Յարուցեալ Քրիստոս՝ կեանքի դուռը

­Հայ ե­կե­ղեց­ւոյ մեծ հայ­րա­պետ­նե­րէն ­Սուրբ ­Ներ­սէս Շ­նոր­հա­լի, Ա­րե­ւա­գա­լի ժա­մեր­գու­թեան յա­տուկ իր յօ­րի­նած յոր­դո­րա­կին մէջ, Ք­րիս­տո­սը կը ներ­կա­յաց­նէ որ­պէս­ Կեան­քի ­Դու­ռը։


Ար­դա­րեւ, իր ապ­րած մար­դա­կեդ­րոն ու մար­դանպա­տակ կեան­քով մար­դը մոռ­ցած էր կեան­քի ճշմա­րիտ աղ­բիւ­րը՝ Աս­տո­ւած։
Աշ­խար­հի փառ­քով ու հա­ճոյ­քով իր կեան­քը լե­ցու­ցած մար­դը մոռ­ցած էր կեան­քի պար­գե­ւի­չը՝ Աստուած։

Իր կեան­քին ի­մաստն ու նպա­տա­կը իր ան­ձը միայն նկա­տող մար­դը մոռ­ցած էր, թէ իր կեան­քին սե­փա­կա­նա­տէ­րը ինք չէ, այլ՝ Աս­տո­ւած. եւ թէ՝ հարկ է աս­տո­ւա­ծա­տուր կեան­քը ապ­րիլ աս­տո­ւա­ծա­հա­ճոյ նպա­տակ­նե­րու հա­մար։

Հե­տե­ւա­բար,
Ա­ռա­ջին մար­դուն՝ Ա­դա­մին գոր­ծած մեղ­քին հե­տե­ւան­քով մար­դուն առ­ջեւ փակ էր կեան­քի ճշմա­րիտ դու­ռը։
Մեղ­քով շա­ղա­խո­ւած իր կեան­քին պատ­ճա­ռաւ մար­դուն առ­ջեւ փակ էր դէ­պի յա­ւի­տե­նա­կան կեանք ա­ռաջ­նոր­դող դու­ռը։
Սա­կայն, տիե­զեր­քին ու մար­դուն Ա­րա­րի­չը, ինչ­պէս Աս­տո­ւա­ծա­շուն­չը կը հաս­տա­տէ, չլքեց իր ա­րա­րա­ծը։
Աս­տո­ւած ինք­զինք յայտ­նեց՝ Իր­մէ հե­ռա­ցած ու իր կեան­քը մեղ­քե­րով ա­պա­կա­նած մար­դուն։

Աս­տո­ւած ինք­զինք յայտ­նեց՝ ճշմա­րիտ կեան­քի աղ­բիւ­րէն հե­ռա­ցած ու մա­հո­ւան տիղ­մին մէջ խրած մար­դուն։
Աս­տո­ւած ինք­զինք յայտ­նեց՝ ո­րով­հե­տեւ սի­րե՛ց մար­դը, իր պատ­կե­րով ստեղ­ծած եւ իր ստեղ­ծա­գոր­ծու­թեան պա­հա­պա­նը ըլ­լա­լու կո­չո­ւած մար­դը։ Ա­ւե­տա­րա­նի վկա­յու­թեամբ, Աս­տո­ւած այն­քա՜ն սի­րեց մար­դը, որ նո՛յ­նիսկ իր ­Միա­ծին Որ­դին ղրկեց աշ­խարհ (Յհ 3.16)։ ­Հայ ե­կե­ղեց­ւոյ սրբա­զան կա­մար­նե­րուն տակ յա­ճա­խա­կի ա­ռիթ­նե­րով եր­գո­ւած «­Սուրբ Աս­տո­ւած» տա­ղը կը յի­շեց­նէ մե­զի թէ՝ Աս­տու­ծոյ Որ­դին մե­զի՛ հա­մար ծնաւ. մե­զի՛ հա­մար իր ա­րիւ­նը թա­փեց ու իր հրա­շա­փառ յա­րու­թեամբ մե­զի յա­ւի­տե­նա­կան կեանք պար­գե­ւեց։

Ա­յո՛, Աս­տո­ւած իր մար­դե­ղա­ցեալ Որդ­ւոյն ճամ­բով ինչ որ ը­րաւ մե­զի՛ հա­մար ը­րաւ, ո­րով­հե­տեւ «կա­մե­ցաւ մեզ վերս­տին ծնիլ», ո­րով­հե­տեւ «ու­զեց որ մենք իր նոր ստեղ­ծա­գոր­ծու­թեան պտուղ­նե­րը ըլ­լանք» (Յկ 1.18)։ Ք­րիս­տո­սի մար­դե­ղու­թեամբ մար­դը, ինչ­պէս ողջ ստեղ­ծա­գոր­ծու­թիւ­նը, վերս­տեղ­ծո­ւե­ցաւ։ Ք­րիս­տո­սի ա­րիւ­նով մեղ­քը սրբո­ւե­ցաւ։ Ք­րիս­տո­սի թա­ղու­մով մա­հը թա­ղո­ւե­ցաւ, Ք­րիս­տո­սի մա­հով հին մար­դը մա­հա­ցաւ։ Ք­րիս­տո­սի յա­րու­թեամբ աստուա­ծա­տուր կեան­քը վե­րա­հաս­տա­տո­ւե­ցաւ։
Ք­րիս­տո­սի յա­րու­թիւ­նը աս­տո­ւա­ծա­կեդ­րոն կեան­քի յաղ­թա­նակն է մար­դա­կեդ­րոն կեան­քին դէմ։

Ք­րիս­տո­սի յա­րու­թիւ­նը կեան­քի յաղ­թա­նակն է մա­հո­ւան դէմ։
Ք­րիս­տո­սի յա­րու­թիւ­նը նոր մար­դուն ու նոր աշ­խար­հին ծնունդն է։
Արդ, Ք­րիս­տո­սի յա­րու­թիւ­նը երկ­նա­յին հրա­ւէր մըն է՝ դառ­նա­լու կեան­քի ճշմա­րիտ աղ­բիւ­րին։
Սի­րե­լի՛ հա­յոր­դի­ներ, յա­ւի­տե­նա­կան կեան­քի յաղ­թա­նա­կով օ­ծուն այս օ­րե­րուն, ե­կէք դառ­նանք յա­րու­ցեալ Ք­րիս­տո­սի։ ­Յի­շենք Ք­րիս­տո­սի հետ ան­մի­ջա­կան հա­ղոր­դու­թեան մէջ ապ­րած ու ա­նոր կեն­սա­ւո­րիչ ներ­կա­յու­թեամ­բը վե­րա­նո­րո­գո­ւած սրբա­զան ա­ռա­քեալ­նե­րուն վկա­յու­թիւ­նը, թէ՝ Աս­տո­ւած «մեզ վերս­տին կեան­քի կո­չեց Ք­րիս­տո­սով» (Եփ 2.5) եւ, հե­տե­ւա­բար, մե­զի հա­մար «կեան­քը Ք­րիս­տոս է» (Փլպ 1.21)։

Ք­րիս­տոս իր խա­չի զօ­րու­թեամբ ու յա­րու­թեան յաղ­թա­նա­կով խոր­տա­կեց մա­հո­ւան դու­ռը ու մեր առ­ջեւ բա­ցաւ ճշմա­րիտ կեան­քի դու­ռը։ Ա՛յս է Ա­ւե­տա­րա­նին պատ­գա­մը։
Ա՛յս է քրիս­տո­նէա­կան հա­ւատ­քին էու­թիւ­նը։
Դի­տենք մեր շուր­ջը։ ­Նո­րա­նոր գիւ­տե­րով ու հրա­շա­լիք­նե­րով լե­ցուն ներ­կայ աշ­խար­հը մեր առ­ջեւ բա­ցած է այ­լա­զան ու բազ­մա­զան դռներ՝ ո­րոնք մեզ կ’ա­ռաջ­նոր­դեն դէ­պի հա­ճոյ­քով ու փառ­քով պա­րու­րո­ւած, ինչ­պէս նաեւ փտտա­ծու­թեան ու բռնու­թեան մեղ­քե­րու շղար­շով պա­տո­ւած կեանք…։

Ո՞ւր է, ո՞վ է քրիս­տո­նեայ մար­դուն ճշմա­րիտ դու­ռը։ ­Մեզ շրջա­պա­տող ա­հա­ւոր մեղ­քե­րուն ու սար­սա­փազ­դու չա­րիք­նե­րուն դի­մաց, ո՞ւր է, ո՞վ է քրիս­տո­նեայ մար­դու կեան­քի փրկա­րար դու­ռը։
­Հա­ւատ­քի քա­ջու­թիւ­նը ու­նի՞նք ը­սե­լու՝ «մե­ղայ Աս­տու­ծոյ» ու դառ­նա­լու մեր մեղ­քե­րը սրբե­լու պատ­րաստ Ք­րիս­տո­սին՝ ­Կեան­քի ­Դու­ռին։
Հա­ւատ­քի քա­ջու­թիւ­նը ու­նի՞նք «ո՛չ» ը­սե­լու մեր առ­ջեւ բա­ցո­ւած հրա­պու­րիչ, սա­կայն հո­գե­պէս, բա­րո­յա­պէս ու ֆի­զի­քա­պէս քան­դիչ դռնե­րուն ու դառ­նա­լու Ք­րիս­տո­սին՝ ­Կեան­քի ­Դու­ռին։
Ինչ­պէս հայ­րը իր ա­նա­ռակ որ­դին գրկա­բաց ըն­դու­նեց, այն­պէս ալ Ք­րիս­տոս պատ­րաստ է մեզ ըն­դու­նե­լու։

­Հե­տե­ւա­բար, ե­կէք, սի­րե­լի՛ հա­յոր­դի­ներ, հա­ւատ­քով հզօ­րա­ցած ու յոյ­սով լե­ցո­ւած խնդրենք իր հրա­շա­փառ յա­րու­թեամբ մե­զի յա­ւի­տե­նա­կան կեանք պար­գե­ւած Ք­րիս­տո­սէն՝ բա՛ց մեզ ­Տէր, բա՛ց մեզ ­Տէր, դէ­պի յա­ւի­տե­նա­կան կեանք ա­ռաջ­նոր­դող դու­ռը, ո­րով­հե­տեւ դո՛ւն ես մեր կեան­քի ճշմա­րիտ դու­ռը։

***
­Մեր ­Տի­րոջ ­Յի­սուս Ք­րիս­տո­սի ­Յա­րու­թեան տօ­նին ա­ռի­թով, ­Հայ­րա­պե­տա­կան օրհ­նու­թեամբ եւ քրիս­տո­նէա­կան ջերմ սի­րով կ’ող­ջու­նենք ­Հա­յաս­տա­նի ­Հան­րա­պե­տու­թեան նա­խա­գահ ­Նո­րին Վ­սե­մու­թիւն ­Սերժ ­Սարգ­սեա­նը, մաղ­թե­լով ար­դիւ­նա­շատ գոր­ծու­նէու­թիւն՝ ի սպաս մեր սի­րե­լի հայ­րե­նի­քին ու հայ­րե­նի ժո­ղո­վուր­դին։ ­Հայ­րա­պե­տա­կան օրհ­նու­թեամբ կ’ող­ջու­նենք նաեւ ­Լեռ­նա­յին ­Ղա­րա­բա­ղի ­Հան­րա­պե­տու­թեան վ­սե­մա­շուք նա­խա­գահ ­Բա­կօ ­Սա­հա­կեա­նը, մաղ­թե­լով նո­րա­նոր յա­ջո­ղու­թիւն­նե­րով լե­ցուն ծա­ռա­յու­թիւն՝ ի խնդիր Ար­ցա­խի մեր ժո­ղո­վուր­դին։

Եղ­բայ­րա­կան ջերմ սի­րով կ’ող­ջու­նենք Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ­Գա­րե­գին Բ. Ա­մե­նայն ­Հա­յոց ­Կա­թո­ղի­կո­սը, մաղ­թե­լով ե­կե­ղե­ցա­շէն ի­րա­գոր­ծում­նե­րով եր­կար գա­հա­կա­լու­թիւն։ Կ­’ող­ջու­նենք նաեւ Ե­րու­սա­ղէ­մի ­Հա­յոց ­Պատ­րիարք Ա­մե­նա­պա­տիւ Տ. ­Նուր­հան Արք. ­Մա­նու­կեա­նը եւ ­Կոս­տանդ­նու­պոլ­սոյ ­Հա­յոց ­Պատ­րիարք Ա­մե­նա­պա­տիւ Տ. ­Մես­րոպ Արք. ­Մու­թա­ֆեա­նը, ի­րենց մաղ­թե­լով բեղմ­նա­ւոր ծա­ռա­յու­թիւն հայ ե­կե­ղեց­ւոյ ան­դաս­տա­նէն ներս։

Հայ­րա­պե­տա­կան օրհ­նու­թեամբ ու հայ­րա­կան սի­րով կ’ող­ջու­նենք ­Մե­ծի ­Տանն ­Կի­լի­կիոյ ­Կա­թո­ղի­կո­սու­թեան թե­մա­կալ ա­ռաջ­նորդ­նե­րը, հո­գե­ւոր դա­սը, ազ­գա­յին իշ­խա­նու­թիւն­նե­րը, մեր ժո­ղո­վուր­դի կեան­քին մէջ գոր­ծող կազ­մա­կեր­պու­թիւն­ներն ու միու­թիւն­նե­րը եւ մեր հա­ւա­տա­ցեալ ժո­ղո­վուր­դը։
Կ­’ա­ղօ­թենք առ Աս­տո­ւած, որ ­Յա­րու­ցեալ Փրկ­չին յաղ­թա­նա­կով զօ­րա­ցած ի­րենց կեան­քը ապ­րին մեր ժո­ղո­վուր­դին սի­րե­լի զա­ւակ­նե­րը։

ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ
ՄԵԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ