Պարզ զուգադիպութեամբ, Կովկասի մէջ ռազմական լայնածաւալ բախումներու երկու իրադարձութիւնները՝ Վրաստան-Ռուսիա 2008ին եւ Ապրիլի առաջին շաբաթը Արցախի արեւելեան ճակատի երկայնքին, որոնք իրաւմամբ յատկանշուեցան որպէս «պատերազմ»ի, տեւեցին հինգ օր եւ արդէն ծանօթ են որպէս հնգօրեայ պա
տերազմներ:
Առաջին պարագային, սակայն, կովկասեան տարածաշրջանի ռազմաքաղաքական կացութիւնը փոխուեցաւ: Վրաստանի այն ժամանակուան նախագահ Սահաշկավիլիի արկածախնդրութիւնը, որուն դրդապատճառներու յետին ծալքերը այնպէս ալ դեռեւս չեն յստակացած, սուղ նստեցաւ երկրին վրայ.- Հարաւային Օսեթիայի ուղղութեամբ սկսած վրացական յարձակողանը շատ շուտ կերպով կասեցուեցաւ ռուսական ուժերուն կողմէ, որոնք հակայարձակողականի անցնելով՝ մտան վրացական հողատարածք եւ առաջացան Թիֆլիսի ուղղութեամբ:
Թէ ի՞նչ ուժեր Սահաշկավիլիին այդ ատեն վստահեցուցած էին, թէ Մոսկուայի մադտահրաւէր ուղղելու պարագային՝ պիտի ունենար Արեւմուտքին նեցուկը, ծանօթ չէ. յաջորդ օրերու իրադարձութիւնները եկան ցոյց տալու, որ օրին Ճորճ Պուշի վարչակարգին մէջ ջղագրգռութիւն կար, ինչ որ նշան էր շատ աւելի անզօրութեան եւ հակազդեցութեան այլընտրանքներու անորոշութեան:
Եւրոպական Միութիւնը, սակայն, օրուան նախագահ Սարքոզիի գործուն միջամտութեամբ յստակ դարձուց, որ կը բացառէ Ռուսիոյ հետ առճակատման երթալու որեւէ ռիսք:
Մոսկուա, իր կարգին, հնգօրեայ պատերազմին իր կայծակնային յաղթանակը շատ շուտով քաղաքական ձեռքբերումի վերածեց. Մետվետեւ-Փութին կառավարութիւնը ի լուր աշխարհի ցոյց տուաւ տարածաշրջանի մէջ իր տիրակալութիւնը, յստակացուց ՆԱԹՕի յառաջընթացի «կարմիր գիծեր»ը եւ առիթ չկորսնցուց Միացեալ Նահանգներու եւ անոր եւրոպացի կարգ մը դաշնակիցներու միակողմանի կերպով նոյն տարուան Փետրուարին Քոսովոյի անկախութեան ճանաչման պատասխանը տալու՝ իր կողմէ միակողմանիօրէն ճանչնալով Աբխազիոյ եւ Հարաւային Օսեթիոյ անկախութիւնները:
Թէ որքանո՞վ Մոսկուա անուղղակիօրէն կը փափաքէր այս անհրաժեշտ եւ հաշուարկուած ռիսքով կարճ պատերազմը եւ, հետեւաբար, անոր մղիչ ուժն էր, ինչպէս սադրանքային տրամաբանութեան (conspiracy theory) ամաթէօրները պիտի պնդեն, քննարկելի հարց է: Յստակ է, որ Մոսկուա պատրաստ էր արագօրէն դիմագրաւելու վրացական յարձակում մը, որովհետեւ իր ուժերը արդէն կուտակած էր ռազմաճակատին վրայ եւ ձախողեցուց այն, ինչ կը թուէր ըլլալ վրացական ռազմավարութիւնը՝ զինուորական յառաջխաղացքը շարունակել առնուազն քառասունութ ժամ, որու ընթացքին կացութիւն կրնար փոխուիլ տարածաշրջանին մէջ եւ Թիֆլիս կրնար տարբեր դիրքերէ բանակցիլ Հարաւային Օսեթիոյ եւ Աբխազիայի հարցերով:
Մէկ խօսքով՝ Կովկասի առաջին հնգօրեայ պատերազմին Ռուսիա դերակատար էր:
Արցախի արեւելեան ճակատի երկայնքին ատրպէյճանական լայնածաւալ յարձակումը տարբեր գնահատանքի արժանացաւ Մոսկուայի կողմէ, եթէ հետեւինք Մետվետեւի հրապարակային յայտարարութիւններուն: Կացութեան փոփոխութեան հարց չկայ հոս, որովհետեւ որքան ալ որ ծանրակշիռ եւ ահազանգային եղաւ զինադադարէն ի վեր աննախընթաց այս ռազմական բախումը, Կովկասի երկրորդ հնգօրեայ պատերազմը, ի վերջոյ, նոյն ստատուս քուօն է:
Թէ՛ յառաջապահ դիրքերու իրավիճակին մանրամասնութիւնները, որքան ալ որ զինուորական իմաստով կարեւորուին, թէ երկուստեք զոհերու քանակը վերջին հաշուով քաղաքական գնահատանք պիտի ստանան ներքին թէ արտաքին ճակատներու վրայ՝ երկու կողմերու առաջ տարած յարաբերական եւ քարոզչական աշխատանքներու արդիւնքով: Այլ խօսքով՝ հնգօրեայ պատերազմին շարունակութիւնը պիտի ըլլայ արդէն սկսած քաղաքական պայքարը:
Պատերազմի մասին իր հանրածանօթ ուսումնասիրութեան մէջ, բրուսիացի զինուորական Գլաուսեվից պատերազմը բանաձեւած է որպէս քաղաքականութեան շարունակութիւնը: Արցախեան պատերազմը այն պարագաներէն է, որ Գլաուսեվիցի բանաձեւումը պէտք է ընկալուի հակառակ իմաստով. քաղաքականութիւնը աւարտ չունեցող պատերազմի շարունակութիւնն է: Կացութիւնը այդպէս ընկալած է Ատրպէյճան, որ շահագրգռուած է ստատուս քուօի խախտումով եւ եթէ նման մօտեցում չունենայ նաեւ Հայաստանը, ապա եւ քաղաքական գետնի վրայ տեղի պիտի տայ եւ, յոռեգոյն պարագային, կրնայ եւ օր մը պատերազմը կորսնցնել, թէկուզ եւ առանց ոչ մէկ փամփուշտ կրակելու...
Այս կը նշանակէ, որ եթէ մէկ կողմէ հայ ժողովուրդը ցոյց տուաւ, որ ի հեճուկս «սուլթան» Ալիեւի այն համոզումին, թէ նման կացութիւններ յուսալքութեան կը տանին... վերապրումի առողջ բնազդով պատրաստ է հայրենիքը պաշտպանելու: Արցախը պահելու կենսական անհրաժեշտութեան գիտակցութիւնը հարցականի տակ չի դրուիր:
Բայց նաեւ հայ պետական-քաղաքական շրջանակներու մէջ ալ ստատուս քուօի առաւելութիւնը պէտք է այլեւս հարցականի տակ դրուի: Որքան ալ որ Մոսկուայի դիրքը Արցախեան հարցով հարիւր տոկոսով տարբեր է Աբխազիոյ եւ Հարաւաձին Օսեթիոյ պարագաներէն եւ այդ մասին հրապարակային իր յայտարարութիւնները բարացուցական են: Մոսկուա գիտակի՞ց է ստատուս քուօի ռիսքին: Եթէ Մետվետեւի ափ-աշկարա խոստովանութեան հետեւինք՝ ապա եւ յստակ կը դառնայ, որ Մոսկուա ոչ միայն գիտակից է այդ ռիսքին, պարզ եւ մեկին՝ պատերազմական գործողութիւններու վերսկսումին, այլեւ շահագրգռուած է անով, որպէսզի շարունակէ երկու կողմերուն զէնք վաճառել:
Այլապէս, ըստ Ռէօթըրզի՝ ըսած է Ռուսիոյ Վարչապետը, Մոսկուա շուկայ կը կորսնցնէ, քանի Հայաստանն ու Ատրպէյճանը պիտի շարունակեն զէնք գնել ուրիշներէ: Նման պատերազմներն ալ առիթ կ՚ընծայեն, որպէսզի նոր զէնքերու որակը փորձարկուի գործնական գետնի վրայ...
Մեքսիքացիները յաճախ գանգատած են, որ իրենց երկրի դժբախտութիւնը Աստուծմէ այնքան հեռու եւ Միացեալ Նահանգներու այնքան մօտ ըլլալն է: Պահ մը մէկ կողմ դնելով Աստծոյ մօտ ըլլալու կամ չըլլալու հարցը, կարծես թէ Հայաստանի համար Ռուսիոյ այսքան մօտ ըլլալը, կամ տասնըիներորդ դարէն ի վեր Ռուսիոյ այսքան մօտենալը Հայաստանին նմանօրինակ գնահատանքի պէտք է արժանացնել...
Կը մնայ որ, ի տարբերութիւն Մեքսիքոյի, որ թերեւս կրնար Միացեալ Նահանգներէն «հեռանալու» համար աւելի համարկուիլ իր լատին-ամերիկեան շրջապատին հետ, ինչ որ, ի դէպ, ի վերջոյ չըրաւ եւ 1995ին մաս կազմեց Հիւսիս-ամերիկեան Ազատ Առեւտուրի Համաձայնագրին, Հայաստանը չունի այն շրջապատը, ուր կրնայ այլընտրանքային ելք տեսնել: Հետեւաբար, թէկուզ եւ լաւ իմանանք, որ Ցարերը խորքին մէջ ուզած են Հայաստան մը առանց հայու, որ Լինիեան Կոմիսարները չեն վարանած «համաշխարհային յեղափոխութեան» սեղանին զոհաբերելու Արցախն ու Նախիջեւանը, առանց տակաւին խօսելու Սեւրի Դաշնագրին եւ Արեւմտահայաստանի մասին, եւ այսօր զէնքի վաճառական Օլիկարգները թքած ունին Ատրպէյճանին իրենց վաճառած զէնքով սպաննուած հայ մանուկին վրայ, լափալիսեան ճշմարտութիւն է որ դեռեւս պիտի նայինք դէպի հիւսիս՝ ցարական, համայնավարական թէ դաշնային հանրապետութեան դիմակով հանդէս եկող կայսրութեան:
Կը մնայ ընդգծել, որ այս ճշմարտութիւնը, գոնէ անկախութենէն յետոյ, ոչ ճակատագրապաշտութիւն կը նշանակէ, ոչ ալ Ռուսիայէն մեր փրկութիւնը սպասելու խաբկանք:
Տասնիններորդ դարու հայ քաղաքական մտածողութիւնը, որ կազմաւորուեցաւ երկու կայսրութեանց միջեւ հայութեան բաժնուած պատմական իրավիճակի պայմաններուն մէջ, նման խաբկանք չէ ունեցած: Ստեփան Ոսկանէն մինչեւ Քրիստափոր Միքայէլեան՝ ռուսական նպատակներու նկատմամբ վերապահութիւնը բացայայտ եղած է, որովհետեւ անոր կայսերական բնոյթը վստահութիւն չէ ներշնչած երբեք: Բայց այլընտրանքը չէ եղած «Միութիւն թուրքերի հետ», ինչպէս խորագրած է Քրիստափոր՝ այս նիւթին մասին իր յօդուածներէն մէկը «Դրօշակ»ի մէջ: Այսօր նման այլընտրանք չկայ, ոչ ալ, ինչպէս որոշ շրջանակներ կը հաւատան, Ռուսիա կամ Արեւմուտքի այլընտրանք կայ:
Հայաստանի աշխարհաքաղաքական պայմանաւորումները յստակ են: Ինչ որ պէտք է յստակացնել ազգային շահերն ու առաջնահերթութիւններն են: Երբ ատենին Հայաստան վերանորոգեց ռուսական զինուորական խարիսխներու պայմանագիրը՝ քառասուն տարիներու վրայ, հանգուցեալ Վահան Յովհաննիսեանն էր, որ հարցականի տակ դրաւ առնուած քայլին իմաստութիւնը: Այսօր նախագահ Սարգիսեանն ու վարչապետ Աբրահամեանն են, որ Մոսկուայի մեր «ռազմավարական» դաշնակիցին հարց կու տան, թէ ինչո՛ւ Ատրպէյճանին զէնք կը վաճառէ եւ կը ստանան Մետվետեւի անբարտաւան պատասխանը, որուն մասին շատ հաւանաբար արդէն իսկ կասկած չունէին:
Աշխարհաքաղաքական իր կացութեան բերումով՝ Երեւան այսօր քիչ հաւանականութիւն ունի իր դաշնակիցին համոզելու, որ մէկ կողմ դնէ զէնքի վաճառականի իր տրամաբանութիւնը, երբ խնդիրը Կովկասի նման տարածաշրջանի մը պայթունավտանգութեան կը վերաբերի: Անիրապաշտութիւն է Հայաստանի Ռուսիայէն կախուածութեան իրավիճակին ժխտումը: Բայց այս մէկը խնդիր է, որուն լուծումի փնտռտուքը առաջնահերթային է: Ինքզինք պէտք չէ խաբել, որ Եւրոպական Միութիւնը կամ Միացեալ Նահանգները կրնան Ռուսիոյ փոխարինել՝ որպէս դաշնակիցի. ատիկա վտանգաւոր ցնորք է միայն:
Բայց պէտք է մտահոգուիլ, որ հարիւր-հազարաւոր քաղաքացիներ իրենց կենսական գոյութեան թէ կենսամակարդակի բարելաւման համար Ռուսիոյ կը նային՝ որպէս փրկութեան լաստի, երբ կարելի է օլիկարգներուն ընչաքաղցութեան համար բանական սահմաններ ճշդել եւ ձգտիլ ընկերային աւելի արդար կարգերու:
Հնգօրեայ պատերազմը երեւան հանեց հայ ժողովուրդի հայրենասիրութիւնը եւ ազգային յանձնառութեան մակարդակը: Պատմական առիթ ստեղծուած է, որ այս պահը՝ մոմե՛նտը հաստատագրուի եւ հայրենիքի համար զոհուելու պատրաստ քաղաքացին, հա՛յը ընդհանրապէս, հոն նաե՛ւ տեսնէ արժանապատիւ կեանքի եւ իրերայաջորդ սերունդներու ապագայի կարողականութիւն:
Այլապէս, եթէ այս մոմենտը անցնի եւ երկրի տնտեսական քաղաքականութիւնը նպաստէ ժողովուրդի մէկ տոկոսին յաւելեալ հարստացման, դէպի Ռուսիա արտագաղթելու ստիպուած քաղաքացին շուտով պիտի մոռնայ Մետվետեւի յայտարարութիւնը:
Ռուսիոյ Վարչապետին շատ ալ հոգը չէ այս մէկը, բայց ատիկա Ալիեւի ուզածն է։
Այդ մասին հրապարակային կերպով Ալիեւ յայտարարած է եւ այդ նպատակով ալ շղթայազերծած է այս վերջին հնգօրեայ պատերազմը:
Խ. Տէր Ղուկասեան