­altՊաշ­տօ­նա­վար­ման ութ տա­րի­նե­րուն ըն­թաց­քին, ­Միա­ցեալ ­Նա­հանգ­նե­րու նա­խա­գահ Օ­պա­մա չկա­տա­րեց իր նա­խընտ­րա­կան խոս­տու­մը՝ ­Հա­յոց ­Ցե­ղաս­պա­նու­թիւ­նը ա­նո­ւա­նե­լու «ցե­ղաս­պա­նու­թիւն»:

Այ­սու­հան­դերձ՝ ան­հասկ­նա­լի պատ­ճա­ռով մը, որ կրնայ ներ­կա­յա­ցո­ւիլ միայն իբ­րեւ միամ­տու­թիւն, բազ­մա­թիւ հա­յեր ­Միա­ցեալ ­Նա­հանգ­նե­րու մէջ եւ ամ­բողջ աշ­խար­հի վրայ, Օ­պա­մա­յի պաշ­տօ­նա­վար­ման ա­ռա­ջին տա­րո­ւը­նէ՝ 2009 թո­ւա­կա­նէն ի վեր, զուր յոյ­սեր փայ­փա­յե­ցին այն մա­սին, թէ «­Հա­յոց ­Ցե­ղաս­պա­նու­թիւն» եզ­րը ան պի­տի օգ­տա­գոր­ծէ 2010ին, 2011ին կամ 2012ին:

Երբ նա­խա­գահ Օ­պա­մա իր պաշ­տօ­նա­վա­րու­թեան ա­ռա­ջին շրջա­նի ա­ւար­տին չար­տա­սա­նեց այդ բա­ռե­րը, այս միա­միտ հա­յե­րը հա­մո­զո­ւած էին, որ ան պի­տի ար­տա­բե­րէ զա­նոնք իր երկ­րորդ եւ վեր­ջին պաշ­տօ­նա­վա­րու­թեան ըն­թաց­քին՝ 2013էն սկսեալ: Ա­նոնք թիւ­րի­մա­ցա­բար կը կար­ծէին, թէ հա­ւա­նա­կա­նու­թիւ­նը ա­ւե­լի մեծ է, որ Օ­պա­մա «ցե­ղաս­պա­նու­թիւն» ը­սէ, քա­նի որ ան այ­լեւս իբ­րեւ նա­խա­գահ պի­տի չա­ռա­ջադ­րո­ւի եւ, հե­տե­ւա­բար, ո՛չ ­Թուր­քիոյ, ո՛չ ալ ներ­քին քա­ղա­քա­կան ընդ­դի­մա­խօս­նե­րու կող­մէ քննա­դա­տու­թեան են­թար­կո­ւե­լու խնդիր պի­տի ու­նե­նայ:

Երբ նա­խա­գահ Օ­պա­մա կը շա­րու­նա­կէր մեր­ժել «­Հա­յոց ­Ցե­ղաս­պա­նու­թիւն» եզ­րի օգ­տա­գոր­ծու­մը, այս նոյն միա­միտ հա­յե­րը յօ­րի­նե­ցին նոր պատ­ճառ մը՝ շա­րու­նա­կե­լով ցան­կա­լին ներ­կա­յաց­նե­լու, ի­րա­կա­նու­թեան փո­խա­րէն: Ա­նոնք կը կար­ծէին, որ ե­թէ Օ­պա­մա հա­մար­ձա­կեր է փո­խել ­Քու­պա­յի նկատ­մամբ Ա­մե­րի­կա­յի ­Միա­ցեալ ­Նա­հանգ­նե­րու սահ­մա­նա­փակ­ման ու ար­գիլ­ման եր­կա­րա­տեւ քա­ղա­քա­կա­նու­թիւ­նը, ա­պա՝ ան կրնայ ­Հա­յոց ­Ցե­ղաս­պա­նու­թեան հար­ցով եւս հան­դէս գալ միեւ­նոյն հա­մար­ձա­կու­թեամբ...:

­Սա­կայն ա­պա­ցու­ցո­ւե­ցաւ, որ այդ են­թադ­րու­թիւ­նը ան­հիմն էր:
­Վեր­ջա­պէս, երբ բո­լոր սպա­սում­նե­րը ձա­խո­ղե­ցան, միա­միտ հա­յեր կ­՛ակն­կա­լէին, որ Օ­պա­մա պի­տի ար­տա­սա­նէ այդ եր­կու ար­գի­լո­ւած բա­ռե­րը 2016 թո­ւա­կա­նի Ապ­րիլ 24ին՝ օգ­տա­գոր­ծե­լով իր վեր­ջին հնա­րա­ւո­րու­թիւ­նը:

Այս կան­խա­տե­սու­մը եւս չի­րա­կա­նա­ցաւ:
­Նա­խա­գահ Օ­պա­մա իր վեր­ջին յայ­տա­րա­րու­թեան մէջ օգ­տա­գոր­ծեց բա­ռա­րա­նի մէջ տեղ գտած գրե­թէ բո­լոր կա­րե­լի մեղ­մա­սա­ցու­թիւն­նե­րը՝ նկա­րագ­րե­լու հա­մար, թէ ի՜նչ տե­ղի ու­նե­ցած է հայ ժո­ղո­վուր­դին հետ 1915ին՝ բա­ցա­ռու­թեամբ «ցե­ղաս­պա­նու­թիւն» բա­ռին…:

Ա­հա՛ նա­խա­գահ Օ­պա­մա­յի վեր­ջին բա­նա­ւոր վար­ժան­քին ար­գա­սի­քը՝ «զան­գո­ւա­ծա­յին վայ­րա­գու­թիւն, տե­ղա­հա­նու­թիւն, կո­տո­րած, աք­սոր, տա­ռա­պանք, դժնդակ օ­րեր, ող­բեր­գու­թիւն, բռնու­թիւն եւ սար­սափ»:
Ին­չո՞ւ աշ­խար­հի ա­մէ­նէն հզօր երկ­րի ղե­կա­վա­րը կը չար­չա­րէ ինք­զինք եւ իր օգ­նա­կան­նե­րը այս­քան շատ բա­ռեր գտնե­լու հա­մար, երբ միայն մէկ բառ՝ «ցե­ղաս­պա­նու­թիւն»ը, բա­ւա­րար պի­տի ըլ­լար:

Ան­հա­ւա­տա­լիօ­րէն, կարգ մը հա­յեր կտրած-ան­ցած են նաեւ միամ­տու­թեան բո­լոր սահ­ման­նե­րը՝ պնդե­լով, թէ այն­քան ա­տեն որ ո­գե­կոչ­ման իր ա­մե­նա­մեայ ու­ղեր­ձին մէջ Օ­պա­մա օգ­տա­գոր­ծեց «­Մեծ Ե­ղեռն» եզ­րոյ­թը, ա­պա զայն պէտք է դի­տար­կել իբ­րեւ իր նա­խընտ­րա­կան խոստ­ման կա­տա­րում եւ ­Հա­յոց ­Ցե­ղաս­պա­նու­թեան ճա­նա­չում:
Խն­դի­րը այն է, որ Օ­պա­մա՝ իբ­րեւ նա­խա­գա­հի թեկ­նա­ծո­ւի, չէր խոս­տա­ցած, որ ընտ­րո­ւե­լու պա­րա­գա­յին «­Մեծ Ե­ղեռն» պի­տի ը­սէ:

Ընդ­հա­կա­ռակն, ան խոս­տա­ցած էր «­Հա­յոց ­Ցե­ղաս­պա­նու­թիւն» ը­սել եւ նոյ­նիսկ պնդած, թէ «Ա­մե­րի­կան ար­ժա­նի է այն­պի­սի նա­խա­գա­հի, որ ճշմար­տու­թիւ­նը պի­տի ը­սէ ­Հա­յոց ­Ցե­ղաս­պա­նու­թեան մա­սին: Այդ նա­խա­գա­հը ես պի­տի ըլ­լամ»:

Աս­կէ բա­ցի, «­Մեծ Ե­ղեռն»ը ի­րա­ւա­կան եզր մը չէ, մա­նա­ւանդ որ ան­հասկ­նա­լի է ոչ-հա­յե­րու հա­մար: Ե­թէ «­Մեծ Ե­ղեռն»ը հա­մար­ժէք է ­Հա­յոց ­Ցե­ղաս­պա­նու­թեան, ա­պա ին­չո՞ւ ութ տա­րի շա­րու­նակ Օ­պա­մա կ­՛օգ­տա­գոր­ծէ միայն ա­ռա­ջին եզ­րը, այլ ոչ թէ վեր­ջի­նը: Ե­թէ հա­յե­րը միա­միտ են, ա­պա նոյ­նը կա­րե­լի չէ ը­սել Օ­պա­մա­յի եւ ա­նոր օգ­նա­կան­նե­րուն մա­սին, ո­րոնք գի­տեն, թէ ի՞նչ կ­՛ը­սեն եւ ին­չո՛ւ...:

Այս ան­հե­թեթ ի­րա­վի­ճա­կին մէջ կան եր­կու մե­ղա­ւոր կող­մեր:
Ա­ռա­ջի­նը՝ նա­խա­գահ Օ­պա­ման է, որ խոս­տում տուած է եւ չի կա­տա­րեր զայն՝ այս­պի­սով խա­բե­լով ի­րեն հա­ւա­տա­ցած եւ եր­կու ան­գամ յօ­գուտ ի­րեն քուէար­կած մար­դի­կը...:

Ե­թէ Օ­պա­մա­յի հա­մար միեւ­նոյնն է՝ ա­մե­րի­կեան հա­սա­րա­կու­թեան կտա­կել ճշմար­տու­թիւ­նը չը­սե­լու ժա­ռան­գու­թիւ­նը, ա­պա՝ այդ իր խնդիրն է եւ ոչ թէ ա­մե­րի­կա­հայ հա­մայն­քին...:
Երկ­րորդ մե­ղա­ւոր կող­մը ա­նոնք են, ո­րոնք ան­խո­հե­մօ­րէն, տա­րի առ տա­րի յոյ­սեր կը փայ­փա­յեն, որ նա­խա­գահ Օ­պա­մա պի­տի օգ­տա­գոր­ծէ «­Հա­յոց ­Ցե­ղաս­պա­նու­թիւն» բա­ռե­րը, թէեւ նման յայ­տա­րա­րու­թիւն ը­նե­լու անհ­րա­ժեշ­տու­թիւն չկար:

­Հա­յոց ­Ցե­ղաս­պա­նու­թիւ­նը ար­դէն բազ­միցս ճանչցուած է ­Միա­ցեալ ­Նա­հանգ­նե­րու կող­մէ՝ 1951ին Ա­մե­րի­կա­յի կա­ռա­վա­րու­թեան կող­մէ Ար­դա­րա­դա­տու­թեան ­Մի­ջազ­գա­յին ­Դա­տա­րան ներ­կա­յա­ցո­ւած պաշ­տօ­նա­կան փաս­տա­թուղ­թով, 1975 եւ 1984 թո­ւա­կան­նե­րուն ­Ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րու ­Տան կող­մէ ըն­դու­նո­ւած եր­կու բա­նա­ձե­ւե­րով եւ 1981ի Ապ­րիլ 22ին նա­խա­գահ ­Ռե­կը­նի ըն­դու­նած Հռ­չա­կագ­րով:

Ին­չո՞ւ պէտք է հա­յե­րը ձգտին «­Հա­յոց ­Ցե­ղաս­պա­նու­թիւն» եզ­րին, երբ ա­նի­կա ար­դէն օգ­տա­գոր­ծո­ւած է նախ­կին նա­խա­գա­հին կող­մէ: Ար­դեօք Ա­մե­րի­կա­յի իւ­րա­քան­չիւր նա­խա­գահ պէ՞տք է օգ­տա­գոր­ծէ այդ եզ­րոյ­թը, որ­պէս­զի հա­յե­րը հա­մո­զո­ւած ըլ­լան, որ ­Հա­յոց ­Ցե­ղաս­պա­նու­թիւ­նը ի­րօք ճանչ­ցո­ւած է ­Միա­ցեալ ­Նա­հանգ­նե­րու մէջ:

­Ցա­ւօք, հա­յե­րու մե­ծա­մաս­նու­թիւ­նը ­Ցե­ղաս­պա­նու­թեան ճա­նաչ­ման հար­ցը կը շփո­թէ ­Թուր­քիոյ հան­դէպ Ա­մե­րի­կա­յի կա­ռա­վա­րու­թեան վա­րած քա­ղա­քա­կա­նու­թեան հետ: ­Հա­յոց ­Ցե­ղաս­պա­նու­թիւ­նը ճանչ­ցած հա­մա­րո­ւող եր­կիր­նե­րէն եւ ոչ մէ­կը ­Թուր­քիոյ հետ թշնա­մա­կան յա­րա­բե­րու­թիւն­ներ ու­նի: Ն­ման յա­րա­բե­րու­թիւն­ներ չու­նի նաեւ Ա­մե­րի­կան...: ­Բո­լոր այդ եր­կիր­նե­րը ­Ցե­ղաս­պա­նու­թեան ճա­նա­չու­մը հա­ւա­սա­րակշ­ռեր են ­Թուր­քիոյ հետ բնա­կա­նոն եւ նոյ­նիսկ ջերմ յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րու պահ­պան­մամբ:

­Միա­ցեալ ­Նա­հանգ­նե­րը պէտք չէ դի­տար­կել իբ­րեւ ­Հա­յոց ­Ցե­ղաս­պա­նու­թիւ­նը չճանչ­ցած եր­կիր միայն այն պատ­ճա­ռով, որ ա­նոր ղե­կա­վար­նե­րը կը խու­սա­փին օգ­տա­գոր­ծե­լէ «ցե­ղաս­պա­նու­թեան» եզ­րը՝ ի­րենց քա­ղա­քա­կան կամ տնտե­սա­կան շա­հե­րու թիւ­րըմբռն­ման պատ­ճա­ռով...: ­Կա­րե­լի է դա­տա­պար­տել այս երկ­րի վա­րած քա­ղա­քա­կա­նու­թիւ­նը ­Թուր­քիոյ նկատ­մամբ՝ ա­ռանց հար­ցա­կա­նի տակ դնե­լու ա­նոր կող­մէ ­Հա­յոց ­Ցե­ղաս­պա­նու­թեան ճա­նա­չու­մը:

Ի­րա­կա­նու­թեան մէջ, ­Հա­յոց ­Ցե­ղաս­պա­նու­թիւ­նը չճանչ­նա­լուն հա­մար ­Միա­ցեալ ­Նա­հանգ­նե­րու կա­ռա­վա­րու­թիւ­նը մե­ղադ­րե­լը, ինչ­պէս յա­ճախ կ­՛ը­նեն բազ­մա­թիւ հա­յեր, կաս­կա­ծի տակ կը դնէ ­Ցե­ղաս­պա­նու­թեան ե­ղե­լու­թեան փաս­տը եւ մեծ վնաս կը հասց­նէ ­Հայ ­Դա­տին...

ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ «­Քա­լի­ֆոր­նիա ­Քու­րիըր»