­Տի­յար­պէ­քի­րի (­Տիգ­րա­նա­կերտ) ­Սուր թա­ղա­մա­սէն ներս շուրջ վեց ա­մի­­սէ ի վեր շա­­րու­­նա­­­կո­ւող փո­­ղոց ել­­լե­­­լու ար­­գել­քը մա­­սամբ վեր­ցո­ւե­ցաւ եւ այս­պէ­­սով ա­ւե­­րի տա­­րո­ղու­­թիւ­նը յստա­­կա­ցաւ։ ­Տի­­յար­­պէ­­­քի­րի պա­­րիսպ­նե­­րու եւ ­Հէվ­­սէ­­­լի պար­­տէզ­նե­­րու խնա­­մա­տար մարմ­նի պետ ­Նէ­­վին ­Սո­­յու­­քա­­­յա կը յայտ­նէ, որ թա­­ղա­մա­­սի պատ­­մա­­­կան նեղ փո­­ղոց­­նե­­­րը հի­­մա լայն պո­­ղո­տա­­նե­րու վե­­րա­ծո­­ւած են։

«Այդ փո­­ղոց­­նե­­­րէն մէ­­կուն, Ե­նի­­գա­բը փո­­ղո­ցի վրայ կը գտնո­­ւէր պատ­­մա­­­կան ­Սուրբ ­Կի­­րա­կոս Ե­կե­­ղե­ցին։ Այժմ այդ փո­­ղո­ցին տեղ լայն պո­­ղո­տայ մը կայ։ ­Թէ՛ ­Սուրբ ­Կի­­րա­կո­­սը եւ թէ ­Քաղ­­դէա­ցի­­նե­րու ե­կե­­ղե­ցին շրջա­­պա­տո­­ւած էին խա­­նութ­նե­­րով, ո­րոնք սե­­փա­կա­­նու­­թիւնն էին այդ ե­կե­­ղե­ցի­­նե­րուն։ ­Խա­­նութ­նե­­րը այ­­լեւս գո­­յու­­թիւն չու­­նին։ ­Նոյն­պէս գո­­յու­­թիւն չու­­նին բազ­­մա­­­թիւ բնա­­կե­լի շէն­­քեր։ Որ­­պէս բնա­­կա­վայր 7 հա­­զար տա­­րո­ւայ ան­­ցեալ ու­­նե­­­ցող ներք­նա­­բեր­­դը հի­­մա ար­­տի տպա­­ւո­րու­­թիւն կը թո­­ղու։ ­Կա­­րե­լի չէ դռնե­­րը կամ պա­­տու­­հան­նե­­րը չջար­­դո­­­ւած բնա­­կա­րան մը տես­­նել։ ­Տու­­նե­­­րու կա­­հոյքն ալ վնասուած է։ ­Մար­­դիկ այս պայ­­ման­նե­­րու տակ իսկ վճռած են թա­­ղէն չհե­­ռա­նա­­լ»,- կ­՚ը­սէ ­Նէ­­վին ­Սո­­յու­­քա­­­յա։

Հ.Տ.Փ.ի ­Տի­­յար­­պէ­­­քի­րի պատ­­գա­­­մա­ւոր ­Սի­­պէլ Եի­ղի­­թալփ ալ կա­­տա­րո­­ւած ա­ւե­­րը բար­­բա­­­րո­սու­­թիւն ըլ­­լա­­­լով կը նկա­­րագ­­րէ։ «­Տու­­նե­­­րու դռնե­­րը ջար­­դեր, կա­­հոյ­­քը փո­­ղոց նե­­տեր են։ ­Կար­­ծես ը­սել կ­՚ու­­զեն, որ նոյ­­նիսկ վե­­րա­դառ­­նաք՝ ձե­­զի պատ­­կա­­­նող բան մը պի­­տի չգտնէք այս­տեղ»։ ­
Սուրբ ­Կի­­րա­կոս Ե­կե­­ղեց­­ւոյ թա­­ղա­կան խոր­­հուր­դի ան­­դամ ­Կաֆ­­ֆուր ­Թիւր­քայ կ­՚ը­սէ, թէ ե­կե­­ղե­ցին տա­­կա­ւին մնա­­ցած է ար­­գի­­­լեալ տա­­րած­­քի մէջ։ «­Գա­­ւա­ռա­­պե­տու­­թեան ա­ղեր­­սա­­­գիր տո­­ւինք ե­կե­­ղե­ցին տես­­նե­­­լու հա­­մար։ ­

Նա­­խա­պէս տե­­սած­­նե­­­րու վկա­­յու­­թեամբ կը կար­­ծենք, թէ շատ մեծ վնաս մը չէ պա­­տա­հած։ ­Բայց նո­­րէն ալ մենք մեր աչ­­քով տես­­նել կ­՚ու­­զենք»։
ՈՒ­­ՆԵՍՔՕ մօտ ան­­ցեա­լին ներք­նա­­բեր­­դի շրջա­­նը, ­Հէվ­­սէ­­­լի պար­­տէզ­նե­­րը եւ պա­­րիսպ­նե­­րը «Մ­շա­­կոյ­­թի ­Հա­­մաշ­­խար­հա­­յին ­Ժա­­ռանգ» ըլ­­լա­­­լով ար­­ձա­­­նագ­­րած էր։ ­Սո­­յու­­քա­­­յա­յին կը հարց­նենք, թէ ՈՒ­­ՆԵՍՔՕ ին­­չո՞ւ հա­­մար յայ­­տա­­­րա­րու­­թիւն մը չէ ը­րած։ ­

Վեր­­ջինս իբր պա­­տաս­­խան կը յայտ­նէ, որ ի­րենք կա­­տա­րո­­ւած­­նե­­­րու մա­­սին տե­­ղե­կա­­գիր մը ղրկած են, իսկ ՈՒ­­ՆԵՍՔՕ իր կար­­գին բա­­ցատ­­րու­թիւն պա­­հան­­ջած է ­Թուր­քիոյ մշա­­կոյ­­թի նա­­խա­րա­­րու­­թե­­­նէն։ «­Նա­­խա­րա­­րու­­թիւ­նը մե­­զի հետ ոչ մէկ գի­­տե­լիք կը բաժ­­նէ։ ­Սա­­կայն այս բա­­նե­րը չեն կրնար թաքց­նել։ Օ­րի­­նա­կան շատ ծանր զան­­ցա­­­ռու­­թիւն­ներ կան եւ այս բո­­լո­րը կա­­րե­լի չէ մին­­չեւ վերջ գոր­­գին տակ աւ­լել»։

ԿԷՕԶՏԷ ՔԱԶԱԶ - «Ա­կօս»