Ար­ցախ իր ան­կա­խու­թեան 25ա­մեա­կը կը նշէ ո՛չ միայն ներ­քին, այ­լեւ ար­տա­քին-քա­ղա­քա­կան նո­ւա­ճում­նե­րով:
­Միա­ցեալ ­Նա­հանգ­նե­րու ­Հաո­ւա­յի նա­հան­գի ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րու ­Տու­նը, 29 ­Մար­տի իր յայ­տա­րա­րու­թեամբ, ոչ միայն միա­ձայ­նու­թեամբ ըն­դու­նեց Ար­ցա­խի ան­կա­

խու­թիւ­նը, այ­լեւ կոչ ուղ­ղեց մի­ջազ­գա­յին հան­րու­թեան` Ար­ցա­խը ճանչ­նա­լու որ­պէս ա­զատ, ան­կախ եւ ինք­նիշ­խան պե­տու­թեան:

­Սա մեծ հա­րո­ւած է Ար­ցա­խի ա­պա­հո­վու­թիւ­նը մշտա­պէս վտան­գող, Ե.Ա.Հ.Կ. ­Մինս­քի հա­մա­նա­խա­գահ­նե­րու դի­ւա­նա­գի­տա­կան աշ­խա­տան­քը խա­փա­նել փոր­ձող, յատ­կա­պէս ա­րեւմ­տեան աշ­խար­հին մէջ Ար­ցա­խի ինք­նո­րոշ­ման ի­րա­ւուն­քին դէմ լո­պիիս­տա­կան հսկա­յա­ծա­ւալ աշ­խա­տան­քի ձեռ­նար­կած ատրպէյ­ճա­նա­կան ար­շա­ւին:

­Պա­քո­ւի ա­պա­կա­ռու­ցո­ղա­կան քա­ղա­քա­կա­նու­թիւ­նը եւ առ­կայ ի­րո­ղու­թիւն­նե­րը ըն­դու­նե­լու դժո­ւա­րու­թիւ­նը Ար­ցա­խի ան­կա­խու­թեան ճա­նաչ­ման բա­նակ­ցա­յին հանգ­րո­ւա­նը կ­՛եր­կա­րաձ­գեն, փո­խա­րէ­նը, սա­կայն, նման նա­հանգ­նե­րու նա­խա­քայ­լով՝ Ար­ցա­խի ան­կա­խու­թեան մի­ջազ­գա­յին ճա­նա­չու­մը հնա­րա­ւոր կը դարձ­նէ Ար­ցա­խի ներգ­րա­ւո­ւա­ծու­թիւ­նը մի­ջազ­գա­յին հան­րու­թեան մէջ` զար­գաց­ման նո­րա­նոր ո­լորտ­ներ ստեղ­ծե­լով եւ ի­րա­ւա­կան գետ­նի վրայ Ար­ցա­խի ներգրա­ւո­ւա­ծու­թեան դէմ ցցո­ւող շարք մը դժո­ւա­րու­թիւն­ներ յաղ­թա­հա­րե­լով:

Ար­ցա­խի մի­ջազ­գա­յին ճա­նա­չու­մը նո­ւա­ճո­ւած ի­րա­ւունք է 25 տա­րի­նե­րու ան­դուլ պայ­քա­րին մէջ՝ հայ­րե­նի հո­ղին սահ­ման­նե­րը անվ­տանգ պա­հե­լու սի­րոյն զո­հո­ւած հայ զի­նո­ւոր­նե­րուն հա­մար յատ­կա­պէս:

Այն զի­նո­ւոր­նե­րուն, ո­րոնք ի­րենց գա­րուն կեան­քը նո­ւի­րա­բե­րե­ցին Ար­ցա­խին` ա­ռանց տա­տամ­սե­լու, ա­ռանց ընկր­կե­լու, ո­րով­հե­տեւ հա­ւա­տա­ցին, որ ար­դա­րու­թիւ­նը վաղ թէ ուշ պի­տի հաս­տա­տո­ւի:
Եւ ար­դա­րու­թիւնն է ա­հա, որ քայլ առ քայլ լոյ­սին կու գայ, ի հե­ճուկս ժո­ղո­վուրդ­նե­րու ա­զատ ինք­նո­րոշ­ման ի­րա­ւուն­քը թա­ղել փոր­ձող ա­զե­րիա­կան նկրտում­նե­րուն:

­Յատ­կան­շա­կան է, որ նման բա­նա­ձեւ կ­՛ըն­դու­նո­ւի ճիշդ այն օ­րը, երբ Ատր­պէյ­ճա­նի նա­խա­գահ Ա­լիեւ կ­՛այ­ցե­լէ ­Միա­ցեալ ­Նա­հանգ­ներ` մաս­նակ­ցե­լու հիւ­լէա­կան անվ­տան­գու­թեան վե­հա­ժո­ղո­վին:
­Վե­հա­ժո­ղո­վին մաս­նա­կից եր­կիր­նե­րուն ա­նուղ­ղա­կիօ­րէն ուղ­ղո­ւած կոչ մը կա­րե­լի է տես­նել նաեւ այս զու­գա­դի­պու­թեան մէջ:

­Յա­մե­նայն դէպս Ար­ցա­խի յաղ­թար­շա­ւը կը շա­րու­նա­կո­ւի: ­Հաո­ւա­յը ­Միա­ցեալ ­Նա­հանգ­նե­րու 7րդ ­նա­հանգն է, որ կը ճանչ­նայ Ար­ցա­խի ան­կա­խու­թիւ­նը: ­Նախ­քան ­Հաո­ւա­յի նա­հան­գը, ­Միա­ցեալ ­Նա­հանգ­նե­րու 6 նա­հանգ­ներ` ­Քա­լի­ֆոր­նիա, ­Լո­ւի­զիա­նա, ­Ռոտ Այ­լընտ, ­Մա­սա­չու­սեց, ­Մեն եւ ­Ճոր­ճիա ճանչ­ցած էին Ար­ցա­խի ան­կա­խու­թիւ­նը:

­Հաո­ւա­յի կող­մէ Ար­ցա­խի ան­կա­խու­թեան ճա­նա­չումն ու մի­ջազ­գա­յին հան­րու­թեան ուղ­ղո­ւած կո­չը քա­ղա­քա­կան կա­րե­ւոր նո­ւա­ճում մըն է, որ պի­տի նպաս­տէ Ար­ցա­խի մի­ջազ­գա­յին ճա­նաչ­ման եւ խթան հան­դի­սա­նայ բա­նակ­ցու­թիւն­նե­րու ար­դիւ­նա­ւոր­ման, ա­նոնց մէջ Ար­ցա­խի ներ­կա­յա­ցուց­չու­թեան ներգ­րաւ­ման եւ, վեր­ջա­պէս, տա­րա­ծաշր­ջա­նի մէջ խա­ղա­ղու­թեան ու անվ­տան­գու­թեան հաս­տատ­ման:

Ն­ման նո­ւա­ճում­նե­րով ո­գե­ւո­րո­ւած հա­մա­հայ­կա­կան ճի­գե­րու գեր­լա­րու­մը Ար­ցա­խի 25ա­մեա­կը կրնայ դարձ­նել նո­րա­նոր յաղ­թա­նակ­նե­րով պսա­կո­ւած տա­րի:

ԶԱՐՄԻԿ ՊՕՂԻԿԵԱՆ «­Գան­ձա­սար»