­altՍի­րե­լի հայ­րենա­կից­ներ,

Ինչ­պէս գի­տենք, Ապ­րիլ ամ­սո­ւան սկիզ­բը Ատր­պէյ­ճա­նի բա­նա­կին ընտ­րա­նի կռո­ւող զի­նո­ւոր­նե­րէն գու­մար­տակ մը ­Ղա­րա­բա­ղի սահ­մա­նէն ներս խու­ժեց, բայց ­Ղա­րա­բա­ղի բա­նա­կի քա­ջա­րի տղոց հե­րո­սա­կան դի­մադ­րու­թեան եւ ու­ժեղ հա­կա­հա­րո­ւա­ծին

տակ՝ ծանր կո­րուստ­ներ տա­լով՝ փա­խուստ տո­ւաւ հայ­րե­նի մեր սահ­ման­նե­րէն դուրս։

Ատր­պէյ­ճա­նի թշնա­մա­կան յար­ձա­կու­մը պատ­ճառ դար­ձաւ, որ մեր կող­մը ո­րոշ թի­ւով կո­րուստ­ներ ու­նե­նայ։

­Մենք հայ­րե­նի­քէն դուրս գտնո­ւող հա­յերս կ­՚ապ­րինք օ­տար՝ ա­զատ եր­կիր­նե­րու մէջ։ ­Մենք պար­տա­կա­նու­թիւն ու­նինք ազ­գա­յին-հայ­րե­նա­սի­րա­կան զգա­ցում­նե­րով թի­կունք կանգ­նե­լու մեր ազ­գին եւ հայ­րե­նի­քին եւ մեր ու­նե­ցա­ծէն նո­ւի­րա­բե­րե­լու, որ­պէս­զի մեր բա­նա­կը ա­ւե­լիով զօ­րա­նայ։
Ա­լիեւ ը­սո­ւած հրէ­շը կը կար­ծէ, թէ կրնայ ­Ղա­րա­բա­ղը դիւ­րաւ գրա­ւել։

Հ­րէշ ա­նո­ւա­նե­ցի Ատր­պէյ­ճա­նի հա­կա­հայ բռնա­տէ­րը, ո­րով­հե­տեւ ա­նոր մղու­մով՝ ­Հուն­գա­րիոյ մէջ ա­զե­րի ոճ­րա­գործ սպան, բազ­մազ­գեան ռազ­մա­փոր­ձե­րու ժա­մա­նակ, կա­ցի­նա­հար ը­րաւ պաշ­տօ­նա­կից հայ սպայ ­Գուր­գէն ­Մար­գա­րեա­նը, ա­նոր քնա­ցած պա­հուն։

­Թէեւ ­Հուն­գա­րիոյ դա­տա­րա­նը յան­ցա­ւոր գտաւ եւ բան­տար­կու­թեան դա­տա­պար­տեց ­Սա­ֆա­րով կո­չո­ւած շու­նը՝ Ա­լիեւ ը­սո­ւած հրէ­շը ին­չե՜ր խոս­տա­ցաւ ­Հուն­գա­րիոյ կա­ռա­վա­րու­թեան, որ­պէս­զի ա­զե­րի ոճ­րա­գոր­ծը Ատր­պէյ­ճա­նի յանձ­նէ... Իսկ երբ ա­զե­րի յան­ցա­գոր­ծը հա­սաւ Ատր­պէյ­ճան՝ Ա­լիեւ հե­րո­սի պա­տիւ­նե­րով եւ պար­գեւ­նե­րով ըն­դու­նեց ու ա­զատ ար­ձա­կեց զայն...

Այդ բո­լո­րը տես­նե­լով՝ մենք ինչ­պէ՞ս կրնանք ան­տար­բեր մնալ, մա­նա­ւա՛նդ այ­սօր, երբ ատր­պէյ­ճա­նա­կան թշնա­մին ուղ­ղա­կի մեր սահ­ման­նե­րէն ներս կը խու­ժէ եւ հա­յու ա­րիւն կը թա­փէ։

Ու­րեմն՝ կա­րի­քը ու­նինք հա­մա­հայ­կա­կան զօ­րա­շար­ժի, որ այ­սօ­րո­ւան ա­ռաջ­նա­հերթ մար­տահ­րա­ւէրն է, որ­պէս­զի մեր բո­լոր ու­ժե­րով՝ բա­րո­յա­պէս եւ մա­նա­ւանդ նիւ­թա­պէս օգ­նու­թեան հաս­նինք եւ զօ­րա­վիգ կանգ­նինքե­լու ­Հա­յաս­տա­նին եւ ­Ղա­րա­բա­ղին։

ՊԵՐՃ ԳՈՒՅՈՒՄՃԵԱՆ