­յեւ­թուրք միա­ցեալ յանձ­նա­ժո­ղով կեան­քի կո­չե­լու անհ­րա­ժեշ­տու­թեան մա­սին։

­Նաեւ՝ իր խնդրա­յա­րոյց կէ­տե­րով հան­դերձ, ­Հա­յաս­տան-­Թուր­քիա Ար­ձա­նագ­րու­թեան վա­ւե­րաց­ման վրայ շեշտ դնե­լով, ­Գեր­մա­նիա փաս­տօ­րէն կ­՛ան­տե­սէ հա­յեւ­թուրք յա­րա­բե­րու­թեանց բնա­կա­նո­նա­ցու­մը խո­չըն­դո­տող գլխա­ւոր կնճի­ռը, որ ան­տե­սումն է հայ ժո­ղո­վուր­դին ար­դար հա­տու­ցում կա­տա­րե­լու ­Թուր­քիոյ ա­ռաջ­նա­հերթ պար­տա­ւո­րու­թեան եւ, այդ գծով, մի­ջազ­գա­յին ե­րաշ­խա­ւո­րու­թիւն ա­պա­հո­վե­լու մե­ծա­պե­տա­կան պա­տաս­խա­նա­տո­ւու­թեան։

­Թե­րեւս ա­ւե­լորդ կաս­կա­ծամ­տու­թե­նէ ու ծայ­րա­յեղ զգու­շա­ւո­րու­թե­նէ բխող վե­րա­պա­հու­թիւն է այս ա­մէ­նը, բայց ի­րա­ւա­տէր հա­յու­թիւ­նը ա­ւե­լի քան մէկ դա­րու փորձ ու­նի, որ­պէս­զի մա­ծունն ան­գամ փչե­լով խմէ…

­Գո­նէ յստա­կօ­րէն գիտ­նանք, որ ­Գեր­մա­նիա ­Հա­յոց ­Ցե­ղաս­պա­նու­թեան ճա­նա­չու­մը (նաեւ ու մա­նա­ւանդ ­Թուր­քիոյ կող­մէ) բա­ւա­րար պայ­ման կը նկա­տէ, որ­պէս­զի փո­խա­րէ­նը հաշ­տու­թիւն կնքո­ւի ­Հա­յաս­տա­նի եւ ­Թուր­քիոյ մի­ջեւ, այ­լեւ՝ հայ եւ թուրք ժո­ղո­վուրդ­նե­րուն մի­ջեւ։

Ն­մա­նօ­րի­նակ հաշ­տու­թիւ­նը միայն ջուր կը լեց­նէ ջա­ղաց­քին թուրք հա­սա­րա­կու­թեան մէջ տա­կա­ւին պե­տա­կան եւ քա­ղա­քա­կան ղե­կի վրայ գտնո­ւող այն իշ­խա­նա­ւոր մտա­ծո­ղու­թեան, որ կը հա­ւա­տայ ­Հայ­կա­կան ­Հար­ցը լու­ծե­լու մէկ ու միակ ու­ղիի՝ մի­ջազ­գա­յին խառն պայ­ման­նե­րու մէջ ­Հա­յոց ­Ցե­ղաս­պա­նու­թեան պե­տա­կա­նօ­րէն գոր­ծադ­րու­թեան, ո­րուն պատ­մա­կան ճշմար­տու­թիւ­նը ճանչ­նա­լու ա­ռա­ջին քայլ մըն էր ­Գեր­մա­նիոյ խորհր­դա­րա­նին 2 ­Յու­նիս 2016ի ող­ջու­նե­լի ո­րո­շու­մը։

Ն. ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ