«­Բո­լոր մե­ծա­հա­րուստ­նե­րը պէտք է հաս­կա­նան, որ ի­րենց ու­նե­ցա­ծը կա­րող է զրո­յի վե­րա­ծո­ւել, ե­թէ հայ­րե­նի­քը չպաշտ­պա­նո­ւի։ Այ­սօր մենք տես­նում ենք, որ հայ­րե­նի­քը ա­ռաջ­նագ­ծում պաշտ­պա­նում են հիմ­նա­կա­նում ա­նա­պա­հով խա­ւե­րի ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րը, զա­ւակ­նե­րը։

­Սա բո­լո­րի հա­մար պէտք է դաս լի­նի, ա­հա­զանգ լի­նի հէնց այդ ան­ձանց հա­մար, որ ա­մէն մի լու­ման պէտք է ուղ­ղել բա­նա­կի պաշտ­պա­նու­նա­կու­թեան բարձ­րաց­մա­նը։ ­Սե­րունդ­նե­րի կեանքն ա­պա­հով­ւում է ոչ թէ դի­զո­ւած հարս­տու­թեամբ, այլ՝ պաշտ­պա­նու­թեամբ։ Ե­թէ մտա­ծում են, որ այդ հարս­տու­թիւ­նը դի­զե­լով՝ սե­րուն­դէ սե­րունդ փո­խան­ցե­լու են, չա­րա­չա՛ր սխալ­ւում են։ ­Սե­րունդ­նե­րի կեանքն ա­պա­հով­ւում է հայ­րե­նի­քը պաշտ­պա­նե­լով»։

Այս խօս­քե­րը կը պատ­կա­նին Հ.Յ.Դ. ­Բիւ­րո­յի քա­ղա­քա­կան ներ­կա­յա­ցու­ցիչ Ար­մէն ­Ռուս­տա­մեա­նին եւ կ­՛ար­տա­յայ­տեն ­Հա­յաս­տա­նի ժո­ղո­վուր­դի բա­ցար­ձակ մե­ծա­մաս­նու­թեան տե­սա­կէ­տը։
Ար­ցա­խի քա­ռօ­րեայ պա­տե­րազ­մէն ետք, հա­մա­ցան­ցա­յին ըն­կե­րա­յին ցան­ցե­րուն վրայ, մա­մու­լի մէջ եւ գրե­թէ ա­մէն ան­կիւն՝ նո՛յն խօ­սակ­ցու­թիւնն է, նո՛յն հար­ցադ­րում­նե­րը, նո՛յն բո­ղո­քը...

Ին­չո՞ւ հայ­կա­կան բա­նա­կը չէ սպա­ռա­զի­նո­ւած գե­րար­դիա­կան զէն­քե­րով։ Ինչ­պէ՞ս ան­հատ քա­ղա­քա­ցի­ներ հսկա­յա­կան հարս­տու­թիւն կու­տա­կած են, իսկ պե­տա­կան պիւտ­ճէն խեղճ է եւ աղ­քատ։ Ե՞րբ պի­տի հա­շո­ւե­տո­ւու­թեան կան­չո­ւին պե­տա­կան պիւտ­ճէն թա­լա­նող­նե­րը, հար­կե­րէն խու­սա­փող­նե­րը, մին­չեւ ակ­ռա­նե­րը կո­ռուպ­ցիա­յի՝ փտախ­տի եւ կա­շառ­քի մէջ թա­ղո­ւած պաշ­տօ­նեա­նե­րը։

­Մի­թէ այս մար­դոց պատ­ճա­ռո՞վ չէ, որ պե­տա­կան պիւտ­ճէն խեղ­ճուկ կը մնայ եւ մեր բա­նա­կը կը զրկո­ւի գե­րար­դիա­կան զէն­քեր ու­նե­նա­լու հնա­րա­ւո­րու­թե­նէն։

Ե­թէ այս օ­րե­րուն հե­տե­ւիք հա­մա­ցան­ցի վրայ ար­ծարծուող նիւ­թե­րուն, ան­մի­ջա­պէս պի­տի անդ­րա­դառ­նաք, որ բո­լոր այս մե­ղադ­րանք­նե­րը ուղ­ղո­ւած են իշ­խա­նու­թիւն­նե­րու ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րուն։ Ըն­կե­րա­յին ցան­ցե­րու վրայ կ­՚ե­րե­ւին նա­խա­րար­նե­րու կամ իշ­խա­նու­թեան բուր­գին գա­գա­թը գտնո­ւող­նե­րու մեր­ձա­ւոր մար­դոց մի­լիոն­ներ ար­ժող ա­պա­րանք­նե­րը՝ Ե­րե­ւա­նի եւ եւ­րո­պա­կան այլ քա­ղաք­նե­րու մէջ, կը խօ­սո­ւի ա­նոնց «օֆ­շո­րա­յին» հա­շիւ­նե­րուն, կու­տա­կած մի­լիառ­նե­րուն մա­սին եւ ի վեր­ջոյ՝ կը տրո­ւի նոյն հար­ցը.- «­Զէն­քի փող չկա՞յ… բա էս մի­լիարդ­նե­րը որ­տե­ղի՞ց էք բե­րել, ո՞նց էք կու­տա­կել»։

­Հայ­րե­նի­քի պաշտ­պա­նու­թեան հա­մար հայ քա­ջա­րի զինուո­րը ը­րաւ ա­մէն ինչ, նոյ­նիսկ՝ անհ­նա­րի­նը, եւ ար­ժա­նի հա­կա­հա­րո­ւած հաս­ցուց ռու­սա­կան, թրքա­կան եւ իս­րա­յէ­լեան գե­րար­դիա­կան զէն­քե­րով զի­նո­ւած ատր­պէյ­ճա­նա­կան բա­նա­կին։ Իսկ ժո­ղո­վուր­դը ինք­նա­կամ ու ինք­նա­բուխ՝ մէկ բռունցք դար­ձաւ ու կանգ­նե­ցաւ հայ զի­նո­ւո­րին կող­քին, եւ հի­մա ար­դէն կը պա­հան­ջէ, որ յա­նուն հայ­կա­կան բա­նա­կի հզօ­րաց­ման, յա­նուն հայ­րե­նի­քի զար­գաց­ման, յա­նուն հայ­րե­նի­քի գո­յու­թեան՝ այ­լեւս ի սպառ վերջ դրո­ւի կո­ռուպ­ցիա­յին, զեղ­ծա­րա­րու­թիւն­նե­րուն, ա­նար­դա­րու­թեան, թա­լա­նին ու հայ­րե­նի հարս­տու­թեան կո­ղո­պու­տին։

­Քա­նի դեռ ուշ չէ, ժո­ղովր­դա­յին այս պա­հան­ջին տէր պէտք է կանգ­նինք բո­լո՛րս՝ քա­ղա­քա­կան բո­լո՛ր ու­ժե­րը, քա­ղա­քա­ցիա­կան հա­սա­րա­կու­թեան ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րը, հայ­րե­նի­քի ճա­կա­տա­գի­րով մտա­հոգ իւ­րա­քան­չիւր հա­յոր­դի՝ ­Հա­յաս­տա­նի եւ Ս­փիւռ­քի բո­լոր հար­թակ­նե­րուն վրայ։ Այս պա­տե­րազ­մը ինք­նա­մաք­րո­ւե­լու, զգաս­տա­նա­լու ա­ռիթ կ­՚ըն­ձե­ռէ ­Հա­յաս­տա­նի այս­պէս կո­չո­ւած վեր­նա­խա­ւին։

Ինչ­պէս Ար­մէն ­Ռուս­տա­մեան կը նշէ.- «­Հայ­րե­նի­քը բո­լո­րի հա­մար մէ՛կն է... Այս ա­մէ­նը լուրջ դեր է խա­ղա­լու, որ լուրջ վե­րա­նա­յում­ներ կա­տա­րո­ւեն մեր ըն­թաց­քի մէջ՝ թէ՛ ներ­քին եւ թէ ար­տա­քին»։

ՐԱՖՖԻ ՏՈՒՏԱԳԼԵԱՆ