Հայաստանի Հանրապետութեան 98րդ տարեդարձի նախօրեակին՝ 27 Մայիս 2016ին, կեանքէն հրաժեշտ տուաւ Գոքինիահայ ծանօթ եւ սիրուած հայրենակից, երկար տարիներու նուիրուեալ Հ.Մ.Ը.Մ.ական Թորոս Մավուշեան, 58 տարեկան հասակին մէջ, անողոք հիւանդութեան պատճառով
կարճատեւ տառապանքէ յետոյ։
Թորոս Մավուշեան ծնաւ, հասակ նետեց եւ ապրեցաւ Գոքինիոյ մէջ, հայաբոյր ընտանիքի մը միջավայրէն ներս։ Մանուկ տարիքէն յաճախեց «Զաւարեան» վարժարան եւ ակումբին մէջ դարձաւ սկաուտ Հ.Մ.Ը.Մ.ի շարքերէն ներս, ուր եւ թրծուեցաւ միութեան ազնիւ նպատակներու եւ սկզբունքներու ոգիով, ապագային ծառայելու համար անոր շարքերէն ներս։ Փոքր տարիքէն եղբ. Թորոս աչքի զարկաւ որպէս բարի եւ համեստ պատանի մը, որ «Զաւարեան»ի միջավայրին մէջ զարգացուց հայկականութեան ազնիւ զգացումները, մասնակից ըլլալով միութենական բոլոր աշխատանքներուն, անտրտունջ եւ լուռ կեցուածքով մը տալով իր կարողութիւններուն լաւագոյնը։
Հ.Մ.Ը.Մի մէջ իր աշխուժութիւնը, երիտասարդական վաղ օրերէն, իրեն մղեց դառնալու շրջանի մասնաճիւղի վարչութեան անդամ եւ գանձապահ։ Անոր անձին վստահուեցան նիւթական աշխատանքները, զորս բծախնդիր կերպով եղբայր Թորոս լրացուց իր պաշտօնավարութեանց ընթացքին։ Երկար տարիներու իր ծառայութեան ճամբուն վրայ, իրեն վստահուեցաւ նաեւ վարչութեան ատենապետի հանգամանքը, զոր տարաւ նոյն ոգեւորութեամբ, գործակցական շունչով իր վարչական եղբայրներուն հետ, մասնաճիւղի լաւագոյնին ձգտելու նախանձախնդրութեամբ։
Մօտէն հետեւեցաւ մասնաճիւղի բոլոր մարզերու գործունէութեան եւ սատարեց խումբերու նուաճումներուն եւ յաջողութիւններուն։ Իր սերնդակից Հ.Մ.Ը.Մ.ական եղբայրները իրեն կը յիշեն իր հանդարտ նկարագրով, որ դժուարութիւնները հարթելու նախապայմանը կը հանդիսանար միութենական բոլոր աշխատանքներու ընթացքին։
«Զաւարեան» կեդրոնի կառուցումէն ետք, Թորոս Մավուշեան մաս կազմեց եւ իր կարելին տուաւ շէնքի մատակարարման խորհուրդին մէջ՝ մասնակից ըլլալով ակմբային կեանքի կազմակերպման։ Հ.Մ.Ը.Մ.ը մնաց իր մնայուն հետաքրքրութեան առարկան, անպակաս ըլլալով մասնաճիւղի ժողովներէն եւ ելոյթներէն։
Հանգուցեալը կազմած էր հայկական ընտանեկան բոյն մը եւ բախտաւորուած էր մանչ զաւակով մը։ Իր աշխատանքի ասպարէզին մէջ կլանուած ըլլալով հանդերձ, յաճախ ընտանեօք ներկայ եղաւ ակմբային կեանքին։
Անողոք հիւանդութիւնը սկսած էր ներքնապէս կրծել իր մարմինը, առանց նախանշան մը տալու, մինչ ան կը շարունակէր իր առօրեան եւ աշխատանքը, փորձելով իր բոլոր ուժերով ոտքի պահելու անհատական իր ձեռնարկութիւնը։ Երկու շաբաթ առաջ, անակնկալօրէն ենթարկուեցաւ գործողութեան, սակայն իր մարմինը չկարողացաւ տոկալ եւ շիջեցաւ՝ խոր սուգի մատնելով իր հարազատները, բարեկամները եւ Հ.Մ.Ը.Մական եղբայրները։
Թաղման տխուր արարողութիւնը տեղի ունեցաւ Շաբաթ՝ 28 Մայիս 2016ին, մեծաթիւ ժողովուրդի ներկայութեան, որոնք փութացին իրենց վերջին տուրքը տալու հանգուցեալին։ Արարողութեան նախագահեց Առաջնորդ Սրբազան Հայրը, որ վեր առաւ հանգուցեալի արժանիքները թէ՛ իր ընտանեկան, թէ՛ նաեւ միութենական կեանքէն ներս։
Իր թողած յիշատակը եւ ազնիւ նկարագրի պատկերը յարգանքի արժանի եղան բոլոր այն բազմաթիւ հայրենակիցներուն եւ յոյն բարեկամներուն կողմէ, որոնք մասնակցեցան թաղման արարողութեան։
Հանգի՜ստ իր բարի եւ ազնիւ հոգւոյն։
Ք.Է.