altԹուրքիոյ Հայոց Պատրիարքարանը բոլորովին լուրջ ճգնաժամի մէջ է՝ Պատրիարք Մեսրոպ Մութաֆեանի անբուժելի հիւանդութեան

պատճառաւ: Տարիներ շարունակ, թրքահայ համայնքի ներկայացուցիչները ստիպողաբար կը հանդուրժեն ամէն տեսակ նեղութիւններ եւ դժուարութիւններ, նաեւ՝ ճնշումներ, պետութեան կողմէ հաստատուած կանոնադրութիւններու դէմ չգալու համար:
Երբ Մեսրոպ Պատրիարք Մութաֆեան անկարողացաւ իր պաշտօնն ու պարտականութիւնները շարունակելու, համայնքի զարգացումը սկսաւ կաղալ, եւ երկրի իշխանութեան հաշւոյն առիթ ստեղծեց, որպէսզի ան կարենայ իր քաղաքականութիւնը աւելի դիւրին յառաջ տանիլ:
Թուրքիոյ հայ համայնքի գործերը պատմականօրէն կը կարգաւորուէին 1863ին Օսմանեան Սուլթանի կողմէ վաւերացուցած «Ազգային Սահմանադրութեան» դրոյթներով, բայց այսօր այդ սահմանադրութիւնը չի գործեր: Այսօր Թուրքիոյ հայ համայնքի որեւէ լուրջ նախաձեռնութեան կամ հարցի մը լուծումը, օրինակ‘ նոր Պատրիարքի ընտրութիւնը, կախեալ է Թուրքիոյ իշխանութեան գործադիր մարմիններու թոյլտուութենէն:
Մութաֆեան Պատրիարքի պարագան անշուշտ առաւել բարդ իրավիճակ ստեղծեց՝ առիթ տալով համայնքի մէջ պառակտումներու եւ խմբաւորումներու կազմութեան, նաեւ՝ համայնքի զանազան շրջանակներու միջեւ վնասակար հակասութիւններու ու ցրտութիւններու ծնունդին:
Այսօր գործնական առումով Պատրիարքական Աթոռը թափուր է: Պատրիարքը անունով ու մարմինով կայ, սակայն գործունակ չէ: Պատրիարքի ընտրութեան կազմակերպման համար նախաձեռնարկ մարմինը եւ գոյութիւն ունեցող հոգեւոր խորհուրդը իրարմէ տարբերուող եւ իրարու հակասող երկու տարբեր դիմումնագրեր կատարած են Թուրքիոյ կառավարութեան: Համայնքին պառակտեալ այս վիճակը շատ հրաշալի առիթ մը տուած է՝ մէկ խումբը միւսին, այսինքն՝ եղբայրը եղբօր դէմ հանելու համար: Այս իրավիճակին մէջ նշանակուեցաւ Պատրիարքական Ընդահուր Փոխանորդ մը. նշանակում մը, որ ըստ սովորութեան միայն գործող Պատրիարք մը իրաւունք ունի կատարելու:
Արամ Արք. Աթէշեան՝ գործածելով ոչ-ժողովրդավարական միջոցներ, հարկադրեց Կրօնական Ժողովի անդամներուն՝ զինք փոխանորդ ընտրելու համար: Կրօնական Ժողովի անդամները իրենց ապրուստը վաստկելու իմաստով պարտաւորուեցան զինք Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ ընտրելու:
Այնպէս կը թուի ըլլալ, թէ Արամ Աթէշեան Սրբազան թրքական իշխանութիւններուն համար ամենալաւ ու նախընտրելի թեկնածուն է: Ան պատրաստ է ընդառաջելու անոնց բոլոր ցանկութիւններուն ու քմահաճոյքներուն: Աթէշեան Սրբազան, որպէս Պատրիարքի պաշտօնակատար եւ կամ ընդհանուր փոխանորդ, անտես կÿառնէ թրքահայ համայնքին «իր Կրօնապետը ընտրել ուզելու» իրաւունքն ու ցանկութիւնը՝ ըսելով, թէ Մութաֆեան Պատրիարքը ողջ է: Ան կը մերժէ նաեւ հարցի լուծման ուղղեալ այլընտրանքի առաջարկները եւ կը քաշքշէ ընտրութիւն կատարելու անհրաժեշտութիւնը:
Թուրքիոյ հայ համայնքը իրարանցումի մէջ է, շատ անհանգիստ ու շփոթած կացութեան մատնուած է: Համայնքի ողջմիտ անձեր միասնականութեան ու հանդարտութեան կոչեր կÿընեն, որպէսզի մէկ ձայնով խօսուի:
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարքական հայ ժողովուրդի կողմէ ոչ-ընտրեալ փոխանորդը՝ Արամ Արք. Աթէշեան, 2 Յունիս 2016ին Գերմանիոյ խորհրդարանի կողմէ առնուած «1915-1916 թուականներուն Օսմանեան Թուրքիոյ մէջ հայոց եւ այլ քրիստոնեայ փոքրամասնութիւներուն ապրած դէպքերը որպէս Ցեղասպանութիւն անուանելու որոշում»ի առնչութեամբ, նամակ մը ուղարկած է Թուրքիոյ Հանրապետութեան նախագահին: Արք. Աթէշեան իր նամակին մէջ կը յայտնէ, թէ իբր թրքահայութիւնը կը բաժնէ Պունտեսթակի բանաձեւին ընդունմամբ Թուրքիոյ ժողովուրդին հասցուած ցաւերը:
Արք. Աթէշեան թրքահայութիւնը չի կրնար ներկայացնել եւ յանուն այս համայնքին չի կրնար յայտարարութիւններ ընել ու խօսիլ, քանի որ
ժողովուրդին կողմէ չէ ընտրուած, այլ նշանակուած է: Ան միայն պաշտօնակատարի հանգամանք մը ունի:
Արք. Աթէշեան իր նամակին մէջ կը մատնանշէ, թէ Պատրիարքարանը եւ Թուրքիոյ հայ ժողովուրդը միշտ կը պահէ պետութեան նկատմամբ հաւատարմութիւն ու հնազանդ կեցուածք մը եւ նամակը շարունակելով հետեւալ նախադասութիւնը կը գրէ.- «Մենք,1915ի ողբերգութիւնէն տուժածներու թոռներն ենք, հիմա ցաւ կը զգանք, որ այսպիսի ցաւոտ խնդիր մը միջազգային քաղաքական հասարակութեան մէջ կը գործածուի որպէս քաղաքական նախանիւթ»:
Երբ որ յանցանքի մը գործակից եւ կամ մեղսակից մը իր յանցանքը կը խոստովանի եւ կ’ապաշխարէ, ասիկա ժողովրդավար հասկացողութեան հիմնական պարտականութիւն մըն է եւ նաեւ ողջամտութեան ու մարդկային իրաւունքներու յարգանք: Զայն կարելի չէ «քաղաքական նախանիւթ» անուանել: Այս եղելութիւնը «քաղաքական նախանիւթ» անուանել կը նշանակէ նախ «ցաւոտ խնդիր»ի ցաւերը աւելի սաստկացնել:
Անձ մը, որ իր ժողովուրդին ձայնը լսել չ’ուզեր, անոր ցանկութիւնն ու պահանջքները անտես կ’առնէ, ժողովուրդին անցեալն ու զգացումները չի յարգեր, չի կրնար այդ ժողովուրդը ներկայացնել, նաեւ՝ ղեկավարել: Չի կրնար անոր կրօնապետին փոխանորդը ըլլալ: Հետեւաբար՝ Արք. Արամ Աթէշեան Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդի պաշտօնէն շուտով հեռանալու է:

Ա.- Համայնքն իր բողոքի ձայնը պէտք է բարձրացնէ՝ պահանջելով Արամ Սրբազանի Ընդահանուր Փոխանորդի պաշտօնէն հրաժարականը:

Բ.- Համայնքր յամառօրէն պնդելու է իր Պատրիարք ընտրելու իրաւունքին վճռակամութեան վրայ:

Գ.- Համայնքի բոլոր մարմինները՝ մտաւորականները, ներառեալ մամուլը, միութիւններն ու համայնքային հաստատութիւները, միասնականութեան մէջ շարժելով՝ մեկուսացնելու են Արամ Սրբազանը, որպէսզի ան պարտաւորուի իր պաշտօնէն հրաժարելու: Օրինակ՝ քարոզներուն ներկայ չըլլալ, անոր հետ չլուսանկարուիլ, Մկրտութիւն, Պսակի Օրհնութիւն, Յուղարկաւորութիւն եւ այլ նման արարողութիւններուն զայն չհրաւիրել:

Տոքթ. ՍԱՐԳԻՍ ԱՏԱՄ