Ատր­պէյ­ճա­նա­կան նա­խա­յար­ձա­կու­մէն հա­զիւ 24 ժամ անց, ­Հա­յաս­տա­նի մէջ կա­մա­ւոր­նե­րու ար­տա­սո­վոր հոսք մը սկսաւ դէ­պի ճա­կատ` սահ­ման­նե­րը պաշտ­պա­նե­լու նպա­տա­կով:
­Հա­զա­րա­ւոր­ներ, մեծ մա­սամբ` նախ­կին ա­զա­տա­մար­տիկ­ներ, ո­րոնք մաս­նակ­ցած էին Ար­ցա­խի ա­զա­տագ­րա­կան պայ­քա­րին, խում­բե­րով խու­ժե­ցին (բա­ռա­ցիօ­րէն) դէ­

պի հան­րա­կառ­քե­րը` հաս­նե­լու հա­մար Ս­տե­փա­նա­կերտ:

­Նախ` ժո­ղովր­դա­յին մա­կար­դա­կի վրայ

Ա­նոնց­մէ շա­տեր ար­դէն «կռո­ւե­լու տա­րի­քը» ան­ցած կը թո­ւէին՝ ի­րենց սպի­տա­կած մազ-մօ­րու­քով: Ու­րիշ­ներ, ո­րոնք կեան­քի ծանր պայ­ման­նե­րու տակ կքած ըլ­լա­լով հան­դերձ, կայ­ծա­կի ա­րա­գու­թեամբ կանգ­նած էին ի­րենց նախ­կին հրա­մա­նա­տար­նե­րուն կող­քին` վայր­կեան ա­ռաջ Ս­տե­փա­նա­կերտ հաս­նե­լու վճռա­կա­մու­թեամբ:

Թղ­թա­կի­ցի մը հար­ցու­մին, թէ` «դու ի՞նչ ես ա­նե­լու սահ­մա­նին», բա­ռա­ցիօ­րէն ծե­րու­նի նախ­կին ա­զա­տա­մար­տի­կը կը պա­տաս­խա­նէր, թէ ճիշդ է, ինք ե­րի­տա­սարդ զի­նո­ւո­րի մը ֆի­զի­քա­կան յատ­կու­թիւն­նե­րը չու­նի այ­լեւս, «բայց ու­զում եմ կանգ­նել մեր ե­րե­խէ­քի կող­քին, որ ե­թէ յան­կարծ մի գնդակ գայ, ե՛ս առ­նեմ դրա դէ­մը, որ մեր 20 տա­րե­կան զի­նո­ւոր ե­րե­խուն չդիպ­չի»:

Ու­րիշ մը, շատ ե­րի­տա­սարդ, Ե­րե­ւա­նի մէջ կա­մա­ւոր­նե­րու հա­ւաք­ման կէ­տէն տուն ճամ­բեր էին, բայց ինք «մի կերպ ինքն ի­րան ստեղ էր գցել»՝ Ս­տե­փա­նա­կերտ, ու կազմ եւ պատ­րաստ, զի­նո­ւո­րա­կան տա­րա­զով ու զի­նո­ւած` կը սպա­սէր հրա­մա­նի:

­Մեկ­նող­նե­րուն մէջ տե­սայ նաեւ իմ ըն­կեր­նե­րէս ո­մանք` ­Հար­մի­կը, ­Ռո­մի­կը: Ա­նակն­կա­լի ե­կայ, սա­կայն… չզար­մա­ցայ: ­Տար­բեր բան պի­տի չը­նէին ա­նոնք: ­Հո­ղին կանչն էր, ո­րուն կ’ըն­դա­ռա­ջէին, ինչ­պէս ըն­դա­ռա­ջած էին 25 տա­րի ա­ռաջ:

­Կա­մա­ւոր­նե­րու շար­քե­րուն մէջն էին նաեւ հա­մալ­սա­րա­նա­կան ու­սա­նող­ներ, տղաք ու աղ­ջիկ­ներ: ­Հա­պա՞ «միւս­նե­րը», Ուք­րա­նիա­յէն ու ­Ռու­սիոյ զա­նա­զան քա­ղաք­նե­րէն հան­րա­կառ­քե­րով հաս­նող­նե­րը, ճամ­բու յոգ­նու­թիւ­նը տա­կա­ւին չթօ­թա­փած, ար­դէն եր­կար շար­քի կանգ­նած էին ար­ձա­նագ­րո­ւե­լու հա­մար:

­Տես­նո­ւա՞ծ բան է, ո՞ւր, ո՞ր երկ­րին մէջ, ո՞ր ժո­ղո­վուր­դին մօտ տես­նո­ւած է, որ մար­դիկ պա­տե­րազ­մի եր­թան… պա­րե­լով, դհոլ-զուռ­նա­յով: ­Դէ­պի մահ եր­թալ… պա­րե­լո՞վ (ի վեր­ջոյ պա­տե­րազմ է, ա­րիւն կայ, մահ կայ): Ապ­շե­ցու­ցիչ է, չէ՞: Այս եւս տե­սանք մեր պաս­տառ­նե­րէն:

Ու­րիշ մեծ խումբ մը, բո­լորն ալ տա­րեց­ներ, կը հաս­նի կա­մա­ւոր­նե­րու ար­ձա­նագ­րու­թեան վայր: ­Պա­տաս­խա­նա­տուն կը մեր­ժէ ըն­դու­նիլ զի­րենք` պատ­ճա­ռա­բա­նե­լով ի­րենց տա­րի­քը: ­Տա­րեց­նե­րու խում­բը… դրամ կ’ա­ռա­ջար­կէ ար­ձա­նագ­րո­ւե­լու հա­մար, ոչ թէ «տա­կից», այլ` բա­ցէն ի բաց: Ո՞ւր տես­նո­ւած է, որ մար­դիկ դրամ վճա­րեն (մա­քուր հա­յե­րէ­նով` կա­շառք ա­ռա­ջար­կեն) պա­տե­րազ­մի ճա­կատ մեկ­նե­լու, դէ­պի մահ եր­թա­լու հա­մար: ­Կա­րե­լի՞ է պատ­կե­րաց­նել նման ե­րե­ւոյթ: ­Փաս­տօ­րէն՝ ա՛յս ալ ե­ղաւ:

Այս­պէ՛ս, ա­ռանց տա­րի­քի, սե­ռի ու դա­սա­կար­գի խտրու­թեան, ու­նե­ւորն ու չքա­ւո­րը, «ա­հելն ու ջա­հե­լը», երկ­րի բո­լոր մար­զե­րէն, գիւ­ղե­րէն, շէ­նե­րէն ու ա­ւան­նե­րէն, քա­ղա­քա­ցին ու գիւ­ղա­ցին, բա­ռա­ցիօ­րէն գործ, ըն­տա­նիք եւ ու­սում ձգած հա­զա­րա­ւոր­ներ, մէ՛կ մար­դու պէս, «էս ո՞ւմ վրայ էք ձեռք բարձ­րաց­նում» ը­սե­լով` ­Սա­սուն­ցի ­Դա­ւի­թի նման ոտ­քի ե­լան: ­Շատ շա­տե­րու բեր­նէն լսե­ցինք` «Գ­նում ենք, որ 1994ի մեր կի­սատ թո­ղա­ծը ա­ւար­տին հասց­նենք ու գանք»:

Կս­կի­ծով ի­մա­ցանք նաեւ, որ ­Սի­սիա­նէն մեկ­նած կա­մա­ւոր­նե­րու խում­բը, ­Մար­տա­կեր­տի մօ­տե­րը ու տա­կա­ւին ճա­կատ չհա­սած, ռմբա­կո­ծու­մի պատ­ճա­ռով տո­ւաւ 7 նա­հա­տակ­ներ: Ա­նոնք գի­տէին, թէ ո՛ւր կ’եր­թա­յին ու միա­ցան ան­մահ­նե­րու փա­ղան­գին:

­Դէ­պի ճա­կա­տի գօ­տի պա­շար հասց­նե­լու ե­րե­ւոյ­թը նոյն­քան ինք­նա­բուխ էր: ­Մաշ­տո­ցի պու­րա­կին մօտ կը կեդ­րո­նա­ցո­ւէին ա­մէն տե­սա­կի սննդե­ղէն, սնտուկ­նե­րով. «սու­փըր­մար­քէթ­ներ»ը ի­րենց պա­հես­տա­նոց­նե­րէն մեծ քա­նա­կու­թեամբ ապ­րանք կը փո­խադ­րէին դէ­պի նման կեդ­րոն­ներ ու այս բո­լո­րը` ա­ռանց ո­րե­ւէ պե­տա­կան կո­չի:

­Հայ­րե­նի­քի պաշտ­պա­նու­թեան հա­մար ստեղ­ծո­ւած այս միաս­նա­կա­մու­թիւ­նը ար­տա­յայ­տո­ւե­ցաւ նաեւ խորհր­դա­րա­նէն ներս ու այս ա­ռու­մով մե­ծա­պէս ու­սա­նե­լի էին Ա­ղո­ւան ­Վար­դա­նեա­նի ու ­Նի­կոլ ­Փա­շի­նեա­նի ե­լոյթ­նե­րը: ­Քա­ղա­քա­կան ու գա­ղա­փա­րա­կան ա­ռու­մով էա­պէս հա­կադ­րո­ւած եր­կու քա­ղա­քա­կան գոր­ծիչ­ներ, ո­րոնց պատ­գամ­նե­րը, սա­կայն, այս պա­հուն էա­պէս նոյնն էին:

­Խու­ճա­պի նո­ւա­զա­գոյն ե­րե­ւոյթն իսկ չտե­սանք: Մ­տա­հո­գու­թիւն` ա­յո՛, ին­չո՞ւ չէ: ­Սա­կայն ա­մէ­նէն շեշ­տո­ւած, աչ­քա­ռու եւ ա­ղա­ղա­կող տրա­մադ­րու­թիւ­նը հա­մա­ժո­ղովր­դա­յին այն մար­տու­նա­կու­թիւնն էր, որ կեր­պա­րա­նա­փո­խած էր ամ­բողջ եր­կի­րը:
Ի­րա­կա­նու­թեան մէջ «հա­մա­ժո­ղովր­դա­յին» ու «մար­տու­նա­կու­թիւն» բա­ռե­րը դուրս ե­լան բա­ռա­րան­նե­րու է­ջե­րէն ու մեր աչ­քե­րուն դի­մաց ապ­րող ի­րա­կա­նու­թեան վե­րա­ծո­ւե­ցան:

­Խո­րե­նա­ցին ճի՞շդ էր
­
Հա­պա՞ ճա­կա­տի դրո­ւագ­նե­րը:
1500 տա­րի ա­ռաջ էր, մօ­տա­ւո­րա­պէս, որ ­Խո­րե­նա­ցի տնքո­ցով ու միա­ժա­մա­նակ հպար­տու­թեամբ կ’ար­ձա­նագ­րէր, որ թէեւ մենք փոքր եր­կիր մըն ենք (ան­տառ­նե­րուն ու ար­տե­րուն հետ բաղ­դա­տած` «փոքր ա­ծու»), սա­կայն մեր մէջ ալ կան քա­ջու­թեան ու ա­րու­թեան բազ­մա­թիւ գոր­ծեր, ո­րոնք յի­շա­տա­կու­թեան ար­ժա­նի են:
­Միայն հո­լի­վու­տեան ժա­պա­ւէն­նե­րուն մէջ տե­սած էինք, սա­կայն Ար­ցա­խի մէջ ի­րա­կա­նու­թի՛ւ­նը տե­սանք: 20 տա­րե­կան հայ զի­նո­ւո­րը յան­կար­ծա­կիի կու գայ, երբ յան­կարծ դի­մա­ցի բլրա­կին ե­տե­ւէն, 25-30 մեթր ան­դիէն, դէ­պի իր դիր­քը կը խու­ժէ թշնա­միին զի­նո­ւո­րա­կան ուղ­ղա­թի­ռը, հրթիռ­նե­րով ու ծանր գնդա­ցիր­նե­րով բեռ­նա­ւո­րո­ւած:

Ա­տոր միայն աղ­մու­կը բա­ւա­րար է, որ մէ­կու մը ա­րիւ­նը սա­ռի ե­րակ­նե­րուն մէջ` սար­սա­փէն: ­Նոյն այդ 20 տա­րե­կան հայ զի­նո­ւո­րը, փո­խա­նակ ինք­զինք խրա­մա­տի մը մէջ նե­տե­լու, ա­ռանց վա­րա­նե­լու, ձեռ­քը ան­ցած ա­ռա­ջին իսկ հրթի­ռար­ձա­կէն հրթիռ մը կ’ար­ձա­կէ թշնա­միի ուղ­ղա­թի­ռին ուղ­ղու­թեամբ, որ բո­ցե­րու մէջ կը խոր­տա­կո­ւի քիչ ան­դին:

Հ­րա­սայ­լի ե­րի­տա­սարդ հրա­մա­նա­տա­րին քա­ջու­թիւ­նը սար­սափ կ’ազ­դէ թշնա­միին: Իսկ մե­զի` կսկիծ ու հպար­տու­թիւն միա­ժա­մա­նակ: Կ­ռի­ւի բուռն պա­հուն, երբ այ­լեւս ան­յոյս է կա­ցու­թիւ­նը, կը հրա­մա­յէ ըն­կեր­նե­րուն որ նա­հան­ջեն. իսկ ինք կը մնայ, ու թշնա­միին յա­ռա­ջա­ցող հրա­սայ­լը խոր­տա­կե­լէ ու ձեռ­նա­ռում­բե­րով թշնա­միի կեան­քեր խլե­լէ ետք, վեր­ջին ձեռ­նա­ռում­բը կը պա­հէ ու թշնա­մի զի­նո­ւոր­նե­րու մօ­տե­նա­լուն` զայն եւս կը պայ­թեց­նէ, իր նա­հա­տա­կու­թեամբ թշնա­մի կեան­քեր եւս խլե­լով:

Ե­րի­տա­սարդ զի­նո­ւոր ­Դա­ւի­թը հի­ւան­դա­նո­ցի ան­կո­ղի­նէն կը պատ­մէ, թէ պայ­թում մը կը լսէ. կը նկա­տէ, որ մէկ ոտ­քը չկայ: ­Գօ­տին կը քա­կէ ու կը կա­պէ ոտ­քը` ա­րիւ­նա­քամ չըլ­լա­լու հա­մար: ­Կը լսէ երկ­րորդ պայ­թում մը. այս ան­գամ միւս ոտ­քը կ’ան­դա­մա­հա­տո­ւի. կօ­շի­կին կա­պով կը կա­պէ երկ­րորդ սրուն­քը եւս, երբ գլխուն տակ կարծր բան մը կը զգայ: Ա­կան մըն է: ­Մինչ ըն­կեր­նե­րուն հաս­նի­լը, կը յա­ջո­ղի չէ­զո­քաց­նել այդ եւս: Իսկ հի­մա, հի­ւան­դա­նո­ցին մէջ պառ­կած, կը փա­փա­քի վե­րա­միա­նալ… բա­նա­կին, ան­մի­ջա­պէս որ դար­մա­նուին իր ծանր վէր­քե­րը:
Ա­յո՛, ան­գամ մը եւս փաս­տո­ւե­ցաւ ­Խո­րե­նա­ցիին ճշմար­տա­ցիու­թիւ­նը:

Իսկ հի­մա…
­
Կայ վար­կած մը, ըստ ո­րուն, ա­նակն­կալ էր ժո­ղովրդա­յին մար­տու­նա­կու­թեան այս մա­կար­դա­կի ու ո­րա­կի ըլ­լա­լը: Կր­նայ ըլ­լալ: ­Բա­նա­կը տար­բեր է, ո­րով­հե­տեւ հոն կայ մար­զու­մի ազ­դա­կը: ­Բայց ի վեր­ջոյ, ժո­ղո­վուր­դը բա­նակ չէ, որ ան­դա­դար մար­զես ու զայն ակն­կա­լո­ւած մար­տու­նա­կու­թեան մա­կար­դա­կին հասց­նես:
­Փաս­տո­ւե­ցաւ, որ բա­նա­կը իր ու­ժը կը ստա­նայ ժո­ղո­վուր­դէն: Որ­քան կա­րե­ւոր է բա­նա­կին ար­դիա­կան սպա­ռա­զի­նու­թիւ­նը, նոյն­քան կա­րե­ւոր է այդ ներ­քին ժո­ղովր­դա­յին ու­ժը, որ ան­տե­սա­նե­լի ձե­ւով կը հաս­նի խրամ­նե­րուն մէջ սահ­մա­նը պա­հող հայ զի­նո­ւո­րին:

18 տա­րե­կան զի­նա­կո­չիկ զի­նո­ւո­րը, իր հրա­մա­նա­տա­րը, հաս­նե­լով մին­չեւ պաշտ­պա­նու­թեան նա­խա­րար ու գե­րա­գոյն հրա­մա­նա­տար (երկ­րի նա­խա­գա­հը), ան­բա­ցատ­րե­լի ու­ժով, քա­ջու­թեամբ ու պա­տաս­խա­նա­տո­ւու­թեան ան­նա­խըն­թաց զգա­ցու­մով կը լե­ցո­ւին, երբ ֆի­զի­քա­պէս կամ այ­լա­պէս ի­րենց կող­քին կը տես­նեն «ան­կոչ հիւր»ի նման դէ­պի ճա­կատ խու­ժող նախ­կին ա­զա­տա­մար­տիկ­նե­րը, հա­մալ­սա­րա­նա­կան տղաքն ու աղ­ջիկ­նե­րը, ժո­ղովր­դա­յին բո­լոր խա­ւե­րու զա­ւակ­նե­րը:

­Մէկ բան ան­վի­ճե­լի ի­րո­ղու­թիւն է այ­սօր, որ հայ­րե­նի ժո­ղո­վուր­դը ցու­ցա­բե­րեց միաս­նա­կա­մու­թեան ու մար­տու­նա­կու­թեան նա­խան­ձե­լի ո­րակ մը: Այն աս­տի­ճան, որ ե­րե­ւան ե­կաւ նոր տե­սա­կի ուժ մը (ցարդ ան­թե­ղուած), որ ­Հա­յաս­տա­նի քա­ղա­քա­կան ու զի­նո­ւո­րա­կան ղե­կա­վա­րու­թեան հա­մար հա­շո­ւի առ­նո­ւե­լիք ազ­դակ է:
Այս ու­ժը… «ուժ կու տայ» նոյն այս ղե­կա­վա­րու­թեան:

­Ժո­ղովր­դա­յին հայ­րե­նա­սի­րու­թեան այն աս­տի­ճա­նի ան­բիծ ու զու­լալ ուժ մը, զոր ղե­կա­վա­րե­լու եւ գլխա­ւո­րե­լու հա­մար այ­լեւս նոր ո­րա­կի, նոյն­քան ան­բիծ ու զու­լալ մտա­ծո­ղու­թիւն մը անհ­րա­ժեշտ է:
Այս ու­ժը կը պար­տադ­րէ երկ­րի ղե­կա­վա­րու­թեան, որ հա­մա­պա­տաս­խան ձե­ւով ու նոր ո­րա­կի պա­տաս­խա­նա­տո­ւու­թեամբ վա­րէ մեր «փոքր ա­ծու»ին գոր­ծե­րը` զի­նո­ւո­րա­կան, քա­ղա­քա­կան, կամ ներ­քին ըն­կե­րա­յին֊տն­տե­սա­կան բնա­գա­ւառ­նե­րէն ներս:

Այս ազ­գա­յին միաս­նու­թե­նէն ու մար­տու­նա­կու­թե­նէն օ­րի­նակ առ­նե­լու ու իր կար­գին` հա­մա­չափ հար­թու­թեան վրայ պա­տաս­խա­նա­տո­ւու­թիւն­ներ ստանձ­նե­լու պար­տա­ւո­րու­թեան տակ կը դրո­ւի նաեւ սփիւռ­քը: ­Հի­մա նոր ո­րա­կի ­Հա­յաս­տան մըն է, որ կը ստեղ­ծո­ւի մեր աչ­քե­րուն դի­մաց ու այս ի­մաս­տով պատ­մա­կան ժա­մա­նակ­ներ կ’ապ­րինք:

Ս­փիւռ­քը պար­տա­ւոր է կանգ­նե­լու մեր պատ­մու­թեան ճի՛շդ ուղ­ղու­թեան վրայ: ­Հայ­րե­նաբ­նակ հա­յու­թեան ցու­ցա­բե­րած այս նոր ո­րա­կը սո­վո­րա­կան աս­տի­ճա­նով կա­րե­լի չէ չա­փել: «Օք­թաւ»ով պէտք է չա­փել: ­Սա, ինչ­պէս ը­սինք, այ­լեւս նոր տե­սա­կի ­Հա­յաս­տան մըն է, ինք­նա­մաք­րո­ւած ու բիւ­րե­ղա­ցած:
­Սա՛ էր բուն ­Հա­յաս­տա­նը:

Այս ի­րա­կա­նու­թեան լոյ­սին տակ է, որ կ’ար­ձա­նագ­րենք մեր ակն­կա­լու­թիւն­նե­րը թէ՛ երկ­րի ղե­կա­վա­րու­թե­նէն եւ թէ՛ սփիւռ­քէն: Ս­փիւռքն ու ­Հա­յաս­տա­նի ղե­կա­վա­րու­թիւ­նը պար­տա­ւոր են ար­ժա­նի ըլ­լա­լու մեր հայ­րե­նաբ­նակ ժո­ղո­վուր­դին ու վե­րած­նած բո՛ւն ­Հա­յաս­տա­նին:

ՎԱՉԷ ԲՐՈՒՏԵԱՆ