altԺա­մա­նա­կէ մը ի վեր Ատր­պէյ­ճան ցոյց կու տար ար­դէն իր ջի­ղե­րը չկա­րե­նալ զսպե­լու նշան­ներ եւ այդ պատ­ճա­ռով ալ ին­կած էր սահ­մա­նա­գի­ծը լարո­ւած պա­հե­լու ար­կա­ծախնդրու­թեան մէջ: Ա­լիե­ւի ջղաձ­գու­թիւ­նը գա­գաթ­նա­կէ­տի հա­սաւ, երբ Եւ­րո­պա­յի

Խոր­հուր­դին խորհր­դա­րա­նա­կան վե­հա­ժո­ղո­վին մէջ ի վնաս Ղա­րա­բա­ղին քո­ւէար­կու­թեան դրո­ւած բա­նա­ձե­ւը տա­պա­լե­ցաւ, յու­սա­ցա­ծին հա­կա­ռակ ար­դիւն­քը ու­նե­ցաւ, որ­մէ ետք ան իր ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րա­րին բեր­նով ի լուր աշ­խար­հին ամ­բաս­տա­նեց Ե.Ա.Հ.­Կ.ի Մինս­քի Խմբա­կի հա­մա­նա­խա­գա­հու­թիւ­նը չէ­զո­քու­թեամբ չգոր­ծո­ղի, մի­ջազ­գա­յին ա­տեան­նե­րու մօտ «կողմ­նակ­ցա­կան» մի­ջամ­տու­թիւն­ներ կա­տա­րո­ղի յան­ցան­քով եւ Ե.Խ.­ խորհրդա­րա­նա­կան վե­հա­ժո­ղո­վի քո­ւէար­կու­թեան ար­դիւն­քը վե­րագ­րե­լով ա­նոր մի­ջամ­տու­թեան, յայ­տա­րա­րեց, որ ինք իր վստա­հու­թիւ­նը կը վերց­նէ հա­մա­նա­խա­գա­հու­թեան վրա­յէն: Ա­սի­կա կը նշա­նա­կէր մեր­ժել բա­նակ­ցու­թիւն­նե­րը եւ յա­րիլ պա­տե­րազ­մա­կան լու­ծու­մի ընտ­րան­քին :

Ատր­պէյ­ճա­նի այս ձա­խա­ւեր ընտ­րան­քը սքան­չե­լի ա­ռիթ կը դառ­նար Էր­տո­ղա­նի հա­մար, որ իր հա­շիւ­նե­րուն ծա­ռա­յեց­նէ մո­լո­րած Ա­լիե­ւի ջղա­գա­րու­թիւ­նը, զայն մղէ պա­տե­րազ­մի ար­կա­ծախնդ­րա­կան գոր­ծո­ղու­թիւն­նե­րու՝ տա­րա­ծաշր­ջա­նի մը մէջ եւ այն­պի­սի պա­հու, երբ շրջա­նա­յին ռազ­մա­քա­ղա­քա­կան ի­րա­դար­ձու­թիւն­ներն ու կա­ցու­թիւ­նը կը պա­հան­ջէին հա­կա­ռա­կը. շրջա­հա­յեա­ցու­թիւն, զսպո­ւա­ծու­թիւն, պա­ղա­րիւ­նու­թիւն:

Էր­տո­ղանն ալ նոյն­պէս կը գտնո­ւի ջղա­յին վի­ճա­կի մէջ: Ժա­մա­նա­կա­ւոր յա­ջո­ղու­թիւն­նե­րէ տա­րո­ւած՝ իր սե­փա­կան ան­ձին ու Թուր­քիոյ հա­մար հնա­րա­ւո­րու­թիւն­նե­րէ շատ ա­ւե­լի վեր փա­ռա­սի­րու­թիւն­նե­րու հե­տա­մուտ ըլ­լա­լով՝ հա­մար­ձա­կե­ցաւ չա­փո­ւելու նոյ­նիսկ Ռու­սիոյ հետ եւ ինք­զինք մատ­նեց ա­նել կա­ցու­թեան, լքո­ւե­ցաւ նաեւ իր սխալ­նե­րը «չտես­նող» հո­վա­նա­ւո­րէն, Ա­մե­րի­կա­յի մեծ դաշ­նա­կի­ցէն: Քա­ղա­քա­կան մե­կու­սա­ցու­մի հա­ւա­նա­կա­նու­թիւ­նը վտանգ կը ստեղ­ծէր, որ քրտա­կան պայ­քա­րը ան­հա­մե­մատ թափ առ­նէ, ա­նոր զօ­րակ­ցող­նե­րուն թի­ւը ա­ւելց­նե­լով թուրք ազ­գին մղձա­ւան­ջը սաստ­կաց­նէ, ինչ­պէս նաեւ հին ու Էր­տո­ղա­նով աշ­խու­ժա­ցո­ւած փան-­թուր­քիզ­մի թե­ւա­ծում­նե­րը սահ­մա­նա­փա­կէ:

Ա­ւե­լի կա­նուխ, Տա­ւու­թօղ­լո­ւի «զե­րօ խնդիր» քա­ղա­քա­կան տոքթ­րի­նը կը կար­ծո­ւէր, որ կը վե­րա­բե­րի յար­գան­քի վրայ հիմ­նո­ւած ու փո­խա­դարձ հաս­կա­ցո­ղու­թեան յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րով դրա­ցի­նե­րուն հետ գո­յու­թիւն ու­նե­ցող հար­ցե­րը հար­թե­լու բա­րի տրա­մադ­րու­թեան: Հե­տա­գայ գոր­ծո­ղու­թիւն­նե­րը շու­տով եւ ան­գամ մը եւս ցոյց տո­ւին սա­կայն, որ Թուր­քիոյ հա­մար «զե­րօ խնդիր» կը նշա­նա­կէ՝ նեն­գու­թեամբ ու սադ­րանք­նե­րով կամ զի­նու զօ­րու­թեամբ դրա­ցի­նե­րուն հետ գո­յու­թիւն ու­նե­ցող առ­կախ բո­լոր հար­ցե­րը ի նպաստ ի­րեն ար­մա­տա­պէս հար­թե­լու-լու­ծե­լու նպա­տակ: Մի­ջազ­գա­յին հան­րու­թիւ­նը եւ դրա­ցի եր­կիր­նե­րը խա­բո­ւե­լէ ետք հասկ­ցան, ուշ հասկ­ցան, բայց ի վեր­ջոյ հասկ­ցան «զե­րօ խնդիր»ին էու­թիւ­նը:

«­Զե­րօ խնդիր»ն­ ալ ու­րիշ բան չէր, ե­թէ ոչ ար­տա­յայ­տու­թեան տար­բե­րակ մը հի՜ն, Օս­մա­նի օ­րե­րէն ա­ւան­դա­բար շա­րու­նա­կո­ւող Թուր­քիոյ քա­ղա­քա­կան վար­քա­գի­ծին. խա­բէու­թեամբ ու խար­դա­ւա­նանք­նե­րով օգ­տո­ւիլ թշնա­միի թէ բա­րե­կա­մի տկա­րու­թիւն­նե­րէն, դաշ­նա­կից եր­կիր­նե­րու բա­րեա­ցա­կա­մու­թե­նէն, ա­նոնց մի­ջեւ լուռ մրցակ­ցու­թիւն­նե­րէն, չխոս­տո­վա­նո­ւած առ­կայ հա­կադ­րու­թիւն­նե­րէն:
Թուր­քիա այդ վար­քա­գի­ծով միշտ ալ օգ­տո­ւած է ան­ցեա­լին: Ա­տով կը յու­սայ օգ­տո­ւիլ նաեւ այ­սօր, իր ա­նե­լէն ել­քի ճամ­բայ մը գտնե­լու հա­մար:

Կաս­կած չկայ, որ Թուր­քիոյ դրդու­մով, ա­նոր քա­ջա­լե­րան­քին ու խոս­տա­ցած նե­ցու­կին ա­պա­ւի­նե­լովն է, որ մո­լո­րան­քի մատ­նո­ւած Ա­լիեւ ձեռ­նար­կեց պա­տե­րազ­մա­կան գոր­ծո­ղու­թիւն­նե­րու: (­Բա­րե­կա­մի «տկա­րու­թե­նէն» օգ­տո­ւե­լու հեր­թա­կան դա­ւադ­րու­թիւն):
ISISի ծայ­րա­յեղ իս­լա­մա­կան­նե­րը օգ­տա­գոր­ծե­լով՝ Ի­րա­քի եւ Սու­րիոյ կապուած իր նպա­տակ­նե­րուն, ինչ­պէս նաեւ ա­նոնց մի­ջո­ցով քրտա­կան շար­ժու­մը ճզմե­լու իր փոր­ձե­րուն մէջ ձա­խո­ղե­լէ ետք , Էր­տո­ղան հի­մա կը գոր­ծա­ծէ Կով­կա­սի վտան­գա­ւոր խա­ղա­թուղ­թը:
Հա­ւա­նա­բար կը յու­սայ ան, որ Ղա­րա­բա­ղի ճա­կա­տը հրահ­րե­լով՝ Կով­կա­սը ա­պա­կա­յու­նաց­նե­լու իր սադ­րան­քը

1. ցոյց պի­տի տայ՝ շրջա­նին վրայ վե­րահս­կե­լու, հոն խա­ղա­ղու­թիւ­նը պա­հե­լու Ռու­սիոյ ան­կա­րո­ղու­թիւ­նը,
2. Ա­րեւ­մուտ­քի իր դաշ­նա­կից­նե­րը քա­ղա­քա­կան եր­կընտ­րան­քէն մէ­կուն կամ միւ­սին հա­կե­լու պար­տա­ւո­րու­թեան տակ պի­տի դնէ եւ
3. ինչ որ կա­րե­ւորն է՝ պի­տի նպաս­տէ իր ու Թուր­քիոյ դե­րա­կա­տա­րու­թեան բարձ­րա­ցու­մին՝ յաչս դաշ­նա­կից­նե­րուն եւ Ռու­սիոյ: Այս շրջագ­ծին մէջ թե­րեւս կը յու­սայ թրքա­ցեղ եր­կիր­նե­րու նե­ցուկն ալ ու­նե­նալ:

Բայց կ’ե­րե­ւայ թէ իր հա­շո­ւարկ­նե­րուն մէջ նկա­տի չու­նի այն, որ ներ­կայ փու­լին, յատ­կա­պէս Մի­ջին Ա­րե­ւել­քի եւ Կով­կա­սի ռազ­մա­քա­ղա­քա­կան հա­ւա­սա­րակշ­ռու­թիւ­նը բո­լոր պա­րա­գա­նե­րուն չէ, որ կը պահ­պա­նո­ւի հա­կադ­րու­թիւն­նե­րով, այլ կը պա­հո­ւի նաեւ ու մա­նա­ւանդ փո­խա­դարձ շա­հե­րու փոխ-ըմբռ­նու­մով, եր­բեմն նաեւ հա­կա­դիր ու­ժե­րու՝ Ա.Մ.­Ն.ի եւ Ռու­սիոյ մի­ջեւ ի­րա­րու փոխ-օգ­նու­թեամբ: Գաղտ­նի՞ք են ներ­կայ փու­լին Ռու­սիոյ եւ Ա.Մ.­Ն.ի գոր­ծակ­ցու­թիւնն ու ի­րա­րու մի­ջեւ գո­յա­ցած սկզբուն­քա­յին հա­մամ­տու­թիւ­նը՝ Սու­րիոյ հրա­տապ խնդրի լուծ­ման, քրտա­կան ա­պա­գայ ինք­նա­վա­րու­թեան վե­րա­բե­րող եւ Ղա­րա­բա­ղեան վէ­ճը բա­նակ­ցու­թիւն­նե­րով հար­թե­լու հար­ցե­րուն մէջ:

Էր­տո­ղան ինք­զին­քով յափշ­տա­կուած վտան­գա­ւոր խա­ղա­ցող մըն է: Իսկ Ա­լիեւ մո­լո­րած մը, որ կը հե­տե­ւի ա­նոր՝ թե­րեւս յու­սա­լով, որ պա­տե­րազ­մա­կան գոր­ծո­ղու­թիւն­նե­րը հան­րա­յին կար­ծի­քի մօտ ար­ծարծ կը պա­հեն Ղա­րա­բա­ղի հար­ցը, քա­ղա­քա­ցի­նե­րուն մոռց­նել կու տան տնտե­սա­կան ու ըն­կե­րա­յին դժո­ւա­րու­թիւն­նե­րը եւ կ­‘ար­դա­րաց­նեն բռնա­պե­տի իր վար­քը:

Սա­կայն յե­տոյ՝ ի՞նչ: Ղա­րա­բա­ղը պի­տի չպար­տո­ւի: Թուր­քիոյ կշի­ռը պի­տի չբարձ­րա­նայ: Ատր­պէյ­ճան դար­ձեալ պի­տի գտնո­ւի հոն, ուր որ էր: Իսկ Էր­տո­ղա­նէն եւ Ա­լիե­ւէն հա­շիւ պա­հան­ջող պի­տի ըլ­լա՞յ ար­դեօք հե­ղո­ւած ա­րիւ­նին ու ա­ւե­րա­ծու­թեան հա­մար:
Մին­չ այդ սա­կայն, վտան­գա­ւոր այս «խաղ»ի հե­ղի­նակ­նե­րուն վճռա­պէս եւ սրբա­զան միաս­նու­թեամբ յայ­տա­րա­րե­լու ա­տենն է, որ Հա­յաս­տա­նին հա­մար Ղա­րա­բա­ղի խնդիր չկայ, հա­մա­հայ­կա­կան կնի­քով միան­գա­մընդ­միշտ լուծուած է ար­դէն ա­նի­կա:

Միհ­րան Քիւր­տօղ­լեան