altՀա­յոց ­ պ­­ատ­մու­թեան ու­սու­ցու­մը անհ­րա­ժեշտ է օ­տար վար­ժա­րան­նե­րու մէջ

­­Ապ­րի­լեան Ե­ղեռ­նի ­­Հա­րիւ­րա­մեա­կէն ետք, ­­Հա­յոց ­­Ցե­ղաս­պա­նու­թեան յա­ջոր­դող ա­ռա­ջին՝ 101րդ ­տա­րե­լիցն է ար­դէն, եւ զա­նա­զան բա­

րե­պա­տեհ ա­ռիթ­նե­րով հա­յու­թեան բարձ­րա­գոյն ղե­կա­վար մար­մին­նե­րէն թէ անձ­նա­ւո­րու­թիւն­նե­րէն տար­բեր տե­սա­կի հե­ռանկա­րա­յին պատ­գամ­ներ կը հնչեն բե­մե­րէն եւ մա­մու­լէն, տա­սը տաս­նա­մեակ ետք հա­յու­թեան պատ­մա­կան մե­ծա­գոյն թուա­կա­նի առն­չու­թեամբ մեր պայ­քա­րը ամ­րօ­րէն շա­րու­նա­կե­լու եւ նո­րա­նոր ազ­գա­յին նո­ւա­ճում­նե­րու տի­րա­նա­լու հե­ռա­պատ­կե­րով։

­­Հա­րիւ­րա­մեա­կի տա­րին ամ­բողջ հա­յու­թիւ­նը՝ ազ­գա­յին ու քա­ղա­քա­կան, ներկ­քին եւ ար­տա­քին բազ­մա­տե­սակ ու ազ­դե­ցիկ նա­խա­ձեռ­նու­թիւն­նե­րով թէ ան­հա­տա­կան-հա­ւա­քա­կան գոր­ծու­նէու­թեամբ, վստա­հօ­րէն որ պա­հան­ջա­տի­րա­կան մեր դա­տը տար­բեր ճա­կատ­նե­րու վրայ դրսե­ւո­րեց, քա­նի մեր պատ­մու­թիւ­նը լաւ կը ճանչ­նայ իր սահ­ման­նե­րը, ի մաս­նա­ւո­րի պատ­մա­կան սար­սա­փի առ­թած հա­ւա­սա­րակշ­ռու­թիւն­նե­րը։ ­­Հա­ւա­սա­րակշ­ռու­թիւ­նը խա­ղա­ղու­թեան շա­րու­նա­կու­թիւնն է։ ­­Պէ՛տք է ըլ­լայ։ Կ­րօնք եւ պե­տու­թիւն չու­նի։ Ա­նոր առ­ջեւ բո­լորն ալ հա­ւա­սար ու հա­ւա­սա­րօ­րէն հա­մա­չափ են։

­­Հի­մա՝ որ պատ­մա­կա­նօ­րէն ան­կիւ­նա­դար­ձա­յին ­­Հա­րիւ­րա­մեա­կին ե­ռան­դը մա­սամբ կա­սե­ցաւ, հա­մայն հա­յու­թիւ­նը իր ու­ժե­րը պէտք է վե­րագտ­նէ եւ գեր-­շեշտո­ւած կեր­պով շա­րու­նա­կէ իր պայ­քա­րը բա­զմա­կող­մա­նի ճա­կատ­նե­րու վրայ, քա­նի պատ­մու­թիւ­նը ա­մէն բա­նէ ա­ռաջ պատ­մու­թեան շա­րու­նա­կա­կա­նու­թիւն կը նշա­նա­կէ։ ­­Շա­րու­նա­կո­ւող մտա­ծո­ղու­թիւն կը նշա­նա­կէ։ Մ­տա­ծո­ղու­թեան կա­րո­ղու­թիւն կը նշա­նա­կէ։

Իմ կող­մէ ա­ռա­ջարկ մը կայ, ո­րու մա­սին պի­տի խօ­սիմ «Ա­զատ Օր»ի այս թի­ւի ին­ծի տրա­մադ­րո­ւած է­ջե­րուն մէջ, քա­նի պատ­մա­կան ի­րա­պաշ­տու­թեան ըն­թաց­քը ինք­նաս­տեղծ ու միա­ժա­մա­նակ ստեղ­ծա­գործ է ազ­գին հա­մար, ազ­գին հաշ­ւոյն հա­ւա­քա­կան ի­մաս­տու­թեան աշ­խար­հա­տե­սա­կան մեր­ձե­ցում­նե­րով, ներ­կան ու ան­ցեա­լը պե­ղող ող­ջա­խո­հու­թեամբ։

­­Հար­ցը կը վե­րա­բե­րի ­­Հա­յոց ­­Ցե­ղաս­պա­նու­թեան պատ­մու­թեան ար­դա­րակ­շիռ ու­սուց­ման, մեր ապ­րած օ­տար եր­կիր­նե­րու դպրոց­նե­րու բարձ­րա­գոյն դա­սա­րան­նե­րուն մէջ, ձե­ւով մը պար­տա­դիր դարձ­նե­լու եր­կար ճի­գի մը ծրագ­րու­մով, հիմ­նադ­րու­մով ու ար­դիւ­նա­ւո­րու­թեամբ, որ­պէս­զի ան­ցեա­լի պատ­մու­թիւ­նը իր ինք­նա­րե­ւե­լու­մը վե­րա­հաս­տա­տէ ար­դա­րա­միտ ար­ժե­ւո­րու­մով ու նա­խանձ­նախնդ­րու­թեամբ։

­­Բա­ւա­կան է, որ ­­Թուր­քիա մեր պատ­մու­թեան գլխուն վրայ բռնօ­րէն օս­մանեան կար­միր ֆէս մը հագ­ցուց։ ­­Հա­րիւ­րա­մեա­կի մը ան­ցեա­լը կը վկա­յա­կո­չէ այս մա­սին։ Ա­ւե­լին, հոն կար­միր գի­ծեր կան, որ ցարդ ջնջո­ւած չեն... տա­կա­ւին՝ հա­սա­րա­կաց մեր տե­սա­դաշ­տը խան­գա­րե­լով ու տրո­րե­լով։

Այս ա­ռա­ջար­կին հիմ­նա­ւո­րող միտք բա­նին ու քա­ղա­քա­կան օգ­տա­կա­րու­թիւ­նը բա­ցատ­րե­լու հարկ չկայ, սա­կայն հա­շո­ւի առ­նե­լով մար­դոց մի­ջեւ մտա­ծու­մի այ­լա­զա­նու­թեան, զար­գաց­ման ու հարս­տաց­ման բ­­նա­խօ­սա­կան տո­ւեա­լը, պահ մը լու­սար­ձա­կի տակ առ­նենք ու պար­զենք կարգ մը տե­սա­կէտ­ներ, քան­զի մեր ի­րա­կա­նու­թիւն­ներն ու ճշմար­տու­թիւն­նե­րը ի­րա­կան ու հա­ւա­սա­րակշ­ռո­ւած մա­կար­դակ­նե­րու վրայ չեն գտնո­ւիր, չեն գտնո­ւած եր­բե­ւէ եւ մեր ըն­կե­րու­թիւ­նը պատ­րաստ չէ այդ­պի­սի բա­ներ ըն­դու­նե­լու, կամ գոր­գին տակ քո­ղար­կե­լու։

­­Հի­նէն ի վեր, բայց յատ­կա­պէս ու շեշտո­ւած կեր­պով վեր­ջին տաս­նա­մեակ­նե­րուն կը դի­տենք, որ մարդ­կու­թեան ցե­ղա­յին խտրա­կա­նու­թեան հան­դէպ՝ ար­կա­ծախն­դիր մա­կար­դա­կի վրայ գտնո­ւող քա­ղա­քա­կա­նու­թիւնն ու դի­ւա­նա­գի­տու­թիւ­նը, ա­ռա­ւել տի­րող ան­հան­դուր­ժո­ղա­կա­նու­թիւնն ու բա­ցա­սա­կան հա­ղոր­դա­կա­նու­թեան կե­ցո­ւած­քը՝ մարդ­կու­թեան հա­տո­ւած­նե­րը ա­ռաջ­նոր­դած են ազ­գա­յին, ցե­ղա­յին, մշա­կու­թա­յին ազ­գաս­պա­նու­թիւն­նե­րու։

Ուս­տի՝ պատ­մա­կան հա­մա­տա­րած գի­տե­լիք­նե­րը ար­մա­տա­կան դեր կրնան խա­ղալ ցե­ղաս­պա­նա­կան կան­խած­րագ­րո­ւած քայ­լե­րու ար­գիլ­ման ու չէ­զո­քաց­ման ի խնդիր, որ­պէս­զի ո­րե­ւէ ազ­գի ու ժո­ղո­վուր­դի ան­ցեա­լի պատ­մու­թեան հետ կա­մուրջ­նե­րը չքան­դո­ւին եւ պատ­մու­թեան բա­րո­յա­կան ա­ռա­ւե­լու­թիւն­նե­րը չնո­ւա­զին։

­­Հա­սա­րա­կաց գաղտ­նիք է, որ վար­ժա­րան­նե­րու այ­սօ­րո­ւան ա­շա­կերտ­նե­րը վա­ղո­ւան ու­սա­նող­ներն են, ու­սա­նող­նե­րը՝ վա­ղո­ւան քա­ղա­քա­կա­նա­ցած ե­րի­տա­սարդ­նե­րը, հա­սուն­ցող գիտ­նա­կան­նե­րը, դի­ւա­նա­գէտ­նե­րը։ Երբ ի­րար յա­ջոր­դող սե­րունդ­նե­րուն բծախնդ­րօ­րէն կը ճանչց­նենք, ճիշդ կը ծա­նօ­թաց­նենք պատ­մու­թիւ­նը, վստա­հա­բար կը կան­խենք նմա­նա­տե­սակ քայ­լե­րու գոր­ծադ­րու­մը, նպաս­տած ըլ­լա­լով հա­մաշ­խար­հա­յին խա­ղա­ղու­թեան, ազ­գե­րու ու կրօն­նե­րու հա­մա­գո­յակ­ցու­թեան ու ի­րա­ւուն­քի-ար­դա­րու­թեան հաս­կա­ցո­ղու­թեան, քա­նի պատ­մու­թիւ­նը հա­ւաս­տի կեր­պով կրնայ ազ­դել մար­դոց խիղ­ճին վրայ։

Ա­ռանց մրցակ­ցու­թեան ու խտրա­կա­նա­ցած զգա­ցում­նե­րու զոհ դառ­նա­լու ը­սենք, թէ այ­սօր աշ­խար­հիս մէջ ա­մէն մարդ գի­տէ, չի գի­տեր կամ քիչ գի­տէ Հ­րէա­կան Ող­ջա­կիզ­ման, ­­Հայ­կա­կան ­­Ցե­ղաս­պա­նու­թեան, ­­Ռո­ւան­տա­յի, ­­Գա­նա­տա­յի ցե­ղա­խում­բե­րու, Ա­մե­րի­կա­յի կարմ­րա­մորթ հնդիկ­նե­րու եւ բա­զում այլ ցե­ղե­րու դէմ կան­խամ­տա­ծո­ւած ան­հա­տա­կան թէ հա­ւա­քա­կան բնաջն­ջում­նե­րու ոչն­չաց­ման պատ­մու­թեանց ո­դի­սա­կան­նե­րու սեւ է­ջե­րուն մա­սին։

2015ի ­­Դեկ­տեմ­բե­րին ­­Գեր­մա­նիոյ ­­Պո­խում ­­Ռուհր հա­մալ­սա­րա­նի տնօ­րէն՝ փրոֆ. ­­Միհ­րան ­­Տա­պա­ղի ճի­գե­րով հրա­տա­րա­կո­ւե­ցաւ «­­Ցե­ղաս­պա­նու­թեանց դա­սա­ւան­դու­մը դպրոց­նե­րու մէջ» ա­նու­նով ու­ղե­ցոյց մը, որ ա­ռիթ պի­տի տայ ու­սու­ցիչ­նե­րուն՝ դա­սա­րա­նին մէջ ար­ծար­ծե­լու ցե­ղաս­պա­նու­թեան նիւ­թը եւ զայն ընդգր­կե­լու դա­սա­ւան­դո­ւող այլ ա­ռար­կա­նե­րու ցան­կին մէջ։ Այս նա­խա­ձեռ­նու­թիւ­նը կը պատ­կա­նէր՝ «Ս­փիւռ­քի եւ ­­Ցե­ղաս­պա­նա­գի­տու­թեան հիմ­նարկ»ին։

2005ին, դար­ձեալ ­­Միհ­րան ­­Տա­պա­ղի նա­խա­ձեռ­նու­թեամբ ­­Գեր­մա­նիոյ ­­Լան­տի եւ Պ­րան­տը­պուր­կի նա­հանգ­նե­րուն հա­մար հրա­տա­րա­կո­ւե­ցաւ «Դպ­րոց­նե­րու մէջ 20րդ ­դա­րու ցե­ղաս­պա­նու­թիւն­նե­րու եւ պե­տա­կան բռնի ո­ճիր­նե­րու դա­սա­ւան­դու­մը» ու­սուց­չա­կան ու­ղե­ցոյ­ցը, որ այ­սօր ա­ւե­լի այժ­մէա­կան է քան եր­բեք։ Ա­ւե­լին, ­­Հա­յոց ­­Ցե­ղաս­պա­նու­թիւ­նը պի­տի դա­սա­ւան­դո­ւի Ֆ­րան­սա­յի երկ­րոր­դա­կան 3րդ ­դա­սա­րա­նի, յա­ւելեալ ­­Գեր­մա­նիոյ ­­Սաք­սո­նիա-Ան­հալթ նա­հան­գի մէջ, Ա­ռա­ջին ­­Հա­մաշ­խար­հա­յին ­Պա­տե­րազ­մի վե­րա­բե­րող դա­սա­բաժ­նին մէջ։

Այս բո­լո­րը, պա­հու մը, երբ ­­Կե­սա­րիոյ մէջ 1909ին ծնած եւ ­­Ցե­ղաս­պա­նու­թե­նէն վե­րապ­րած 107 տա­րե­կան հա­յու­հի մը՝ Ք­նար ­­Պոհ­չա­լեան-Ե­նի­մէ­ճեան ­­Մոնթ­րէա­լի մէջ կը շա­րու­նա­կէ վկան ըլ­լալ թրքա­կան ջար­դե­րուն։ ­­Մենք ու­նինք մար­դիկ, ո­րոնց պէս ու­րիշ տեղ չկայ։ ­­Կը վկա­յա­կո­չենք, որ­պէս­զի մեր հո­գե­կան պա­հեստ­նե­րը չքիչ­նան։ Եւ պատ­մա­կան մեր փոր­ձա­ռու­թե­նէն քայլ մը իսկ չզի­ջինք։ Այս է փոր­ձա­ռու­թեան ար­ժէ­քը։

­­Մինչ մէկ կող­մէ պէտք է աշ­խա­տինք օ­տար վար­ժա­րան­նե­րու մէջ ­­Հա­յոց ­­Ցե­ղաս­պա­նու­թեան նիւ­թը դա­սա­ւան­դե­լի դարձ­նե­լու, զու­գա­հե­ռա­բար ալ պէտք է աշ­խա­տինք, որ օ­տար, ի­մա՝ ա­մե­րի­կեան հա­մալ­սա­րան­նե­րու կող­մէ ­­Թուր­քիոյ հա­մալ­սա­րան­նե­րու նիւ­թա­բա­րո­յա­կան ներդ­րու­մը կա­սե­ցո­ւի, ­­Թուր­քիոյ կող­մէ ­­Հա­յոց ­­Ցե­ղաս­պա­նու­թեան ու­րաց­ման դէմ բա­նա­ձե­ւեր ա­ռա­ջադ­րե­լով, միշտ նկա­տի ու­նե­նա­լով ­­Ցե­ղաս­պա­նու­թեան ժխտման հե­տե­ւանք­նե­րը։ ­

Մեր այս գա­ղա­փա­րը հաս­տա­տող լա­ւա­գոյն օ­րի­նակ­ներն են՝ ­­Լոս Ան­ճե­լը­սի, Ըր­վայ­նի, ­­Պըրք­լիի, ­­Տէյ­վի­սի, ­­Սան­թա Ք­րու­զի, ­­Ռի­վըր ­­Սայ­տի, ­­Քա­լի­ֆոր­նիոյ հա­մալ­սա­րա­նի ­­Սան ­­Տիէ­կո­յի եւ ­­Սան­թա ­­Պար­պա­րա­յի հա­մալ­սա­րան­նե­րու մէջ հայ ու­սա­նող­նե­րու կող­մէ ձեռ­նար­կո­ւած հա­կազ­դող ար­շա­ւը, որ լա­ւա­գոյն ար­դիւնք­նե­րու հա­սաւ։

­­Ցե­ղաս­պա­նու­թեան այլ ե­րե­ւոյթ մըն է նաեւ Վ­րաս­տա­նի, յատ­կա­պէս ­­Ջա­ւախ­քի ու­սում­նա­կան ծրագ­րին շուրջ յա­րու­ցո­ւած դժո­ւա­րու­թիւն­նե­րը, որ կը նա­խա­տե­սէ հա­յոց լե­զո­ւի եւ գրա­կա­նու­թեան դա­սա­ւանդ­ման դա­սա­պա­հե­րու կրճա­տու­մը 2012էն ի վեր։
­­Հայ­րե­նի ղե­կա­վար իշ­խա­նա­ւոր­նե­րը, որ ա­տե­նը մէյ մը կ­­՚եր­թան-կու­գան Ե­րե­ւան-­Թիֆ­լիս, վստա­հա­բար, որ այս հար­ցե­րը սե­ղա­նի վրայ դրած պէտք է ըլ­լան...։

***
Ա­մէն մարդ գի­տէ նաեւ, թէ Օս­մանեան ­Կայս­րու­թիւ­նը եւ ի­րեն յա­ջոր­դող ­­Թուր­քիան եր­կիր մըն է, որ պատ­մու­թեան մէջ հո­մա­նիշ դար­ձաւ բար­բա­րո­սու­թեան, ո­ճի­րի, ջար­դի։ Իր պատ­մու­թիւ­նը ցե­ղաս­պա­նու­թիւն­նե­րով յոր­դող պատ­մու­թիւն մըն է, յա­ջոր­դա­կան ալ բռնա­տի­րա­կան վար­չա­կար­գե­րուն հա­կադ­րո­ւող՝ իր մտա­ւո­րա­կան մար­դոց բան­տար­կու­թեան ան­ծայ­րա­ծիր ար­գե­լա­րան մը։ Այս բո­լո­րով հան­դերձ, ի՞նչ կը պա­տա­հի այս երկ­րին մէջ, ուր փրփրուն ա­րեան հո­տը կը սա­ւառ­նի երկ­րի աշ­խար­հագ­րա­կան բո­լոր տա­րածք­նե­րուն վրայ, ա­ղա­ւա­ղե­լով նոյ­նինքն ար­դա­րու­թեան դի­մա­կը։

­­Վե­րեւ իմ կա­տա­րած ա­ռա­ջար­կին մի­ջու­կը խղճամ­տօ­րէն ու բո­լո­րո­վին զգու­շա­ւոր մար­տա­վա­րու­թեամբ պէտք է ձեռ­նար­կո­ւի ­­Թուր­քիոյ մէջ ալ, ա­ռաջ­նա­կար­գօ­րէն հիմ­նո­ւե­լով 1923ի ­­Լօ­զա­նի դաշ­նագ­րի 40-41րդ ­յօ­դո­ւած­նե­րուն վրայ, ուր բա­րե­գու­շա­կօ­րէն նա­խա­տե­սո­ւած են կրօ­նա­կան մո­լե­ռան­դու­թեան դէմ փոք­րա­մաս­նա­կան (մե­ծաւ մա­սամբ քրիս­տո­նէա­կան, ա­սո­րա­կան ու հրէա­կան) վար­ժա­րան­նե­րուն մէջ կրթա­կան ի­րա­ւունք­նե­րու յար­գումն ու ա­պա­հո­վու­մը։ ­

Մինչ­դեռ եր­կար տաս­նա­մեակ­նե­րէ ի վեր, ա­նոնք մի­տում­նա­ւոր թիւ­րի­մա­ցու­թեամբ կը դի­տո­ւին որ­պէս ա­ռեւտ­րա­կան շահ հե­տապն­դող հաս­տա­տու­թիւն­ներ, եւ այդ ծի­րէն ներս՝ ա­նոնց դի­մաց, օր չի պակ­սիր, որ իւ­րա­յա­տուկ ու ար­տա­ռոց ճնշում­ներ ու դժո­ւա­րու­թիւն­ներ յա­րու­ցո­ւին։ Ե­րե­ւա­կա­յե­ցէք, որ չի յար­գո­ւիր նոյ­նիսկ ­­Թուր­քիոյ ­Հան­րա­պե­տու­թեան 1936 թո­ւա­կա­նի կրթու­թեան վե­րա­բե­րող ճշգրտող հա­ման­ման բա­ցա­յայտ օ­րէն­քը, որ փոք­րա­մաս­նա­կան վար­ժա­րան­նե­րը ե­կա­մու­տի եւ հաս­տա­տու­թիւն­նե­րու տուր­քե­րէ զերծ կը կա­ցու­ցա­նէ։

­­Վե­րա­դարձ դէ­պի պահ­պա­նո­ղա­կա­նու­թիւն, նեն­գու­թիւն, դէ­պի ռազ­մա­վա­րա­կան խա­բէու­թիւն։
Ի՞նչ պա­տա­հե­ցաւ յան­կարծ Եւ­րո­պա­յի դու­ռը ուժգ­նօ­րէն բա­խող ­­Թուր­քիոյ։ Ին­չո՞ւ կը դժո­ւա­րա­նայ իր ան­ցեա­լի օ­րէնք­նե­րը երկ­րի նոր հա­կա­սահ­մա­նադ­րա­կան օ­րէնք­նե­րու ի­րա­կա­նու­թեան հետ ներ­դաշ­նա­կե­լու, կար­գա­ւո­րե­լու, հա­մընդ­հա­նուր ըն­դուն­ման ար­ժա­նաց­նե­լու։ Իր ը­րա­ծը կը նմա­նի ինք­զին­քին լա­րած քա­ղա­քա­դի­ւա­նա­գի­տա­կան ծու­ղա­կի մը, որ կը յի­շեց­նէ ան­խո­հեմ վա­րորդ մը, որ եր­կու հա­րիւր քի­լո­մեթր ա­րա­գու­թեամբ կը սու­րայ զա­­ռի­վա­րէն, իր ինք­նա­շար­ժի փճա­ցած զսպա­նակ­նե­րու ան­կա­րո­ղու­թիւ­նը ան­տե­սե­լով։

1969ին էր, երբ ­­Թուր­քիոյ ե­րա­նաշնորհ հո­վո­ւա­պետ՝ Շ­նորհք ­­Պատ­րիարք ­­Գա­լուս­տեան, երկ­րի փոք­րա­մաս­նա­կան սահ­մա­նադ­րա­կան կա­նոն­նե­րու ի­րա­ւուն­քով այ­ցե­լեց ու անձ­նա­պէս ըն­դու­նո­ւե­ցաւ օ­րո­ւայ վար­չա­պետ ­­Սիւ­լէյ­ման ­­Տե­մի­րէ­լի կող­մէ, ներ­կա­յաց­նե­լով ­­Պոլ­սա­հայ հա­մայն­քը հե­տաքրք­րող հար­ցեր, ո­րոնց կար­գին նաեւ հա­յոց վար­ժա­րան­նե­րու գո­յա­տեւ­ման առն­չո­ւած կեն­սա­կան խնդիր­ներ, քա­նի մի­տում­նա­ւոր ար­գելք­ներ կը յա­րու­ցո­ւէին նաեւ այդ օ­րե­րու կեդ­րո­նա­կան ու շրջա­նա­յին սպա­սար­կու­թիւն­նե­րէն ու հա­մա­պա­տաս­խան նա­խա­րա­րու­թե­նէն, ո­րոնք ե­րե­ւու­թա­պէս միայն ա­մէն բան կլորց­նե­լու ճի­գէն դուրս չէին գար։

­­Մոռ­նա՞նք տա­կա­ւին, որ ­­Վոս­փո­րի նե­ղու­ցին վրայ նոր կա­մուր­ջի մը շի­նու­թեան հա­մար ան­մի­ջա­կան խոր­տա­կու­մի ու փլու­զու­մի են­թար­կո­ւած էին պե­տա­կան անմ­խի­թար ո­րո­շու­մով ­­Խաս­գիւ­ղի հայ­կա­կան բո­լոր հաս­տա­տու­թիւն­ներն ու մա­նա­ւանդ վար­ժա­րան­նե­րը, շրջա­նի հայ­կա­կան ե­կե­ղե­ցին, ա­նոր կից գտնո­ւող գի­շե­րօ­թիկ դպրո­ցը, ­­Գալ­ֆա­յեան որ­բա­նո­ցը (հիմ­նո­ւած 150 տա­րի ա­ռաջ), թա­ղա­մա­սի հայ­կա­կան գե­րեզ­մա­նա­տու­նը, ե­ւայլն, ե­ւայլն։

­­Հա­կա­ռակ ­­Պատ­րիար­քին հան­դէպ ցու­ցա­բե­րո­ւած սի­րա­լիր ըն­դու­նե­լու­թեան, ներ­կա­յա­ցո­ւած ար­դար պա­հանջ­նե­րուն գո­հա­ցում տա­լու խոս­տում­նե­րը մնա­ցին ան­լոյծ։ Մ­նաց մա­նա­ւանդ ­­Տէ­մի­րէ­լի սփինք­սեան խորհր­դա­ւոր ժպի­տը...։

­­Կը զար­մա­նա՞ք, որ այ­սօր ալ մի­տում­նա­ւոր մե­քե­նա­յու­թիւն­նե­րու միեւ­նոյն քա­ղա­քա­կա­նու­թիւ­նը կը կի­րար­կո­ւի ա­ւեի շնա­կան ու կեղ­ծա­պա­տիր ո­ճով։ ­­Հա­յոց ­Ցե­ղաս­պա­նու­թեան հար­ցով ­­Թուր­քիոյ որ­դեգ­րած ժխտո­ղա­կան քա­ղա­քա­կա­նու­թիւ­նը որ­քա՞ն կը դի­մա­նայ, չեմ գի­տեր։ ­­Գի­տեմ, լաւ գի­տեմ սա­կայն, որ սու­տը, կեղ­ծի­քը եւ կա­մա­կոր կեր­պա­րա­նա­փո­խու­մը կարճ ոտ­քեր կ­­՚ու­նե­նան, քա­ղա­քա­կան լայ­նա­ձիգ ոս­տում­ներ կա­տա­րե­լու ա­նա­տակ կ­՚ըլ­լան։ Իսկ խտրա­կա­նու­թիւնն ալ եր­կու թի­րախ­ներ կ­՚ու­նե­նայ. ե­րեւ­ցո­ղը եւ չե­րեւ­ցո­ղը։

Չ­յի­շե՞լ տա­կա­ւին, թէ ի՛նչ ճա­կա­տագ­րի մատ­նո­ւե­ցան ­­Պոլ­սէն ու Ան­գա­րա­յէն զատ, Ա­մա­սիոյ, ­­Կե­սա­րիոյ, ­­Սե­բաս­տիոյ, ­­Մա­լա­թիոյ, ­­Խար­բեր­դի, ­­Տիգ­րա­նա­կեր­տի, ­­Մար­տի­նի, Ս­ղեր­դի, Ա­լեք­սանտ­րէ­թի, ­­Վա­նի եւ ընդ­հան­րա­պէս Ա­նա­տո­լո­ւի եւ ­­Կա­պա­դով­կիոյ հայ հա­մայնք­նե­րու դպրոց­նե­րը, ե­կե­ղե­ցի­նե­րը, հայ­կա­կան հաս­տա­տու­թիւն­նե­րը։ Ա­նա­տո­լո­ւի հա­յե­րը ժա­մա­նա­կի բռնա­դա­տող ճնշու­մին տակ՝ ըն­կե­րա­յին կամ քա­ղա­քա­կան ի­մաս­տով ստի­պո­ղա­բար իս­լա­մու­թեան են­թար­կո­ւե­ցան, կամ ալ, ի­րենց ազ­գա­յին հա­ւա­քա­կան նկա­րա­գի­րը կորսնց­նե­լով հե­տե­ւե­ցան ա­սո­րա­կան մշա­կոյ­թին, իս­լա­մու­թեան, թէ ...

­­Պոլ­սոյ մէջ տաս­նա­մեակ­ներ ա­ռաջ կը գոր­ծէին 100 հայ­կա­կան վար­ժա­րան­ներ։ Ա­ւե­լի ետք, ա­նոնց­մէ մնա­ցին 32 հատ, ո­րոնց­մէ 7ն՝ ­հայ կա­թո­ղի­կէ, մէ­կը՝ հայ բո­ղո­քա­կա­նա­կան։ Դպ­րոց­նե­րէն եր­կու­քը որ­բա­նոց­ներ էին, ե­րե­քը՝ գի­շե­րօ­թիկ, հին­գը՝ բարձ­րա­գոյն վար­ժա­րան։ Ա­շա­կեր­տու­թեան ընդ­հա­նուր թի­ւը տա­սը հա­զա­րէ վեր կը գնա­հա­տո­ւէր։

­­Պոլ­սոյ հա­յոց ­­Պատ­րիարք ­­Մես­րոպ Արք.ի փո­խա­նորդ Ա­րամ Արք. Ա­թէ­շեան կը յայ­տա­րա­րէ, թէ Օս­մա­նեան ­Կայս­րու­թեան սահ­ման­նե­րէն ներս, 1914ին կը գոր­ծէին 2170 հայ­կա­կան ե­կե­ղե­ցի­ներ եւ 100 դպրոց­ներ։ ­­Ներ­կա­յիս կը գոր­ծեն 42 ե­կե­ղե­ցի­ներ եւ 13 դպրոց­ներ։ Ո՞ւր են մնա­ցեալ­նե­րը։ Ո՞վ բա­ցատ­րու­թիւն պի­տի տայ այս մա­սին։ ­­Պոլ­սոյ հայ հա­մայն­քը ին­չո՞ւ չվե­րա­նո­րո­գո­ւե­ցաւ, ին­չո՞ւ չվե­րա­ծաղ­կե­ցաւ։

­­Թուր­քիոյ մէջ փոք­րա­մաս­նու­թիւն­նե­րու կրթա­կան հաս­տա­տու­թիւն­նե­րու խնդիր­նե­րը կը շա­րու­նա­կեն լու­ծո­ւած չըլ­լալ։

Մ­խի­թա­րա­կան է, որ խնդիր­նե­րու բնու­թագր­ման մա­սին սկսած են բարձ­րա­ձայ­նել (չմոռ­նալ նա­հա­տակ Հ­րանդ ­­Տին­քը) ­­Պոլ­սոյ հայ­կա­կան «Ա­կօս» թեր­թի խմբա­գիր ­­Բագ­րատ Էս­թու­քեան, ­­Թուր­քիոյ խորհր­դա­րա­նին մէջ գա­ղա­փա­րա­կան տար­բեր հո­սանք­նե­րու ա­րե­ւե­լու­մով հա­յազ­գի ե­րես­փո­խան­ներ՝ քրտա­մէտ ընդ­դի­մա­դիր ­­Ժո­ղո­վուրդ­նե­րու ­­Ժո­ղովր­դա­վա­րա­կան ­­Կու­սակ­ցու­թեան ան­դամ ­Կա­րօ ­Փայ­լա­նը, ­­Սե­լի­նա ­­Տո­ղա­նը, ­­Մար­գար Է­սա­յեա­նը, ո­րոնք ծա­գու­մով ու ազ­գու­թեամբ հայ ե­րես­փո­խան­ներ ըլ­լա­լով հան­դերձ, իբ­րեւ երկ­րի հայ­կա­կան հա­մայն­քի ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­ներ չեն ներ­կա­յա­նար։

Ա­նոնց­մէ մէ­կը ար­դէն իշ­խա­նու­թիւն վա­յե­լող կու­սակ­ցու­թեան ան­դամ է, իսկ մնա­ցեալ­նե­րը բուռն կեր­պով ընդ­դի­մա­դիր։ Այս պա­րա­գա­յին, պէտք է բնու­թագ­րել սա­կայն, թէ ու­րիշ բան է կու­սակ­ցա­կա­նա­ցած ըլ­լալ, ու­րիշ բան է քա­ղա­քա­կա­նա­ցած ըլ­լալ, ու­րիշ բան է ծա­գու­մով հայ եւ թրքա­կան խորհր­դա­րա­նին մէջ «մե­պուս» ըլ­լալ։ Ար­դա­րու­թիւ­նը ա­մէն տեղ նոյնն է, ո­րով­հե­տեւ մարդ­կու­թեան վե­րա­բե­րող հարց է։ Այս բո­լո­րէն ան­կախ սա­կայն, կ­­՚ար­ժէ զա­տո­րո­շել նաեւ, որ այս մար­դի­կը ե­րես­փո­խան ընտ­րո­ւե­ցան տա­րի մը ա­ռաջ, այ­սինքն ­­Հա­յոց ­­Ցե­ղաս­պա­նու­թեան 100րդ ­տա­րե­լի­ցի լրաց­ման յատ­կան­շա­կան տա­րին։ Այս­պէս կը մեկ­նա­բա­նո­ւին պատ­մու­թեան շար­ժա­ռիթ­ներն ու հա­կա­շար­ժա­ռիթ­նե­րը։

Եւ մինչ ­­Սե­լի­նա ­­Տո­ղան խիղ­ճի հարց դար­ձու­ցած ըլ­լա­լով՝ կիր­քով ու հե­տե­ւո­ղա­կա­նու­թեամբ խորդր­դա­րա­նէն ներս կ­­՚ար­ծար­ծէ փոք­րա­մաս­նա­կան վար­ժա­րան­նե­րու եւ կրթա­կան կեան­քի հա­մա­կար­գին ստեղ­ծած դժո­ւա­րու­թիւն­ներն ու բա­նե­ցո­ւած ճնշում­նե­րը, ­­Կա­րօ ­­Փայ­լան (­­Հայ ­­Կա­րօ, ըստ թուր­քե­րու) ա­րա­գաց­նե­լով պատ­մա­կան ժա­մա­նա­կը կո­րո­վա­միտ յա­ջոր­դա­կա­նու­թեամբ աշ­խա­տան­քի ձեռ­նար­կած է՝ ­­Թուր­քիոյ վար­ժա­րա­նա­յին դա­սա­գիր­քե­րուն մէջ հայ ժո­ղո­վուր­դի խե­ղա­թիւ­րո­ւած ու չա­րա­փո­խո­ւած պատ­մու­թիւ­նը ճշդե­լու եւ այդ յե­րիւ­րո­ւած բա­ժին­նե­րուն մէ­ջէն զեղ­չե­լու հա­յու­թեան հաս­ցէին տեղ գտած բա­ցա­սա­կան նկա­րագ­րա­կան­նե­րը։ ­­Մեծ դեր մը, ո­րով կը յատ­կան­շէ իր նկա­րա­գի­րը եւ պայ­քա­րի իր ընտ­րած ճա­նա­պար­հը՝ սու­տե­րով յոր­դող լեռ­նա­կոյ­տի մը դի­մաց, քա­նի ­­Թուր­քիոյ սու­տե­րը ա­մէն ա­ռի­թով քա­նի մը թի­րախ­ներ կ­­՚ու­նե­նան, որ կ­՚օգ­տա­գոր­ծո­ւին ըստ պա­րա­գա­յի, ըստ տե­ղի, ըստ կա­ցու­թեան, երկ­րէն ներս հա­մա­տա­րած սպառ­նա­լի­քի մթնո­լոր­տի մը մէջ, ներ­քին ու պատ­մա­կան հա­կադ­րու­թիւն­նե­րու եր­կար շա­րա­նի մը յա­րակ­ցու­թեամբ։

Եր­կու հայ ե­րես­փո­խան­նե­րուն կող­մէ ար­ծար­ծո­ւած ­­Հա­յոց ­­Ցե­ղաս­պա­նու­թեան բուռն ու խոր­քա­յին նշա­նա­կու­թիւ­նը բարձր աղ­մուկ, զայ­րոյթ ու թշնա­մա­կան տրա­մադ­րու­թիւն­ներ յա­ռա­ջա­ցու­ցած է։ Եւ այս մթնո­լոր­տի իբ­րեւ եզ­րա­կա­ցու­թիւն՝ Էր­տո­ղան Է­ֆէն­տիի հրահ­րող թի­րա­խա­յին պատ­գամ­նե­րը, թէ այս բո­լոր սու­տե­րուն ե­տին սփիւռ­քի հա­յե­րը եւ ի­րենց օ­տար պաշտ­պան­նե­րը կը գտնո­ւին։ ­­Փա­թի­շա­հա­կան ըմբռ­նու­մը՝ իր գե­րա­գոյն ար­տա­յայ­տու­թեան մէջ։
­­Բայց ­­Հա­յոց ­­Ցե­ղաս­պա­նու­թեան հար­ցը, օ­րա­կար­գը, էու­թիւ­նը կա՛յ ու կա՛յ, որ­քան ալ ­­Թուր­քիա ա­տոր շուրջ բռնա­դա­տա­կան մօ­տե­ցում­ներ կը դրսե­ւո­րէ ա­տե­նը մէյ մը։

­­Թուր­քիոյ դպրո­ցա­կան դա­սա­գիր­քե­րուն մէջ հա­կա­հայ քա­րոզ­չու­թիւն կը կա­տա­րո­ւի, իսկ ­­Հա­յոց ­­Ցե­ղաս­պա­նու­թիւ­նը կը ներ­կա­յա­ցո­ւի իբ­րեւ երկ­րի ռազ­մա­կան ի­րադ­րու­թե­նէն յա­ռա­ջա­ցած ա­պա­հո­վա­կան նկա­տում­նե­րով անհ­րա­ժեշ­տու­թիւն։ Իսկ Ապ­րիլ 24ին՝ հայ մտա­ւո­րա­կան­նե­րու տե­ղա­հա­նու­թիւ­նը կը ներ­կա­յա­ցո­ւի որ­պէս ­­Թուր­քիոյ դէմ գոր­ծող հայ յե­ղա­փո­խա­կան ա­ռաջ­նորդ­նե­րու ձեր­բա­կա­լու­թիւ­նը, ո­ր ­կա­տա­րո­ւե­ցաւ ա­պա­հո­վու­թեան նկա­տա­ռում­նե­րով։

­­Հա­պա ինչ­պէ՞ս կը պա­տա­հի, որ ­­Թուր­քիոյ մար­դու ի­րա­ւուք­նե­րու պաշտ­պան գոր­ծիչ, թուրք գրող եւ ­­Ցե­ղասս­պա­նու­թեան ճա­նաչ­ման ու դա­տա­պարտ­ման ջերմ ջա­տա­գով ­­Ֆե­թ­­հի­յէ ­­Չե­թի­նի «Ա­զա­տու­թեան» մրցա­նակ կը տրո­ւի...։ ­­Նաեւ Հ­րանդ ­­Տին­քին՝ «­­Մա­մու­լի ա­զա­տու­թեան» ի­տա­լա­կան մրցա­նա­կը Հ­ռո­մի մէջ։ Ար­դեօ՞ք ա­զա­տու­թիւնն ու ան­կա­խու­թիւ­նը միայն մեր ե­րէ­կը չէ որ կ­՚ար­տա­յայ­տեն, այլ նաեւ ու մա­նա­ւանդ մեր ներ­կան, քա­նի այս­պի­սի ի­մաստ­նե­րուն ար­ժէ­քը ան­ժա­ման­ցե­լի խորհր­դա­նի­շի վե­րա­ծո­ւած է մեր կեան­քին մէջ։

Ա­սոր զու­գա­հեռ՝ «­­Նոր ­­Զար­թօնք» շար­ժու­մը, որ ծլար­ձա­կած է 2004ին ու հիմ­նադ­րո­ւած է 2007ին, Հ­րանդ ­­Տին­քի սպա­նու­թեան վա­ղոր­դայ­նին եւ իբ­րեւ ռազ­մա­վա­րա­կան ա­ռա­քե­լու­թիւն ճշդած է ­­Հայ ­­Դա­տի հե­տապն­դու­մը, ար­դա­րու­թեան ո­րո­նու­մը,- ոչ միայն հա­յու­թեան, այ­լեւ ճնշո­ւած բո­լոր փոք­րա­մաս­նու­թիւն­նե­րուն հա­մար։ Այս շար­ժու­մը իբ­րեւ գլխա­ւոր դե­րա­կա­տա­րու­թիւն ընտ­րած է ա­ւան­դել հա­յե­րէն լե­զուն եւ մշա­կոյ­թը։ ­­Ներ­կա­յիս եր­կու հա­րիւ­րէ ա­ւե­լի հայ ե­րի­տա­սարդ­նե­րու հա­մադ­րո­ւած ո­ճով մայ­րե­նի լե­զու կը դա­սա­ւա­նդ եւ թրքե­րէ­նով գիր­քեր կը հրա­տա­րա­կէ ­­Հա­յոց ­­Պատ­մու­թեան ու հա­յոց ան­վի­ճե­լի ի­րա­ւունք­նե­րուն մա­սին։
Շշ­մեց­նող բա­նե՞ր։ ­­Չե՛մ կար­ծեր։ ­­Մար­դիկ կան, որ ի­րենց բնա­տուր ա­ռա­քե­լու­թեան չեն դա­ւա­ճա­ներ եւ այդ ա­ռա­քե­լու­թիւ­նը լուր­ջի կ­­՚առ­նեն, ապ­րե­լէ ետք մեծ յոյ­սի հիաս­թա­փու­թիւ­նը։ Այ­սօր, ա­նոնք՝ ի­րենց դա­ւա­նած հա­կազ­դե­ցու­թեան կրկնօ­րի­նակն են եւ բնաւ ալ հե­ռու չեն ի­րենց ապ­րած ի­րա­կա­նու­թե­նէն։

***
Այս տա­րո­ւայ «Ա­զատ Օր»ի Ապ­րի­լեան թի­ւին մէջ՝ յատ­կա­պէս ծան­րա­ցայ այս նիւ­թե­րուն։ Ան­ցեալ տա­րո­ւայ թի­ւին մէջ գրած էի՝ ­­Հա­յոց ­­Ցե­ղաս­պա­նու­թեան գծով ­­Թուր­քիոյ եւ թուր­քե­րու կա­տա­րե­լիք դրժու­մի-հա­կադր­ժու­մի դե­րին մա­սին՝ նշե­լով, որ­­Թուր­քիոյ մէջ վեր­ջին տա­րի­նե­րուն ա­նոնց կող­մէ շատ ա­ւե­լի գո­հա­ցու­ցիչ բան ե­ղաւ, քան անց­նող 100 տա­րո­ւան ըն­թաց­քին, հա­մայն հա­յու­թեան ծան­րա­խոհ ճի­գե­րուն շնոր­հիւ։

Այ­սօր, ­­Թուր­քիոյ մէջ ապ­րող թուրք մտա­ւո­րա­կան­ներ ու քա­ղա­քա­կան գոր­ծիչ­ներ պատ­մա­կա­նօ­րէն մտա­ծե­լով, խրոխտ ձայ­նով կը խօ­սին ­­Հա­յոց ­­Ցե­ղաս­պա­նու­թեան ճա­նաչ­ման ու հա­տուց­ման անհ­րա­ժեշ­տու­թեան մա­սին։ Ա­նոնց դի­մաց եւս ­­Թուր­քիոյ մեր­ժո­ղա­կան կե­ցո­ւած­քը կ­­՚ա­ւելց­նէ մեր յու­սա­խա­բու­թիւնն ու ակն­կա­լու­թիւն­նե­րը։ ­­Պատ­մու­թիւ­նը չէ­զոք բան չէ։ ­­Թէ­կուզ պատ­մու­թիւ­նը ա­մէն ին­չի հա­մար գո­հաց­նող պա­տաս­խան մը չու­նի։

­­Վեր­ջին 100 տա­րո­ւայ, 50 տա­րո­ւայ, վեր­ջին տաս­նա­մեա­կի, վեր­ջին ա­միս­նե­րու ­Թուր­քիոյ հա­մա­տա­րած տկա­րու­թիւն­ներն ու խո­ցե­լի կէ­տե­րը ե­րե­ւան բե­րին Եւ­րո­պա­յի «հի­ւանդ մար­դուն» գոր­գին տակ պա­հո­ւած վա­ղե­մի մեղ­քե­րը։ ­­Փա­շա­նե­րու շա­րու­նա­կու­թիւ­նը հան­դի­սա­ցող իշ­խա­նա­ւոր­նե­րու կի­րար­կած քա­ղա­քա­կա­նու­թիւ­նը հիմ­նո­ւած է մեր­ժու­մի շա­րու­նա­կա­կա­նու­թեան խա­խուտ փի­լի­սո­փա­յու­թեան մը հի­մե­րուն վրայ, տե­ւա­բար ա­պա­ցու­ցե­լով իր յեղ­յե­ղուկ ըմբռ­նու­մը ար­դա­րի ո ա­նար­դա­րի հաս­կա­ցո­ղու­թեան հաշ­ւոյն։ Ի՜նչ ը­սենք, ի՜նչ ը­նենք, երբ ար­դա­րի մշա­կոյ­թի հան­գա­նա­կը ան­ծա­նօթ է ի­րեն։

Ար­դեօ՞ք, կը խոր­հին, թէ ար­դա­րու­թիւ­նը կը խեղ­դէ զի­րենք ի­րենց ճղճիմ ու բար­դու­թային ազ­գայ­նա­կա­նու­թեան մէջ...։
­­Հի­մա ի՞նչ կ­­­՚ը­նենք մենք։ Ան­ցեա­լի դա­սե­րէն օգ­տո­ւե­լու հա­մար պա­տու­հան չենք բա­նար։ Ու­րիշ ժա­մա­նակ­նե­րու ու­ժա­կա­նու­թե­նէն օգ­տո­ւե­լու մա­սին չենք մտա­ծեր։ ­­Մեր այ­սօ­րո­ւան վի­ճա­կին հա­մար չենք ու­զեր գիտ­նալ, թէ ո՞վ ա­ւե­լի յան­ցա­ւոր է մեր նա­խորդ­նե­րէն։ ­­Հի­մա ու­րիշ ճամ­բու ուղ­ղու­թեան վրայ կը գտնո­ւինք եւ պի­տի նա­խընտ­րենք ի­րա­պաշ­տու­թեան մկրտու­թիւ­նը ի­րա­տե­սա­կան մկրտա­րա­նին մէջ։

­­Հա­յոց ­­Ցե­ղաս­պա­նու­թեան հար­ցը աշ­խար­հի, բայց մա­նա­ւանդ ­­Թուր­քիոյ դպրո­ցա­կան դա­սա­գիր­քե­րու մէջ նե­րառ­նե­լու հե­տապնդ­ման ճի­գը նե­ղաց­նող հար­ցադ­րում­ներ կը ստեղ­ծէ, յատ­կա­պէ՛ս ա­զատ աշ­խար­հի ազ­գայ­նօ­րէն մտա­ծող ըն­կե­րու­թիւն­նե­րու մօտ։ ­­Սա­կայն, նման հար­ցադ­րում­ներ ճիշդ հու­նի մէջ կը դնեն պատ­մու­թիւն բաղ­կաց­նող մշա­կոյ­թը եւ կը պահ­պա­նեն զայն հա­մա­պա­տաս­խան իր մի­ջա­վայ­րի սահ­ման­նե­րուն մէջ։ Ի մաս­նա­ւո­րի՝ կը հա­կադ­րո­ւին զայն իր ի­մաս­տա­յին խոր­քէն շե­ղե­լու հա­կում ու­նե­ցող­նե­րուն, ո­րոնք տար­բեր ու տար­բեր մի­տում­նե­րով ա­նոր «ա­ռաս­պե­լի», «շին­ծո­ւի», «ա­րո­ւես­տա­կա­նի», «դրա­ծո­յի» պատ­մու­թեան պատ­մու­ճան կը փոր­ձեն հագց­նել։

­­Ճիշդ պատ­մու­թիւ­նը ար­դար աշ­խար­հին հա­մար է, ար­դար մար­դոց հա­մար է։
­­Պատ­մու­թիւ­նը ար­դա­րու­թեան թթո­ւա­ծինն է։ Ս­խալ պատ­մու­թիւ­նը ան­կա­րող կը դարձ­նէ մարդ­կու­թիւ­նը իր բնա­կան զար­գաց­ման ըն­թաց­քը շա­րու­նա­կե­լու հա­մար, այդ իսկ պատ­ճա­ռով, իր դե­րը սահ­մա­նա­փակ է եւ հե­ռան­կար չու­նի։ Ո՛չ ալ եր­բեք յաղ­թո­ղի վա­ւե­րա­կան կնիք մը տրո­ւե­ցաւ ժխտո­ղա­կա­նու­թեան թէ պատ­մա­կան կեղ­ծի­քին վրայ։ ­­Պար­զա­պէս, ժա­մա­նա­կա­ւո­րա­պէս հան­դուր­ժո­ւե­ցաւ ա­րո­ւես­տա­կան բե­ւե­ռա­ցում ստեղ­ծե­լով հա­սա­րա­կու­թեան խիղ­ճին վրայ։

Ա­հա՛, այս­պի­սի բա­ներ կ՚­՚ը­սէ ազ­գե­րու պատ­մու­թեան տրա­մա­բա­նու­թիւ­նը, եւ այդ տրա­մա­բա­նու­թիւ­նը ան­ցեա­լի ու ա­պա­գա­յի ան­հեր­քե­լի պատ­մու­թեան կը վե­րա­բե­րի եւ ու­րիշ ո­րե­ւէ բան չի կրնար ըլ­լալ։ ­­Պատ­մու­թեան խա­բե­բա­նե­րը վեր­ջին բանն է, ո­րու­ն ­պէտք ու­նի մեր աշ­խար­հը։
­­Պատ­մու­թիւ­նը կա­նո­նագ­րա­յին քար­տէս ու աշ­խար­հագ­րու­թիւն ու­նի, քա­նի աշ­խար­հագ­րու­թիւ­նը պատ­մու­թիւն կը կեր­տէ, քա­նի գա­ղա­փար­նե­րու ու­ղե­ւո­րու­թիւն ու­նի։

­­Պատ­մու­թեան խնդիր­նե­րը չէ­զոք չեն կրնար հա­մա­րո­ւիլ, կը յե­նուն ժո­ղո­վուրդ­նե­րու բաց խիղ­ճին վրայ եւ կը մշա­կեն ա­պա­գա­յի նոր գա­ղա­փար­ներ։
­­Ճիշդ ու ար­դար պատ­մու­թիւ­նը հիմ­նո­ւած կ­­­՚ըլ­լայ պատ­մա­գի­տա­կան ա­ւան­դու­թեան վրայ, պատ­մա­կան ար­դա­րու­թեան մշա­կոյ­թին վրայ, որ գա­ղա­փար­ներ ու տե­ւա­կան դաս­տիա­րա­կու­թիւն կ­՚ար­տադ­րեն, կը դրսե­ւո­րեն։

­­Ցե­ղաս­պա­նու­թեան պատ­մու­թիւ­նը քա­ղա­քա­կան ճշմար­տու­թեան մը ա­նա­ռար­կե­լի փաս­տը կը կազ­մէ։ ­­Տար­բեր չի կրնար ըլ­լալ։ ­­Հա­յու­թեան անձ­նա­թուղթն ալ ցե­ղաս­պա­նու­թիւնն է։
­­Թուր­քիոյ պատ­մու­թիւ­նը փտած նա­խա­պա­շա­րում­նե­րով լե­ցուն է եւ կը մի­տի պատ­մու­թեան իր հիաս­թա­փեց­նող չա­փա­նի­շը տա­լու, ո­րով­հե­տեւ ինք զոհն է իր իսկ ստեղ­ծած հա­սա­րա­կա­կան կա­ցու­թիւն­նե­րուն, ո­րոնց­մէ մենք հե­ռա­ւո­րու­թիւն­ներ պէտք է առ­նենք։
Եզ­րա­կաց­նենք. հի­մա պատ­մու­թիւ­նը լոյս վա­րե­լու, լոյս մա­րե­լու պէս դիւ­րին ու հեշտ բան մը ե­ղած է։ ­­Թուր­քիան ալ իր սե­փա­կան կեղ­ծի­քին զոհն է։ Իր պատ­մու­թիւ­նը ա­հա­զան­գի մէջ է։ Իր պատ­մու­թիւ­նը կը հիմ­նո­ւի խաբ­կանք­նե­րու վրայ։ ­­Թուր­քիոյ ա­նար­դար­նե­րը նոր ա­նար­դար­ներ պի­տի ստեղ­ծեն, բայց այդ ա­նար­դար­նե­րը ի­րենց սահ­ման­նե­րէն ան­դին պի­տի չկա­րե­նան եր­թալ եր­բեք։ ­­Կը վստա­հեց­նեմ։­ ­Ցե­ղաս­պա­նու­թեան ի­րա­ւա­ցիու­թիւ­նը փաս­տի չի կա­րօ­տիր։

***
101րդ ­տա­րե­լից։ ­­Մեր պատ­մու­թեան ա­մէ­նէն դժո­ւար հանգ­րո­ւա­նին կը գտնո­ւինք։ ­­Պի­տի հաշ­տո­ւի՞նք կարգ մը գա­ղա­փար­նե­րու հետ, ա­ռանց ժո­ղովր­դա­վա­րու­թեան սկզբունք­նե­րը շա­հար­կե­լու։
­­Հա­յոց ­­Ցե­ղաս­պա­նու­թեան հար­ցը ռազ­մա­վա­րա­կան ընտ­րու­թիւն ու թի­րախ է եւ պէտք է պահ­պա­նել մեր ազ­գա­յին ու քա­ղա­քա­կան հե­տապն­դում­նե­րու բարձր մա­կար­դա­կին վրայ։

­­Թուր­քիոյ պատ­մու­թեան մէջ նա­խա­պա­շա­րեալ բա­ներ կան, որ տա­կա­ւին կը դժո­ւա­րա­նանք մեկ­նա­բա­նե­լու։
­Գայ­լը՝ մա­նա­ւանդ գորշ գայ­լը, միշտ մշու­շը կը նա­խընտ­րէ...։
­Մոռ­նա՞նք տա­կա­ւին, որ ­­Վոս­փո­րի նե­ղու­ցին վրայ նոր կա­մուր­ջի մը շի­նու­թեան հա­մար ան­մի­ջա­կան խոր­տա­կու­մի ու փլու­զու­մի են­թար­կո­ւած էին պե­տա­կան անմ­խի­թար ո­րո­շու­մով ­­Խաս­գիւ­ղի հայ­կա­կան բո­լոր հաս­տա­տու­թիւն­ներն ու մա­նա­ւանդ վար­ժա­րան­նե­րը, շրջա­նի հայ­կա­կան ե­կե­ղե­ցին, ա­նոր կից գտնո­ւող գի­շե­րօ­թիկ դպրո­ցը, ­­Գալ­ֆա­յեան որ­բա­նո­ցը (հիմ­նո­ւած 150 տա­րի ա­ռաջ), թա­ղա­մա­սի հայ­կա­կան գե­րեզ­մա­նա­տու­նը, ե­ւայլն, ե­ւայլն։
­­Հա­կա­ռակ ­­Պատ­րիար­քին հան­դէպ ցու­ցա­բե­րո­ւած սի­րա­լիր ըն­դու­նե­լու­թեան, ներ­կա­յա­ցո­ւած ար­դար պա­հանջ­նե­րուն գո­հա­ցում տա­լու խոս­տում­նե­րը մնա­ցին ան­լոյծ։ Մ­նաց մա­նա­ւանդ ­­Տէ­մի­րէ­լի սփինք­սեան խորհրդա­ւոր ժպի­տը...։

­­Կը զար­մա­նա՞ք, որ այ­սօր ալ մի­տում­նա­ւոր մե­քե­նա­յու­թիւն­նե­րու միեւ­նոյն քա­ղա­քա­կա­նու­թիւ­նը կը կի­րար­կո­ւի ա­ւելի շնա­կան ու կեղ­ծա­պա­տիր ո­ճով։ ­­Հա­յոց ­Ցե­ղաս­պա­նու­թեան հար­ցով ­­Թուր­քիոյ որ­դեգ­րած ժխտո­ղա­կան քա­ղա­քա­կա­նու­թիւ­նը որ­քա՞ն կը դի­մա­նայ, չեմ գի­տեր։ ­­Գի­տեմ, լաւ գի­տեմ սա­կայն, որ սու­տը, կեղ­ծի­քը եւ կա­մա­կոր կեր­պա­րա­նա­փո­խու­մը կարճ ոտ­քեր կ­­՚ու­նե­նան, քա­ղա­քա­կան լայ­նա­ձիգ ոս­տում­ներ կա­տա­րե­լու ա­նա­տակ կ­՚ըլ­լան։ Իսկ խտրա­կա­նու­թիւնն ալ եր­կու թի­րախ­ներ կ­՚ու­նե­նայ. ե­րեւ­ցո­ղը եւ չե­րեւ­ցո­ղը։

Չ­յի­շե՞լ տա­կա­ւին, թէ ի՛նչ ճա­կա­տագ­րի մատ­նո­ւե­ցան ­­Պոլ­սէն ու Ան­գա­րա­յէն զատ, Ա­մա­սիոյ, ­­Կե­սա­րիոյ, ­­Սե­բաս­տիոյ, ­­Մա­լա­թիոյ, ­­Խար­բեր­դի, ­­Տիգ­րա­նա­կեր­տի, ­­Մար­տի­նի, Ս­ղեր­դի, Ա­լեք­սանտ­րէ­թի, ­­Վա­նի եւ ընդ­հան­րա­պէս Ա­նա­տո­լո­ւի եւ ­­Կա­պա­դով­կիոյ հայ հա­մայնք­նե­րու դպրոց­նե­րը, ե­կե­ղե­ցի­նե­րը, հայ­կա­կան հաս­տա­տու­թիւն­նե­րը։ Ա­նա­տո­լո­ւի հա­յե­րը ժա­մա­նա­կի բռնա­դա­տող ճնշու­մին տակ՝ ըն­կե­րա­յին կամ քա­ղա­քա­կան ի­մաս­տով ստի­պո­ղա­բար իս­լա­մու­թեան են­թար­կո­ւե­ցան, կամ ալ, ի­րենց ազ­գա­յին հա­ւա­քա­կան նկա­րա­գի­րը կորսնց­նե­լով հե­տե­ւե­ցան ա­սո­րա­կան մշա­կոյ­թին, իս­լա­մու­թեան, թէ ...

­­Պոլ­սոյ մէջ տաս­նա­մեակ­ներ ա­ռաջ կը գոր­ծէին 100 հայ­կա­կան վար­ժա­րան­ներ։ Ա­ւե­լի ետք, ա­նոնց­մէ մնա­ցին 32 հատ, ո­րոնց­մէ 7ն՝ ­հայ կա­թո­ղի­կէ, մէ­կը՝ հայ բո­ղո­քա­կա­ն։ Դպ­րոց­նե­րէն եր­կու­քը որ­բա­նոց­ներ էին, ե­րե­քը՝ գի­շե­րօ­թիկ, հին­գը՝ բարձ­րա­գոյն վար­ժա­րան։ Ա­շա­կեր­տու­թեան ընդ­հա­նուր թի­ւը տա­սը հա­զա­րէ վեր կը գնա­հա­տուէր։

­­Պոլ­սոյ հա­յոց ­­Պատ­րիարք ­­Մես­րոպ Արք.ի փո­խա­նորդ Ա­րամ Արք. Ա­թէ­շեան կը յայ­տա­րա­րէ, թէ Օս­մա­նեան ­Կայս­րու­թեան սահ­ման­նե­րէն ներս, 1914ին կը գոր­ծէին 2170 հայ­կա­կան ե­կե­ղե­ցի­ներ եւ 100 դպրոց­ներ։ ­­Ներ­կա­յիս կը գոր­ծեն 42 ե­կե­ղե­ցի­ներ եւ 13 դպրոց­ներ։ Ո՞ւր են մնա­ցեալ­նե­րը։ Ո՞վ բա­ցատ­րու­թիւն պի­տի տայ այս մա­սին։ ­­Պոլ­սոյ հայ հա­մայն­քը ին­չո՞ւ չվե­րա­նո­րո­գո­ւե­ցաւ, ին­չո՞ւ չվե­րա­ծաղ­կե­ցաւ։

­­Թուր­քիոյ մէջ փոք­րա­մաս­նու­թիւն­նե­րու կրթա­կան հաս­տա­տու­թիւն­նե­րու խնդիր­նե­րը կը շա­րու­նա­կեն լու­ծո­ւած չըլ­լալ։
Մ­խի­թա­րա­կան է, որ խնդիր­նե­րու բնու­թագր­ման մա­սին սկսած են բարձրա­ձայ­նել (չմոռ­նալ նա­հա­տակ Հ­րանդ ­­Տին­քը) ­­Պոլ­սոյ հայ­կա­կան «Ա­կօս» թեր­թի խմբա­գիր ­­Բագ­րատ Էս­թու­քեան, ­­Թուր­քիոյ խորհր­դա­րա­նին մէջ գա­ղա­փա­րա­կան տար­բեր հո­սանք­նե­րու ա­րե­ւե­լու­մով հա­յազ­գի ե­րես­փո­խան­ներ՝ քրտա­մէտ ընդ­դի­մա­դիր ­­Ժո­ղո­վուրդ­նե­րու ­­Ժո­ղովր­դա­վա­րա­կան ­­Կու­սակ­ցու­թեան ան­դամ ­Կա­րօ ­Փայ­լա­նը, ­­Սե­լի­նա ­­Տո­ղա­նը, ­­Մար­գար Է­սա­յեա­նը, ո­րոնք ծա­գու­մով ու ազ­գու­թեամբ հայ ե­րես­փո­խան­ներ ըլ­լա­լով հան­դերձ, իբ­րեւ երկ­րի հայ­կա­կան հա­մայն­քի ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­ներ չեն ներ­կա­յա­նար։

Ա­նոնց­մէ մէ­կը ար­դէն իշ­խա­նու­թիւն վա­յե­լող կու­սակ­ցու­թեան ան­դամ է, իսկ մնա­ցեալ­նե­րը բուռն կեր­պով ընդ­դի­մա­դիր։ Այս պա­րա­գա­յին, պէտք է բնու­թագ­րել սա­կայն, թէ ու­րիշ բան է կու­սակ­ցա­կա­նա­ցած ըլ­լալ, ու­րիշ բան է քա­ղա­քա­կա­նա­ցած ըլ­լալ, ու­րիշ բան է ծա­գու­մով հայ եւ թրքա­կան խորհր­դա­րա­նին մէջ «մե­պուս» ըլ­լալ։ Ար­դա­րու­թիւ­նը ա­մէն տեղ նոյնն է, ո­րով­հե­տեւ մարդ­կու­թեան վե­րա­բե­րող հարց է։ Այս բո­լո­րէն ան­կախ սա­կայն, կ­­՚ար­ժէ զա­տո­րո­շել նաեւ, որ այս մար­դի­կը ե­րես­փո­խան ընտ­րո­ւե­ցան տա­րի մը ա­ռաջ, այ­սինքն ­­Հա­յոց ­­Ցե­ղաս­պա­նու­թեան 100րդ ­տա­րե­լի­ցի լրաց­ման յատ­կան­շա­կան տա­րին։ Այս­պէս կը մեկ­նա­բանուին պատ­մու­թեան շար­ժա­ռիթ­ներն ու հա­կա­շար­ժա­ռիթ­նե­րը։

Եւ մինչ ­­Սե­լի­նա ­­Տո­ղան խիղ­ճի հարց դար­ձու­ցած ըլ­լա­լով՝ կիր­քով ու հե­տե­ւո­ղա­կա­նու­թեամբ խորհր­դա­րա­նէն ներս կ­­՚ար­ծար­ծէ փոք­րա­մաս­նա­կան վար­ժա­րան­նե­րու եւ կրթա­կան կեան­քի հա­մա­կար­գին ստեղ­ծած դժո­ւա­րու­թիւն­ներն ու բա­նե­ցո­ւած ճնշում­նե­րը, ­­Կա­րօ ­­Փայ­լան (­­Հայ ­­Կա­րօ, ըստ թուր­քե­րու) ա­րա­գաց­նե­լով պատ­մա­կան ժա­մա­նա­կը կո­րո­վա­միտ յա­ջոր­դա­կա­նու­թեամբ աշ­խա­տան­քի ձեռ­նար­կած է՝ ­­Թուր­քիոյ վար­ժա­րա­նա­յին դա­սա­գիր­քե­րուն մէջ հայ ժո­ղո­վուր­դի խե­ղա­թիւ­րո­ւած ու չա­րա­փո­խո­ւած պատ­մու­թիւ­նը ճշդե­լու եւ այդ յե­րիւ­րո­ւած բա­ժին­նե­րուն մէ­ջէն զեղ­չե­լու հա­յու­թեան հաս­ցէին տեղ գտած բա­ցա­սա­կան նկա­րագ­րա­կան­նե­րը։ ­­

Մեծ դեր մը, ո­րով կը յատ­կան­շէ իր նկա­րա­գի­րը եւ պայ­քա­րի իր ընտ­րած ճա­նա­պար­հը՝ սու­տե­րով յոր­դող լեռ­նա­կոյ­տի մը դի­մաց, քա­նի ­­Թուր­քիոյ սու­տե­րը ա­մէն ա­ռի­թով քա­նի մը թի­րախ­ներ կ­­՚ու­նե­նան, որ կ­՚օգ­տա­գոր­ծուին ըստ պա­րա­գա­յի, ըստ տե­ղի, ըստ կա­ցու­թեան, երկ­րէն ներս հա­մա­տա­րած սպառ­նա­լի­քի մթնո­լոր­տի մը մէջ, ներ­քին ու պատ­մա­կան հա­կադ­րու­թիւն­նե­րու եր­կար շա­րա­նի մը յա­րակ­ցու­թեամբ։

Եր­կու հայ ե­րես­փո­խան­նե­րուն կող­մէ ար­ծար­ծո­ւած ­­Հա­յոց ­­Ցե­ղաս­պա­նու­թեան բուռն ու խոր­քա­յին նշա­նա­կու­թիւ­նը բարձր աղ­մուկ, զայ­րոյթ ու թշնա­մա­կան տրա­մադ­րու­թիւն­ներ յա­ռա­ջա­ցու­ցած է։ Եւ այս մթնո­լոր­տի իբ­րեւ եզ­րա­կա­ցու­թիւն՝ Էր­տո­ղան Է­ֆէն­տիի հրահ­րող թի­րա­խա­յին պատ­գամ­նե­րը, թէ այս բո­լոր սու­տե­րուն ե­տին սփիւռ­քի հա­յե­րը եւ ի­րենց օ­տար պաշտ­պան­նե­րը կը գտնո­ւին։ ­­Փա­թի­շա­հա­կան ըմբռ­նու­մը՝ իր գե­րա­գոյն ար­տա­յայ­տու­թեան մէջ։
­­Բայց ­­Հա­յոց ­­Ցե­ղաս­պա­նու­թեան հար­ցը, օ­րա­կար­գը, էու­թիւ­նը կա՛յ ու կա՛յ, որ­քան ալ ­­Թուր­քիա ա­տոր շուրջ բռնա­դա­տա­կան մօ­տե­ցում­ներ կը դրսե­ւո­րէ ա­տե­նը մէյ մը։

­­Թուր­քիոյ դպրո­ցա­կան դա­սա­գիր­քե­րուն մէջ հա­կա­հայ քա­րոզ­չու­թիւն կը կա­տա­րո­ւի, իսկ ­­Հա­յոց ­­Ցե­ղաս­պա­նու­թիւ­նը կը ներ­կա­յա­ցո­ւի իբ­րեւ երկ­րի ռազ­մա­կան ի­րադ­րու­թե­նէն յա­ռա­ջա­ցած ա­պա­հո­վա­կան նկա­տում­նե­րով անհ­րա­ժեշ­տու­թիւն։ Իսկ Ապ­րիլ 24ին՝ հայ մտա­ւո­րա­կան­նե­րու տե­ղա­հա­նու­թիւ­նը կը ներ­կա­յա­ցո­ւի որ­պէս ­­Թուր­քիոյ դէմ գոր­ծող հայ յե­ղա­փո­խա­կան ա­ռաջ­նորդ­նե­րու ձեր­բա­կա­լու­թիւ­նը, ո­ր ­կա­տա­րո­ւե­ցաւ ա­պա­հո­վու­թեան նկա­տա­ռում­նե­րով։

­­Հա­պա ինչ­պէ՞ս կը պա­տա­հի, որ ­­Թուր­քիոյ մար­դու ի­րա­ւուք­նե­րու պաշտ­պան գոր­ծիչ, թուրք գրող եւ ­­Ցե­ղասս­պա­նու­թեան ճա­նաչ­ման ու դա­տա­պարտ­ման ջերմ ջա­տա­գով ­­Ֆե­թ­­հի­յէ ­­Չե­թի­նի «Ա­զա­տու­թեան» մրցա­նակ կը տրո­ւի...։ ­­Նաեւ Հ­րանդ ­­Տին­քին՝ «­­Մա­մու­լի ա­զա­տու­թեան» ի­տա­լա­կան մրցա­նա­կը Հ­ռո­մի մէջ։ Ար­դեօ՞ք ա­զա­տու­թիւնն ու ան­կա­խու­թիւ­նը միայն մեր ե­րէ­կը չէ որ կ­՚ար­տա­յայ­տեն, այլ նաեւ ու մա­նա­ւանդ մեր ներ­կան, քա­նի այս­պի­սի ի­մաստ­նե­րուն ար­ժէ­քը ան­ժա­ման­ցե­լի խորհր­դա­նի­շի վե­րա­ծո­ւած է մեր կեան­քին մէջ։

Ա­սոր զու­գա­հեռ՝ «­­Նոր ­­Զար­թօնք» շար­ժու­մը, որ ծլար­ձա­կած է 2004ին ու հիմ­նադ­րո­ւած է 2007ին, Հ­րանդ ­­Տին­քի սպա­նու­թեան վա­ղոր­դայ­նին եւ իբ­րեւ ռազ­մա­վա­րա­կան ա­ռա­քե­լու­թիւն ճշդած է ­­Հայ ­­Դա­տի հե­տապն­դու­մը, ար­դա­րու­թեան ո­րո­նու­մը,- ոչ միայն հա­յու­թեան, այ­լեւ ճնշո­ւած բո­լոր փոք­րա­մաս­նու­թիւն­նե­րուն հա­մար։ Այս շար­ժու­մը իբ­րեւ գլխա­ւոր դե­րա­կա­տա­րու­թիւն ընտ­րած է ա­ւան­դել հա­յե­րէն լե­զուն եւ մշա­կոյ­թը։ ­­Ներ­կա­յիս եր­կու հա­րիւ­րէ ա­ւե­լի հայ ե­րի­տա­սարդ­նե­րու հա­մադ­րո­ւած ո­ճով մայ­րե­նի լե­զու կը դա­սա­ւա­նդէ եւ թրքե­րէ­նով գիր­քեր կը հրա­տա­րա­կէ ­­Հա­յոց ­­Պատ­մու­թեան ու հա­յոց ան­վի­ճե­լի ի­րա­ւունք­նե­րուն մա­սին։

Շշ­մեց­նող բա­նե՞ր։ ­­Չե՛մ կար­ծեր։ ­­Մար­դիկ կան, որ ի­րենց բնա­տուր ա­ռա­քե­լու­թեան չեն դա­ւա­ճա­ներ եւ այդ ա­ռա­քե­լու­թիւ­նը լուր­ջի կ­­՚առ­նեն, ապ­րե­լէ ետք մեծ յոյ­սի հիաս­թա­փու­թիւ­նը։ Այ­սօր, ա­նոնք՝ ի­րենց դա­ւա­նած հա­կազ­դե­ցու­թեան կրկնօ­րի­նակն են եւ բնաւ ալ հե­ռու չեն ի­րենց ապ­րած ի­րա­կա­նու­թե­նէն։

***
Այս տա­րո­ւայ «Ա­զատ Օր»ի Ապ­րիլեան թի­ւին մէջ՝ յատ­կա­պէս ծան­րա­ցայ այս նիւ­թե­րուն։ Ան­ցեալ տա­րո­ւայ թի­ւին մէջ գրած էի՝ ­­Հա­յոց ­­Ցե­ղաս­պա­նու­թեան գծով ­­Թուր­քիոյ եւ թուր­քե­րու կա­տա­րե­լիք դրժու­մի-հա­կադր­ժու­մի դե­րին մա­սին՝ նշե­լով, որ ­­Թուր­քիոյ մէջ վեր­ջին տա­րի­նե­րուն ա­նոնց կող­մէ շատ ա­ւե­լի գո­հա­ցու­ցիչ բան ե­ղաւ, քան անց­նող 100 տա­րո­ւան ըն­թաց­քին, հա­մայն հա­յու­թեան ծան­րա­խոհ ճի­գե­րուն շնոր­հիւ։

Այ­սօր, ­­Թուր­քիոյ մէջ ապ­րող թուրք մտա­ւո­րա­կան­ներ ու քա­ղա­քա­կան գոր­ծիչ­ներ պատ­մա­կա­նօ­րէն մտա­ծե­լով, խրոխտ ձայ­նով կը խօ­սին ­­Հա­յոց ­­Ցե­ղաս­պա­նու­թեան ճա­նաչ­ման ու հա­տուց­ման անհ­րա­ժեշ­տու­թեան մա­սին։ Ա­նոնց դի­մաց եւս ­­Թուր­քիոյ մեր­ժո­ղա­կան կե­ցո­ւած­քը կ­­՚ա­ւելց­նէ մեր յու­սա­խա­բու­թիւնն ու ակն­կա­լու­թիւն­նե­րը։ ­­Պատ­մու­թիւ­նը չէ­զոք բան չէ։ ­­Թէ­կուզ պատ­մու­թիւ­նը ա­մէն ին­չի հա­մար գո­հաց­նող պա­տաս­խան մը չու­նի։

­­Վեր­ջին 100 տա­րո­ւայ, 50 տա­րո­ւայ, վեր­ջին տաս­նա­մեա­կի, վեր­ջին ա­միս­նե­րու ­Թուր­քիոյ հա­մա­տա­րած տկա­րու­թիւն­ներն ու խո­ցե­լի կէ­տե­րը ե­րե­ւան բե­րին Եւ­րո­պա­յի «հի­ւանդ մար­դուն» գոր­գին տակ պա­հո­ւած վա­ղե­մի մեղ­քե­րը։

­­Փա­շա­նե­րու շա­րու­նա­կու­թիւ­նը հան­դի­սա­ցող իշ­խա­նա­ւոր­նե­րու կի­րար­կած քա­ղա­քա­կա­նու­թիւ­նը հիմ­նո­ւած է մեր­ժու­մի շա­րու­նա­կա­կա­նու­թեան խա­խուտ փի­լի­սո­փա­յու­թեան մը հի­մե­րուն վրայ, տե­ւա­բար ա­պա­ցու­ցե­լով իր յեղ­յե­ղուկ ըմբռ­նու­մը ար­դա­րի ու ա­նար­դա­րի հաս­կա­ցո­ղու­թեան հաշ­ւոյն։ Ի՜նչ ը­սենք, ի՜նչ ը­նենք, երբ ար­դա­րի մշա­կոյ­թի հան­գա­նա­կը ան­ծա­նօթ է ի­րեն։

Ար­դեօ՞ք, կը խոր­հին, թէ ար­դա­րու­թիւ­նը կը խեղ­դէ զի­րենք ի­րենց ճղճիմ ու բար­դու­թային ազ­գայ­նա­կա­նու­թեան մէջ...։
­­Հի­մա ի՞նչ կ­­­՚ը­նենք մենք։ Ան­ցեա­լի դա­սե­րէն օգ­տո­ւե­լու հա­մար պա­տու­հան չենք բա­նար։ Ու­րիշ ժա­մա­նակ­նե­րու ու­ժա­կա­նու­թե­նէն օգ­տո­ւե­լու մա­սին չենք մտա­ծեր։ ­­Մեր այ­սօ­րո­ւան վի­ճա­կին հա­մար չենք ու­զեր գիտ­նալ, թէ ո՞վ ա­ւե­լի յան­ցա­ւոր է մեր նա­խորդ­նե­րէն։ ­­Հի­մա ու­րիշ ճամ­բու ուղ­ղու­թեան վրայ կը գտնո­ւինք եւ պի­տի նա­խընտ­րենք ի­րա­պաշ­տու­թեան մկրտու­թիւ­նը ի­րա­տե­սա­կան մկրտա­րա­նին մէջ։

­­Հա­յոց ­­Ցե­ղաս­պա­նու­թեան հար­ցը աշ­խար­հի, բայց մա­նա­ւանդ ­­Թուր­քիոյ դպրո­ցա­կան դա­սա­գիր­քե­րու մէջ նե­րառ­նե­լու հե­տապնդ­ման ճի­գը նե­ղաց­նող հար­ցադ­րում­ներ կը ստեղ­ծէ, յատ­կա­պէ՛ս ա­զատ աշ­խար­հի ազ­գայ­նօ­րէն մտա­ծող ըն­կե­րու­թիւն­նե­րու մօտ։ ­­Սա­կայն, նման հար­ցադ­րում­ներ ճիշդ հու­նի մէջ կը դնեն պատ­մու­թիւն բաղ­կաց­նող մշա­կոյ­թը եւ կը պահ­պա­նեն զայն հա­մա­պա­տաս­խան իր մի­ջա­վայ­րի սահ­ման­նե­րուն մէջ։ Ի մաս­նա­ւո­րի՝ կը հա­կադ­րո­ւին զայն իր ի­մաս­տա­յին խոր­քէն շե­ղե­լու հա­կում ու­նե­ցող­նե­րուն, ո­րոնք տար­բեր ու տար­բեր մի­տում­նե­րով ա­նոր «ա­ռաս­պե­լի», «շին­ծո­ւի», «ա­րո­ւես­տա­կա­նի», «դրա­ծո­յի» պատ­մու­թեան պատ­մու­ճան կը փոր­ձեն հագց­նել։

­­Ճիշդ պատ­մու­թիւ­նը ար­դար աշ­խար­հին հա­մար է, ար­դար մար­դոց հա­մար է։
­­Պատ­մու­թիւ­նը ար­դա­րու­թեան թթուա­ծինն է։ Ս­խալ պատ­մու­թիւ­նը ան­կա­րող կը դարձ­նէ մարդ­կու­թիւ­նը իր բնա­կան զար­գաց­ման ըն­թաց­քը շա­րու­նա­կե­լու հա­մար, այդ իսկ պատ­ճա­ռով, իր դե­րը սահ­մա­նա­փակ է եւ հե­ռան­կար չու­նի։ Ո՛չ ալ եր­բեք յաղ­թո­ղի վա­ւե­րա­կան կնիք մը տրո­ւե­ցաւ ժխտո­ղա­կա­նու­թեան թէ պատ­մա­կան կեղ­ծի­քին վրայ։ ­­Պար­զա­պէս, ժա­մա­նա­կա­ւո­րա­պէս հան­դուր­ժո­ւե­ցաւ ա­րո­ւես­տա­կան բե­ւե­ռա­ցում ստեղ­ծե­լով հա­սա­րա­կու­թեան խիղ­ճին վրայ։

Ա­հա՛, այս­պի­սի բա­ներ կ՚­ը­սէ ազ­գե­րու պատ­մու­թեան տրա­մա­բա­նու­թիւ­նը, եւ այդ տրա­մա­բա­նու­թիւ­նը ան­ցեա­լի ու ա­պա­գա­յի ան­հեր­քե­լի պատ­մու­թեան կը վե­րա­բե­րի եւ ու­րիշ ո­րե­ւէ բան չի կրնար ըլ­լալ։ ­­Պատ­մու­թեան խա­բե­բա­նե­րը վեր­ջին բանն է, ո­րու­ն ­պէտք ու­նի մեր աշ­խար­հը։
­­Պատ­մու­թիւ­նը կա­նո­նագ­րա­յին քար­տէս ու աշ­խար­հագ­րու­թիւն ու­նի, քա­նի աշ­խար­հագ­րու­թիւ­նը պատ­մու­թիւն կը կեր­տէ, քա­նի գա­ղա­փար­նե­րու ու­ղե­ւո­րու­թիւն ու­նի։

­­Պատ­մու­թեան խնդիր­նե­րը չէ­զոք չեն կրնար հա­մա­րո­ւիլ, կը յե­նուն ժո­ղո­վուրդ­նե­րու բաց խիղ­ճին վրայ եւ կը մշա­կեն ա­պա­գա­յի նոր գա­ղա­փար­ներ։
­­Ճիշդ ու ար­դար պատ­մու­թիւ­նը հիմ­նո­ւած կ­­­՚ըլ­լայ պատ­մա­գի­տա­կան ա­ւան­դու­թեան վրայ, պատ­մա­կան ար­դա­րու­թեան մշա­կոյ­թին վրայ, որ գա­ղա­փար­ներ ու տե­ւա­կան դաս­տիա­րա­կու­թիւն կ­՚ար­տադ­րեն, կը դրսե­ւո­րեն։

­­Ցե­ղաս­պա­նու­թեան պատ­մու­թիւ­նը քա­ղա­քա­կան ճշմար­տու­թեան մը ա­նա­ռար­կե­լի փաս­տը կը կազ­մէ։ ­­Տար­բեր չի կրնար ըլ­լալ։ ­­Հա­յու­թեան անձ­նա­թուղթն ալ ցե­ղաս­պա­նու­թիւնն է։
­­Թուր­քիոյ պատ­մու­թիւ­նը փտած նա­խա­պա­շա­րում­նե­րով լե­ցուն է եւ կը մի­տի պատ­մու­թեան իր հիաս­թա­փեց­նող չա­փա­նի­շը տա­լու, ո­րով­հե­տեւ ինք զոհն է իր իսկ ստեղ­ծած հա­սա­րա­կա­կան կա­ցու­թիւն­նե­րուն, ո­րոնց­մէ մենք հե­ռա­ւո­րու­թիւն­ներ պէտք է առ­նենք։
Եզ­րա­կաց­նենք. հի­մա պատ­մու­թիւ­նը լոյս վա­րե­լու, լոյս մա­րե­լու պէս դիւ­րին ու հեշտ բան մը ե­ղած է։ ­­Թուր­քիան ալ իր սե­փա­կան կեղ­ծի­քին զոհն է։ Իր պատ­մու­թիւ­նը ա­հա­զան­գի մէջ է։ Իր պատ­մու­թիւ­նը կը հիմ­նո­ւի խաբ­կանք­նե­րու վրայ։ ­

Թուր­քիոյ ա­նար­դար­նե­րը նոր ա­նար­դար­ներ պի­տի ստեղ­ծեն, բայց այդ ա­նար­դար­նե­րը ի­րենց սահ­ման­նե­րէն ան­դին պի­տի չկա­րե­նան եր­թալ եր­բեք։ ­­Կը վստա­հեց­նեմ։­ ­Ցե­ղաս­պա­նու­թեան ի­րա­ւա­ցիու­թիւ­նը փաս­տի չի կա­րօ­տիր։

***
101րդ ­տա­րե­լից։ ­­Մեր պատ­մու­թեան ա­մէ­նէն դժո­ւար հանգ­րո­ւա­նին կը գտնո­ւինք։ ­­Պի­տի հաշ­տո­ւի՞նք կարգ մը գա­ղա­փար­նե­րու հետ, ա­ռանց ժո­ղովրդա­վա­րու­թեան սկզբունք­նե­րը շա­հար­կե­լու։
­­Հա­յոց ­­Ցե­ղաս­պա­նու­թեան հար­ցը ռազ­մա­վա­րա­կան ընտ­րու­թիւն ու թի­րախ է եւ պէտք է պահ­պա­նել մեր ազ­գա­յին ու քա­ղա­քա­կան հե­տապն­դում­նե­րու բարձր մա­կար­դա­կին վրայ։

­­Թուր­քիոյ պատ­մու­թեան մէջ նա­խա­պա­շա­րեալ բա­ներ կան, որ տա­կա­ւին կը դժո­ւա­րա­նանք մեկ­նա­բա­նե­լու։
­Գայ­լը՝ մա­նա­ւանդ գորշ գայ­լը, միշտ մշու­շը կը նա­խընտ­րէ...։

Յով­սէփ ­­Պա­րա­զեան