altՀայ ե­կե­ղե­ցին եւ հայ ե­րի­տա­սար­դը դէմ առ դէմ

­Հա­յե­րէ­նի դա­սա­տու­նե­րը «ութ մա­սունք բա­նի»ն ­կը սոր­վեց­նեն ի­րենց ա­շա­կերտ­նե­րուն: ­Սա­կայն խօս­քին իս­կա­կան մա­սուն­քը (մա­սե­րը) մար­դիկ ի­րենց կեան­քի ըն­թաց­քին կ­՚իւ­րաց­նեն, փոխ-յա­րա­բե­րու­թեան մէջ մտնե­լով ի­րենց նման­նե­րուն հետ:

­Չենք գի­տեր որ­քան կրկնո­ւած խօսք է, սա­կայն կ­՚ար­ժէ ան­գամ մը եւս յի­շե­ցել, թէ կեան­քը ինք­նին մե­ծա­գոյն դպրոցն է, սոր­վիլ ու­զե­լու փա­փաք ու­նե­ցո­ղին հա­մար: Այ­լա­պէս, շատ է թի­ւը այս «դպրո­ցէն» ա­ռանց շրջա­նա­ւարտ ըլ­լա­լու դուրս ե­կող­նե­րուն՝ ծոյլ ա­շա­կերտ­նե­րուն, ո­րոնք որ­քան ալ հե­տե­ւին վե­րո­յի­շեալ դպրո­ցի դա­սըն­թացք­նե­րուն, բնա՛ւ տեղ չեն հաս­նիր:

­Չենք խոր­հիր, թէ կայ աշ­խար­հի վրայ մարդ մը, որ հե­ղի­նա­կա­ւոր ո­ճով եւ պար­զօ­րէն ար­տա­սա­նո­ւած խօս­քին տար­բե­րու­թիւ­նը չկա­րե­նայ զգալ: ­Հա­յոց ­Ցե­ղաս­պա­նու­թե­նէն վե­րապ­րած թրքա­խօս սե­րուն­դը, երբ բարձր ձայ­նով հա­յե­րէն ճառ ար­տա­սա­նո­ղին լսէր, «ի՜նչ լաւ խօ­սե­ցաւ» կ­՛ը­սէր, հա­կա­ռակ ա­նոր որ ո՛չ մէկ բառ հասկ­ցած կ­՚ըլ­լա­յին ը­սո­ւա­ծէն… Իսկ երբ հար­ցո­ւէր ա­նոնց, թէ «ի՞նչ ը­սաւ խօ­սո­ղը»,- ա­նոնք կը պա­տաս­խա­նէին.- «­Չեմ գի­տեր, թէ ի՛նչ ը­սաւ, սա­կայն՝ լա՛ւ խօ­սե­ցաւ»:

Ա­սի­կա կը նմա­նի մե­զի ան­ծա­նօթ լե­զո­ւով տրուած եր­գա­հան­դէ­սի մը ներ­կայ գտնո­ւե­լուն, երբ եր­գի­չին ձայ­նը, տես­քը եւ նո­ւա­գա­խում­բին հետ ներ­դաշ­նա­կու­թիւ­նը նկա­տի ու­նե­նա­լով՝ կար­ծիք կը յայտ­նենք ե­լոյ­թին մա­սին: ­Սա­կայն, երբ մէ­կը մե­զի հարց­նէ, թէ ին­չի՞ մա­սին էր եր­գե­րէն իւ­րա­քան­չիւ­րը, բնա­կա­նա­բար ո՛չ մէկ պա­տաս­խան կրնանք տալ եւ գու­ցէ ան­տե­ղի են­թադ­րու­թիւն­ներ միայն կա­րե­նանք կա­տա­րել այդ պա­հուն:
­Սա հե­ղի­նա­կա­ւոր խօս­քին խաբ­կանքն է միայն: Ո­րով­հե­տեւ կար­ծիք յայտ­նո­ղը, այս պա­րա­գա­յին, այդ լե­զուն չի՛ հասկ­նար: ­Խօս­քին իս­կա­կան ար­ժե­ւո­րու­մը կրնայ կա­տա­րել այն ան­ձը, որ ո՛չ միայն տո­ւեալ լե­զուն կը հասկ­նայ, այլ նաեւ կրնայ վեր­լու­ծել ը­սո­ւա­ծը՝ խօ­սո­ղին հան­գա­ման­քը եւ ըն­կե­րու­թեան կեան­քին մէջ ա­նոր ու­նե­ցած պա­տաս­խա­նա­տո­ւու­թիւ­նը նկա­տի ու­նե­նա­լով:

Ո­րե­ւէ ա­ռի­թով, պաշ­տօ­նա­պէս թէ ան­պաշ­տօն, երբ ոե­ւէ մէ­կը ար­տա­յայ­տո­ւի, ա­նոր խօս­քը պէտք է մա­սեր ու­նե­նայ:
­Լա­կո­նա­կան ո­ճը՝ ան­ցեա­լին, իսկ աշ­խար­հահռչակ մա­մու­լի հե­ղի­նա­կա­ւոր ո­րոշ օ­րա­թեր­թե­րու խտա­ցեալ վեր­նա­գիր­նե­րը՝ ներ­կա­յիս, բո­լո­րին կող­մէ ըն­կա­լե­լի չեն, մա­նա­ւանդ երբ ըն­թեր­ցո­ղը տո­ւեալ լե­զո­ւին տի­րա­պե­տած չէ: ­Լա­կո­նա­կան ո­ճին խիտ եւ պատ­կե­րա­ւոր լե­զուն, իսկ յի­շեալ վեր­նա­գիր­նե­րուն ի­մաս­տա­յին խտու­թիւ­նը եր­բեմն ոչ միայն չեն հասկ­ցո­ւիր, այլ՝ սխալ ալ կը մեկ­նա­բա­նո­ւին: Իսկ հրա­պա­րա­կա­խօ­սը կամ մե­ծա­թիւ ըն­թեր­ցող­ներ ու­նե­ցող մա­մու­լը լե­զո­ւա­կան մի­ջին մա­կար­դա­կը պէտք է օգ­տա­գոր­ծէ, ըմբռ­նե­լի դառ­նա­լու հա­մար մեծ զան­գո­ւած­նե­րու:

Առ այդ, խօս­քը պէտք է բա­ժին­ներ ու­նե­նայ, յստակ գա­ղա­փար­նե­րով, որ­պէս­զի հա­ղոր­դակ­ցու­թիւ­նը դիւ­րաց­նէ ու, ի վեր­ջոյ, ընդ­հան­րա­պէս մեր կեան­քը հեշ­տաց­նէ: ­Պաշ­տօ­նա­կան խօս­քի մա­սե­րը որ­քան ալ շատ ըլ­լան, ո­րոշ դա­սա­ւո­րու­մի են­թար­կո­ւած կ­՚ըլ­լան խօսք առ­նո­ղին կող­մէ, մա­նա­ւանդ երբ ան շնոր­հա­լի բեմ­բա­սաց է, կամ՝ փոր­ձա­ռու ճա­ռա­խօս: ­Մինչ­դեռ, հրա­պա­րա­կաւ ար­տա­սանուած խօսք մը կրնայ ձա­խո­ղու­թեան մատ­նել հա­ւաք մը, երբ տրա­մա­բա­նո­ւած կա­ռոյց չու­նե­նայ: Ն­ման խօսք կրնայ նոյ­նիսկ ժխտա­կան ազ­դե­ցու­թիւն գոր­ծել լսող հա­սա­րա­կու­թեան վրայ:

Ա­ւե­լի «ա­զատ» կար­գա­վի­ճակ կը պար­զէ մտեր­միկ զրոյց­նե­րու ըն­թաց­քին ար­տա­սա­նո­ւած խօս­քը, ո­րուն պա­տաս­խա­նա­տո­ւու­թիւ­նը ա­ւե­լի նո­ւազ է ան­շուշտ: Ա­հա, այս մտեր­միկ զրոյց­նե­րու ըն­թաց­քին ի յայտ կու գան խօս­քին ա­ժան մա­սե­րը, ո­րոնք ո՛չ միայն ա­նար­ժէք կը դարձ­նեն խօս­քը, այլ նաեւ, ու մա­նա­ւանդ, զայն խօ­սող ան­ձը:
Ա­ժան խօս­քը, ե­թէ ութ մա­սունք չու­նի, կամ՝ ե­թէ ա­նոր բո­լոր մա­սե­րուն ցարդ ծա­նօթ չենք, գէթ գի­տենք, թէ գլխա­ւոր ե­րեք մա­սե­րը՝ բամ­բա­սան­քը, զրպար­տու­թիւնն ու մե­ղադ­րանքն են: ­Խօս­քը ա­ժա­նա­գին եւ մին­չեւ իսկ ա­նար­ժէք դարձ­նող ե­րեք մա­սերն են ա­սոնք, ո­րոնք այն­քան հեշ­տօ­րէն դուրս կու գան եր­բեմն մար­դոց բե­րա­նէն:

­Թե­րեւս այն­քան ալ զգա­լի չդառ­նար խօս­քին ա­ժա­նու­թիւ­նը, նոյ­նիսկ երբ վե­րո­յի­շեալ ե­րեք մա­սե­րուն գոր­ծա­ծու­թեամբ ա­ժան­ցած ըլ­լար ա­նի­կա, ե­թէ խօս­քին չմիա­խառ­նո­ւեր զայն ար­տա­սա­նե­լու հա­ճոյ­քը… ­Մինչ երկ­րորդ եւ եր­րորդ «մա­սե­րուն» պա­րա­գա­յին հա­ճոյ­քը ա­ւե­լի նո­ւազ է, սա­կայն ա­ռա­ջին «մաս»ին թա­ւալ­քը մեծց­նո­ղը եւ աշ­խար­հի մէկ ծայ­րէն մին­չեւ միւ­սը տա­նո­ղը, բամ­բա­սո­ղին զգա­ցած հա­ճոյքն է եր­բեմն, զոր ան կ­՚ու­նե­նայ բամ­բա­սե­լու պա­հուն: ­Կամ՝ պա­հո­ւան ազ­դե­ցու­թեան տակ, ա­նոր ապ­րած ներ­քին հրճո­ւանքն է, որ կը կրկնա­պատ­կէ բամ­բա­սե­լու ու­նա­կու­թիւ­նը:

Ար­ժէ­քա­ւոր խօս­քին եւ ա­ժան խօս­քին մի­ջեւ տար­բե­րու­թիւ­նը գի­տակ­ցու­թեան խնդիր է: ­Կա­րե­լի չէ՛ ըն­դու­նիլ այն տե­սա­կէ­տը, թէ ա­ժան խօսք խօ­սե­լուն ալ ժա­մա­նա­կը կայ, ինչ­պէս ա­մէ՛ն ին­չի ժա­մա­նա­կը կայ: ­Հա­ճո­յա­լի զրոյց­նե­րէն պէտք է զա­նա­զա­նել ա­ժան խօս­քին «մա­սե­րը»: ­Բա­րո­յա­գի­տա­կան խախ­տում կը հա­մա­րո­ւի, երբ հա­ճո­յա­լի զրոյ­ցին կը միա­խառ­նո­ւին ա­ժան խօս­քին «մա­սե­րը»՝ բամ­բա­սան­քը, զրպար­տու­թիւ­նը եւ մե­ղադ­րան­քը, ո­րոնք ընդ­հան­րա­պէս խարս­խո­ւած կ­՚ըլ­լան նա­խան­ձի հիմ­քին վրայ:

Կ­շիռ ու­նե­ցող խօս­քին, այ­սինքն՝ ար­ժէ­քա­ւոր խօս­քին պա­տի­ւը, զայն ար­տա­սա­նող մար­դուն պա­տիւն է նաեւ: ­Մար­դը իր խօս­քով կը ճանչ­ցո­ւի շրջա­պա­տին մէջ: Որ­քան լուրջ է իր խօս­քը, այն­քան ա­ւե­լի յար­գանք կը վա­յե­լէ մար­դը: Իսկ ար­ժէ­քա­ւոր խօս­քին կշի­ռը ա­ւե­լի՛ կը ծան­րա­նայ, երբ այն կը խօ­սո­ւի ո՛չ թէ հրա­պա­րա­կաւ միայն, այլ՝ մտեր­մու­թեան մէջ: Ո­րով­հե­տեւ ա­մէն ոք կը ջա­նայ հրա­պա­րա­կաւ իր դի­մա­գի­ծը լաւ ցոյց տալ, հան­րա­յին կար­ծի­քը չա­րա­տա­ւո­րե­լու հա­մար իր ան­ձին նկատ­մամբ:

­Սա­կայն, մտե­րիմ­նե­րու շրջա­նա­կին մէջ ալ նոյն վար­մուն­քը ցու­ցա­բե­րե­լով, այն­պի­սի ա­նուն կը վաս­տա­կի մարդ, որ բո­լո­րին յար­գան­քին կ­՚ար­ժա­նաց­նէ իր ան­ձը, ա­ռանց պար­տա­դիր մե­ծա­րանք ըն­դու­նե­լու թա­տե­րա­խա­ղի ո­ղոր­մե­լի ա­րար­նե­րուն:
Ա­ժան խօս­քին մա­սուն­քը որ­քան բազ­մա­նայ, այն­քան ա­ւե­լի ող­բեր­գա­կան կը դարձ­նէ մարդ­կա­յին մեր կեան­քը: Իսկ ար­ժէ­քա­ւոր խօս­քի մա­սուն­քին բազ­մա­նա­լը, ընդ­հա­կա­ռա­կը, ան­հա­տա­կան լրջա­խո­հու­թիւ­նը կը տա­րա­ծէ նաեւ շրջա­պա­տի մար­դոց, իւ­րա­քան­չիւ­րի խօս­քին տա­լով կշիռ, միա­ժա­մա­նակ ա­ճեց­նե­լով փո­խա­դարձ վստա­հու­թիւ­նը աշ­խար­հի մէջ:

ԳՐԻԳՈՐ ԵՊՍ. ՉԻՖԹՃԵԱՆ