Ա.- Սփիւռքը ինքնանպատա՞կ է:Այս հարցումը հռետորական դրուածքով եւ ժխտական պատասխանի յանգելու իր շեշտով անհեթեթութեան սաղմը կը կրէ իր մէջ: Անշուշտ որ ինքնանպատակ չէ այնպէս, ինչպէս ինքնանպատակ չեն ամէն յղացք ու գաղափար, ամէն օրէնք ու կրօնք եւ ինչ որ հնարուած է մարդուն կողմէ:
Ամէն ինչ մարդուն համար է: Գերագոյն նպատակը մա՛րդն է ու մարդուն կեանքը:
Այս իմաստով ալ սփիւռքի կեանքին երկարա-ձգումը նպատակ է եւ անոր կազմակերպումը՝ կարեւոր: Գիտենք, որ մեր կեանքն ալ օր մը իր վախճանին պիտի յանգի: Ուրեմն ի՞նչ, այժմէն իսկ վե՞րջ տանք անոր...:
Կարգապահութիւնը, այսինքն՝ կազմակերպուածութիւնը տիեզերական պարտադրանք է: Պէտք է մշտատեւ վերանորոգել սփիւռքի կազմակերպումը՝ ինքզինքին մէջ, ինքզինքին համար ալ՝ ըստ ժամանակի պահանջին ու ստեղծուած պայման- ներուն:
Բ.- Սփիւռքահայու հոգին ծովու ալիքներու նման երբեմն մակընթացութիւն կ’ունենայ դէպի հայրենիք, բայց անտեսանելի մագնիս մը կարծէք ետ կը մղէ զայն դէպի սփիւռք: Յունաստանի, Գանատայի թէ Լիբանանի մէջ պարզապէս «հայ» է ան, իսկ երբ Հայաստան կը գտնուի՝ «յունահայ» է, «գանատահայ» ու «լիբանանահայ»: Սփիւռքահայու հոգեբանական այս ալեկոծումը, ինքզինքին հետ կռիւը հետզհետէ կը մեղմանայ, կը տկարանայ, նոյնիսկ կրնայ մարիլ այն չափով որ՝
1) Սերունդներու հերթափոխութիւն կը կատարուի (ներկայինը՝ յետ Եղեռնի հինգերորդ սերունդն է):
2) Վերանկախ Հայաստանի ղեկավարութիւնը քաղաքական ու ընկերային իր վարքագծով կը գործէ սփիւռքահայու ըմբռնումներուն ու ձգտումներուն հակառակ ուղղութեամբ:
Հոգեբանական այդ երկփեղկուածութիւնը կը կազմէ սփիւռքահայութեան հասարակաց գիծը: Ատկէ անդին՝ անոր մասին կարելի չէ ընդհանրացումով խօսիլ:
Գ.- Սփիւռքահայութիւնը տարբեր ինքնութիւն-ներով զարգացող բազմալեզու, բազմամշակութային ազդեցութիւններու ենթակայ, բազմաշերտ իրականութիւն մըն է՝ հայ ազգի 2/3ը ներ- կայացնող համրանքով:
Իր կարելիութիւններով եւ մասնագիտական տարբեր բնագաւառներու մէջ աճող իբրեւ մարդուժի աղբիւր՝ կարեւոր ազդակ է ան եւ ունի ուժակա- նութիւնը՝ գործնապէս նպաստելու Հայաստանին, ազգային պետականութեան ամրապնդման, Հայոց Ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչման, Ղարաբաղեան դատին եւ ազգային-քաղաքական ներկայ ու հեռահար նպատակներու իրականացման պայքարին: Անհրաժեշտ է մտքերու մէջ ամրագրել ու միշտ շեշտել, որ Հայաստանն է սփիւռքի տե-ւելիութեան երաշխիքը: Սփիւռքի գոյութիւնը կ’իմաստաւորուի, ներգործօն դերակատարութիւնը կ’ապահովուի այնքան ժամանակ, որ ան կառչած կը մնայ Հայաստանին, միացեալի մեծ նպատակին եւ իր կարելիութիւնները կ’ուղղորդէ դէպի հայրենիք:
Նոյնպէս՝ Հայաստանին պա՛րտքն է եւ սփիւռքին համար պէ՛տք մը՝ յստակացնելու, թէ հայրենի հասարակութեան ու քաղաքական վերնախաւի մտապատկերին մէջ ինչպիսի՞ ընկալում ձեւա-ւորուած է սփիւռքի մասին: Հայաստանին համար ի՞նչ կը նշանակէ կազմակերպուած սփիւռք եւ ինչպիսի՞ յարաբերութիւններ կը պատկերացուին ապագային՝ պարզելով միաժամանակ գործադաշտերն ու գործամիջոցները:
Դ.- Յարաբերաբար դիւրին է խոկալ, մտորումներ ունենալ, սփիւռքի դիմագրաւած դժուարութիւններուն համար տրամաբանական կամ անհեթեթ լուծումներ առաջարկել եւ զանոնք գրի առ- նել: Աւելի դիւրին է գրուածը կարդալ:
Դժուարը եւ լլկող մտատանջութիւնը սակայն կը գտնուի սա պարզ հարցումին մէջ, թէ՝ մեր ո՞ր կեդրոնները պիտի քննեն-զտեն սոսկական անհատներու, խորհրդաժողովներու կամ մասնագիտական խումբերու կողմէ բանաձեւուած ու ներկայացուած առաջարկները, այդ առաջարկներէն տրամաբանականն ու իրագործելիները պիտի իւրացնեն, ծրագիր ու աշխատանքի յայտագիր պիտի պատրաստեն ու գործնական քայլերու ձեռնարկեն: Սփիւռքեան գործող կառոյցնե՞րը, որոնք ընթացիկը հազիւ թէ կը մատակարարեն, յաճախ՝ կաղացումով: Գիտենք, որ անոնք սպառումի եզրին են, եթէ չենք ընդունիր, որ սպառած են արդէն, յոգնած ու գրեթէ ամլացած, անհաղորդ՝ նորին ու նոր տեսլականներու:
Յամենայնդէպս, սփիւռքեան խնդիրներու քըննութիւնն ու լուծումը մտային մեծ ճիգի եւ մնայուն, տեւական փնտռտուքի կը կարօտին: Փնտռտուքը նոր առաջարկներ կը ծնի, նոր ճամբաներ կը բանայ: Բայց հարցումը կը մնայ անպատասխան. ո՞վ, որո՞նք պիտի ստանձնեն գործը, պատասխանատուութիւնը...:
Աթէնք, 27 Մարտ 2016
ՄԻՀՐԱՆ ՔԻՒՐՏՕՂԼԵԱՆ