Անցեալ Շաբաթ օր առաւօտեան աշխարհը արթնցաւ Ատրպէյճանի կողմէ փոքրիկ Արցախի վրայ լայնածաւալ յարձակման մասին տարածուած լուրով:
Այս յարձակումը անակնկալ չէր...
Տարիներու ընթացքին Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւը որդեգրած է վատ սովորութիւն` ռազմական յարձակումներու ձեռնարկել Հայաստանի եւ Արցախի դէմ, միջազգային խաղաղ բանակցութիւններու կամ գագաթնաժողովներու իրականացման օրերուն:
Այս երկարատեւ հակամարտութեան նոյնիսկ կողմնակի դիտորդը կրնար կռահել, որ Ատրպէյճանը կրկին յարձակումի պիտի ձեռնարկէ անցեալ շաբաթավերջին, նախագահ Օպամայի կողմէ կազմակերպուած Միջուկային Անվտանգութեան հարցերով Գագաթնաժողովին ժամանակ, որուն կը մասնակցէին 50 պետութիւններու ղեկավարներ, ներառեալ Հայաստանի, Ատրպէյճանի եւ Թուրքիոյ նախագահները:
Որոշ դիտորդներ զարմացած էին ատրպէյճանական լայնածաւալ յարձակումէն` հրասայլերու, ուղղաթիռներու, հրթիռներու եւ անօդաչու թռչող սարքերու մասնակցութեամբ: Իրականութեան մէջ, այս յարձակման տարողութիւնը պէտք չէ անակնկալ ըլլար, հաշուի առնելով վերջին տարիներուն Ատրպէյճանի կողմէ աւելի յառաջադէմ զէնքերով յարձակումներու զարգացումը:
Խաղաղ բանակցութիւններու կամ միջազգային համաժողովներու ժամանակ ռազմական յարձակումներ սկսելու Ալիեւի չարամիտ սովորութիւնը կ՝արտացոլայ անոր յամառ ջանքերը` Արցախեան հակամարտութիւնը ամէն գնով օրակարգի վրայ պահելու համար:
Անկասկած, հետզհետէ կ՝աճի Ալիեւի հիասթափութիւնը իր անզօրութենէն, որ չի կրնար պարտադրել հայերուն զիջելու Արցախի տարածքները` հակառակ անոր, որ Ատրպէյճանի միլիառաւոր տոլարներու ժամանակակից զէնք ձեռք բերած է: Ալիեւը նաեւ յուսահատած է, որ չէ կրցած իր երկրի հսկայական քարիւղային ու կազային պաշարները օգտագործել իբրեւ լծակի` աշխարհի ղեկավարներուն վրայ ճնշում գործադրելու, որպէսզի ստանայ անոնց աջակցութիւնը Արցախեան հակամարտութեան մէջ:
Իբրեւ հետեւանք՝ Պաքուի բռնակալը մսխած է իր երկրի հսկայական հարստութիւնը օտարերկրեայ պաշտօնատարներ կաշառելու եւ սուղ, բայց անարդիւնաւէտ զէնքեր գնելու համար:
Բացի այդ, իբրեւ Ատրպէյճանի նախագահական գերդաստանի հօր եւ որդիի, Ալիեւները աւելի քան 20 տարի շարունակ կը սպառնային յարձակիլ եւ «ազատագրել Ղարաբաղի գրաւեալ տարածքները»: Քանի որ անոնց դատարկ խոստումները երկար ժամանակ չէին իրականանար, շատ քիչ ատրպէյճանցիներ լրջօրէն կ՝ընդունէին իրենց նախագահի յոխորտանքները: Հետեւաբար, Ալիեւը ճարահատեալ, պէտք է դիմէր բոլոր հնարաւոր միջոցներուն, անկախ անոնց անխոհեմութենէն, որպէսզի փրկէր իր դէմքը երկրէն ներս եւ դուրս...
Կարեւոր է հասկնալ Ալիեւի յարձակման վարքագիծի ժամանակի ընտրութիւնն ու շարժառիթը, որպէսզի այլ երկիրներ չմեղադրուին այդ յարձակումները հրահրելու համար, ուշադրութիւնը շեղելով միակ մեղաւոր կողմէն` Ատրպէյճանէն...
Սակայն կան այլ երկիրներ, որոնք ունին իրենց մեղքի բաժինը. անոնցմէ առաջինը Էրտողանի Թուրքիան է` Ատրպէյճանի ռազմական արկածախնդրութիւններուն իր անմիջական մասնակցութեամբ եւ աջակցութեամբ:
Մինսքի Խմբակի միջնորդները (Ֆրանսա, Ռուսիա եւ Միացեալ Նահանգներ) նոյնպէս մեղաւոր են` ատրպէյճանական նախորդ յարձակումներու ժամանակ լուռ մնալու եւ ամէն անգամ, Հայաստանի ու Արցախի վրայ Ատրպէյճանի յարձակման ժամանակ, երկու կողմերն ալ մեղադրելու համար: Միջազգային հանրութիւնը իր ամօթալի լռութեամբ եւ երկդիմի բառախաղերով՝ հերթական անգամ զոհին ու դահիճին հաւասարեցնելով, կը քաջալերէ ռազմատենչ Ալիեւը...
Վերջին յարձակման ժամանակ արձանագրուած յատկապէս զարհուրելի դրուագ մը հաստատեց մտահոգութիւնը բոլոր անոնց, որոնք տարիներ շարունակ կը զգուշացնէին արցախահայութեան սպառնացող ցեղասպանութեան մասին:
Շաբաթավերջին, երբ ատրպէյճանցի զինուորները ժամանակաւորապէս վերցուցած էին Արցախի սահմանին գտնուող Թալիշ գիւղը, անոնք ոչ միայն գնդակահարած էին տարեց հայ զոյգը, այլեւ բարբարոսաբար կտրած անոնց ականջները իբրեւ յուշանուէրի...
Ըստ միջազգային օրէնքի` նման վայրագութիւնը առնուազն պատերազմական յանցագործութիւն է: Պարզապէս պատկերացուցէք, թէ այս դաժան ատրպէյճանցի զինուորները ի՜նչ պիտի ընէին հայ ազգաբնակչութեան հետ, եթէ նուաճէին ամբողջ Արցախը. հսկայածաւալ արիւնահեղութիւն պիտի ըլլար՝ երկրորդ Հայոց Ցեղասպանութիւն...
Ատրպէյճանական այս վերջին խոշոր յարձակումէն ետք պէտք է ընել երեք խիստ հետեւութիւն.
1) Արցախի հայերը երբեք չեն կրնար ապրիլ Ատրպէյճանի բռնապետական տիրապետութեան տակ, անկախ անկէ, թէ Իլհամ Ալիեւ քանի անգամ կը սպառնայ կամ կը յարձակի:
2) Հայերը պէտք է ոչ միայն արժանի հակահարուած տան ատրպէյճանական ուժերուն, այլեւ այնպիսի վիթխարի վնաս հասցնեն, որ Ալիեւի մտքով այլեւս չանցնի այլ յարձակում կատարել: Արցախը պաշտպանելու համար արդէն հազարաւոր կամաւորներ մեկնած են ամբողջ Հայաստանէն: Ատրպէյճանը քաջատեղեակ է, որ իր միլիառաւոր տոլարներ արժող քարիւղի հանքերն ու խողովակաշարերը դիւրութեամբ կրնան հասանելի ըլլալ Հայաստանի հեռահար հրթիռներուն համար...
3) Ժամանակն է Արցախը յայտարարելու Հայաստանի Հանրապետութեան անբաժանելի մաս: Ապրիլ 4ին Երեւանի մէջ նախագահ Սարգսեան յայտնեց օտարերկրեայ դեսպաններուն, որ ռազմական գործողութիւններու շարունակման եւ սրման պարագային՝ Հայաստանը «պիտի ճանչնայ Ղարաբաղի անկախութիւնը»:
ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ - «Քալիֆորնիա Քուրիըր»