Կա­մա­ւոր ծա­ռա­յող­ներ ու կեան­քի գնով հայ­րե­նի­քի պաշտ­պա­նու­թեան նո­ւի­րո­ւած տա­րեց­ներ եւ ե­րի­տա­սարդ­ներ:
Ե­լեկտ­րա­կա­նու­թեան սա­կե­րու բարձ­րաց­ման հա­մար կա­ռա­վա­րու­թեան դէմ մղո­ւած պայ­քար­նե­րէն, նա­խա­գա­հին եւ կամ կա­թո­ղի­կո­սին դէմ ար­ծա­րո­ւած ու ար­ձա­

նագ­րո­ւած զա­նա­զան մե­ղադ­րում­նե­րէն ու զրպար­տու­թիւն­նե­րէն, կազ­մա­կեր­պա­կան եւ թէ կու­սակ­ցա­կան զա­նա­զան հա­կա­ռա­կու­թիւն­նե­րէն, ը­սի-ը­սաւ­ներ­նէն ու հա­զար ու մէկ գոյ­նի բա­ժա­նում­նե­րէն ետք՝ հայ ժո­ղո­վուր­դը աշ­խար­հին ներ­կա­յա­ցաւ դար­ձեալ որ­պէս մէկ ամ­բող­ջու­թիւն, իր հա­կա­ռա­կու­թիւն­ներն ու կռիւ­նե­րու սլա­քը ուղ­ղե­լով այս ան­գամ թշնա­միին դէմ՝ ինչ որ ճշմար­տա­գոյնն ու կա­րե­ւո­րա­գոյնն է վե­րո­յի­շեալ հար­ցե­րուն մէջ:

­Հա­րիւ­րա­ւոր ե­րի­տա­սարդ­ներ, տա­րեց­ներ, զա­ւակ­նե­րու տէր ան­ձեր ու նա­մա­նա­ւանդ կի­ներ ու ե­րի­տա­սար­դու­հի­ներ, մէկ­դի ձգե­լով ­Հա­յաս­տա­նի կա­ռա­վա­րա­կան բո­լոր հար­ցե­րը, նիւ­թա­կան ու շա­հախն­դիր ա­նի­րա­ւու­թիւն­նե­րը, հա­սա­րա­կա­կան կեան­քին մէջ տի­րող ան­հա­ւա­սա­րու­թիւն­ներն ու ձգձգում­նե­րը, ճամ­բայ ե­լան դէ­պի սահ­ման­ներ՝ գիտ­նա­լով հան­դերձ, որ կրնայ վե­րա­դարձ տե­ղի չու­նե­նալ... ա­րեան գնով կռո­ւե­լու հա­մար ի սէր հայ­րե­նի­քին:

Դժ­բախ­տա­բար միշտ ալ նոյն յեղ­յե­ղուկ վի­ճա­կը տե­ղի ու­նե­ցած է: Ազ­գո­վին ներ­կա­յա­ցած ենք աշ­խար­հին ու հան­րու­թեան որ­պէս մէկ բռունցք ու միաս­նա­կան ուժ՝ ընդ­դէմ թուր­քին ու թշնա­միին, աշ­խար­հը ճանչ­ցած է մեզ մեր հսկա­յա­կան բազ­մա­մարդ ցոյ­ցե­րով... սա­կայն մի քա­նի օ­րեր կամ ա­միս­ներ ետք, ժո­ղո­վուր­դին ու կա­ռա­վա­րու­թեան մի­ջեւ գո­յու­թիւն ու­նե­ցած շատ յա­ճախ ան­մարդ­կա­յին տե­սա­րան­նե­րով օժ­տո­ւած ցոյ­ցե­րով ու կռիւ­նե­րով:

­Տա­կա­ւին հա­յուն ին­քնու­թեան մա­սին ո­րոշ ու հսկայ սահ­մա­նում մը կա­տա­րո­ւած չէ... ­Հայ գրող Ն­շան ­Պէ­շիկ­թաշ­լեան շատ հե­տաքրք­րա­կա­նօ­րէն կը ներ­կա­յաց­նէ հա­յը... «Ին­կի՛ր, ու ­Հա­յը ձեռք մը կու տայ քե­զի: Ե­լի՛ր ու կը ստա­նաս իր ոտ­քը եւ կամ իր նա­խան­ձէն ե­կող կի­ցը»:

­Մե­ծա­նուն գրո­ղը ­Հա­յը ներ­կա­յա­ցու­ցած ժա­մա­նակ, տա­րի­ներ ա­ռաջ, նոյ­նիսկ կրցած է գրել այն ի­րո­ղու­թեան մա­սին, ինչ որ այս օ­րե­րուս ­Յու­նաս­տա­նի մէջ եւս կը տես­նենք, մա­նա­ւանդ այս­տեղ բնա­կու­թիւն հաս­տա­տած հայ­րե­նի­քէն ժա­մա­նած հայ­րե­նա­կից­նե­րուն մօտ.- «­Հա­յը կա­պո­ւած է իր ցե­ղին, իր լե­զո­ւին, քիչ թէ շատ՝ իր օ­րա­թեր­թին ու գրա­կա­նու­թեան եւ մշա­կոյ­թին:

­Սա­կայն վա՜յ, թէ օ­տար լե­զու մը սոր­վի՝ կար­դա­ցա­ծը հասկ­նա­լու չափ. ­Կա­մա­ցուկ մը «մնաս բա­րով» կ­՚ը­սէ իր մշա­կոյ­թին՝ վե­րէն նա­յե­լով ա­նոր վրայ ու կը բռնէ այ­լա­սեր­ման նրբու­ղին»:
Առ այդ՝ ո՞վ է իս­կա­կան ­Հա­յը...

Ա՞ն, որ ամ­բողջ տա­րին հա­յու­թե­նէն հե­ռու ըլ­լա­լով՝ Ե­ղեռ­նի յի­շա­տակ­ման օ­րը կը յայտ­նո­ւի հայ­կա­կան կեան­քէն ներս.
Ա՞ն, որ հա­սա­րա­կա­կան կեան­քին մէջ կը փոր­ձէ դիր­քի ու ա­թո­ռի հաս­նիլ, ա­ռանց գործ ցոյց տա­լու, թէ ոչ՝ ա՞ն, որ ա­մէն ձե­ւով կը փոր­ձէ նա­խա­գա­հին ու կա­թո­ղի­կո­սին բա­րո­յա­կան ու նիւ­թա­կան բա­ցե­րը բռնել՝ աշ­խար­հով մէկ յայ­տա­րա­րե­լու ու պա­խա­րա­կե­լու հա­մար...:

Իս­կա­կան ­Հա­յը կա­մա­ւոր ­Հայն է
­
Հայ մե­ծա­նուն գրող Ա. ­Հայ­կազ ինչ­քա՜ն վար­պե­տու­թեամբ կը փո­խան­ցէ այն գա­ղա­փա­րը, որ մեր օ­րե­րուն եւս շատ ա­ւե­լիով գո­յու­թիւն ու­նի. «Ազ­գին մէջ՝ խօ­սե­լով ազ­գին ծա­ռա­յող­ներ շատ կան...»: Գ­րե­թէ ա­մէն տեղ շրջա­պա­տո­ւած ենք այն­պի­սի հա­յե­րով, ո­րոնց հա­մար խօ­սի­լը այն­քան հա­րա­զատ է ու մօ­տիկ է, որ­քան հե­ռու են գոր­ծելն ու նո­ւի­րու­մը:

­Շա­տեր ի­րենց խօս­քով ու մե­ծա­մեծ բա­ռե­րով կրնան հիւ­սել ի­րենց հայ­րե­նա­սի­րու­թեան մա­կար­դակն ու ծայ­րա­յեղ նո­ւի­րո­ւա­ծու­թիւ­նը՝ ա­նոր ա­մէն մէկ քա­րին, ե­կե­ղեց­ւոյ եւ մշա­կոյ­թի բո­լոր տար­րե­րուն, սա­կայն ա­նոնք կը մնան խօս­քի տա­րածք­նե­րուն մէջ միայն: ­Նա­խա­գահ, վար­չա­պետ, կու­սակ­ցա­կան թէ ո­րե­ւէ կազ­մա­կեր­պու­թեան ան­դամ, ձեռ­նարկ­նե­րու եւ ճա­ռա­խօ­սու­թեան ճամ­բով՝ որ­քան ալ ազ­գին նո­ւի­րո­ւած ձե­ւա­նան, իս­կա­կան նո­ւի­րեալ­նե­րը ա­նոնք են, ո­րոնք ի­րենց կեան­քի գնով ուղ­ղո­ւե­ցան ­Ղա­րա­բա­ղեան սահ­ման­ներ:

Ուղ­ղո­ւե­ցան գոր­ծով եւ ոչ թէ խօս­քով, ո­րով­հե­տեւ ժո­ղովր­դա­կան լեզուով «խօս­քով փի­ղին թե­ւեր տա­լը դիւ­րին է», սա­կայն գոր­ծով կա­տարուած ինք­նա­նո­ւի­րու­մը հա­զար ան­գամ ա­ւե­լի կ­՚ար­ժէ, ո­րով­հե­տեւ շատ յա­ճախ եւ մե­ծաւ մա­սամբ մար­դոց խօս­քերն ու գոր­ծե­րը կը հա­կա­սեն ի­րա­րու:

Ինչ­քա՜ն զգա­ցա­կան էր ե­րե­ւոյ­թը, երբ նոյ­նիսկ 60-70 տա­րե­կան մար­դիկ, ա­ռանց նա­յե­լու ի­րենց կա­րո­ղու­թեան եւ կամ յա­ռա­ջա­ցած տա­րի­քին, ե­րի­տա­սար­դի նո­ւի­րո­ւած հո­գիով ուղ­ղո­ւե­ցան ­Ղա­րա­բաղ: ­Հա­ղոր­դա­վար մը հարց տո­ւաւ ա­նոնց­մէ մէ­կուն, թէ այդ տա­րի­քին ի՞նչ կրնայ կա­տա­րել ինք կռո­ւի ժա­մա­նակ... տա­րե­ցին պա­տաս­խա­նը ե­ղաւ.- «­Նո­ւա­զա­գոյ­նը կրնամ փամ­փուշ­տը իմ մարմ­նիս վրայ ըն­դու­նիլ, որ­պէս­զի ե­տեւս կե­ցած ջա­հել ե­րի­տա­սար­դին բան մը չըլ­լայ...»:

­Խօս­քե­րը չեն կրնար թա­փան­ցել այս զգա­ցում­նե­րուն մէջ, ո­րով­հե­տեւ կան ե­րե­ւոյթ­ներ, ո­րոնք լոկ գոր­ծով ու նո­ւի­րու­մով յա­ռաջ կու գան:

Դժ­բախ­տա­բար շատ մը հա­յե­րու հա­մար նման ե­րե­ւոյթ­ներ զգա­ցա­կան ու ա­նի­մաստ են, ո­րով­հե­տեւ ա­նոնք կ­՚ապ­րին ե­սա­կեդ­րոն կեանք մը, մտա­ծե­լով, աշ­խա­տե­լով ու նո­ւի­րո­ւե­լով միայն ի­րենց անձ­նա­կան գոր­ծին ու գրպա­նի շա­հե­րուն: ­Շա­տեր կ­՚ա­նի­ծեն թուր­քե­րը, սա­կայն ի­րենց գոր­ծին հա­մար կը սոր­վին թրքե­րէ­նը, ոչ թէ «թշնա­միին լե­զուն գիտ­նա­լը կա­րե­ւոր է» խօս­քին լոյ­սին տակ, այլ՝ թուրք յա­ճա­խորդ­նե­րը սի­րա­շա­հե­լու մի­տու­մով: ­Շա­տեր կ­՚ա­նի­ծեն թուր­քը, սա­կայն ա­նոնց ա­մէ­նէն մօ­տիկ ու յար­գի յա­ճա­խորդն ու զի­րենք ապ­րեց­նո­ղը թուր­քե­րը կ­՚ըլ­լան ի­րենց գնում­նե­րով: Ազգ, որ ա­նի­ծե­լով իր թշնա­մին, բա­րի գա­լուստ, բա­րի ա­խոր­ժակ եւ բա­րի օ­րեր կը մաղ­թէ իր թշնա­միին:

­Մի­թէ այդ մէ­կը չէ՞ պատ­ճա­ռը, որ շատ մը գրող­ներ «­Հա­յու ­Լի­նե­լու­թեան» ի՞նչ ըլ­լա­լուն մա­սին յստակ գա­ղա­փար չեն կրցած կազ­մել:

­Շա­տեր, դժբախ­տա­բար, կը հա­մար­ձա­կին ար­տա­յայ­տո­ւե­լու, թէ մին­չեւ օրս հայ­րե­նիքս ին­ծի ի՞նչ տուաւ, որ­պէս­զի ես հայ­րե­նի­քիս բան մը տամ... սա­կայն նկա­տի առ­նենք, որ կա­մա­ւո­րա­բար ­Ղա­րա­բաղ մեկ­նող­նե­րը եւս հայ­րե­նի­քէն «բան մը չտե­սան», սա­կայն անձ­նո­ւի­րա­բար մեկ­նե­ցան այդ­տեղ՝ ի­րենց կեան­քը զո­հե­լու:

­Հե­ռա­տե­սիլ­նե­րէն ցոյց կու տան, թէ ինչ­պէ՞ս ­Ղա­րա­բա­ղէն վի­րա­ւորուած զի­նո­ւոր­ներ պահ ա­ռաջ կ­՚ու­զեն ա­ռող­ջա­նալ ու միա­նալ ի­րենց կռո­ւի ըն­կեր­նե­րուն, դար­ձեալ ա­ռանց բան մը տե­սած ըլ­լա­լու հայ­րե­նի­քէն:

­Բան մը տես­նել ու չտես­նե­լը կու գայ կրթու­թե­նէն ու հայ­րե­նա­սի­րու­թե­նէն. շա­տե­րուն հա­մար հայ­րե­նի­քէն ակնկա­լո­ւած դրամն է այդ տես­նո­ւե­լի­քը, ու­րիշ­նե­րու հա­մար՝ ազ­գին հա­մար նո­ւի­րո­ւած ու զո­հա­բե­րո­ւած նա­հա­տա­կի կո­չու­մը: ­Շա­տե­րու հա­մար՝ տուն, տեղն ու գործն է, իսկ ու­րիշ­նե­րուն հա­մար՝ հայ­րե­նի­քի պաշտ­պա­նու­թիւ­նը օ­տար լու­ծէն ու տի­րա­պե­տու­թե­նէն:

­Շա­տե­րու հա­մար՝ ­Հա­յաս­տա­նի քա­ղա­քա­ցի ըլ­լա­լը, հայ­կա­կան անձ­նա­գի­րը կրելն ու ու­նե­նա­լը պա­տիւ է ու հպար­տա­նա­լու ա­ռիթ, իսկ ու­րիշ­նե­րու հա­մար ան­պէտք բան է, ո­րով­հե­տեւ Եւ­րո­պա կամ այլ եր­կիր­ներ ա­ռանց Visaի չեն կրնար եր­թալ... վստահ ե­ղէք Visaի խնդիր թող չըլ­լար ու ­Հա­յաս­տա­նի քա­ղա­քա­ցին թող կա­րե­նար ա­զատ մուտք գոր­ծել Եւ­րո­պա կամ այլ ցա­մա­քա­մա­սեր, վստահ ե­ղէք՝ մե­ծա­մաս­նու­թիւ­նը այ­սօր տի­րա­ցած կ­՚ըլ­լար այդ անձ­նա­գի­րին, ո­րով­հե­տեւ բա­րո­յա­կա­նը ոչ մէկ ի­մաստ ու­նի ա­նոնց հա­մար... կա­րե­ւո­րը ի­րենց ե­սա­կեդ­րոն կեան­քի դիւ­րա­ցումն ու յա­ռա­ջա­ցումն է:

­Կա­մա­ւոր զի­նո­ւոր­նե­րը ա­նոնք են, ո­րոնք սնած են իս­կա­կան հա­յու ա­րիւ­նով ու պա­տո­ւի ամ­բող­ջա­կան զգա­ցում­նե­րով՝ հա­ւա­տա­լով ազ­գա­սի­րա­կան այն եր­գի խօս­քին, որ կ­՚ը­սէ.- «­Հա­յոց Ազ­գի հա­մար կռո­ւե­լը փառք է»: ­Նա­յե­ցէք ա­նոնց աչ­քե­րուն մէջ. այդ­տեղ չկայ վախ եւ կամ ե­սա­կեդ­րոն ո­րե­ւէ մտա­ծում։ ­Խի­զախ­ներ, ո­րոնք նա­հա­տա­կու­թեան սուրբ պսա­կին ծա­րա­ւը ու­նին ազ­գի հա­մար:

­Կա­մա­ւո­րու­թիւ­նը՝ լոկ նա­հա­տա­կու­թի՞ւն

Ա­ւե­լի քան 30-40 տա­րի­ներ ա­ռաջ, մեծ հա­ւա­նա­կա­նու­թեամբ, մար­դոց հա­մար ան­կա­րե­լի ու ա­նի­րա­գոր­ծե­լի կը թո­ւէր հա­ւա­նա­բար օր մը օ­րանց ­Ղա­րա­բա­ղի ա­զա­տագ­րու­մը, մեր քա­ջա­րի զի­նո­ւոր­նե­րու խի­զա­խու­թեամբ: ­Մէ­կու մը մտքով չէր անց­ներ, որ օր մը օ­րանց կռո­ւի ճամ­բով պի­տի կա­րե­նանք վերս­տա­նալ այն հո­ղե­րը, ո­րոնք ար­դէն իսկ մե­զի կը պատ­կա­նին:

­Սա­կայն պատ­մու­թիւ­նը ոս­կի տա­ռե­րով իր է­ջե­րուն մէջ ար­ձա­նագ­րեց քա­ջա­րի­նե­րու այդ յաղ­թա­նա­կը. Ա­յո, շա­տեր նա­հա­տա­կո­ւե­ցան ազ­գի հա­մար, սա­կայն ի­րա­կա­նա­ցան ա­նոնց նպա­տակն ու կամ­քը, որ չմեռ­նիլ եւ կամ հան­գիստ կեանք ապ­րի­լը չէր, այլ՝ ազ­գի փրկու­թիւնն ու ա­զա­տագ­րու­մը: Այ­սօր, եր­կու տաս­նեակ տա­րի­ներ ետք, նոյն այդ յաղ­թա­նա­կի զգա­ցումն ու «միայն զէն­քով կայ հա­յոց փրկու­թիւն» գա­ղա­փա­րի մե­ծա­րումն է, որ կա­մա­ւոր­նե­րուն ճամ­բայ հա­նեց դէ­պի սահ­ման­ներ:

Երբ ե­րի­տա­սարդ­ներ այդ­տեղ սահ­ման­նե­րուն վրայ ի­րենց ա­րիւ­նը կը թա­փեն, հա­ւա­նա­բար այլ տեղ մը հա­յեր ի­րենց տան կամ կազ­մա­կեր­պու­թեան մէջ քէֆ եւ խրախ­ճանք կը կազ­մա­կեր­պեն, կ­՚ու­տեն, կը խմեն ու կը պա­րեն...: Դժ­բախ­տա­բար պէտք է գիտ­նալ, որ միայն Ապ­րիլ ամ­սուն չէ, որ ­Հա­յը իր հա­յու­թիւ­նը կը զգայ:

­Միայն Ապ­րիլ 24ի ձեռ­նար­կի մը, քայ­լար­շա­ւի մը մաս­նակ­ցի­լը հա­յու­թիւ­նը պա­հել ու հայ ըլ­լալ չի նշա­նա­կեր: Իս­կա­կան ­Հա­յը ա՛ն է, որ իր հա­յու­թիւ­նը կը զգայ ա­մէն օր... ազ­գու­թիւ­նը իր հա­ւատ­քին ու կրօ­նին հա­ւա­սար դա­սե­լով, ո­րով­հե­տեւ իս­կա­կան հա­յու մը հա­մար իր ազ­գու­թիւ­նը եւս Աս­տո­ւած մըն է, պաշ­տե­լու եւ զո­հա­բե­րո­ւե­լու աս­տի­ճան նո­ւի­րու­մով:

Առ այդ կա­մա­ւո­րու­թիւ­նը լոկ նա­հա­տա­կո­ւիլ, ազ­գի հա­մար ան­մա­հա­նալ չէ... այլ վրէ­ժի կա­տա­րեալ զգա­ցում մըն է, ո­րով­հե­տեւ մենք կը հա­ւա­տանք, թէ «Ա­րա­րա­տի գլխին դրօշ պի­տի դնենք վաղ թէ ուշ...»:
­Փա՜ռք ան­ցեա­լի ու ներ­կա­յի հե­րոս­նե­րուն, ո­րոնք յե­ղա­փո­խա­կան եր­գե­րու բա­ռե­րով պէտք է գիտ­նան, որ «դուք մեր սրտում, մեր մէջ էք... մենք ձեզ եր­բեք չենք մո­ռա­նայ ու մի՛շտ կը յի­շենք»:

Կ. ԽԱՉԵՐ