altԱյն­պէս կը թո­ւի, թէ «մէկ ազգ, մէկ հայ­րե­նիք» լո­զուն­գը բե­մա­կան խօսք է, ո՛չ ա­ւե­լին: ­Պար­զա­պէս կը ծա­ռա­յէ ունկն­դիր­ներ տպա­ւո­րե­լու հռե­տո­րա­բա­նու­թեան: Յս­տակ ալ չէ, թէ ի՛նչ հաս­ցէի ուղ­ղո­ւած է ա­նի­կա: Այդ մա­սին գրո­ւած յօ­

դո­ւած կար­դա­ցող­նե­րը կամ ար­տա­սա­նո­ւած ճա­ռեր լսող­նե­րը բնա­կա­նա­բար ար­դէն կը պատ­կա­նին միեւ­նոյն ազ­գին: ­Կը հե­տե­ւի ու­րեմն, որ լո­զուն­գը զուրկ է քա­ղա­քա­կան ու գա­ղա­փա­րա­կան բո­վան­դա­կու­թե­նէ եւ ազ­դե­ցիկ ըլ­լա­լէ: Ազ­գը միան­շա­նակ մէկ է ար­դէն, լո­զուն­գա­յին շեշ­տը ա­ւե­լորդ է:

Ան­շուշտ ազ­գը ներ­քին ճեղ­քեր, հա­կադ­րու­թիւն­ներ ու բա­ժա­նում­ներ կ­՛ու­նե­նայ, ո­րոնք կը դրսե­ւո­րո­ւին կու­սակ­ցու­թեանց ճամ­բով, ըստ ա­նոնց­մէ իւ­րա­քան­չիւ­րին ու­նե­ցած տար­բեր պատ­կե­րա­ցում­նե­րուն, ինչ կը վե­րա­բե­րի ըն­կե­րա­յին կեան­քի կար­գու­սար­քին, տնտե­սա­կան ո­լոր­տի շու­կա­յա­կան յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րուն եւ քա­ղա­քա­կան նպա­տակ­նե­րու հե­տապն­դում­նե­րուն: Այ­սինքն, թէ ինչ­պի­սի՛ պատ­կե­րա­ցում կը սնու­ցա­նեն ա­նոնք` ազ­գի ու հայ­րե­նի­քի ներ­կա­յին ու ա­պա­գա­յին նկատ­մամբ:

Այս տար­բե­րու­թիւն­ներն են ար­դէն, որ ու­ժա­կա­նու­թիւն կու տան ազ­գի ա­ռա­ջըն­թաց զար­գա­ցու­մին, պայ­մա­նաւ որ քա­ղա­քա­կան ղե­կա­վա­րու­թիւ­նը հմտու­թեամբ ու ճկու­նու­թեամբ կա­րե­նայ հա­մադ­րել զա­նոնք: Այ­լա­պէս ճեղ­քը կը լայն­նայ: Ան­կա­րե­լի է եւ յում­պէտս սպա­ռում`«մէկ ազգ» կամ այլ հռե­տո­րա­կան կար­գա­խօս­նե­րով դրսե­ւո­րո­ւած տար­բեր այդ պատ­կե­րա­ցում­նե­րը հար­թե­լու եւ մէկ յայ­տա­րա­րի բե­րե­լու ճի­գը: Այդ դրսե­ւո­րում­նե­րը կա­րե­լի է ար­գի­լել միայն բռնա­տի­րու­թեամբ:

Վ­տան­գի կամ մեծ ող­բեր­գու­թեան պա­հե­րուն է, որ ազ­գը կը վե­րա­ծո­ւի մէկ բռունց­քի: Այն­պէս որ ազ­գի «մէ­կու­թիւ­նը» ա­պա­հո­վե­լու կամ շեշ­տե­լու ժա­մա­վա­ճա­ռու­թիւ­նը քա­ղա­քա­կան գործ չէ: ­Խոր­քին մէջ, եւ ըստ էու­թեան, ազ­գի տար­բեր հա­տո­ւած­նե­րու տար­բեր պատ­կե­րա­ցում­ներն ու հե­տապն­դում­նե­րը հա­մադ­րե­լու յա­ջո­ղու­թիւնն է քա­ղա­քա­կան գոր­ծը: ­Միա­ժա­մա­նակ՝ ա­նի­կա դի­ւա­նա­գի­տա­կան ճկու­նու­թեան ու քա­ղա­քա­կան ա­րո­ւես­տին հմտու­թեան գրա­ւա­կան է:

Այս նե­րա­ծա­կա­նը կա­պե­լով մե­զի ծա­նօթ սփիւռ­քի գաղ­թօ­ճախ­նե­րուն` պի­տի յայտ­նենք, որ ա­նոնց կազ­մա­կերպ­ման գոր­ծին լծո­ւած կու­սակ­ցու­թեանց ղե­կա­վար տար­րը ա­ռա­ջին օ­րե­րէն իր հե­տապն­դում­նե­րուն գլխա­ւոր նպա­տա­կը դար­ձուց գաղ­թա­կան հա­յու­թեան սե­ւե­ռում­նե­րուն կեդ­րո­նա­ցու­մը հայ­րե­նի­քին վրայ այն գա­ղա­փա­րով, որ ա­նոնց­մէ իւ­րա­քան­չիւ­րը ու­նէր քա­ղա­քա­կան իր օ­րա­կար­գին, հե­տապն­դած թի­րախ­նե­րուն ու աշ­խար­հըն­կալ­ման մէջ:

Հ.Յ.Դ.ին ա­ռաջ­նա­հեր­թու­թիւն­նե­րէն էր կո­րու­սեալ ան­կա­խու­թեան հա­մար գա­ղա­փա­րա­կան պայ­քա­րը հա­մայ­նա­վա­րու­թեան դէմ եւ պայ­քար ­Թուր­քիոյ դէմ` ցե­ղաս­պա­նո­ւած ազ­գին ու հայ­րե­նա­հա­նո­ւած մնա­ցոր­դա­ցին ի­րա­ւունք­նե­րուն ի խնդիր: Ռ.Ա.Կ.ն­ ու Հն­չա­կեան կու­սակ­ցու­թիւն­նե­րը նպա­տա­կա­յար­մար կը դա­սէին հա­մա­կեր­պու­թիւ­նը ­Խորհր­դա­յին ­Հա­յաս­տա­նի ի­րա­կա­նու­թեան եւ ի­րենց քա­ղա­քա­կան վար­քա­գի­ծը կը ձե­ւա­ւո­րէին ա­նոր հա­մըն­թաց ուղ­ղու­թեամբ:

Հ.Յ.Դ. շե՛շտ ու ան­խա՛խտ` կիր­քով կը մնար փա­րած ան­կախ ու ամ­բող­ջա­կան ­Հա­յաս­տա­նի իր տես­լա­կա­նին: ­Քա­ղա­քա­կան ու գա­ղա­փա­րա­կան հա­կա­դիր ճա­կատ­ներ կազ­մե­լով հան­դերձ, ե­րեք կու­սակ­ցու­թիւն­ներն ալ ի­րենց գոր­ծօն­նե­րով, դպրոց­նե­րով ու ա­կումբ­նե­րով, մա­մու­լով թէ ու­ղե­կից միու­թիւն­նե­րու ճամ­բով, ի­րա­կա­նին մէջ, մէ­կը ա­ռա­ւել ու միւ­սը նո­ւազ չա­փով, կրցան սփիւռ­քա­հա­յու­թիւ­նը կառ­չած պա­հել հայ­րե­նի­քի գա­ղա­փա­րին: Ի չգո­յէ շօ­շա­փե­լի-նիւ­թա­կան հայ­րե­նի­քի` հո­գի­նե­րու մէջ ձե­ւա­ւո­րո­ւե­ցաւ «ո­գե­կան հայ­րե­նի­քի» մտա­պատ­կեր մը եւ սփիւռ­քա­հա­յը դար­ձաւ ա­նոր հա­ւա­տա­րիմ «քա­ղա­քա­ցին»:

Մ­տա­պատ­կե­րո­ւած այդ հայ­րե­նի­քը ի­տէա­լա­կանն էր, հե­րոս­նե­րու ա­րիւ­նով սահ­մա­նագ­ծո­ւած ու կեան­քե­րով նո­ւի­րա­կա­նա­ցած: Ազ­նիւ ա­րարք­նե­րու ե­րե­ւա­կա­յո­ւած եր­կիր մը, իբ­րեւ օր­րա­նը պար­կեշտ ու զո­հա­բե­րո­ւող մար­դոց:

­Ղա­րա­բա­ղեան պայ­քա­րի օ­րե­րուն հա­րա­զա­տօ­րէն կ­՛ար­տա­ցո­լար սփիւռ­քա­հա­յուն մտա­պատ­կե­րած հայ­րե­նի­քը: ­Հա­յեր կը զո­հա­բե­րո­ւէին ա­նոր ի խնդիր: Ան­կէ աս­դին, սա­կայն, այդ հա­րա­զա­տու­թիւ­նը տժգու­նե­ցաւ եւ փո­խա­րի­նո­ւե­ցաւ խո­րը հիաս­թա­փու­թեամբ, երբ կեդ­րո­նա­ցեալ տնտե­սու­թե­նէն դէ­պի ա­զա­տա­կա­նու­թիւն ան­ցու­մի ա­տե­նի իշ­խա­նու­թեանց ձա­խա­ւե­րու­թիւն­նե­րը, ինչ­պէս նաեւ շու­կա­յա­կան ա­զատ յա­րա­բե­րու­թեանց վայ­րա­գու­թիւ­նը ան­խու­սա­փե­լի դար­ձու­ցին մէկ կող­մէ չա­րա­շա­հող ու մե­նաշ­նոր­հա­յին վեր­նա­խա­ւի մը եւ միւս կող­մէ` օ­րա­պա­հիկ ապ­րուս­տը ա­պա­հո­վե­լու տա­ռա­պան­քին մէջ գա­լա­րո­ւող շար­քա­յին քա­ղա­քա­ցի­նե­րու յա­ռա­ջա­ցու­մը:

­Հա­մա­տա­րած խա­թա­րո­ւա­ծու­թիւ­նը, օ­րի­նա­զանց­նե­րուն ան­պատ­ժե­լիու­թիւ­նը եւ ա­սոնց վրայ բար­դե­լով անց­նող 25 տա­րի­նե­րու ըն­թաց­քին ազ­գի միաս­նու­թիւ­նը ա­կա­նա­հա­րող պե­տա­կան ա­մէ­նէն բարձր մա­կար­դա­կով առ­նո­ւած նա­խա­ձեռ­նու­թիւն­ներն ու կա­տա­րո­ւած յայ­տա­րա­րու­թիւն­նե­րը, կա­րե­լի է ե­րե­ւա­կա­յել-բա­ցատ­րել պատ­կե­րին հա­կա­սա­կա­նու­թիւ­նը մէկ կող­մէ, սփիւռ­քա­հա­յու սնու­ցած ի­տէա­լա­կան հայ­րե­նի­քին եւ միւս կող­մէ ­Հա­յաս­տա­նի այ­սօ­րո­ւան ի­րա­կա­նու­թեան մի­ջեւ:

­Միաս­նու­թիւ­նը ա­կա­նա­հա­րող նա­խա­ձեռ­նու­թիւն­նե­րէն միա՛յն կա­րե­ւոր­նե­րը յի­շե­լու հա­մար՝ ար­ձա­նագ­րենք ա­ռա­ջին նա­խա­գա­հին սփիւռ­քա­հա­յը «օ­տա­րերկ­րա­ցի» դա­սե­լու ար­հա­մար­հան­քը եւ բո­լո­րիս ծա­նօթ միւս «քա­ջա­գոր­ծու­թիւն­նե­րը», երկ­րոր­դին հո­վա­նա­ւո­րած «հաշ­տու­թեան յանձ­նա­խում­բին» լպրծուն գոր­ծու­նէու­թիւ­նը, «­Թուր­քիա­յէն հո­ղա­յին պա­հանջ չու­նինք»ը, ­Մարտ 1ի սպան­դը, իսկ այժ­մու գոր­ծող նա­խա­գա­հին «­Հա­յաս­տան-­Թուր­քիա Ար­ձա­նագ­րու­թիւն­նե­րը» եւ այլն, ո­րոնք հիմ­նա­պէս խորթ էին սփիւ­քա­հա­յու ըմբռ­նում­նե­րուն եւ ա­նոր հո­գիին մէջ սնու­ցո­ւած-պատ­կե­րա­ցո­ւած ան­կախ հայ­րե­նի­քին:

­Խոս­տո­վա­նինք, որ վե­րան­կա­խա­ցու­մէն քսան­հինգ տա­րի վերջն իսկ տա­կա­ւին չէ փա­րա­տած սփիւռ­քա­հա­յու վե­րա­պա­հու­թիւ­նը` հայ­րե­նի քա­ղա­քա­կան ղե­կա­վա­րու­թեան նկատ­մամբ, որ կորսն­ցու­ցած է իր ար­ժա­նա­հա­ւա­տու­թիւ­նը նոյ­նիսկ բա­րե­միտ սփիւռ­քա­հայ մար­դոց մօտ: Ա­նոնք կը կաս­կա­ծին նաեւ, թէ հոն` հայ­րե­նի­քի մէջ պե­տա­կան-կա­ռա­վա­րա­կան դիր­քեր զբա­ղեց­նող պաշ­տօ­նա­տար­ներ քիչ մը զա­ւեշ­տա­լի կը հա­մա­րեն սփիւռ­քա­հա­յու հայ­րե­նա­սի­րու­թեան վի­պա­կան (ռո­ման­թիք) զե­ղում­նե­րը, բայց նաեւ կը փոր­ձեն օգ­տա­գոր­ծել ա­նոր այդ «տկա­րու­թիւ­նը»… Ինչ խօսք, որ վստա­հու­թեան, ար­ժա­նա­հա­ւա­տու­թեան այս կո­րուս­տը կ­՛ար­ժեզր­կէ միաս­նու­թեան կո­չերն ու լո­զունգ­նե­րը: Ա­ռա­ջին օ­րե­րէն բա­ցո­ւած վէրք մըն է ա­սի­կա, ո­րու դար­մա­նու­մին հա­մար գործ­նա­կան քայ­լեր չեն առ­նո­ւած մին­չեւ հի­մա:

­Թէ ո՛ւր կը գտնո­ւի սփիւռ­քա­հա­յու մտա­պատ­կե­րած ի­տէա­լա­կա­նին ու ցա­ւա­գին գա­լա­րում­նե­րու մէջ իր ա­ռօ­րեան ապ­րող ի­րա­կան-շօ­շա­փե­լի հայ­րե­նի­քին հան­դիպ­ման կէ­տը, ստո­րագ­ծե­լի լրջա­գոյն խնդիր մըն է, որ թէ՛ հայ­րե­նի եւ թէ՛ սփիւռ­քի քա­ղա­քա­կան ղե­կա­վա­րու­թեան կող­մէ ան­տե­սո­ւե­ցաւ մին­չեւ հի­մա:

Ա­հա հա­մադ­րու­մի քա­ղա­քա­կան մեծ գոր­ծը, որ պի­տի ամ­րապն­դէ սփիւռ­քի ու ­Հա­յաս­տա­նի միաս­նու­թիւ­նը: Այ­սինքն թէ ի՛նչ մի­ջոց­ներ ու նա­խա­ձեռ­նու­թիւն­ներ անհ­րա­ժեշտ են նպաս­տե­լու հա­մար, որ սփիւռ­քա­հա­յը ըն­տե­լա­նայ հայ­րե­նա­կան ներ­կայ ի­րա­կա­նու­թեան, հասկ­նայ, որ ­Հա­յաս­տա­նի քա­ղա­քա­ցիա­կան ա­մէ­նօ­րեայ մա­քա­ռում­ներն ու մար­տահ­րա­ւէր­նե­րը քիչ-շատ տար­բեր չեն միւս եր­կիր­նե­րու մա­քա­ռում­նե­րէն, յատ­կա­պէս` նախ­կին խորհր­դա­յին­նե­րու դի­մագ­րա­ւած­նե­րէն, որ պար­կեշտ ու օ­րի­նա­պահ քա­ղա­քա­ցիին ու քա­ղա­քա­կան գոր­ծի­չին հետ կ­՛ըլ­լան նաեւ ան­պար­կեշ­տը, չա­րա­շա­հողն ու օ­րի­նա­զան­ցը. իսկ հայ­րե­նի ղե­կա­վա­րու­թիւնն ալ իր կար­գին ու փո­խա­դար­ձա­բար` բա­րե­կար­գիչ ոս­տում­նե­րով քա­ղա­քա­ցիա­կան պայ­ման­նե­րը վե­րա­փո­խե­լու քա­ղա­քա­կան կամք դրսե­ւո­րէ եւ Հ.Հ. տա­րած­քին ար­դա­րու­թեան ու ի­րա­ւուն­քի տի­րա­կա­լու­թիւ­նը հաս­տա­տե­լու վճռա­կա­մու­թեամբ ար­դիւ­նա­ւոր մի­ջո­ցա­ռում­նե­րու ձեռ­նար­կէ, որ­պէս­զի ժո­ղովր­դա­վար նոյ­նան­ման ըմբռ­նում­նե­րով ի­րա­րու ներ­դաշ­նա­կո­ւին-շաղ­կա­պո­ւին հայ­րե­նի ի­րա­ւա­կան պե­տու­թեան մը պատ­կերն ու սփիւռ­քա­հա­յու պատ­կե­րա­ցում­նե­րը:

­Հա­յոց ­Ցե­ղաս­պա­նու­թեան 100ա­մեա­կի հա­մազ­գա­յին Հռ­չա­կա­գիրն ու գոր­ծակ­ցու­թիւ­նը կա­րե­լի է հա­մա­րել դար­ձա­կէ­տա­յին նա­խա­քայլ մը` այս ուղ­ղու­թեամբ: ­Սա­կայն` նա­խա­քա՛յլ մը միայն:

Ա­թէնք , 12 ­Մարտ 2016

ՄԻՀՐԱՆ ՔԻՒՐՏՕՂԼԵԱՆ