­altԶօ­րա­շար­ժի մէջ է Ս­փիւռ­քը:
Ա­յո՛... ան­գամ մը եւս:

 

Այս ան­գամ կի­զա­կէ­տը «­Մենք եւ ­Մեր ­Լեռ­ներ»ն­ են…­Պա­պիկն ու ­Տա­տի­կը:
Այդ մո­գա­կան Ար­ցա­խեան հո­ղը, որ այն­քա՜ն ար­ժէ­քա­ւոր եւ սուրբ է:

­Վայր­կեան մը մէկ­դի դնե­լով նա­խա­յար­ձակ թշնա­միին ու­նե­ցած կո­րուս­տը, կա­տա­րած այդ չոր­սօ­րեայ պա­տե­րազ­մին ժա­մա­նա­կաշր­ջանն ան­գամ սխալ մըն էր... ինք­նին պար­տու­թիւն մը:

Ար­ցա­խի վրայ յար­ձա­կե­լով՝ ­Թուր­քիոյ հլու կա­մա­կա­տար Ատր­պէյ­ճա­նը հա­յու­թիւ­նը աշ­խար­հի քար­տէ­սէն բո­լո­րո­վին բնաջն­ջե­լու, նոյ­նիսկ պատ­մու­թեան ար­խիւ­նե­րէն դուրս հա­նե­լու եւ մէկ­դի շպրտե­լու քա­ղա­քա­կա­նու­թիւնն է, որ կը շա­րու­նա­կէ:

...Եւ դա­ւա­դիր փան-թրքա­կան այս ե­րա­զան­քա­յին սլացք­նե­րուն դի­մաց, հա­յոր­դին նշեց 101ա­մեա­կը, այս ան­գամ կի­զա­կէտ ու­նե­նա­լով Ար­ցա­խը:
Ա­մէն մէկ հա­յոր­դի իր մոր­թին վրայ զգաց, թէ ի՞նչ կը պա­տա­հի հոն... ­Կով­կա­սեան բարձ­րա­ւան­դա­կի այդ դրախ­տին մէջ:
­Շատ տե­ղե­կու­թիւն­ներ լսե­ցինք, ի­մա­ցանք եւ կրցանք քայլ պա­հել:

­Հա­յոց բա­նա­կը մար­տու­նակ է եւ կը փաս­տէ, թէ միայն կա­տա­րե­լա­գոր­ծո­ւած ռազ­մա­կան կազ­մած­նե­րով չէ, որ կա­րե­լի է յաղ­թա­կան դուրս գալ:
Այլ բան է հո­ղին, հայ­րե­նի­քին կառ­չած մնա­լը:
...Եւ այ­սօր, այդ հե­րոս քա­ջե­րուն դի­մաց, ե­զա­կի ե­րե­ւոյթ է անն­ման Ար­ցա­խին եւ ա­նոր պաշտ­պան հայ զի­նո­ւո­րին շուրջ ստեղ­ծո­ւած հա­մա­ժո­ղովր­դա­յին ու քա­ղա­քա­կան ամ­բող­ջա­կան հա­մախմ­բու­մը:

­Զո­հո­ւե­ցան շա­տեր, եւ այդ ալ ի՜նչ զո­հո­ղու­թիւն՝ ՆԱՀԱՏԱԿ: ­Դեռ ալ պի­տի տանք զո­հեր, յաչս այդ սուրբ հո­ղին:
­Միայն զի­նո­ւոր­նե­րը չեն հե­րոս­նե­րը, այլ նաեւ այդ սահ­մա­նա­մերձ շրջան­նե­րուն, ի­րենց տան հօ­րե­նա­կան եր­դի­քին կառ­չած բնակ­չու­թիւ­նը, պա­տա­նիէն մին­չեւ ա­լե­հեր ծե­րու­նին:

Այս հե­րոս­նե­րուն, չաս­տո­ւած­նե­րուն եւ «ան­ծա­նօթ զի­նուոր­ներ»ուն կա­տա­րած զո­հո­ղու­թիւն­նե­րուն դի­մաց, մեր ա­մե­նա­դոյզն պար­տա­կա­նու­թիւնն է լայ­նօ­րէն եւ ա­մե­նայն շռայ­լու­թեամբ մեր լու­ման տրա­մադ­րել:

Այս տղա­քը, այս բնակ­չու­թիւ­նը տար­բեր գանձ է... Ոս­կի է եւ այդ ալ ոս­կե­զօծ ոս­կի:
­Զա­նա­զան գա­ղութ­նե­րէ ներս, կը շա­րու­նա­կո­ւի շու­տա­փոյթ օ­ժան­դա­կու­թեան աշ­խա­տան­քը:

Աշ­խա­տանք՝ որ ու­նի նիւ­թա­բա­րո­յա­կան բնոյթ:
Ար­ցա­խի օ­ժան­դա­կու­թեան հա­մար կա­տա­րո­ւած եւ դեռ ալ կա­տա­րո­ւե­լիք դրա­մա­հա­ւաք­նե­րուն նպա­տակն է վե­րա­նո­րո­գել եւ վե­րա­կա­ռու­ցել սահ­մա­նա­մերձ գիւ­ղե­րու փուլ ե­կած բնա­կա­րան­ներն ու կա­ռոյց­նե­րը, բու­ժել վի­րա­ւոր հե­րոս­ներն ու ան­մեղ­նե­րը, օգ­նու­թեան հաս­նիլ նա­հա­տակ­նե­րու ըն­տա­նիք­նե­րու կեն­սա­կան կա­րիք­նե­րուն:

­Հե­տե­ւա­բար, Ս­փիւռ­քեան զա­նա­զան գաղ­թօ­ճախ­նե­րու նման. այս օ­րե­րու հրա­մա­յա­կանն է ան­վա­րան թի­կունք կանգ­նիլ Ար­ցա­խին եւ ա­նոր հզօ­րաց­ման ճի­գե­րուն:

«ՀԱՅՐԵՆԻՔ» - խմբագ­րա­կան