Ապ­րի­լի ա­ռա­ջին օ­րե­րուն Ար­ցա­խի դէմ ա­զե­րիա­կան կան­խամ­տա­ծո­ւած յար­ձա­կո­ղա­կա­նին միաս­նա­բար հա­կազ­դե­լու հա­յու­թեան կամ­քը ե­լեկտ­րա­կան հո­սան­քի պէս տա­րա­ծո­ւե­ցաւ դէ­պի ­Հա­յաս­տան եւ հայ­կա­կան մօ­տա­կայ ու հե­ռա­ւոր օ­ճախ­ներ` բո­լորս վե­րա­ծե­լով մէկ բռունց­քի, որ պատ­րաստ է կա­րե­լի բո­լոր մի­ջոց­նե­րով հա­կա­

հա­րո­ւած տա­լու ոճ­րա­ծին նա­խա­յար­ձա­կին եւ կանգ­նե­լու Ար­ցա­խի կող­քին:

Բ­ռունց­քին կազ­մու­թեան հրա­ւէ­րը ծնաւ հայ զի­նո­ւո­րին նա­հա­տա­կու­թե­նէն: Ոե­ւէ մէ­կէն ա­ռաջ մենք` հա­յերս ա­կա­նա­տես ե­ղանք ար­թուն ինք­նա­պաշտ­պա­նու­թեան ու գե­րա­գոյ­նը զո­հա­բե­րե­լու մեր ե­րի­տա­սար­դու­թեան նոր սխրանք­նե­րուն, ո­րոնք նո­ւի­րա­գոր­ծո­ւե­ցան նա­հա­տա­կու­թեամբ: Լ­րա­տու աղ­բիւր­ներ շու­տով հրա­պա­րա­կե­ցին զո­հո­ւած զի­նո­ւոր­նե­րուն ա­նուն­նե­րը: Ու մենք տե­սանք, որ ա­նոնց­մէ շա­տեր մատ­ղաշ ե­րի­տա­սարդ­ներ են, ծնած են Ար­ցա­խեան շար­ժու­մի ա­ռա­ջին օ­րե­րուն կամ նոյ­նինքն պա­տե­րազ­մա­կան այդ տա­րի­նե­րուն:

­Կա­րե­լի չէ ա­րագ անց­նիլ այս սրտա­ռուչ ի­րո­ղու­թեան վրա­յէն, ո­րով­հե­տեւ մեր աչ­քե­րով կը տես­նենք, որ ուշ 80ա­կան­նե­րուն եւ 90ա­կան­նե­րուն սկիզ­բը Ար­ցա­խի ու հայ­րե­նի­քի պաշտ­պա­նու­թեան հա­մար ին­կած նա­հա­տակ­նե­րը` ­Պե­տո­նե­րը, ­Վար­դան­նե­րը, ­Մե­րու­ժան­նե­րը, ­Շա­հէն­նե­րը եւ ա­նոնց ժա­մա­նա­կա­կից հոյ­լը վե­րըն­ձիւղուած են այ­սօ­րո­ւան բա­նա­կին մէջ:

­Զար­մա­նա­լի չէ, ո­րով­հե­տեւ Ար­ցա­խեան պայ­քա­րի ա­ռա­ջին ճա­կա­տում­նե­րուն ին­կած մեր նա­հա­տակ­նե­րը վե­րըն­ձիւ­ղումն էին Ա­րա­բո­նե­րու, ­Գէորգ ­Չա­ւուշ­նե­րու, ­Նի­կոլ ­Դու­ման­նե­րու, Աղ­բիւր ­Սե­րոբ­նե­րու եւ ֆե­տա­յի­նե­րու ամ­բողջ փա­ղան­գին, ո­րուն բա­ցած ու­ղին մեզ հաս­ցուց ­Սար­դա­րա­պատ, կտրեց տաս­նա­մեակ­ներ ու յան­գե­ցաւ ­Հա­յաս­տա­նի վե­րան­կա­խաց­ման ու պա­հան­ջա­տի­րու­թեան եր­թի աշ­խու­ժաց­ման: Եւ ին­չո՞ւ զար­մա­նալ, երբ ­Հա­յաս­տա­նէն ու սփիւռ­քեան օ­ճախ­նե­րէ հայ ե­րի­տա­սարդ­ներ պատ­րաստ են Ար­ցախ փու­թա­լու եւ կանգ­նե­լու հայ­րե­նի­քի պաշտ­պա­նու­թեան խրա­մատ­նե­րուն մէջ…

­Հա­յաս­տա­նի մէջ թէ սփիւռ­քի, մեր յա­րա­նո­ւա­նա­կան, քա­ղա­քա­կան ու լրա­տո­ւա­կան ձայ­նե­րը միաս­նու­թեամբ ըն­դա­ռա­ջե­ցին Ար­ցա­խի կող­քին կանգ­նե­լու մար­տահ­րա­ւէ­րին` հպար­տու­թեամբ լեց­նե­լով իւ­րա­քան­չիւր հա­յու սիրտն ու հո­գին:

­Մեզ ե­լեկտ­րա­կա­նաց­նող հո­սան­քը օր ըստ օ­րէ հզօ­րա­ցող բռունց­քի կը վե­րա­ծէ մեզ, ու մենք, սահ­մա­նա­պահ զի­նուո­րի սխրանք­նե­րուն զու­գա­հեռ, լծո­ւած ենք քա­ղա­քա­կան ու տե­ղե­կա­տո­ւա­կան լայ­նա­ծիր ար­շաւ­նե­րու` ցոյց տա­լու հա­մար աշ­խար­հին, որ Ատր­պէյ­ճան, ներշն­չո­ւե­լով նոյն­քան ոճ­րա­ծին ­Թուր­քիոյ ըն­թաց­քէն, ան­գամ մը եւս խա­ղի ե­լած է քա­ղա­քա­կիրթ աշ­խար­հին հետ, կը փոր­ձէ խա­բե­պա­տիր հնարք­նե­րով զո­հը ներ­կա­յաց­նել իբ­րեւ նա­խա­յար­ձա­կի:

­Մեր պիրկ բռունց­քը դի­մա­կա­զերծ պի­տի ը­նէ ­Պա­քո­ւի վա­րիչ­նե­րը` ցոյց տա­լով, որ ան միշտ ալ մնա­ցած է նոյն ա­հա­բե­կիչ պե­տու­թիւ­նը, զօ­րա­վիգ է ու լծա­կից` ­Մի­ջին Ա­րե­ւել­քը ա­հա­բե­կող ոճ­րա­գործ հոր­դա­նե­րուն: Եւ ինչ­պէս որ Ար­ցա­խեան պայ­քա­րի ա­ռա­ջին փու­լը պսա­կե­ցինք յաղ­թա­նա­կով ու Ատր­պէյ­ճա­նի լու­ծէն Ար­ցա­խի ան­ջա­տու­մով, այս հանգ­րո­ւա­նին եւս ար­դա­րու­թիւ­նը պի­տի շա­հինք մեր կող­քին` վստա­հե­լով մեր բռունց­քին:

­Միա­ցեալ բռունցք ար­տա­յայ­տու­թիւ­նը սոսկ պատ­կե­րա­ւոր խօսք չէ. մենք յա­ճախ զայն կը գոր­ծա­ծենք իբ­րեւ խորհր­դան­շա­կան բա­նա­ձեւ. կ­՛ար­ժէ այս հանգ­րո­ւա­նին անդ­րա­դառ­նալ ա­նոր խոր­քին եւ յի­շել, որ ձեռ­քի մը իւ­րա­քան­չիւր մա­տը ա­ռան­ձինն չի կրնար տալ այն ազ­դու հա­րո­ւա­ծը, որ կը հասցնէ բո­լոր մատ­նե­րը ի­րա­րու միա­ձու­լող բռունց­քը:

Ա­հա այս­պի­սի բռունց­քի մը ձե­ւա­ւոր­ման մաս­նա­կից ենք այ­սօր` ­Հա­յաս­տա­նէն մին­չեւ ար­տեր­կիր, պե­տա­կան, դի­ւա­նա­գի­տա­կան, կազ­մա­կերպ­չա­կան, տե­ղե­կա­տո­ւա­կան ու ժո­ղովրդա­յին բո­լոր մա­կար­դակ­նե­րուն վրայ: ­Մեր բռունց­քը ուղ­ղո­ւած է Ատր­պէյ­ճա­նի եւ ա­նոր թուրք գոր­ծա­կի­ցին դէմ, կը խո­յա­նայ մեր սահ­ման­նե­րը պաշտ­պա­նող զինո­ւո­րին, Ար­ցա­խի կող­քին:

Ս. ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆ