(Ս. Փեթերսպուրկը՝ Վիեննայէն ընդամէնը մէկ ամիս ետք)
Հաստատուած է արդէն, որ Հայաստանի Հանրապետութեան եւ Ատըրպէյճանի նախագահներուն միջեւ հանդիպումը կը կայանայ
20 Յունիսին, Ս. Փեթերսպուրկի մէջ: Ըստ հրապարակուած լրատուութիւններուն՝ հանդիպման կը նախորդէ Ռուսիոյ նախագահին առանձնազրոյցը երկու նախագահներուն հետ:
Եթէ նկատի ունենանք Վիեննայէն Ս. Փեթերսպուրկի միջեւ ժամանակահատուածին կարճատեւ ըլլալը եւ հանդիպման վայրը, որոշ մտածումներու կ'առաջնորդուինք՝ հարցի հետապնդման ուղղութեան վրայ գեր-միջնորդ պետութեան ստանձնած դերակատարութեան գնահատական տալու առումով:
Պարզ էր, որ քառօրեայ պատերազմին զինադուլ պարտադրելով՝ Մոսկուա բոլոր կողմերուն ուղերձ կ’ուղարկէր, թէ հարցի ոչ միայն ռազմական իրադարձութիւններուն վրայ հակակշիռ ունենալու ղեկին, այլ նաեւ բանակցային գործընթացին վրայ գերազդեցութիւն բանեցնելու լծակին տէրը կը յաւակնէր ըլլալ:
Իրաւարար ըլլալու համար, սակայն, կողմերուն նկատմամբ ցուցադրական չէզոքութիւն պէտք էր, երկու կողմերուն զինամթերք տրամադրել-վաճառել անհրաժեշտ էր, զգոյշ ըլլալ, որպէսզի միջազգային կեդրոններու եւ ընդհանրապէս միջնորդներու որդեգրած պատասխանատուութիւններու համահաւասարեցման վարքագիծը չխախտի, ամբողջանան բոլոր այն նախադրեալները, որոնք թէ՛ երկու հակամարտող կողմերուն եւ թէ՛ միջազգային ընտանիքին համար իրաւարարութիւնը ընդունելի տարազ կը դարձնեն:
Հիմա ծրագրուածը կը թուի որոշ արդիւնքներ տուած ըլլալ: Ռուսիան մէկ ամսուան կարճ ժամանակամիջոցին մէջ յաջողած է ճշդել հանդիպման թուական. Ս. Փեթերսպուրկի իբրեւ հանդիպման վայրի ընտրութիւնը նոյնպէս ռուսական դերակատարութեան մասին կը յուշէ. եթէ աւելցնենք նաեւ նախագահ Փութինի ունենալիք առանձին հանդիպումները երկու նախագահներուն հետ՝ աւելիով կը համոզուինք ռուսական գեր-միջնորդութեան վարկածին:
Շարունակելով այս տրամաբանութիւնը՝ կարելի է ենթադրել, որ քազանեան հանդիպումին առընթեր «մատրիտեան փաստաթուղթ»ի օգտագործումը կը փոխարինուի «քազանեան» եզրով: Հինգ տարի առաջ, Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Լաւրովի կողմէ ներկայացուած առաջարկներու ամբողջութիւնը կը կոչուի «քազանեան փաստաթուղթ», որ շատ պարզ հետեւութեամբ կը խօսի հարցի կարգաւորման ռուսական դիւանագիտութեան նախաձեռնութեան մասին:
Քազանի փաստաթուղթը իր ամբողջութեան մէջ չէ հրապարակուած: Արծարծուած կէտերը, որոնք հրապարակայնացուած են տարբեր հանգրուաններու, կ’ամփոփուին հետեւեալ ձեւով.
- առաջին՝ հայկական ուժերը դուրս կու գան նախկին Լեռնային Ղարաբաղի Ինքնավար Մարզին յարակից բոլոր շրջաններից, բացառութեամբ Քարվաճառի եւ Լաչինի,
- երկրորդ՝ Լեռնային Ղարաբաղի եւ Ատրպէյճանի միջեւ կը տեղակայուին խաղաղապահ ուժեր,
- երրորդ՝ Լեռնային Ղարաբաղը կը ստանայ միջանկեալ կարգավիճակ, այն է՝ տէ ժիւրէ կ’ամրագրուի այսօրուան տէ ֆաքթօ իրավիճակը,
- չորրորդ՝ Լեռնային Ղարաբաղը որոշակի պահու կը ստանայ կամ արտայայտութեան, այն ՝ հանրաքուէ կայացնելու իրաւունք, որուն արդիւնքները Ատրպէյճան կ’ընդունի:
Ի տարբերութիւն «մատրիտեան»ի, ուրեմն, «քազանեան»ը նախ կ’ար- ծարծէ հայկական ուժերու հեռացման խնդիրը. մինչդեռ «մատրիտեան»ը իբրեւ առաջնային կէտ ունէր կարգավիճակի հարցը՝ ընդգծելով հանրաքուէ կազմակերպելու հրամայականը:
Վիեննայի առիթով՝ պաշտօնական յայտարարութիւններու ճամբով խօսուած էր նաեւ համապարփակը (փաթեթային) փուլային տարբերակով ընկալելու սկզբունքին մասին. այստեղ եւս հայկական կողմին համար պարզ էր, որ փուլայինի պարագային նախ Արցախի կարգավիճակի ճշդումն էր պայմանը: Այս պայմանի վերարծարծումը անշրջանցելի է՝ ի տես ատրպէյճանական եւ միջնորդական կողմերուն ինչ որ բան համաձայնելու ուղղութեամբ տեսանելի դարձող ճնշումներուն:
Առանց խորանալու «քազանեան փաստաթուղթ»ի բանակցելիութեան հաւանականութիւններուն մէջ, յիշեցնենք Վիեննայի մէջ ամիս մը առաջ բանաձեւուած պայմանաւորուածութեան միտող կէտերը.
Ա.- Քննարկուած են Արցախեան հակամարտութեան գօտիին վրայ Ապրիլի սկիզբը կատարուած զինադուլի կոպիտ խախտումին պատճառով ստեղծուած լարուած իրավիճակը եւ անկէ դուրս գալու հաւանական ուղիները:
Բ.- Համանախագահող երկիրները շեշտած են 94ի եւ 95ի համաձայնագիրները յարգելու եւ անոնց իրականացումէն չշեղելու անհրաժեշտութիւնը:
Գ.- Համաձայնութիւն գոյացած է քայլերու ձեռնարկելու մշտադիտարկման եւ միջադէպերու հետաքննութեան մեքենականութեան հաստատման եւ Ե.Ա.Հ.Կ. գործող նախագահի անձնական ներկայացուցիչի կարողութիւններու յաւելման՝ հակամարտութեան կարգաւորման ուղղութեամբ բանակցութիւններու հաւանական վերսկսման համար:
Համեմատական անդորրը կամ ատրպէյճանական կողմի դրսեւորած զսպուածութիւնը սահմանին զինադուլը յարգելու խաբկանք ստեղծել է, որպէսզի Վիեննայէն անդին փորձ կատարուի համաձայնութեան առաջին փուլ քննարկելուն:
Քիչ հաւանական է, որ Ս. Փեթերսպուրկը՝ շրջանցելով Վիեննան, անցնի ուղղակի Քազանի փաստաթուղթի քըննարկման: Իսկ Վիեննան պատահականօրէն չէ, որ յղում կատարած էր 94ի զինադուլի պայմանագիրին: 94ի համաձայնագիրէն կը բխի նաեւ մեծ քաղաքական համաձայնագրի յանգելու համար տարուելիք աշխատանքներու առաջադրանքը:
Իսկ այս մէկը արդէն հրամայական կը դարձնէ Ստեփանակերտի վերա- դարձը բանակցային սեղան:
«Ազդակ»