Շատ վատ է, որ Թուրքիոյ նախագահ Էրտողան կ՚ուզէ դատի տալ գերմանացի երգիծաբանը զինք վիրաւորելուն համար... Սակայն
աւելի մեծ խայտառակութիւն է Գերմանիոյ վարչապետ Անկելա Մերքելի արտօնութիւնը դատական գործընթաց սկսելու՝ 19րդ դարու օրէնքին հիման վրայ...
Ըստ այս ժամանակավրէպ օրէնքին՝ բոլոր անոնք, որոնք կը վիրաւորեն ոեւէ օտարերկրացի ղեկավար, կրնան դատական կարգով պատասխանատւութեան ենթարկուիլ՝ ստանալէ ետք Գերմանիոյ կառավարութեան համաձայնութիւնը: Այժմ Էրտողանը համալրեց Իրանի շահ Մուհամմէտ Ռեզա Փահլաուիի եւ Չիլիի առաջնորդ Աւկուսթօ Բինոչեթի բռնատիրական շարքերը, որոնք համանման դատական հայցեր ներկայացուցած էին Գերմանիոյ մէջ:
Մերքել սկիզբը կը պաշտպանէր Գերմանիոյ քաղաքացիին ազատ մամուլի եւ կարծիք յայտնելու իրաւունքը՝ ի տարբերութիւն Թուրքիոյ անմարդկային օրէնքներուն, սակայն անամօթաբար ընկրկեցաւ Էրտողանին առջեւ, երբ վերջինս սպառնաց Եւրոպան հեղեղել Սուրիոյ փախստականներով՝ անոնց արտահոսքը կանխելու համար քանի մը միլիառ տոլար ստանալէն ետք...
Կը թուի, թէ Մերքել, Օպամա եւ ուրիշներ չեն հասկնար, որ ամբարտաւանին զիջումներ ընելը պիտի յանգեցնէ աւելի շատ սպառնալիքներու: Զայն կանգնեցնելու միակ միջոցը պարզապէս «ո՛չ» ըսելն է: Բնականաբար, Էրտողան պիտի յայտնուի ջղագրգռութեան մէջ, ինչպէս շփացած փոքրիկ` պիտի սպառնայ եւ, հաւանաբար, ետ պիտի կանչէ իր դեսպանը... Սակայն, որոշ ժամանակ ետք, ան պիտի հասկնայ, որ չի կրնար իր կամքը պարտադրել Թուրքիոյ սահմաններէն դուրս, եւ որ մնացեալ աշխարհը ամէնեւին ալ պիտի չենթարկուի իր սուլթանական հրահանգներուն...
Արդէն քանի մը տասնամեակ է, որ ամերիկեան, բրիտանական եւ իսրայէլեան ղեկավարները թոյլ կու տան միեւնոյն նուաստացուցիչ սխալը՝ խոնարհելով Էրտողանի եւ անոր նախորդներու սպառնալիքներուն առջեւ՝ չարտասանելով «Հայոց Ցեղասպանութիւն» բառերը: Եթէ առաջին օրէն այդ ղեկավարները պարզապէս ո՛չ ըսէին, իրենք զիրենք պիտի ազատէին տարիներ շարունակ հնչող սպառնալիքներէն... Ցաւօք, անոնք կ՚արտօնեն, որ «պոչը թափահարէ շունը»...
Այժմ Մերքել սայթաքած է՝ թուրք ամբարտաւանը հանգստացնելու համար: Ան կոպիտ սխալ ըրած է՝ արտօնելով գերմանացի երգիծաբանին հետապնդումը, Էրտողանի բարեկամութիւնը շահելու համար... Շուտով Թուրքիոյ նախագահը նոր պահանջներ պիտի ներկայացնէ Գերմանիոյ վարչապետին սուրիացի փախստականներուն եւ բազմաթիւ այլ հարցերու վերաբերեալ, ինչպէս օրինակ Յունիսին Պունտեսթագի մէջ նախատեսուած Հայոց Ցեղասպանութեան վերաբերեալ քուէարկութիւնը, որ արդէն քանի մը անգամ յետաձգուած է թրքական սպառնալիքներուն պատճառով:
Մերքելի անխոհեմ եւ հակաժողովրդավարական քայլը կրնայ պառակտել «համախառն մեծ» կառավարութիւնը: Գերմանիոյ խորհրդարանի ձախ կեդրոնամէտ սոցիալ-դեմոկրատներու առաջնորդ Թոմաս Օպերմանը քննադատած է անոր որոշումը՝ կոչ ընելով վարչապետին չեղեալ համարելու ժամանակավրէպ օրէնքը: Օպերման զգուշացուցած է՝ օտարերկրեայ պետութիւններու ղեկավարները պէտք չէ օգտուին յատուկ իրաւունքներէ Գերմանիոյ քաղաքացիները դատի տալու համար:
Մերքելի կառավարութեան երկու ազդեցիկ նախարարները նոյնպէս ընդդիմացած են անոր որոշման: Արտաքին գործոց նախարար Ֆրանք-Վալդեր Շթայնմայըր եւ արդարադատութեան նախարար Հէյգօ Մաաս յայտարարած են.- «Կարծիք յայտնելու ազատութիւնը, լրատուամիջոցները եւ մշակոյթը մեր Սահմանադրութեան ամենամեծ հարստութիւնն են»:
Բացի այդ, ըստ վերջին հարցախոյզին, գերմանական հանրութեան երկու երրորդը դէմ է երգիծաբանը դատելու Մերքելի որոշման: Իսկ վերջին քանի մը օրերու ընթացքին անոր վարկանիշը 56 տոկոսէն իջած է 45ի: Ըստ այլ հարցումի մը՝ մասնակիցներուն 66 տոկոսը դէմ է երգիծաբանի նկատմամբ քրէական հետապնդում իրականացնելուն, եւ միայն 22 տոկոսը՝ կողմ: Գերմանական ZDF հեռուստակայանը, որ ցուցադրած է Էրտողանի մասին երգիծաբանի տեսանիւթը, լիակատար իրաւական աջակցութիւն խոստացած է նախաքննութեան ընթացքին:
Եւրոպական յանձնաժողովի նախագահ Ժան-Քլոտ Իւնքերը նոյնպէս քննադատած է Էրտողանի անընդունելի անհանդուրժողական արձագանգը: Ըստ թրքական «Հիւրիեթ» թերթին՝ Իւնքեր խոստացած է փոխ-զիջման չերթալ եւրոպական արժէքներու հարցով՝ Անգարայի գաղթականներու հոսքերը կանգնեցնելու դիմաց: «Չեմ կրնար հասկնալ, թէ ինչպէ՞ս կրնան Գերմանիոյ դեսպանը կանչել դաժան երգիծական երգի համար»,- ըսած է Իւնքեր Ապրիլ 13ին: «Ատիկա Թուրքիան մեզի աւելի մօտ չի դարձներ, այլ աւելի կը հեռացնէ մեզ իրարմէ»:
Ինչպէս կը յայտնէ «Նիւ Եորք Թայմզ» թերթը՝ Էրտողան գրեթէ 2000 բողոք ներկայացուցած է Թուրքիոյ մէջ զինք վիրաւորելու համար մեղադրուող անձերու դէմ: Թուրքիոյ նախագահը արդէն մասնաւոր հայց ներկայացուցած է գերմանական դատարան՝ ընդդէմ երգիծաբանին, որուն մեղաւոր ճանչնալու պարագային կը սպառնայ երեք տարուան ազատազրկում կամ անորոշ տուգանք:
Երգիծաբան Եան Պոհմերման իր երգիծական բանաստեղծութեան մէջ կ՚ակնարկէ այծերու հետ սեռական յարաբերութիւններու եւ փոքրամասնութիւնները ճնշելու մասին: Ան Էրտողանը անուանած է «սիւնի պէս խուլ, վախկոտ, կատղած» եւ «այլասերուած, ոջիլոտ... մանկական պոռնոֆիլմեր դիտելով քիւրտերուն ոտքով զարնող եւ քրիստոնեաները հարուածող»:
Անկախ անկէ, թէ որքան վիրաւորական կրնայ ըլլալ բանաստեղծութիւնը, գրողը պէտք է իրաւունք ունենայ ազատօրէն արտայայտելու իր կարծիքը: Երրորդ աշխարհի բռնատիրական ղեկավար Էրտողանի համար քայլ մըն է ճնշել լրատուամիջոցները, եւ բոլորովին այլ քայլ է՝ արեւմտաեւրոպական ժողովրդավարական խոշոր երկրի ղեկավարի համար կողմնակից ըլլալ մերձաւոր-արեւելեան ֆաշական պետութեան սուլթանին հետ:
Այս առումով՝ Մերքելի արարքը շատ աւելի դատապարտելի է, քան Էրտողանինը...
ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ
«Քալիֆորնիա Քուրիըր»