altԱր­դէն ա­մե­նա­մեայ ա­ւան­դու­թիւն դար­ձած ­Յու­նաս­տա­նի ­Հայ ­Կա­պոյտ ­Խա­չի տա­րե­կան «­Սի­րոյ ­Պա­զար»ը այս տա­րի եւս պսա­կո­ւե­ցաւ փայ­լուն յա­ջո­ղու­թեամբ։

Ապ­րիլ 10ի ամ­բողջ ցե­րե­կը, Ա­թէն­քի Intercontinental պան­դո­կի ըն­դար­ձակ ու շքեղ սրահ­նե­րը բա­ռա­ցիօ­րէն նեղ ե­կան՝ ըն­դու­նե­լու եւ մէկ­տե­ղե­լու ­Հայ ­Կա­պոյտ ­Խա­չի «­Սի­րոյ ­Պա­զար»ին հայ թէ յոյն այ­ցե­լու­նե­րը, ո­րոնք ոչ միայն ի­րենց գնում­նե­րով նիւ­թա­պէս զօ­րա­վիգ կանգ­նե­ցան ­Հայ ­Կա­պոյտ ­Խա­չի բա­րե­գոր­ծա­կան եւ մար­դա­սի­րա­կան ծրա­գիր­նե­րու ի­րա­կա­նաց­ման, այ­լեւ՝ ի­րենց խուռ­նե­րամ ու խան­դա­վառ ներ­կա­յու­թեամբ քա­ջա­լեր հան­դի­սա­ցան մեր ­Խա­չու­հի­նե­րու ազ­գա­նո­ւէր ու ժրա­ջան աշ­խա­տան­քին՝ ի խնդիր «­Սի­րոյ ­Պա­զար»ի յա­ջո­ղու­թեան։

Ա­միս­նե­րու վրայ տա­րա­ծո­ւած ­Խա­չու­հի­նե­րու անձ­նո­ւէր աշ­խա­տան­քին ար­գա­սիքն է ­Հայ ­Կա­պոյտ ­Խա­չի «­Սի­րոյ ­Պա­զար»ը, ո­րուն հա­սոյ­թը ամ­բող­ջու­թեամբ կը յատ­կա­ցո­ւի տնտե­սա­կան ծանր տագ­նա­պի մատ­նո­ւած ­Յու­նաս­տա­նի մէջ հա­յու­թեան կրթա­կան-դպրո­ցա­կան, ազ­գա­յին-միու­թե­նա­կան եւ ըն­կե­րա­յին-մար­դա­սի­րա­կան ծով կա­րիք­նե­րու բա­ւա­րա­րու­մին, ինչ­պէս նաեւ ընդ­հա­նուր ու հա­մա­հայ­կա­կան բա­րե­գոր­ծու­թեան։

­Խա­չու­հի­նե­րու սի­րա­յօ­ժար նո­ւի­րու­մով՝ ոչ միայն վա­ճառ­քի հա­մար կը պատ­րաս­տո­ւի հայ­կա­կան խո­հա­նո­ցի ա­ռանձ­նա­յա­տուկ եւ հա­մեղ ու­տես­տե­ղէ­նի ու քաղց­րե­ղէ­նի մե­ծա­քա­նակ տե­սա­կա­նի, այ­լեւ՝ մեր ըն­տա­նիք­նե­րէն ներս կը պահ­պա­նո­ւի եւ կը վե­րա­նո­րո­գո­ւի հայ­կա­կան ճա­շա­տե­սակ­նե­րու եւ քաղց­րե­ղէն­նե­րու օգ­տա­գոր­ծու­մը՝ ե­րի­տա­սարդ սե­րուն­դի ան­դամ­նե­րը եւս ըն­տե­լաց­նե­լով հայ­կա­կան խո­հա­նո­ցին։

­Պա­զա­րի նա­խա­պատ­րաս­տա­կան աշ­խա­տանք­նե­րուն ­Խա­չու­հի­նե­րուն բե­րած ժրա­ջան մաս­նակ­ցու­թեան կող­քին, մաս­նա­ւոր ընդգ­ծու­մի ար­ժա­նի է նաեւ «­Սի­րոյ ­Պա­զար»ի կազ­մա­կերպ­ման բարձ­րո­րակ մա­կար­դա­կը։ ­Յու­նաս­տա­նի ­Հայ ­Կա­պոյտ ­Խա­չի Շր­ջա­նա­յին եւ ­Մաս­նա­ճիւ­ղե­րու ­Վար­չու­թեանց ըն­կե­րու­հի­նե­րը ոչ մէկ ճիգ խնա­յած էին, որ­պէս­զի ամ­բողջ յոյն հա­սա­րա­կու­թիւ­նը տե­ղեակ պա­հո­ւի «­Սի­րոյ ­Պա­զար»ին մար­դա­սի­րա­կան նպա­տակ­նե­րուն եւ ա­նոր վա­ճառ­քի դրած հայ­կա­կան խո­հա­նո­ցին ա­ռանձ­նա­յատ­կու­թեանց եւ ար­ժա­նիք­նե­րուն մա­սին։

­Քա­րոզ­չա­կան ու կազ­մա­կեր­պա­կան ար­դիւ­նա­ւէտ աշ­խա­տան­քով՝ կա­րե­լի ե­ղաւ զան­գո­ւա­ծա­յին լրա­տո­ւու­թեան մի­ջոց­նե­րով մեր ­Խա­չու­հի­նե­րուն բա­ցատ­րա­կան եւ գո­վազ­դա­յին կեն­դա­նի ե­լոյթ­նե­րը ներ­կա­յաց­նել յոյն հա­սա­րա­կու­թեան՝ ընդ­լայ­նե­լու հա­մար հե­տաքրք­րո­ւող­նե­րու եւ «­Սի­րոյ ­Պա­զար»ին այ­ցե­լու­նե­րու շրջա­նա­կը։

­Պա­զա­րի օ­րը եւս զգա­լի էր խնամ­քով ու մտա­ծո­ւած կազ­մա­կեր­պո­ւա­ծու­թիւ­նը՝ թէ՛ վա­ճառ­քի մե­ծա­թիւ սե­ղան­նե­րու դա­սա­ւոր­ման, թէ՛ այ­ցե­լու­նե­րու հե­տաքրք­րու­թեանց բա­ւա­րա­րու­թիւն տո­ւող «վա­ճա­ռորդ» ­Խա­չու­հի­նե­րու ցան­ցին եւ թէ՛ այ­ցե­լու­նե­րու հիւ­րա­սի­րու­թեան «ճա­շա­րան»ի բա­ժի­նը հա­ճե­լի մթնո­լոր­տով խան­դա­վա­ռե­լու ա­ռում­նե­րով։

­Պա­զա­րի յա­ջո­ղու­թեան ի­րենց կա­րե­ւոր եւ ե­րախ­տա­գի­տու­թեան ար­ժա­նի նպաս­տը բե­րին ինչ­պէս ­Հա­յաս­տա­նի Ա­ռա­ջին ­Տի­կի­նը, այն­պէս եւ յու­նա­հայ այն ազ­գա­յին­նե­րը, ո­րոնք ի­րենց հո­վա­նա­ւո­րու­թեամբ, բա­րե­րա­րու­թիւն­նե­րով եւ ի­րենց ար­տադ­րած ապ­րանք­նե­րէն ու յար­մա­րու­թիւն­նե­րէն լիա­բուռն տրա­մադ­րած նո­ւի­րա­տո­ւու­թիւն­նե­րով՝ սա­տա­րե­ցին պա­զա­րի յա­ջո­ղու­թեան։

Այս բո­լոր ա­ռում­նե­րով՝ ­Յու­նաս­տա­նի ­Հայ ­Կա­պոյտ ­Խա­չի այս տարուան Ապ­րիլ 10ի «­Սի­րոյ ­Պա­զար»ը կա­տա­րե­լա­պէս ծա­ռա­յեց իր նպա­տա­կին, ո­րուն հա­մար հպար­տու­թեամբ կը լե­ցո­ւինք բո­լորս եւ միաս­նա­բար կ­՚ը­սենք՝

­Վարձ­քը կա­տար՝ ­Խա­չու­հի­նե­րուն։