altԱր­տա­քին վտան­գը միա­ւո­րեց ազ­գը՝ ­Հա­յաս­տա­նէն սփիւռք:
10 մի­լիոն հա­շո­ւող հա­յու­թիւ­նը վե­րա­ծո­ւե­ցաւ մէկ բռունց­քի՝ դէմ դնե­լու հա­մար Ատր­պէյ­ճա­նի հա­յա­տեաց մո­լուց­քին:

Թշ­նա­մին չհա­սաւ իր նպա­տա­կին, բայց իր այս ձա­խո­ղու­թիւ­նը չի նշա­նա­կեր, որ ան պի­տի հրա­ժա­րի ան­կէ: Ա­նոր շղթա­յա­զեր­ծած պա­տե­րազ­մա­կան ար­կա­ծախնդ­րու­թիւ­նը թե­րեւս ա­ւե­լի մեծ գրո­հի մը նա­խա­պատ­րաս­տու­թեան ա­ռա­ջին փուլն էր, հե­տա­զօ­տու­թեան փորձ մը՝ չա­փե­լու հա­մար զե­նո­ւո­րա­կան մեր, միա­ժա­մա­նակ իր ու­ժին կա­րո­ղա­կա­նու­թիւ­նը, հայ­կա­կան բա­նա­կին բա­րո­յա­կան կո­րո­վը եւ հա­յու­թեան դի­մադ­րա­կա­նու­թիւ­նը: Են­թադ­րե­լի է զար­ման­քը Ա­լիե­ւին ու իր վար­չա­խում­բին՝ ի­րենց դէմ տես­նե­լով ա­մողջ ժո­ղո­վուրդ մը, որ եր­գով ու պա­րով կ’ուղ­ղո­ւէր դէ­պի կռուի դաշտ:

­Հա­ւա­նա­կան է, որ Ա­լիեւ կրկնէ իր ար­կա­ծախնդ­րու­թիւ­նը, քա­նի որ թի­կուն­քին ու­նի նե­ցուկն ու քա­ջա­լե­րան­քը զի­նա­կից ­Թուր­քիոյ եւ կը վա­յե­լէ տա­րա­ծաշր­ջա­նի վրայ վե­րահս­կո­ղին՝ ­Ռու­սիոյ հան­դուր­ժո­ղա­կա­նու­թիւ­նը: Դ­ժո­ւար է հա­ւա­տալ, որ ­Ռու­սիան տե­ղե­կա­ցո­ւած չէր ա­նոր առ­նե­լիք վտան­գա­ւոր քայ­լին մա­սին: Այդ հան­դուր­ժո­ղա­կա­նու­թիւ­նը կա­րե­լի է բա­ցատ­րել տնտե­սա­կան ու ռազ­մա­քա­ղա­քա­կան վար­կած­նե­րով:

­Զէն­քի գնորդ մըն է Ատր­պէյ­ճա­նը, մեծ յա­ճա­խորդ մը, որ իր գնած յար­ձա­կո­ղա­կան զի­նա­տե­սակ­նե­րը փոր­ձար­կե­լու «ի­րա­ւուն­քը» պէտք է ստա­նայ, որ­պէս­զի գնու­մի նոր ապսպ­րանք պատ­րաս­տէ...:

­Սա տնտե­սա­կան-շու­կա­յա­կան հա­շիւն է:
­Միւ­սը՝ ռազ­մա­քա­ղա­քա­կա­նը այն է, որ պա­տե­րազ­մի խլած զո­հե­րուն ու պատ­ճա­ռած ա­ւեր­նե­րուն ստեղ­ծած խու­ճա­պին մէջ, պա­տե­րազ­մող կող­մե­րէն դիւ­րին, թե­րեւս նաեւ որ­պէս «բա­րիք» կրնայ ըն­կա­լո­ւիլ, ե­թէ ­Ռու­սիա իբ­րեւ հրա­տապ խնդիր սե­ղա­նին բե­րէ «խա­ղա­ղա­պահ»ի ա­նո­ւան տակ զի­նո­ւո­րա­կան ու­ժեր տե­ղա­կա­յե­լու անհ­րա­ժեշ­տու­թիւ­նը շրջա­նին մէջ: Այդ ու­ժե­րը ան­գոյ «խա­ղա­ղու­թիւ­նը» չէ որ պի­տի պա­հեն, այլ հոն պի­տի հաս­տա­տո­ւին եւ ի­րենց ու­զած «խա­ղա­ղու­թիւ­նը» պի­տի պար­տադ­րեն:

Ն­ման հա­ւա­նա­կա­նու­թիւն մը նպաս­տա­ւոր չէ ­Ղա­րա­բա­ղեան դա­տին եւ ի զուր կ’ըլ­լայ ա­րիւ­նով շա­հո­ւած մեր յաղ­թա­նա­կը, ո­րով­հե­տեւ այդ պա­րա­գա­յին ­Ղա­րա­բա­ղեան խնդի­րը մի­ջազ­գա­յին հան­րու­թե­նէն պի­տի անց­նի ­Ռու­սիոյ ձեռ­քը, ո­րով եւ ան պի­տի դառ­նայ միակ տէ­րը այդ «խա­ղա­քարտ»ին:

Ա­հա ին­չո՛ւ է են­թադ­րու­թիւ­նը, թէ յար­ձա­կու­մին հա­մար ­Փու­թի­նի կա­նաչ լոյ­սը ա­պա­հո­ված պէտք է ըլ­լայ Ատր­պէյ­ճան:
Ե­թէ իս­կա­պէ՛ս աշ­խար­հի «տէ­րե­րը» (Ա.Մ.Ն. ու ­Ռու­սիա) չէին տե­ղե­կա­ցո­ւած յար­ձա­կու­մի մա­սին եւ ա­նոնք ալ ա­նակն­կա­լի առ­ջեւ գտնո­ւե­ցան, ա­պա ու­րեմն կը նշա­նա­կէ, թէ ան­կան­խա­տե­սե­լի ու վտան­գա­ւոր մարդ մըն է Ա­լիեւ, ո­րով եւ եր­կար պի­տի չթո­ղուն, որ դի­մա­նայ իր պաշ­տօ­նին վրայ:

­Կամ ալ կը նշա­նա­կէ, թէ ռազ­մա­քա­ղա­քա­կան հար­ցե­րու մէջ անգ­րա­գէտ մըն է ան եւ այդ պատ­ճա­ռով է, որ կը հան­դուր­ժո­ւի:
­Մօ­տա­ւոր ա­պա­գան ցոյց կու տայ...:

­Մինչ այդ սա­կայն, հայ ազ­գի ցու­ցա­բե­րած միաս­նու­թիւ­նը եւ հա­մա­հայ­կա­կան վճռա­կա­նու­թիւ­նը ա­ռիթ է, որ ուղ­ղուին ներ­քին ճա­կատ, ներ­քին վտան­գը չէ­զո­քաց­նե­լու կամ­քով:

­Ձեր­բա­զա­տո­ւե­լու հա­մար ազ­գի տզրուկ­նե­րէն, ո­րոնք ա­ռա­ջին օ­րե­րէն պե­տու­թեան հետ սեր­տա­ճած՝ ոչ միայն սե­փա­կա­նա­ցու­ցին երկ­րին հարստու­թիւ­նը, այլ միա­ժա­մա­նակ, ինչ որ ա­հա­ւորն է, ի­րենց վար­քով ար­ժեզր­կե­ցին՝ ազ­գին ու հայ­րե­նի­քին կա­պող ան­կա­խու­թեան, ար­դա­րու­թեան թէ ի­րա­ւուն­քի հաս­կա­ցու­թեանց առն­չո­ւող ա­մէն գա­ղա­փար ու սկզբունք: ­Հո­գի­նե­րու մէջ ե­րազ չձգե­ցին, ո­րու հե­տե­ւան­քով ալ աս­տան­դա­կան դար­ձաւ հայ­րե­նի բնակ­չու­թիւ­նը: Ա­նոնք հա­շո­ւի չա­ռին նոյ­նիսկ, որ ազ­գը պա­տե­րազ­մի մէջ է քսան­հինգ տա­րիէ ի վեր:

­Հայ­րե­նի բնակ­չու­թիւ­նը հիաս­թա­փո­ւած, յու­սա­հատ ու ան­զօր՝ չկա­րո­ղա­նա­լով յե­ղաշր­ջել կա­ցու­թիւ­նը, լու­ծու­մը գտաւ փա­խուս­տի մէջ. ար­տա­գաղթ: Ահ­նա­րու­թեան պա­րա­գա­յին՝ հո­գիով ար­տա­գաղթ:

Իսկ սփիւռ­քա­հա­յու­թիւ­նը անց­նող տա­րի­ներուն իր լռու­թեամբ... ա­կանջ խլա­ցուց եւ տա­րին մէկ-եր­կու ան­գամ հան­գա­նա­կու­թեանց մաս­նակ­ցե­լով բա­րեգ­թու­թիւ­նը կամ բա­րե­գոր­ծու­թիւ­նը փո­խա­կեր­պած ե­ղաւ «հայ­րե­նա­սի­րու­թեան»:

Ար­տա­քին վտան­գը վե­րա­կեն­դա­նա­ցուց հա­յու հո­գե­կեր­տուած­քին ո­րա­կա­կան յատ­կու­թիւն­նե­րը, ո­րոնք մեր ազ­գը պա­հած են դա­րե­րու եր­կայն­քին՝ նոյ­նիսկ ա­մե­նադժխեմ պայ­ման­նե­րու մէջ:

Ափ­սոս պի­տի ըլ­լայ, ե­թէ վե­րաշ­խու­ժա­ցած յատ­կու­թիւն­նե­րը կրկին ան­թե­ղո­ւին-մա­րին: ­Հա­յաս­տա­նի քա­ղա­քա­կան վեր­նա­խա­ւին մէջ ան­շուշտ որ կան նաեւ ա­ռողջ ու ողջ­միտ տար­րեր, ո­րոնք ան­պայ­մա՛ն կը տես­նեն, որ ներ­քին չա­րի­քը մնա­յուն ա­ւեր կը գոր­ծէ, մինչ ար­տա­քին վտան­գին դէմ պաշտ­պա­նո­ւե­լու հա­մար նա­խա­պատ­րաս­տո­ւե­լու հնա­րա­ւո­րու­թիւ­նը կայ: Ան­յոյս է փոր­ձը, որ այդ ցե­ցե­րը մե­ղա­յի պի­տի գան ու մէկ օ­րէն միւ­սը պի­տի ազ­նո­ւա­նան կամ օ­րէնսդ­րու­թեան ճամ­բով կա­րե­լի պի­տի ըլ­լայ զսպել-չէ­զո­քաց­նել զա­նոնք պե­տա­կան հա­մա­կար­գի մը մէջ, որ ի­րենց ձեռքն է, նոյ­նինքն ի­րենք են սիս­տե­մը:

­Յու­սանք սա­կայն, որ կը գտնուին չոր­սօ­րեայ պա­տե­րազ­մին ստեղ­ծած ազ­գի միաս­նու­թիւնն ու հա­մա­հայ­կա­կան վճռա­կա­նու­թիւ­նը դէ­պի ներ­քին ճա­կատ հու­նա­ւո­րող ղե­կա­վար­ներ, որ­պէս­զի ­Հա­յաս­տա­նէն սկսի ժո­ղովր­դա­յին ճնշու­մը, ծա­ւա­լի ու հա­մազ­գա­յին բնոյթ առ­նէ ա­նի­կա, երկ­րին մէջ հաս­տա­տե­լու հա­մար օ­րէն­քի, ի­րա­ւուն­քի ու ար­դա­րու­թեան գե­րա­կա­յու­թիւ­նը եւ վեր­ջա­կէտ դնե­լու բո­լոր տե­սա­կի շա­հա­գոր­ծում­նե­րուն:
Այ­լա­պէս՝ ափ­սոս պի­տի ըլ­լայ:

­Հայ­րե­նի բնակ­չու­թիւ­նը ար­ժա­նի է ի­րա­ւա­կան պե­տու­թեան մը:
Իր ար­ժա­նա­ւո­րու­թիւ­նը ան­գամ մը եւս փաս­տեց նո­րերս, նոյ­նիսկ կե­նաց- մա­հու վտան­գին դի­մաց:

ՄԻՀՐԱՆ ՔԻՒՐՏՕՂԼԵԱՆ