
Պատերազմ է: Գերարդիական զէնքերով: Մահերով:
Ազատ եւ ժողովրդավարական երկիրներու գաղափարական-քաղաքական չափանիշներով դիտել Արցախի շուրջ
տեղի ունեցող իրադարձութիւնները` ոչ մէկ լուծման կ’առաջնորդէ:
Իրաւունք, պատմութիւն, ճշմարտութիւն եւ այդ կարգի գեղահունչ բառեր նոյն իմաստը չունին ժողովրդավարական ազատ աշխարհին եւ թուրք-ազերիին համար:
Այսքանը եթէ չհասկցուի ինքնակոչ իրաւարարներու եւ հաշտութեան համար երթեւեկողներու կողմէ, ոչ մէկ հարց կը լուծուի:
Բանակցելու համար՝ արժէքներու հասարակ յայտարար պէտք է:
Այս հիմնական տարբերութիւնը ինչո՞ւ մենք չենք բացատրեր մարգարէական լուծումներ փնտռող, երթեւեկող եւ առաջարկող իրաւարարներուն:
Թուրքին եւ ազերիին համար (այս վերջինի դիմագիծը որոշ է գէթ արցախցիին համար, որ զայն կը կոչէ պարզապէս «թորք», ինչ որ բանագնացները չեն լսեր, թերեւս չեն լսած) ջարդել, կողոպտել, ուրիշի իրաւունքը խլել՝ ծինային մշակոյթ է:
Թուրքին համար հակիրճ տրամաբանութիւնը հետեւեալն է. «Ինչ որ իմ սեփականութիւնս է, ինծի կը պատկանի, ինչ որ քու սեփականութիւնդ է, ան ալ ինծի կը պատկանի»:
Ըլլալով եկուորներ, այն բոլորը, որ այսօր կը ներկայացուի որպէս թրքական կամ ազերիական, ուրիշի սեփականութիւն են, բռնագրաւուած:
Ինչպէ՞ս Թուրքիան կրնայ ըսել, որ Կոստանդնուպոլսոյ Սուրբ Սոֆիա եկեղեցին թրքական է, ինչպէ՞ս միջազգային հանրային կարծիքը կ’ընդունի այդ բիրտ բռնագրաւումը եւ կը հաշտուի զէնքի ուժով հաստատուած կատարուած իրողութեան հետ:
Ինչպէ՞ս հայոց թագաւորութեան մայրաքաղաք Անին կրնայ ըլլալ թրքական եւ անոր մայր տաճարը արձանագրուի որպէս թրքական մշակութային ժառանգութիւն:
Կը պատահի՞, որ աշխարհի մեծերը եւ իրաւարարները այս պարզ հարցումները իրենք իրենց ուղղեն... բանակցութիւններու սեղանին շուրջ նստելէ առաջ, որպէսզի արդար իրաւարար ըլլան:
Իրաւարար մը կ’ըլլայ արդար կամ անարդար:
Անարդար իրաւարարին ուրիշ անուն պէտք է տալ: Այդ անունները մեզմէ իւրաքանչիւրը կրնայ գտնել բառարաններու մէջ, անոնք կրնան քիչ մը աւելի, քիչ մը պակաս վիրաւորական ըլլալ: Պարզ պէտք է ըլլայ, որ կեղծ իրաւարարներուն կորաքամակ շռայլանք պէտք չէ շնորհել, երբ իրաւարարի պարեգօտ կը հագնինք:
Ասկէ առաջ ալ գրած եւ ըսած եմ, որ իսկական միջազգային պատմահետախուզական քննութիւն պէտք է կատարել գիրքերու մէջ` Արցախի տէրերը ճշդելու համար:
Արցախի ամբողջ տարածքին պատմահետախուզական աշխատանք պէտք է կատարեն իրաւարարները` քննելու համար պատմական յուշարձանները, ճշդելու համար, թէ ո՞ր ժողովուրդի գործերն են անոնք, պատմութեան ո՞ր ժամանակէն ի վեր:
Եթէ ուժ ունենանք՝ կարենալ ազդելու հանրային կարծիքին եւ միջազգային որոշումներուն վրայ, կրնա՞նք մենք մեզ տէր հռչակել Փերուի, Ալասքայի կամ Թասմանիոյ…
Եթէ նման որոշում կայացուի՝ ատիկա արդարութի՞ւն կ’ըլլայ:
Այսօր այդպէս է թուրքին տիրապետութիւնը բռնագրաւուած Հայաստանի պարագային, ան նման տիրապետութիւն կ’ուզէ ձեռք բերել Արցախի վրայ:
Ինչո՞ւ այսքան անկուշտ ախորժակ ունին թուրքերը:
Եթէ մեծ դիւանագէտներ չեն ուզեր այս հարցման պատասխան տալ, մենք եւ մեր իրաւ բարեկամները ինչո՞ւ չենք խօսիր թուրքի հետապնդած բացորոշ կերպով յայտարարուած նպատակի մասին:
Ոչ ոք կը խօսի փան-թիւրքիզմի մասին:
Ինչպէս հայ քաղաքական գործիչ մը օր մը ըսաւ՝ փան-թիւրքիզմը քաղաքական խրտուիլակ մըն է, զոր հայերը կը շինեն իրենք զիրենք վախցնելու համար:
Բայց «փան-թիւրքիզմ»ը խրտուիլակ չէ, իսկական միջազգային վտանգ է:
Միջազգային հանրային կարծիքը եւ քաղաքական գործիչները չեն ուզեր տեսնել վտանգը, կարճ յիշողութեամբ կը մոռնան ըսուածները եւ դէպքերը:
Թուրքիոյ նախագահներէն մին` Սուլէյման Տեմիրէլ, յայտարարած էր, որ թրքութիւնը կը տարածուի Եգէական ծովէն մինչեւ Չինաստան: Այս յայտարարութիւնը խօսքի սահմանէն անդին անցաւ, երբ Թուրքիան սպառնալիքի տակ պահող Խորհրդային Միութիւնը փուլ եկաւ, Թուրքիոյ մէջ կազմակերպուեցաւ թրքալեզու ժողովուրդներու խորհրդաժողով` միացման առաջին քայլ առնելու պէս:
Այդքան ալ հին չէ այս պատմութիւնը:
Ուրիշ նախագահ մը` Թուրկութ Օզալ, Արցախեան Ազատամարտի առաջին օրերուն, հայերուն սպառնաց` յիշեցնելով 1915ի դասը:
Ֆրանսացիները կ’ըսեն, թէ իրողութիւնները յամառ են (les faits sont tՍtus): Յստակ միտում ունեցող յայտարարութիւնները պէտք չէ մոռնալ, հարկ է զանոնք յիշել եւ յիշեցնել եւ ըստ այնմ առաջնորդուիլ ու գործել:
Հայաստան եւ հայութիւն կը գտնուին այդ «փան-թիւրքիզմ»ի կառուցման ճամբուն վրայ, սեպ կամ պատնէշ, անոր իրականացման համար Հայաստան եւ հայութիւն պէտք է ջնջուին:… Պէտք է երբեմն դիտել քարտէսին վրայ գծուածները:
Այս յիշեցումները նախ մեզի կը վերաբերին, որպէսզի մեր բարեկամներուն եւ նուազ բարեկամներուն հետ մեր խօսքը յստակ ըլլայ: Այդ յստակութիւնը օգտակար կ’ըլլայ նաեւ իրենց՝ անմիջականի ճնշումէն անդին անցնելով իրենց՝ այսօրուան եւ վաղուան քաղաքականութիւնը ճշդելու համար: Արցախեան հարցը միջազգայնացնելու համար զայն պէտք է, որ կարենանք շրջանային խնդիր ըլլալու սահմաններէն դուրս հանել, այդ պարագային է, որ միջազգային հանրային կարծիքը կը լուսաբանուի, եւ քաղաքական առաջնորդներ իրենց նախաձեռնութիւններուն կու տան հեռանկարային բովանդակութիւն:
Շրջանին մէջ Հայաստանի գործակից Ռուսիոյ պէտք է յիշեցնել այս տուեալները, եթէ արդէն իր ղեկավարները այդ չեն գիտեր՝ ըսելով, թէ ի՛նչ կ՚ըլլան հետեւանքները, երբ կը զինեն Ատրպէյճանը:
Այդ զէնքերով Ատրպէյճան պիտի չկռուի ո՛չ Թուրքիոյ, ո՛չ Վրաստանի եւ այսօր ո՛չ ալ Ռուսիոյ դէմ:
Հայաստանի դէմ կռուելով` Ատրպէյճան կը նպաստէ «փան-թիւրքիզմ»ին՝ վտանգելով նոյնինքն Ռուսիան:
ՅԱԿՈԲ ՊԱԼԵԱՆ