Անցեալ շաբաթ Արցախի դէմ լայնածաւալ յարձակման ժամանակ ատրպէյճանցի զինուորականները սպաննեցին եւ վիրաւորեցին տասնեակ հայ զինուորներ եւ խաղաղ բնակիչներ՝ օգտագործելով Իսրայէլէն եւ Ռուսիայէն ձեռքբերուած միլիառաւոր տոլարներու արդիական զէնքեր:
Հայաստանի կառավարութիւնը եւ աշխարհասփիւռ հայութիւնը մեղադրեցին թէ՛ Իսրայէլը, թէ՛ Ռուսիան, որոնք պատասխանատուութիւն կը կրեն ատրպէյճանա կան վերջին յարձակումէն զոհուած անմեղ հայերու արեան համար:Փրոֆ. Իսրայէլ Չարնի, իբրեւ արդարամիտ հրեայ եւ մարդու իրաւունքներու ջատագով, չէր կրնար լուռ մնալ՝ իմանալով, որ իր երկիրը՝ Իսրայէլ, դերակատարութիւն ունեցած է հայերու արիւնահեղութեան մէջ: Իբրեւ Երուսաղէմի Հոլոքոսթի եւ Ցեղասպանութեան Ուսումնարանի գործադիր տնօրէնի՝ դոկտ. Չարնի խիստ քննադատական յօդուած ուղարկած է իսրայէլական «Հաարէց» (Haaretz) թերթին՝ հետեւեալ գրգռիչ վերնագիրով. «Արդեօք Իսրայէլը անօդաչու թռչող սարք պիտի վաճառէ՞ր Հիթլերին»: Ահա թէ ի՛նչ կը գրէ Չարնի.
«Եթէ նացիականները բնաւ սպաննած չըլլային հրեաները, այլ «միայն», ենթադրենք, ատելի սլաւոնացիները, գնչուներն ու Եհովայի Վկաները, եւ եթէ մեր սիրելի Իսրայէլի պետութիւնը այն ժամանակ գոյութիւն ունենար, արդեօք դուք պիտի համաձայնէի՞ք, որ մենք զէնք վաճառէինք նացիականներուն:
«Կը հաղորդեն, որ Իսրայէլը միլիառաւոր տոլարներու զէնք վաճառած է, ներառեալ այնպիսի կառավարութիւններու, որոնք կը սպաննեն կամ կը սպառնան յարձակելու տուժած ժողովուրդներու վրայ: Անցեալ շաբաթ լուր եկաւ, որ իսրայէլական անօդաչու թռչող սարքը, գործածուած՝ մեր հսկայածաւալ զէնքի գնորդ Ատրպէյճանի կողմէ, Լեռնային Ղարաբաղի տարածքին, պատճառ դարձած է վեց հայերու մահուան:
«Ես կ՚ամչնամ:
«Հայերը 100 տարի առաջ տեղի ունեցած այն մեծ ցեղասպանութեան զոհերն են, զոր նոյնիսկ որոշ իսրայէլացի մտաւորականներ անուանած են «Հայկական Շօ (ցուցադրութիւն)», ներառեալ՝ Պար-Իլանի համալսարանէն: Անոնց ազգային եւ մշակութային մտահոգութեան մեծ մասը կը շարունակէ կեդրոնացած մնալ այդ ցեղասպանութեան յիշողութեան վրայ (մեզ` հրեաներուս, ծանօթ է, այնպէս չէ՞):
Տարիներէ ի վեր մենք` իսրայէլացիներս, աշխատաւորական կամ «Լիգուտ» կուսակցութեան գլխաւորութեամբ, վիրաւորած եւ ցաւ պատճառած ենք հայ ժողովուրդին` մերժելով պաշտօնապէս ճանչնալ անոնց ցեղասպանութիւնը: Արդեօք մենք պիտի հանդուրժէի՞նք այլ կառավարութիւն մը, ենթադրենք Միացեալ Նահանգներ կամ Անգլիա, որ մերժէր ճանչնալ Հոլոքոսթը՝ մեկնելով յանցաւոր կառավարութեան հետ իրենց ունեցած իրապաշտական քաղաքական շահերէն:
«Բարձրաստիճան հայ պաշտօնատար մը մեզմէ քանի մը հոգիին գրած է Իսրայէլ` իր խոր ցաւն ու վրդովմունքը արտայայտելով ոչ միայն Հայոց Ցեղասպանութեան մեր վախկոտ ու շահամոլական ժխտումներուն, այլ նաեւ՝ Ատրպէյճանի հետ մեր սերտ ռազմական դաշինքին համար: Ես կը յիշեմ, թէ ինչպէ՞ս ժամանակին Նաթան մարգարէն զայրացած է Դաւիթ թագաւորի վրայ` անձնական ոճիրի համար.- Բաւարար չէր, որ դուն սպաննեցիր զինք, այլ նաեւ շա՞հ ապահովեցիր այդ ստոր արարքէն: Ատրպէյճանցիները թրքական ժողովուրդ են, որոնք հաւատարիմ են Թուրքիոյ արտառոց եւ ֆաշական աւանդոյթին` խեղաթիւրելու պատմութիւնը եւ ժխտելու Հայոց Ցեղասպանութիւնը:
«Ընդհանրապէս մենք՝ իսրայէլացիներս, որքա՞ն կ՚ուզենք ամրապնդել մեր տնտեսութիւնը շահութաբեր զէնք վաճառելով: Ի հարկէ, աշխարհի վրայ «բոլորը» զբաղած են ատով, բայց արդեօք մե՞նք եւս պէտք է հետեւինք անոնց օրինակին: Արդեօք մենք հրաժարա՞ծ ենք Իսրայէլի կերպարէն-երազանքէն՝ իբրեւ այս մոլորակի ժողովուրդներու բարոյական առաջնորդի: Արդեօ՞ք ասիկա ձանձրալի, միամիտ եւ երեխայական գաղափար է այս խելայեղ աւերիչ եւ ինքնաոչնչացուող աշխարհին մէջ:
«Այլընտրանքային հայեցակարգ կրնայ ըլլալ, որ նախեւառաջ Իսրայէլի պաշտպանութեան համար մեր զէնքերը կրնանք նաեւ վաճառել միայն ճնշուած ժողովուրդներուն, որոնց կը սպառնայ զանգուածային ոչնչացման վտանգ, եւ/կամ դաշնակիցներու՝ ինչպիսին Միացեալ Նահանգներն են, որոնք մասնաւորապէս յանձնառու են տարածելու ժողովրդավարական արժէքներ եւ խաղաղութիւն: Ի հարկէ, մենք դեռ կրնանք որոշ սխալներ թոյլ տալ, բայց գոնէ մեր խիղճը աւելի մաքուր կ՚ըլլայ, որ զէնք չենք ուղարկած «նացիականներուն»:
«Ես իմ հայ գործընկերներուն եւ բարեկամներուն միայն կրնամ ըսել՝ ես իբրեւ հրեայ եւ իսրայէլացի, սարսափած եմ եւ զայրացած»:
Փրոֆ. Չարնիի կոշտ խօսքերը լիովին արդարացուած են, քանի որ թէ՛ իսրայէլացի, թէ՛ ռուս պաշտօնատարները անամօթաբար խոստացած են շարունակելու յաւելեալ զէնք վաճառել Ատրպէյճանին…
Դոկտոր Չարնի երբեք չէ խուսափած իր քննադատական տեսակէտները արտայայտելէ Իսրայէլի անբարոյ քաղաքականութեան մասին հայկական հարցերուն վերաբերեալ: 2001ի իր ջախջախիչ նամակին մէջ ան ըսած է Իսրայէլի արտաքին գործոց նախարար Շիմոն Փերեսին.- «Դուք անցած էք բարոյական այն սահմանը, որ պէտք չէ իրեն թոյլ տայ ո՛չ մէկ հրեայ… իբրեւ հրեայ եւ իսրայէլացի, ես կ՚ամչնամ, որ այժմ Հայոց Ցեղասպանութեան փաստացի հերքման մէջ Դուք այնքան հեռու գացած էք, որ նման է Հոլոքոսթի ժխտման»:
Փրոֆ. Չարնի պէտք է բարձր գնահատականի արժանանայ իր խիզախ եւ արդարամիտ դիրքորոշման համար՝ յանդիմանելով իր սեփական երկրի անզգայ առաջնորդները…
ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ - «Քալիֆորնիա Քուրիըր»