altԸսինք արդէն, որ «ինքնութիւն»ը մշակոյթի ներգործութեան տակ կազմաւորման ընթացք է, զարգացման հոլովոյթ: Արտաքին, շրջապատի ազդեցութեանց ենթակայ

ըլլալով՝ կը պատահի, որ ոեւէ մարդ-անհատի ազգային նկարագիրը նահանջէ ու շեշտուի օտարայինը, կամ հակադարձաբար՝ օտարայինը տեղի տայ ու ազգայինը ուժեղանայ...:
Մինչդեռ՝ ազգային պատկանելիութիւնը կարծէք թէ անփոփոխելի է:
Ասիկա չի նշանակեր սակայն, որ անոր անփոփոխելիութեան տոկունութիւնը բնաւ չի տկարանար: Օտարութեան մէջ եւ ժամանակին հետ քանի մը սերունդներ դիմանալէ ետք, հետզհետէ կը տժգունի անիկա եւ ի վերջոյ կը փոխարինուի տարբեր պատկանելիութեամբ: Ասիկա անխուսափելի կը դառնայ, երբ մանաւանդ յաղթահարելի թէ անյաղթահարելի զանազան պատճառներով հնարաւոր չ’ըլլար սերունդին ներարկել իր ազգային պատկանելիութիւնը երկարաձգող-վերապրեցնող շիճուկը, որ ուրիշ  բան չէ, եթէ ոչ սեփական հայրենիքի գաղափարին ու ազգի նպատակներուն կառչածութիւնը:
Այդ շիճուկէն զրկուիլն էր թերեւս, այսինքն՝ հայրենիքի գաղափարէն ու ազգի նպատակներէն պարպուած ըլլալն էր կամ ալ իրենց ժամանակաշրջանին՝ «համահայկական, համազգային նպատակներ»ու չգոյութիւնը դարձան գլխաւոր պատճառ, որ անցեալի շէն ու կազմակերպ Լեհաստանի,  Թրանսիլվանիոյ, Հնդկաստանի, Խրիմի եւ այլ տեղերու հայօճախները երկար չդիմանան, կորսըն- ցընեն ազգային պատկանելիութեան տոկունութիւնը ու չքանան:
Ինքնութեան հիմքը գիտակցութիւնն է, իսկ պատկանելիութիւնը անբացատրելի զգացողութիւն մըն է, որ պայմանական առումով այնքան ալ կապակցուած չէ ազգային մշակոյթին կամ լեզուին հետ:
Սեփական ազգի պատմութեան անտեղեակ, ազգային լեզուին ու մշակոյթին անգիտակ, ուծացած, նոյնիսկ կրօնափոխ մարդուն մօտ ազգի պատկանելիութիւնը անսպասելիօրէն կը պոռթկայ այն պարագաներուն, երբ ազգը մեծ ողբերգութեան, մեծ վտանգի կամ մեծ հպարտութեան ցնցիչ պահերու մէջ կը գտնուի: Անբացատրելի այդ զգացողութեան կը վերաբերի ժողովրդային ասոյթը, թէ՝ «արիւնը ջուր չի դառնար»:
Հարցումը, որ մեր մտքին մէջ կը ցցուի, հետեւեալն է. արդեօք կա՞յ միջոց , որ բարերար ներգործութեամբ մը նպաստէ այդ զգացողութեան զարթնումին՝ գէթ վերջին 100 տարուան ընթացքին իրենց պատկանելիութեան յիշողութիւնը կորսնցուցած հայերու մօտ, որոնց թիւին մասին մօտաւոր գաղափարն իսկ կը պակսի մեզի. մէ՞կ միլիոն, երկո՞ւ միլիոն, թէ՞ աւելի...:
Այս հարցումին համար թէական պատասխաններ որոնելու փոխարէն, կարելի է մէջբերել ականատեսի վկայութիւնը շատերու, որոնք միջազգային հանրութիւնը ցնցած Հայաստանի աղէտալի երկրաշարժի տխուր օրերուն շատ անգամներ ապրեցան յուզումի պահեր, երբ բոլորովին ձուլուած-օտարացած անծանօթ մարդիկ կը փնտռէին աղէտեալներու օգնութեան կեդրոնատեղիները, կը բացայայտէին իրենց «հայութիւնը» եւ զարմացնող առատաձեռնութեամբ կը մասնակցէին օգնութեան արշաւին:
Այս երեւոյթը եթէ համարենք պատահած ողբերգութեան մը դիմաց խղճի մարդկային շարժուձեւ, ապա ուրեմն ըսենք նաեւ, որ նոյնանման բազմակի պատկերներ կրկնուեցան ղարաբաղեան ցոյցերու եւ ազատագրական պատերազմի ընթացքին, թէ՛ ընկրկումի, թէ՛ յաղթական յառաջընթացի օրերուն:
Գիտենք, որ զգացումները կարելի չէ ծրագրել: Դժուար է նաեւ զանոնք հակակշռել: Բայց արարքները կը ծրագրուին, կը կազմակերպուին ու կը հակակշռուին: Գիտենք նաեւ, որ արարքները տրամադրութիւն կը ստեղծեն, զգացում կը պատճառեն, նոյնիսկ կ’ազդեն նկարագրի կազմութեան վրայ: Պայքարունակ արարքներու մէջ թրծուողին մօտ որոշապէս կը ձեւաւորուի մարտական նկարագիր: Կը հետեւի ուրեմն, որ միջոցառումներ ծրագրելով եւ նախաձեռութիւններ առնելով՝ կարելի է արթնցնել յիշողութիւնը ազգային պատկանելիութեան, արծարծ պահել պատկանելիութեան զգացողութիւնը այն մարդոց մօտ, որոնց հայութիւնը գունաթափած է զանազան պատճառներով:
Այս ըսուածին լաւագոյն ապացոյցը եւ վերջնագոյն օրինակը հայ զանգուածներ համախմբող Հայոց Ցեղասպանութեան 100ամեակը եղաւ, որու համաշխարհային արձագանգը արթնցուց պատկանելիութեան յիշողութիւնը նոյնիսկ թրքացուած-քրտացուած հայերու մօտ, որոնց քուէներու հաշուարկն էր անպայման, կը հաւատամ, որ Թուրքիոյ մէջ երեք կուսակցութիւններ իրենց ընտրական ցանկերու մէջ ներառին երեք հայ թեկնածուներ եւ երեքն ալ թրքական խորհրդարանի երեսփոխան ընտրուեցան՝ շնորհիւ այդ քուէներուն...:
Կարելի՞ է ուրիշ որեւէ տրամաբանական ենթադրութիւն՝ այս մասին:
Կասկած չկայ, որ 100ամեակի համազգային զօրաշարժին ծաւալը մեծաւ մասամբ կը պարտինք համացանցի ընձեռած առաւելութիւններուն եւ որոշ չափով ալ՝ անհատական նախաձեռնութիւններով ատոնց օգտագործումին:
Կասկած չկայ նաեւ, որ 100ամեակին, հայ մարդոց մեծազանգուած համախմբումը բոլորիս ներարկեց կորով ու հպարտութիւն, որոնց այնքան կարիքն ունինք մենք՝ Հայաստանէն-սփիւռք:

Աթէնք, 18 Մարտ 2016
ՄԻՀՐԱՆ ՔԻՒՐՏՕՂԼԵԱՆ