Ուրբաթ, 02 Դեկտեմբեր, 2011
Շաբաթներէ ի վեր, Մարգարը՝ օր ընդ մէջ դպրոց կ'երթայ, ներկայ ըլլալու Համաստեղի ծննդեան 116-ամեակի եւ մահուան 45-րդ տարելիցի առթիւ Գրողներու տան մէջ կայանալիք ձեռնարկի փորձերուն։
Ամէն ինչ սկսաւ, երբ Հոկտեմբերի 19-ին, նոյն առիթով դպրոցական հանդէս մը կազմակերպուած էր մեր Ուշիի դպրոցին մէջ։
Օրուան բանախօս՝ բանասէր Մարգարիտ Խաչատրեանը, տպաւորուած մեր երախաներու ելոյթէն, գաղափարը յայտնեց ձեռնարկը, Երեւանի մէջ, գրողներու տան մեծ դահլիճին մէջ կրկնելու։ Մարգարը համաձայն գտնուելով այս գաղափարին, լիովին մխրճուեցաւ այս աշխատանքին մէջ, Գրողներու Միութեան նախագահին հետ բանակցելով, յայտագիր կազմելով ու տպել տալով, մեր բոլոր բարեկամներուն, ծանօթներուն, գրողներու, քաղաքական գործիչներուն, լրատուական միջոցներուն հետ կապ պահելով, եւայլն, այս ձեռնարկը յաջողութեամբ պսակելու համար։
Այսօր կէսօրէ ետք ժամը երեքին պիտի կայանայ ձեռնարկը։ Երկու երթուղային ճամբորդատար մեքենաներով ու քանի մը անձնական ինքնաշարժներով կ'ելլենք ճամբայ։ Ձեռնարկին մասնակցող աշակերտներուն թիւը 15 է, սակայն, ուսուցչական կազմը, տնօրէնութիւնը եւ զանազան աշակերտներ եւս կþուզեն ներկայ ըլլալ այս ձեռնարկին։ Մեր գիւղական դպրոցի երկարամեայ պատմութեան մէջ, աննախադէպ է մայրաքաղաքին մէջ, ան ալ նման կարեւոր բեմէ մը ելոյթ ունենալը։ Կանուխ կը հասնինք Գրողներու Տունը, մեր աշակերտներուն առիթը տալու այս բեմին վրայ գոնէ մէկ անգամ փորձ ընելու։
Գրողներու տան մէջ, ձեռնարկներու պատասխանատու Կարինէն կը սպասէ մեզի։ Արագ կը սկսին փորձերը։ Ճիշդ ժամուն պատրաստ են։ Մեր երախաներէն Վերգուշն ու Ժասմինը յայտագիրները առած դիրք կը բռնեն դահլիճի երկու դռներուն առջեւ։ Համազգայինի գրասենեակի եւ գրողներու միութեան ջանքերով, ներկայ են վեց երեւանեան դպրոցներու՝ Համօ Սահեանի, Եղիշէ Չարենցի, Նիկոլ Աղբալեանի, Խաչատուր Աբովեանի, Պեօ Եաւորովի եւ Վահան Տէրեանի անուան դպրոցներու բարձրագոյն կարգերու աշակերտները։ Ներկայ են նաեւ զանազան մտաւորականներ, գրասէրներ, բարեկամներ ու ծանօթներ։ Լրատուական միջոցներէն ներկայ են «Երկիր Մեդիա»ն, «Երկիր օրաթերթ»ը եւ «Արմէն Բրէս»ը։ Հանդիսավարը Մարգարն է։ Ձեռնարկը կ'անցնի շատ յաջող։ Մեր աշակերտները յուսախաբ չեն ըներ մեզի։ Կը ներկայացուին Համաստեղի կենսագրականը, իր մտքերէն, իր բանաստեղծութիւններէն, իր մասին արտայայտուած կարծիքներէն եւ երգ մը, Ալան Յովհաննէսի եղանակաւորած Համաստեղի «Եար նազանի»ն։ Կը կարդացուի նաեւ Համաստեղի մահուանէն անմիջապէս ետք, Գրողներու միութեան պաշտօնաթերթ «Գրական Թերթ»ին մէջ հրատարակուած Գէորգ Էմինի գրութիւնը, Համաստեղի մահուան առիթով։ Պէտք է աւելցնել, որ մեր աշակերները բաւական հմուտ կերպով կը կարդան եւ կ'արտասանեն արեւմտահայերէնը։ Խօսք կþառնէ Մարգարիտը, որ այս անգամ փոխանակ Համաստեղի մասին խօսելու, կ'անդրադառնայ երեւոյթին։ Մեր դպրոցի տնօրէն Օգսէնը՝ իր փակման խօսքով կը շեշտէ ձեռնարկի աննախադէպ ըլլալը եւ շնորհակալութիւն կը յայտնէ բոլորին։
Մարգարը գոհ է։
Երեկոյեան, արդէն համացանցին վրայ կը կարդանք «Արմէն Բրէս»ի եւ «Երկիր Օրաթերթ»ի անդրադարձները։ «Երկիր Մեդիա»ն երեկոյեան ժամը եօթի եւ ութի լուրերէն կը սփռէ իր անդրադարձը։
Համաստեղը քանի մը րոպէ կը վերակենդանանայ Հայաստանի մէջ, կամ ինչպէս Երկիր Օրաթերթի անդրադարձին վերնագիրը կþըսէ, «Համաստեղին բերեցին Հայաստան»…
Էլիզ Շարապխանեան
Ուշի