alt «Անձ­նա­տո­ւու­թիւ­նը էա­պէս ըն­թացք մըն է, որ­մով կը սկսինք բա­ցատ­րե­լու, փո­խա­նակ՝ գոր­ծե­լու»:
­Շարլ ­Փե­կի, ֆրան­սա­ցի հայ­րե­նա­սէր

բա­նաս­տեղծ, զոհ պա­տե­րազ­մի (1873-1914)

Ին­ծի պէս շա­տեր կը հե­տե­ւին, հե­տե­ւած պի­տի ըլ­լան 100+1ի նա­խօ­րեա­կին, նոյն օ­րը եւ յա­ջոր­դող օ­րե­րուն տրո­ւած տե­ղե­կու­թիւն­նե­րուն՝ ձեռ­նարկ­նե­րու թղթա­կ­ցու­թիւն­նե­րուն, յայ­տա­րա­րու­թիւն­նե­րուն, ճա­ռե­րուն, ո­րոնք հա­զո­ւա­դէ­պօ­րէն վա­ղո­ւան տե­սիլ­քի մա­սին կը խօ­սին:

­Սո­վո­րա­բար կ­՚ը­սո­ւի, որ պէտք չէ քննա­դա­տել ե­ղած­նե­րը: ­Լաւ է, որ ա­նոնք կ­՚ըլ­լան: ­Սա­կայն տա­րե­լի­ցէ մը ա­ռաջ եւ վերջ, ի՞նչ պէտք է ը­նել ազ­գի մէ­կու­թիւ­նը եւ ինք­նու­թիւ­նը պա­հել-վե­րա­կանգ­նե­լու հա­մար: Ա­ռանց պա­հել-վե­րա­կանգ­նե­լու մնա­յուն լա­րու­մին եւ կեն­սա­գործ­ման, «տօ­նել-տօ­նախմ­բե­լու» խա­ղը կը շա­րու­նա­կո­ւի:

«­Փան-թիւր­քիզմ»ին նպաստ բե­րե­լու կո­չո­ւած ատրպէյ­ճա­նա­կան նա­խա­յար­ձա­կու­մը ցե­ղաս­պա­նու­թեան 100+1 տա­րե­լի­ցին ազ­գա­սի­րա­կան-քա­ղա­քա­կան-յու­զա­կան բո­վան­դա­կու­թիւն տո­ւաւ: ­Սա­կայն ոչ երբ մենք մե­զի հետ ենք եւ ոչ ալ «քա­ղա­քա­կան» մա­կար­դա­կի վրայ, օ­րա­կարգ չե­ղաւ ՀԱՅՐԵՆԱՀԱՆՈՒ­Մը, ո­րուն ռազ­մա­վա­րա­կան շա­րու­նա­կու­թիւնն է ապ­րիլ ամսուան ա­ռա­ջին օ­րե­րուն Ար­ցա­խի դէմ շղթա­յա­զեր­ծո­ւած նա­խա­յար­ձա­կու­մը:
­Ցե­ղաս­պա­նու­թեան զո­հե­րը կրնանք սգալ: ­Հայ­րե­նա­հա­նումն է քա­ղա­քա­կան հար­ցը, որ չ­՚ար­ծար­ծո­ւիր: Ո­րուն ազ­գա­յին գա­ղա­փա­րա­խօ­սու­թեամբ պա­տաս­խան չենք տար:

­Հայ­րե­նա­հան­ման դէմ քա­ղա­քա­կան պա­տաս­խա­նը հայ­րե­նա­տի­րու­թի՛ւնն է:

Իսկ այդ հայ­րե­նա­տի­րու­թիւ­նը ներ­կա­յու­թեամբ կ’ըլ­լայ: Ար­տա­գաղ­թը հայ­րե­նա­տի­րու­թեան հա­կա­ռակն է: ­Հայ­րե­նա­դար­ձու­թեան բա­ցա­կա­յու­թիւ­նը, իր կար­գին, հայ­րե­նա­տի­րու­թեան հա­կա­ռակն է, զայն կը փոր­ձենք փո­խա­րի­նել բա­րե­սի­րու­թեամբ, օ­ժան­դա­կու­թեամբ, ճա­ռե­րով: Այս չի նշա­նա­կեր, որ սփիւռ­քի նպաս­տը ար­հա­մար­հե­լի է, բայց ան իս­կա­կան պա­տաս­խա­նը չէ հայ­րե­նա­հան­ման:

­Հայ­րե­նա­դար­ձու­թիւ­նը ազ­գա­յին նպա­տա­կաս­լաց ռազ­մա­վա­րու­թիւն է, որ ուղ­ղու­թիւն պէտք է տայ մեր բո­լոր նա­խա­ձեռ­նու­թիւն­նե­րուն: Ան էա­կան նշա­նա­կու­թիւն ու­նի հայ­րե­նի­քին հա­մար, ինչ­պէս որ ան կայ այ­սօր, բո­վան­դա­կու­թիւն կու տայ հայ­կա­կան պա­հան­ջա­տի­րու­թեան, եւ հայ­րե­նա­հա­նո­ւած­նե­րը, նե­րա­ռեալ ար­տա­գաղ­թող­նե­րը, կը փրկէ ու­ծա­ցու­մէ: Ճ­կոյ­թի ե­տին պէտք չէ թաք­նո­ւիլ: Ա­ռանց հայ­րե­նա­դար­ձու­թեան, գա­ղութ­նե­րը հզօր ըլ­լան կամ տկար, դա­տա­պար­տո­ւած են ու­ծաց­ման: Ան­մի­ջա­կան ներ­կա­յի յու­սադ­րիչ պատ­կեր­նե­րը եւ աղ­մու­կը վա­ղո­ւան ե­րաշ­խիք չեն: ­Լա­ւա­տե­սու­թիւ­նը դրա­կան վե­րա­բե­րում է, սա­կայն պճեղ մըն ալ ի­րա­տե­սու­թիւն օգ­տա­կար է: ­Բա­ժա­կին լե­ցուն մա­սով խան­դա­վա­ռո­ւիլ հե­ռա­տե­սու­թիւն չէ, պէտք է դի­տել նաեւ բա­ժա­կին դա­տարկ մա­սը: Իսկ մեծ գիտ­նա­կան ըլ­լա­լու կա­րիք չկայ տես­նե­լու հա­մար, որ այդ դա­տարկ մա­սը կ’ա­ճի, ո­մանք կ’ը­սեն՝ ա­րագ, ու­րիշ­ներ կ’ը­սեն՝ դան­դաղ:

­Հայ­րե­նա­դար­ձու­թեամբ ոչ միայն հայ­րե­նա­տէր կ’ըլ­լանք, այլ տէր կը մնանք մեր լե­զո­ւին, ա­նով հա­սած մշա­կոյ­թին եւ ինք­նու­թեան: Իսկ բազ­մա­գոյն սփիւռք­նե­րը կը կորսնց­նեն լե­զուն, այդ ըն­թաց­քը ան­յեղ­լի է, հա­կա­ռակ հե­րո­սա­կան ճի­գե­րու, հին եւ նոր հայ­կա­կան վար­ժա­րան­նե­րու: ­Հայ­րե­նա­հան­ման ան­մի­ջա­կան հե­տե­ւանք է հայ­րե­նա­հա­նո­ւած­նե­րու սպառ­նա­ցող մշա­կու­թաս­պա­նու­թիւ­նը, որ իր լրու­մին կը հասց­նէ վե­րապ­րած­նե­րու եւ ա­նոնց ժա­ռանգ­նե­րու ա­նա­րիւն սպա­նու­թիւ­նը:

Ֆ­րան­սա­յի հա­րա­ւը կը բնա­կին պաս­քեր, ֆրան­սա­ցի են, գա­ղութ չեն: Ա­նոնք կառ­չած են ի­րենց լե­զո­ւին, որ ըն­դու­նո­ւած է որ­պէս «շրջա­նա­յին լե­զու»: ­Հա­յե­րէ­նը նման ի­րա­վի­ճակ չու­նի ­Հա­յաս­տա­նէն դուրս, քա­նի որ հա­յե­րը ի­րենց ապ­րած եր­կիր­նե­րուն մէջ շրջա­նա­յին ար­մատ­ներ չու­նին, պատ­մու­թիւն չու­նին, գաղ­թա­կան էին եւ հի­մա քա­ղա­քա­ցի են, ի­րա­ւունք­նե­րով եւ պար­տա­ւո­րու­թիւն­նե­րով:

Պաս­քե­րը ի­րենց հո­ղին վրայ են, պատ­մա­կան ար­մատ­նե­րով: ­Հե­ռա­տե­սի­լա­յին հա­ղորդ­ման մը ըն­թաց­քին, պասք կին մը ը­սաւ, որ «ե­թէ կորսնց­նենք լե­զուն, պի­տի մնայ բա­ցիկ­նե­րու (carte postale) վրայ մնա­լու մխի­թա­րու­թիւ­նը»: Իսկ ի՞նչ պի­տի մնայ հայ­կա­կան սփիւռք­նե­րէն, երբ ա­նոնց ոտ­քին տակ հայ­րե­նի հող չկայ եւ երբ կոր­սո­ւի նաեւ լե­զուն: Ին­տո­նե­զիոյ հայ­կա­կան ե­կե­ղե­ցին զբօ­սաշր­ջիկ­նե­րուն ցոյց կը տրո­ւի որ­պէս երկ­րի ա­մե­նա­հին քրիս­տո­նէա­կան տա­ճա­րը… ­Խիստ յու­զիչ: ­Բայց ի՞նչ ը­նե­լու հա­մար: ­Յե­տո՞յ…

100+1: 100+2ին հայ­րե­նի պե­տու­թիւ­նը, սփիւռք­նե­րու կազ­մա­կեր­պու­թիւն­նե­րը եւ միու­թիւն­նե­րը պի­տի ը­սե՞ն, թէ ինչ­պէ՛ս հայ­րե­նա­հան­ման չա­րի­քին դէմ պայ­քա­րե­ցան եւ քա­նի հա­րիւ­րի, հա­զա­րի կամ տա­սը հա­զա­րի հայ­րե­նա­դար­ձու­թիւ­նը ի­րա­կա­նա­ցու­ցին:
­Մեր գնա­հա­տում­նե­րը ըստ հայ­րե­նա­դար­ձու­թեան ը­նե­լու ի­րա­տե­սու­թիւ­նը եւ յանդգ­նու­թիւ­նը կ­՚ու­նե­նա՞նք:

­Միայն հայ­րե­նա­դար­ձու­թեամբ կա­րե­լի է պայ­քա­րիլ հայ­րե­նա­հան­ման դէմ:
­
Հայ­կա­կան սփիւռք­նե­րուն կա­րե­լի կ’ըլ­լա՞յ այս պարզ ազ­գա­յին գա­ղա­փա­րա­խօ­սու­թիւ­նը ներշն­չել: ­Պէտք է մտա­ծել եւ գոր­ծել ֆրան­սա­ցի հայ­րե­նա­սէր բա­նաս­տեղ­ծին պէս .- «Անձ­նա­տո­ւու­թիւ­նը էա­պէս ըն­թացք մըն է, որ­մով կը սկսինք բա­ցատ­րե­լու, փո­խա­նակ՝ գոր­ծե­լու»: Ս­փիւռ­քը մնա­յուն հա­մա­րե­լու ըն­թաց­քին կա­րե­լի՞ է անձ­նա­տո­ւու­թե­նէ այլ բնո­րո­շում տալ:

Յ. ՊԱԼԵԱՆ