­altՎի­պա­գիր ­Սուփ­հի ­Վա­րըմ, թեւս բռնած, զիս դուրս կը քա­­շէ։
- ­Կը տես­­նե՞ս այս հսկայ տա­­րա­ծու­­թիւ­նը։

Ա­յո՛, կը տես­­նեմ։ Ըն­­դար­ձակ պար­­տէզ մըն է, ջրա­­ւա­զան­­նե­­­րով, ծառ-ծա­­ռաս­­տան, կան բա­­ցօ­­թեայ սրճա­­­րան­­­ներ, ա­ւե­­­լին՝ հոն կա­­­ռու­­­ցո­ւած են էքս­փո­­­յի հսկայ շէն­­­քե­­­­­­­րը, ուր տաս­­­նա­­­­­­­մեակ­­­նե­­­­­­­րէ ի վեր մի­­­ջազ­­­գա­­­­­­­յին ցու­­­ցա­­­­­­­հան­­­դէս­ներ տե­­­ղի կ­՚ու­­­նե­­­­­­­նան։
- Ա­հա՛ հայ­­­կա­­­­­­­կան թա­­­ղա­մա­­­սը, ­Հայ­­­նո՛­ցը։
­Կը ցնցո­ւիմ։

- ­Սա հսկայ դու­­­ռը, օ­րի­­­նակ, ուր­կէ մար­­­դիկ ե­լու­­­մուտ կ­՚ը­նեն, կը տես­­­նե՞ս։ Ս. Ս­տե­­­փան­­­նոս մայր ե­կե­­­ղե­ցին այդ­տեղ էր։ ­Կից՝ ա­ռաջ­­­նոր­դա­­­րա­նը ե­ղած է։
­Զար­­­մանքս փա­­­րա­տել կը ջա­­­նամ, երբ ան ծխիկ մը վա­­­ռած, յու­­­զու­մով կը պատ­­­մէ Զ­միւռ­նիոյ հրդե­­­հին մա­­­սին, ­Սեպ­­­տեմ­բեր 1922ին, որ մո­­­խի­րի վե­­­րա­ծած է ­Հայ­­­նո­­­­­­­ցը։
­Բա­­­րի՛ ե­կար Իզ­­­միր…, որ զերծ մնա­­­ցած էր 1915ին եր­­­կի­­­­­­­րը լափ­­­լի­­­­­­­զած խոր­­­շա­­­­­­­կէն՝ քա­­­նի մը տա­­­րի ետք յանձ­նո­ւե­լու հա­­­մար կրա­­­կի հսկայ բո­­­ցե­րուն ու ան­­­վե­­­­­­­րա­դարձ ջնջո­ւե­լու հա­­­մար ո՛չ միայն հա­­­յոց պատ­­­մու­թեան մա­­­տեան­­­նե­­­­­­­րէն, այ­­­լեւ հայ մար­­­դու յի­­­շո­ղու­­­թե­­­­­­­նէն ալ։

­Ցե­­­ղաս­­­պա­­­­­­­նու­­­թեան «գաղտ­նի­­­քը» տաս­­­նա­­­­­­­մեակ­­­ներ շա­­­րու­­­նակ պա­­­հած՝ հա­­­զար փա­­­կան­­­քով կղպո­ւած սնտու­­­կը բա­­­ցո­ւած է ար­­­դէն հա­­­սա­րա­­­կա­կան ճնշու­­­մին դի­­­մաց, եւ մար­­­դիկ կը խօ­­­սին, կը քննար­­­կեն, կը վի­­­ճին։ ­Յի­­­շա­տակ­­­նե­­­­­­­րու, յի­­­շո­ղու­­­թեան լեռ մը գո­­­յա­ցած է, կա­­­տա­րո­ւած ու­­­սում­նա­­­սի­րու­­­թիւն­նե­­­րուն, տպագ­­­րո­ւած գիր­­­քե­­­­­­­րուն համ­­­րանքն ալ ան­­­կա­­­­­­­րե­լի է գիտ­­­նալ։

­Բայց Զ­միւռ­նիոյ հրդե՞­հը… ­Կար­­­ծէք դեռ ե­րէկ պա­­­տա­հած ըլ­­­լայ, եւ մար­­­դիկ վախն ու եր­­­կիւ­ղը տա­­­կա­ւին թօ­­­թա­փած չըլ­­­լան ի­րենց հո­­­գի­նե­­­րէն։ Շ­շուկ­նե­­­րով կը խօ­­­սին, պաշ­­­տօ­­­­­­­նա­կա­­­նէ դուրս նոր տե­­­սա­կէտ մը կար­­­դա­­­­­­­ցած ըլ­­­լա­­­­­­­լու հրճուան­­­քը կ­՚ո­գե­­­ւո­րէ զի­­­րենք, ար­­­գի­­­­­­­լեալ հա­­­ւատք մը ընդգր­կե­­­լու գաղտ­նա­­­պա­հու­­­թեամբ՝ հա­­­մայնք­ներ կազ­­­մած, ճշմար­­­տու­թիւ­­­նը գտնե­­­լու գո­­­հու­­­նա­­­­­­­կու­­­թիւ­նը կ­՚ապ­­­րին պզտիկ սե­­­նեակ­­­նե­­­­­­­րու մէջ։

­Զիս բա­­­նա­խօ­­­սե­լու հրա­­­ւի­րած կազ­­­մա­­­­­­­կեր­­­պու­թեան ներ­­­կա­­­­­­­յա­ցու­­­ցի­­­­­­­չը շու­­­տով կը հաս­­­նի մեր ժա­­­մադ­­­րա­­­­­­­վայ­­­րը։ ­Սանկ պզտիկ շրջապ­­­տոյտ մը կ­՚ը­նենք Իզ­­­մի­­­­­­­րի փո­­­ղոց­­­նե­­­­­­­րուն մէջ։ Կ­՚ու­­­զեմ հայ­­­կա­­­­­­­կան ո­րե­­­ւէ հետք մը տես­­­նել։ Ան­­­շուշտ, դեռ չէի գի­­­տեր, թէ պեր­­­ճանք մըն էր ար­­­տա­­­­­­­յայ­­­տել նման փա­­­փաք մը, երբ ոչ իսկ յու­­­նա­­­­­­­կան յու­­­շար­ձան մը, հետք մը նշմա­­­րե­լի է։

Ազ­­­նիւ ու­­­ղե­­­­­­­ցոյցս կը խօ­­­սի յու­­­նա­­­­­­­կան ե­կե­­­ղեց­­­ւոյ մը շրջա­­­փա­կին հաս­­­տա­­­­­­­տո­ւած մամ­­­լոյ թան­­­գա­­­­­­­րա­նին մա­­­սին։ Ան­­­մի­­­­­­­ջա­պէս կ­՚ու­­­զեմ տես­­­նել։ ­Մեր քայ­­­լե­­­­­­­րը կ­՚ուղ­ղենք ­Պաս­­­մա­­­­­­­նէի փո­­­ղոց­­­նե­­­­­­­րը։ ­Պատ­­­մա­­­­­­­կան քա­­­նի մը շէն­­­քեր՝ լքո­ւած, կքած, կը սպա­­­սեն ի­րենց վերջ­նա­­­կան փլու­­­զու­մին։ ­Գաղ­­­թա­­­­­­­կա­յա­­­նի մը վե­­­րա­ծո­ւած թա­­­ղին նեղ փո­­­ղոց­­­նե­­­­­­­րը վեր­­­ջա­­­­­­­պէս մեզ կը հասց­նեն այ­­­լեւս հան­­­դի­­­­­­­սաս­­­րահ դար­­­ձած Այ ­Վուք­լա ե­կե­­­ղե­ցին, ո­րու փա­­­կին տեղ­­­ւոյն լրագ­­­րող­նե­­­րու ըն­­­կե­­­­­­­րակ­­­ցու­թիւ­­­նը հիմ­­­նած է թան­­­գա­­­­­­­րա­նը։

­Հայ մա­­­մու­­­լին գան­­­ձա­­­­­­­րանն էր այս քա­­­ղա­քը, ո­րու մամ­­­լոյ թան­­­գա­­­­­­­րա­նին մէջ «լիւթ­ֆէն» յի­­­շո­ւած կը գտնեմ «Ար­­­շա­­­­­­­լոյս Ա­րա­­­րա­տեան»ին ա­նու­­­նը միայն, ուղ­ղագ­­­րա­­­­­­­կան սխալ­­­նե­­­­­­­րով ու հա­­­մա­ռօ­­­տո­ւած, որ սխալ­­­մամբ հոն յայտ­նո­ւած ըլ­­­լա­­­­­­­լու տպա­­­ւո­րու­­­թիւ­նը կու տայ ին­­­ծի։ Ոչ մէկ խօսք ան­­­շուշտ զմիւռ­նա­­­հայ մամ­­­լոյ ե­րախ­­­տա­­­­­­­ւոր­­­նե­­­­­­­րուն մա­­­սին… ­Չեմ գի­­­տեր, մխի­­­թա­րու­­­թի՞ւն պէտք է հա­­­մա­րել Հ­րանդ ­Տին­­­քին լու­­­սան­կարն ու ա­նու­­­նը՝ նա­­­հա­տակ լրագ­­­րող­նե­­­րու շար­­­քին։ Այս պայ­­­ման­նե­­­րու տակ՝ թե­­­րեւս…

«­Գի­­­տե՞ս,- կը յա­­­րէ ազ­­­նիւ ու­­­ղե­­­­­­­կիցս,- էքս­փո­­­յին տա­­­րած­­­քը երբ փո­­­րես՝ տա­­­կա­ւին սեւ մու­­­րը կը նշմա­­­րո­ւի»։ Իր խօս­­­քե­­­­­­­րը, չեմ գի­­­տեր ին­­­չու, զար­­­մա­­­­­­­նա­լի չեն այ­­­լեւս ին­­­ծի հա­­­մար։ Առ­­­նո­ւած եմ զմիւռ­նա­­­կան մթնո­­­լոր­­­տի մէջ, ուր ա­մէն ինչ յստակ է, սա­­­կայն ծած­­­կո­ւած լռու­­­թեան թա­­­ղան­­­թով, որ ա­ւե­­­լի թանձր է, քան շուրջ հա­­­րիւ­­­րա­­­­­­­մեայ մու­­­րի խա­­­ւը ­Հայ­­­նո­­­­­­­ցի յա­­­տա­կին։

1915ին սկսած ցե­­­ղաս­­­պա­­­­­­­նու­­­թիւ­նը եօ­թը տա­­­րի ետք՝ 1922ին պի­­­տի հաս­­­նէր Զ­միւռ­նիա, ուր ար­­­դէն մար­­­դիկ անձ­կու­­­թեամբ կը սպա­­­սէին ի­րենց ճա­­­կա­տա­­­գի­րի տնօ­­­րի­նու­­­մին։ Զ­միւռ­նիան վեր­­­ջին հանգ­րո­ւան մըն էր, ուր ա­պաս­­­տա­­­­­­­նիլ կը փու­­­թա­­­­­­­յին նաեւ շրջա­­­կայ ու մեր­­­ձա­­­­­­­ւոր քա­­­ղաք­­­նե­­­­­­­րուն հա­­­յե­րը։ ­Բախ­­­տա­­­­­­­ւոր­­­նե­­­­­­­րը ծովն ան­­­ցած, հա­­­սած էին Ե­գէա­կա­­­նի հան­­­դի­­­­­­­պա­կած ա­փե­­­րը, նոյ­­­նիսկ ա­ւե­­­լի հե­­­ռու­­­նե­­­­­­­րը՝ դառ­­­նա­­­­­­­լու հա­­­մար Ա­լեք-­Մա­­­նու­­­կեան­­­ներ։ ­Սա­­­կայն ծո­­­վը պի­­­տի չօգ­­­նէր մա­­­րե­լու հրդե­­­հը, բա­­­լա­սան պի­­­տի չդառ­­­նար զմիւռ­նա­­­հայ հի­­­նա­ւուրց գա­­­ղու­­­թին հա­­­մար։

Ս. Ս­տե­­­փան­­­նոս մայր ե­կե­­­ղե­ցին, ուր ­Դու­­­րեան ա­ռաջ­­­նորդ ե­ղած էր ժա­­­մա­նա­­­կին, ­Մես­­­րո­­­­­­­պեան, Հ­ռիփ­­­սի­­­­­­­մեան վար­­­ժա­­­­­­­րան­­­նե­­­­­­­րը, ուր­կէ Ոս­­­կա­­­­­­­նեան­­­ներ, ­Կոս­­­տան­դեան­­­ներ, ­Մա­­­մու­­­րեան­­­ներ հա­­­սած էին, Ս­պար­­­թա­­­­­­­լեան­­­նե­­­­­­­րու ձե­­­ռա­գոր­­­ծը՝ Ս. ­Լու­­­սա­­­­­­­ւոր­­­չեան ազ­­­գա­­­­­­­յին հի­­­ւան­­­դա­­­­­­­նո­ցը, Մ­խի­­­թա­րեան վար­­­ժա­­­­­­­րա­նը, ուր ­Հա­­­լիթ ­Զի­­­յա կրթու­­­թիւն ստա­­­ցած էր, գե­­­րեզ­­­մա­­­­­­­նա­տու­­­նը, ուր ­Չու­­­խա­­­­­­­ճեան կը ննջէր, տպա­­­րան­­­նե­­­­­­­րը, ուր­կէ ­Հիւ­­­կո­­­­­­­յին «Թ­շո­ւառ­­­ներ»ը լոյս տե­­­սած էր, տա­­­քուկ տու­­­նե­­­­­­­րը, ո­րոնց պա­­­տու­­­հան­նե­­­րէն դուրս կը հո­­­սէին Ս­տե­­­փան Էլ­­­մա­­­­­­­սի դաշ­­­նա­­­­­­­մու­­­րի ա­ռա­­­ջին ձայ­­­նա­­­­­­­նի­շե­­­րը, յի­­­շա­տակ իսկ չեն այ­­­լեւս ու լե­­­զո­ւիս վրայ բառ մը չու­­­նիմ բնո­­­րո­շե­­­լու հա­­­մար ի­րենց տե­­­ղը հո­­­գիիս աշ­­­խար­հագ­րու­թեան վրայ։

«­Սի­­­րե­լի­­­նե՛ր,- յու­­­զումս զսպել ջա­­­նա­լով, կը դի­­­մեմ փոք­­­րիկ սրա­­­հը հա­­­ւա­քո­ւած ներ­­­կա­­­­­­­նե­րուն,- շնոր­­­հա­­­­­­­կա­լու­­­թիւն, որ ­Ցե­­­ղաս­­­պա­­­­­­­նու­­­թեան ո­գե­­­կո­չու­­­մի այս օ­րե­­­րուն կ­՚ա­ռե­­­րե­սիք ան­­­ցեա­լին հետ, կը բարձ­րաց­­­նէք այդ սեւ ու ծանր քօ­­­ղը, որ­­­մով ծած­­­կո­ւած է այս քա­­­ղա­քին ան­­­ցեա­լը»։ Ու կը սկսիմ լու­­­սան­կար­­­նե­­­­­­­րով պատ­­­մել Զ­միւռ­նիոյ հայ գա­­­ղու­­­թին մա­­­սին՝ ե­կե­­­ղե­ցի­­­նե­րը, վար­­­ժա­­­­­­­րան­­­նե­­­­­­­րը, հի­­­ւան­­­դա­­­­­­­նո­ցը, գե­­­րեզ­­­ման­նո­­­ցը, մար­­­զա­­­­­­­կումբ­նե­­­րը, մա­­­մուլն ու տպա­­­րան­­­նե­­­­­­­րը, յայտ­նի դէմ­­­քե­­­­­­­րը, ան­­­փո­­­­­­­խա­րի­­­նե­լի տեղն ու մե­­­ծա­գոյն դե­­­րը հայ­­­կա­­­­­­­կան լու­­­սա­­­­­­­ւո­րու­­­թեան մէջ։

Ունկն­դիր­­­ներս, ո­րոնք յե­­­ղա­փո­­­խա­կան-ձա­­­խա­կող­­­մեան գա­­­ղա­փար­­­նե­­­­­­­րով տո­­­գո­րո­ւած ան­­­ձեր են, զար­­­ման­քով կը լսեն 1848ին ­Փա­­­րի­զի պատ­­­նէշ­նե­­­րուն վրայ պայ­­­քա­­­­­­­րած ու թա­­­գա­ւո­­­րա­կան պա­­­լա­տը գրա­­­ւող­­­նե­­­­­­­րու շար­­­քին գտնո­ւող Ս­տե­­­փան Ոս­­­կա­­­­­­­նեա­նի մա­­­սին, մա­­­թե­րիա­լիզ­­­մի ու ա­թէիզ­­­մի ռահ­­­վի­­­­­­­րայ ­Գա­­­լուստ ­Կոս­­­տան­դեա­նի մա­­­սին, ո­րու գիր­­­քե­­­­­­­րը բա­­­նադ­­­րուած ու վա­­­ռո­ւած էին ե­կե­­­ղեց­­­ւոյ կող­­­մէ, ­Մատ­­­թէոս ­Մա­­­մու­րեա­նի մա­­­սին, որ ­Մարք­սի գա­­­ղա­փար­­­նե­­­­­­­րը կը տա­­­րա­ծէր՝ դրո­ւա­տե­­­լով Բ. ու Գ. ­Մի­­­ջազ­­­գայ­նա­­­կան­­­նե­­­­­­­րը։ ­Բա­­­նա­խօ­­­սու­­­թեանս ա­ւար­­­տին, ա՛լ ի­րենցն է խօս­­­քը։ Աշ­­­խոյժ քննար­­­կում մը կը սկսի սրա­­­հին մէջ, որ գի­­­շե­րո­ւան մին­­­չեւ ուշ ժա­­­մե­րը շա­­­րու­­­նա­­­­­­­կո­ւէր գու­­­ցէ՝ ե­թէ չըլ­­­լար օ­դա­­­կա­յան փու­­­թա­­­­­­­լու անհ­րա­­­ժեշ­­­տու­թիւ­­­նը։

Բ­ժիշկ մը, յի­­­սու­­­նը թե­­­ւա­կո­­­խած, սի­­­րա­յօ­­­ժար զիս պի­­­տի հասց­նէ օ­դա­­­կա­յան։ ­Կը խոս­­­տո­­­­­­­վա­նի, որ իր ճամ­­­բուն վրայ չէ օ­դա­­­կա­յա­­­նը, սա­­­կայն կ­՚ու­­­զէ խօ­­­սիլ հետս։ Ս­ղեր­­­դէն են ար­­­մատ­նե­­­րը։ ­Վա­­­ղա­մե­­­ռիկ հօ­­­րը հետ զրու­­­ցե­­­­­­­լու ա­ռիթ չէ ու­­­նե­­­­­­­ցած, սա­­­կայն լուրջ կաս­­­կած­ներ ու­­­նի իր ազ­­­գա­­­­­­­յին պատ­­­կա­­­­­­­նե­լիու­­­թեան մա­­­սին։ ­Կը պրպտէ, կը հե­­­տաքրք­րո­ւի, կը կար­­­դայ, կը խօ­­­սի։ Գլ­խի­­­վայր շրջած է այն պատ­­­մու­թիւ­­­նը, զոր ա­ւան­­­դած են ի­րեն։ ­Նոր մէկն է այ­­­լեւս։ «­Հա­­­ւա­տա­­­ցեալ մը՝ գնեալ ա­րեամբն… նա­­­հա­տա­­­կաց»։

­Վե­­­րա­դար­­­ձիս, եր­­­կու օր ետք, ­Թիւ­­­նե­­­­­­­լի հրա­­­պա­րա­­­կին վրայ կանգ­նած, կը մտա­­­բե­րէի Զ­միւռ­նիան, ուր նոյն ժա­­մե­րուն, ­Թա­­լէաթ փա­­շա­յի ծա­­ռու­­ղիին վրայ ար­­դա­­­րու­­թիւն ու հա­­տու­­ցում կը պա­­հան­­ջէին իմ ազ­­նիւ բա­­րե­կամ­­ներս, ո­րոնք ի­րենց հու­­նը գտած ջու­­րի կա­­թիլ­­ներ են՝ ա­տակ լռու­թեան ու մո­ռա­ցու­մի պա­տե­րը ճա­թեց­նե­լու ու նոյ­նիսկ կոր­ծա­նե­լու։

ՍԵՒԱՆ ՏԷՅԻՐՄԵՆՃԵԱՆ - «Ա­կօս»