­­­­­altՌազ­մա­կան գոր­ծո­ղու­թիւն­նե­րուն բնա­կա­նօ­րէն մաս կը կազ­մեն յա­ռաջ­խա­ղացքն ու հո­ղա­յին նուա­ճում­նե­րը, ինչ­պէս նաեւ՝ նա­հան­ջը եւ հո­ղա­յին կո­րուստ­նե­րը:

Ա­ռա­ջի­նի պա­րա­գա­յին՝ ցնծու­թիւն է եւ հ­­պար­տու­թիւ­ն, իսկ երկ­րոր­դի՝ հրա­մա­յա­բար պատ­ճառ­նե­րուն յստա­կա­ցումն է եւ ու­ժե­րը վե­րագտ­նե­լու-վե­րա­հա­ւա­քե­լու անհ­րա­ժեշ­տու­թիւ­նը:

Ապ­րի­լի սկզբին, Ատր­պէյ­ճա­նի շղթա­յա­զեր­ծած դա­ւա­դիր ու հա­րո­ւա­ծա­յին պա­տե­րազ­մին հո­ղա­յին տա­րածք կորսն­ցու­ցինք, որ սա­կայն թշնա­միին յու­սա­ցած ծա­ւա­լը չու­նե­ցաւ, շնոր­հիւ հե­րո­սա­կան բա­նա­կի­ մա­հագնաց հայ զի­նո­ւո­րին, որ իր կեան­քով կա­սե­ցուց թշնա­միին յա­ռաջ­խա­ղաց­քը: ­­­­­­Կա­սե­ցու­մը ար­ժեց հա­րիւ­րէ ա­ւե­լի ե­րի­տա­սարդ­նե­րու մատ­ղաշ կեան­քը:

Ճմ­լո­ւած հո­գիով եւ կա­պա­րի ծան­րու­թիւն մը լե­զո­ւիդ վրայ, թե­րեւս ըն­դու­նիս ինչ որ պա­տա­հե­ցաւ ու ը­սես, թէ պա­տե­րազմ էր եւ հայ­րե­նի հո­ղը պաշտ­պա­նե­լու սրբա­զան պար­տա­կա­նու­թիւնն էր հայ ­զի­նո­ւո­րին ա­ռա­քե­լու­թիւ­նը, զոր կա­տա­րեց ան այն­պի­սի ա­րու­թեամբ, որ­մէ նոյ­նիսկ հե­րոս­ներ պի­տի օ­րի­նա­կո­ւին:

­­­­­Յար­գա՜նք ա­նոր:
Ա­նըն­դու­նե­լին, նոյ­նիսկ ան­մար­սե­լին՝ ­­­­­­Հա­յաս­տա­նի քա­ղա­քա­կան այ­րե­րու եւ ղե­կա­վար տար­րին շրթնե­րէն լսո­ւող բնո­րո­շում­ներն են՝ հո­ղա­յին մեր կո­րուս­տին հա­մար:

­­­­­­Քիչ բա­ցա­ռու­թեամբ, գրե­թէ բո­լո՜­րը՝­վե­րէն վար, հե­ռա­տե­սի­լէն թէ մա­մու­լին տրո­ւած հար­ցազ­րոյց­նե­րու կամ ա­սու­լիս­նե­րու ըն­թաց­քին, նոյն ծա­մօնն է ա­նոնց բեր­նին՝ «անն­շան տա­րածք», «ան­կա­րե­ւոր յե­նակ­ներ», «ռազ­մա­վա­րա­կան ն­­շա­նա­կու­թե­նէ զուրկ դիր­քեր», եւ այ­սի­մաստ այլ ո­րա­կում­նե­րով կը բնո­րո­շեն կո­րուս­տը 800 հեկ­տար հո­ղա­յին տա­րա­ծու­թեան:

Դ­ժո­ւար է գիտ­նալ, թէ այս մար­դոց հա­մար ի՛նչ ի­մաստ ու­նի Ար­ցա­խի սահ­մա­նադ­րու­թիւ­նը, որ իբ­րեւ հայ­րե­նի հող ամ­րագ­րած է թշնա­միին գրա­ւու­մին են­թար­կո­ւած այդ «անն­շան տա­րածք»ը եւ ո­րու ­մի­ջազ­գա­յին ճա­նաչ­ման գոր­ծին լծուած են ե՛ւ ի­րենք, ե՛ւ բո­լոր հա­յե­րը, ա­մէ­նու­րեք:

Այդ «անն­շան տա­րածք»ը, «ան­կա­րե­ւոր յե­նակ­ներ»ը պաշտ­պա­նե­լո՞ւ հա­մար զո­հո­ւե­ցան ու­րեմն մեր հե­րոս տղա­քը: Ին­չե՜ր կ’ը­սո­ւին ու թու­թա­կա­բար կը կրկնուին:
Հայ­րե­նի­քի ա­մէն մէկ թիզ հող ար­ժէ՛ք է, կա­րե­ւո՛ր է , ռազ­մա­վա­րա­կան նշա­նա­կու­թի՛ւն ու­նի բո­լոր ազ­գե­րուն հա­մար ու բո­լոր ժա­մա­նակ­նե­րու մէջ:

­­­­­­Դիրք ու պաշ­տօն կամ հան­գա­մանք ո՛չ ո­քի ի­րա­ւունք կու­տան, որ այս­պէս թե­թե­ւամ­տու­թեամբ ճշդէ-գնա­հա­տէ, թէ հայ­րե­նի հո­ղին ո՞ր մա­սը կա­րե­ւոր է եւ ո՞­րը՝ ան­կա­րե­ւոր:

Ե­ռաբ­լու­րին հանգ­չող ան­մահ­նե­րը այդ «անն­շան տա­րածք»(ներ)ը ա­զա­տագ­րե­լու հա­մար զո­հո­ւե­ցան 24-25 տա­րի ա­ռաջ, իսկ այս Ապ­րի­լին նոյն այդ «անն­շան տրածք»(ներ)ը պաշտ­պա­նե­լու հա­մար­ հա­րիւ­րէ ա­ւե­լի մեր նո­րա­գոյն հե­րոս­նե­րը ի­րենց կեան­քը մա­տաղ ը­րին:
Զ­գաս­տա­ցէ՛ք:
­­­­­­Հո­ղը մեթր առ մեթր կ’ա­զա­տագ­րո­ւի թշնա­միէն, նոյն­պէս՝ մեթր առ մեթր կը գրա­ւո­ւի:

­­­­­­Յայտ­նօ­րէն, խա­թա­րո­ւա­ծու­թիւ­նը (կո­ռուպ­ցիան) կա­շառ­քէ, պաշ­տօ­նի շա­հա­գոր­ծու­մէ, մե­նաշնոր­հա­յին չա­րա­շա­հու­մէ ու զեղ­ծա­րա­րու­թիւն­նե­րէ ան­դին՝ թա­փան­ցած է այս մար­դոց մտա­ծե­լա­կեր­պին մէջ ու­ խա­թա­րած նաեւ ազ­նո­ւա­գոյն զգա­ցում­ներն ու բա­րո­յա­կան ըմբռ­նում­նե­րը: Ազ­գին վստա­հու­թիւն ներշնչողը կը մնան հայ­րե­նի հո­ղին պաշտ­պանութեան նուիրուած հայ զինուորն ու ա­նոր քաջու­թիւ­նը:

ՄԻՀՐԱՆ Ք.
­