altԱտր­պէյ­ճա­նի կող­մէ շղթա­յա­զեր­ծո­ւած վեր­ջին յար­ձա­կո­ղա­կա­նը, հայ-ատր­պէյ­ճա­նա­կան շփման գծի ար­ցա­խեան հա­տո­ւա­ծի եր­կայն­քին, պէտք է դի­տել որ­պէս մէկ նոր փուլ Թուր­քիա-­Ռու­սաս­տան առ­ճա­կա­տում­նե­րու շղթա­յին մէջ՝ թե­լադրուած Թուր­քիոյ ռազ­

մա­վա­րա­կան ա­ռաջ­նա­հեր­թու­թիւն­նե­րէն, թուրք-ատրպէյ­ճա­նա­կան ա­ռանց­քի լիար­ժէք օգ­տա­գործ­մամբ։

Յս­տակ է, որ Սու­րիոյ եւ Ի­րա­քի ռազ­մա­բե­մե­րուն վրայ, Թուր­քիոյ քա­ղա­քա­կա­նու­թիւ­նը բա­խե­ցաւ Ռու­սաս­տա­նի ու­ղիղ եւ հուժ­կու մի­ջամտու­թեան եւ քրտա­կան ու­ժի ազ­դու հա­կա­դար­ձու­թեան, որ միա­ժա­մա­նակ ա­ջակ­ցու­թիւն կը ստա­նար (եւ կը ստա­նայ) թէ՛ Ա­մե­րի­կա­յի Միա­ցեալ Նա­հանգ­նե­րէն եւ թէ՛ Ռու­սաս­տա­նէն՝ հա­կա­ռակ ա­ջա­կից կող­մե­րու շփո­թե­ցու­ցիչ հռե­տո­րա­բա­նու­թեան։

Փաս­տը այն է, որ այ­սօր պա­տե­րազ­մի նոյն ճա­կա­տին վրայ կը գտնուին Ա.Մ.Ն., Ռու­սաս­տան, Եւ­րո­պա, Սու­րիոյ քրտա­կան PYDի եւ Ի­րա­քեան Քիւր­տիս­տա­նի զի­նեալ ու­ժե­րը։ Այս նոյն ճա­կա­տին վրայ կը գտնո­ւին Սու­րիոյ եւ Ի­րա­քի բա­նակ­նե­րը։ Նոյն ճա­կա­տին վրայ կը գոր­ծեն Ի­րանն ու իր ար­բա­նեակ զօ­րա­միա­ւո­րում­նե­րը Ի­րա­քի, Սու­րիոյ և Լի­բա­նա­նի մէջ։ Եւ գէթ ա­նո­ւա­նա­պէս - եւ գէթ առ­ժա­մա­բար - նոյն ճա­կա­տին վրայ կը գտնո­ւին Սէու­տա­կան Ա­րա­բիան եւ Ա­րա­բա­կան ԹԵ­րակղ­զիի միւս եր­կիր­նե­րը։ Այս - թէ­կուզ ժա­մա­նա­կա­ւոր - շա­հե­րու սեր­տա­ճու­մը տա­րա­ծաշր­ջա­նին մէջ, ա­ռա­ջին հեր­թին, ուղ­ղո­ւած է Իս­լա­մա­կան Պե­տու­թեան և ծայ­րա­յե­ղա­կան միւս ու­ժե­րուն դէմ։

Բայց նաև ի­րե­րու ներ­կայ դա­սա­ւո­րու­մով՝ ան ինք­նա­բե­րա­բար ուղղուած է զա­նոնք հո­վա­նա­ւո­րող եւ զա­նոնք մշտա­պէս պա­րէ­նա­ւո­րող թուրք պե­տու­թեան դէմ... Ան ուղ­ղո­ւած է Էր­տո­ղա­նի վար­չա­կար­գին եւ այս վեր­ջի­նիս վա­րած ար­կա­ծախնդ­րա­կան, վտան­գա­ւոր ու ա­պա­կա­յու­նա­ցու­ցիչ քա­ղա­քա­կա­նու­թեան դէմ։
Պարզ խօս­քով՝ Թուր­քիոյ վա­րած քա­ղա­քա­կա­նու­թիւ­նը տա­րա­ծաշրջա­նին մէջ ստեղ­ծած է ինքն իր հա­կա­թէ­զը եւ - գէթ ա­ռայժմ - լայ­նօ­րէն ան­կա­րե­լի դար­ձու­ցած՝ Թուր­քիոյ գործ­նա­կան դե­րա­կա­տա­րու­թիւ­նը Հիւ­սի­սա­յին Սու­րիոյ եւ Հիւ­սի­սա­յին Ի­րա­քի մէջ։

Այս ի­րա­կա­նու­թեան դի­մաց, մենք ա­կա­նա­տեսն ենք նոր ե­րե­ւոյ­թի մը։ Հա­կա­ռակ նա­խա­գահ Օ­պա­մա­յի պնդում­նե­րուն, Թուր­քիա ոչ միայն կը մեր­ժէ վե­րա­նայ­ման են­թար­կել իր քա­ղա­քա­կա­նու­թիւ­նը Իս­լա­մա­կան Պե­տու­թեան հան­դէպ, այլ ընդ­հա­կա­ռակն նոր թա­փով ճա­կատ կը յար­դա­րէ Ա­րեւ­մուտ­քի եւ Ռու­սաս­տա­նի դէմ։
Թուր­քիոյ այ­սօ­րո­ւան քա­ղա­քա­կա­նու­թիւնն է ընդ­լայ­նել ռազ­մա­ճա­կա­տը դէ­պի Եւ­րո­պա եւ դէ­պի Կով­կաս ու պար­տադ­րել ինք­զինք։ Իս­լա­մա­կան Պե­տու­թեան ա­հա­բեկ­չա­կան գոր­ծո­ղու­թիւն­նե­րու դաշ­տը ներ­կա­յիս Ա­րեւ­մուտքն է։

Իս­լա­մա­կան Պե­տու­թեան ա­րիւ­նա­հեղ գոր­ծո­ղու­թիւն­նե­րը Ա­րեւ­մուտ­քի մէջ եւ գաղ­թա­կան զան­գո­ւած­նե­րու Թուր­քիա­յէն ղե­կա­վա­րո­ւած «ներ­խու­ժում­նե­րը» դէ­պի Եւ­րո­պա՝ Թուր­քիոյ նո­րահ­նար զէն­քերն են Ա­րեւ­մուտ­քի կամ­քը թուլց­նե­լու եւ Եւ­րո­պան պա­տանդ վերց­նե­լու ու Թուր­քիոյ դիր­քե­րը Ա­րեւ­մուտ­քի մէջ մեծ չա­փե­րով ամ­րապն­դե­լու ձգտող։ Թուր­քիոյ նպա­տակն է Ա­րեւ­մուտ­քը բա­րո­յալքել եւ զի­ջում­նե­րու ա­ռաջ­նոր­դել։ Ա­նոր նպա­տակն է Եւ­րո­պան ներ­սէն իւ­րաց­նել. զայն քա­ղա­քա­կա­նօ­րէն «թրքաց­նել». փո՛ւլ բե­րել Եւ­րո­պա­կան Միու­թեան ներ­քին հա­մա­ձայ­նու­թիւ­նը եւ Ա.Մ.Ն.ը զրկել Եւ­րո­պա­յի իր կեն­սա­կան խա­րիս­խէն։

Նոյն տրա­մա­բա­նու­թեամբ, Թուր­քիա կը յի­շեց­նէ Մոս­կո­ւա­յի, որ ինք եւ իր ար­բա­նեա­կը՝ Ատր­պէյ­ճան միաս­նա­բար ի վի­ճա­կի են ա­պա­կա­յու­նաց­նե­լու Ռու­սաս­տա­նի կաս­պեան խա­րիս­խը...
Այն չա­փով, որ Թուր­քիա կը յա­ջո­ղի պաշտ­պա­նո­ղա­կան դիր­քե­րու վրայ դնել Արև­մուտ­քը Եւ­րո­պա­յի մէջ, նոյն չա­փով ան կրնայ ամ­րապն­դել իր հե­ղի­նա­կու­թիւ­նը Ռու­սաս­տա­նի իս­լա­մա­կան շրջան­նե­րէն եւ Կեդ­րո­նա­կան Ա­սիոյ տա­րածք­նե­րէն ներս։ Ա­սի­կա Թուր­քիոյ նո­րօ­րի­նակ փան­թուր­քիզմն է, ո­րուն ման­րա­մասն վեր­լու­ծու­մը ը­րած եմ իմ «­Փան­թուր­քիզ­մի գրա­ւը եւ Ար­ցա­խի Հար­ցը» խո­րագ­րեալ յօ­դո­ւա­ծով («Աս­պա­րէզ», Փետ­րո­ւար 12, 2015)։

Թուր­քե­ւատր­պէյ­ճա­նա­կան սպառ­նա­լի­քը Հա­յաս­տա­նի եւ Ար­ցա­խի դէմ այ­սօր ար­դէն կը ներ­կա­յա­նայ բո­լո­րո­վին նոր տա­րո­ղու­թեամբ եւ այժ­մէա­կա­նու­թեամբ։ Ան միայն հայ պե­տա­կա­նու­թեան անվ­տան­գու­թեան խնդի­րը չէ այլևս։ Թուր­քիա ո­րո­շած կը թո­ւի ըլ­լալ, որ­պէս ա­ռա­ջին քայլ, Մոս­կո­ւա­յի հետ հա­շո­ւի նստիլ Հա­յաս­տա­նի եւ Ար­ցա՛­խի մէջ։ Թուր­քիոյ կրած պար­տու­թիւն­նե­րը Սու­րիոյ եւ Ի­րա­քի ճա­կատ­նե­րուն վրայ կը մղեն Էր­տո­ղա­նի վար­չա­կար­գը Ռու­սաս­տա­նի դէմ հա­կա­դար­ձու­թեան դի­մե­լու Կով­կա­սի մէջ…­Թուր­քիա այժմ կը «փնտռէ» Ռու­սաս­տա­նի ա­քիլ­լէ­սեան կրուն­կը Ռու­սաս­տա­նի՛ իսկ ազ­դե­ցու­թեան գօ­տիէն ներս։ Եւ հա­կա­ռակ ե­րէ­կո­ւը­նէ ի վեր բարձ­րա­ձայ­նո­ւած Մոս­կո­ւա­յի կա­ցու­թիւ­նը չսրե­լու փուճ յոր­դոր­նե­րուն (ուղ­ղո­ւած «եր­կու կող­մե­րուն»...), կա­ցու­թիւ­նը սուր է ար­դէն եւ Ռու­սաս­տան «ոտ­քով-ձեռ­քով» մէջն է այս հար­ցին։

Այս լուրջ սպառ­նա­լի­քը ուղ­ղո­ւած է որ­քան Հա­յաս­տա­նի եւ Ար­ցա­խի, նոյն­քան եւ ա­ռա­ւե՛լ ՝ Ռու­սաս­տա­նի կեն­սա­կան շա­հե­րուն։ Ի­րա­կա­նու­թեան մէջ՝ նախ եւ ա­ռա՛ջ Ռու­սաս­տա­նի կեն­սա­կան շա­հե­րուն։ Այս պա­հուն ա­կա­նա­տեսն ենք թուր­քե­ւատրպէյ­ճա­նա­կան միա­ցեալ ու­ժի գրո­հին, ե­թէ նոյ­նիսկ այդ գրո­հը կը թո­ւի Ատրպէյ­ճա­նի ա­ռանձ­նա­կի նա­խա­ձեռ­նու­թեամբ դրսե­ւո­րո­ւիլ ա­ռայժմ։

Պէտք չէ մոռ­նալ, որ թուր­քե­ւատր­պէյ­ճա­նա­կան փոխ-օգ­նու­թեան դա­շին­քով, Թուր­քիա կրնայ իր զի­նեալ ու­ժե­րով ա­ջակ­ցիլ Ատր­պէյ­ճա­նի, ե­թէ պա­տե­րազ­մա­կան վի­ճակ ստեղ­ծո­ւի Ար­ցա­խի խնդրով։
Քա­նի մը օ­րէ ի վեր, Էր­տո­ղա­նի գոր­ծա­կալ­նե­րը Ո­ւա­շինկ­թը­նի մէջ լծուած են գոր­ծի՝ Ա.Մ.Ն.ի քա­ղա­քա­կան բե­մը ան­գամ մը եւս ա­պա­կողմ­նո­րո­շե­լու։ Ի­րենց քու­լի­սա­յին նոր ար­շա­ւով՝ ա­նոնք Հա­յաս­տա­նը կը պի­տա­կա­ւո­րեն որ­պէս ռու­սա­կան զէն­քի նոր ճամ­բա­րի...Կ­՚ու­զեն Հա­յաս­տա­նը ցոյց տալ որ­պէս Ա­րեւ­մուտ­քի շա­հե­րուն դէմ ուղ­ղո­ւած ստոյգ սպառ­նա­լի­քի ՆԱԹՕի զգա­յուն սահ­մա­նա­գի­ծին վրայ։

Այս նոր քա­րո­զար­շա­ւը նաեւ կը մի­տի դի­ւա­նա­գի­տա­կան ծած­կոյթ հայ­թայ­թե­լու Ատր­պէյ­ճա­նի վեր­ջին յար­ձա­կո­ղա­կա­նին։ Ան ա­նուղ­ղա­կիօ­րէն կը մի­տի Ատր­պէյ­ճա­նի նա­խա­յար­ձա­կու­մը ներ­կա­յաց­նե­լու որ­պէս ՆԱԹՕի շա­հե­րէն բխող «հա­րա­զատ» (լե­գի­տիմ) գոր­ծո­ղու­թեան։

Այս բո­լո­րէն ան­գամ մը եւս կը հե­տե­ւի, որ Թուր­քիոյ եւ Ատր­պէյ­ճա­նի նպա­տակն է վերջ­նա­կան քայ­քայ­ման տա­նիլ Ե.Ա.Հ.Կ.ի Մինս­քի Խմ­բա­կի հա­մա­նա­խա­գա­հու­թեան բա­նակ­ցա­յին գոր­ծը՝ մա­հա­ցու հա­րո­ւած տա­լով ռու­սե­ւա­րեւմ­տեան ներ­կայ հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թեան։
Դ­ժո­ւար է գու­շա­կել, թէ յա­ռա­ջի­կայ ա­միս­նե­րը ի՞նչ նոր ի­րա­կա­նու­թեան առ­ջեւ կը դնեն Հա­յաս­տանն ու Ար­ցա­խի Հար­ցը։ Կա­ցու­թիւ­նը կրնայ ա­րա­գօ­րէն կեր­պա­րա­նա­փո­խո­ւիլ Թուր­քիոյ եւ գեր-տէ­րու­թիւն­նե­րու մի­ջեւ։ Մէկ բան յստակ է։

Այն՝ որ հայ­կա­կան կող­մի յա­ջո­ղու­թեան բա­նա­լին, թէ՛ ռազ­մի գի­ծե­րուն եւ թէ՛ դի­ւա­նա­գի­տա­կան սա­կար­կու­թիւն­նե­րու սե­ղա­նին վրայ, կը կա­յա­նայ, ա­ռա­ջին հեր­թին, մեր իսկ սե­փա­կան ու­ժին եւ գոր­ծե­լու վճռա­կա­մու­թեան մէջ։

Մենք այս կռի­ւը պի­տի շա­հինք մեր ինք­նու­րոյն գոր­ծով եւ մա­նա­ւանդ յե­նո­ւե­լով մեր ազ­գա­յին միաս­նա­կա­նու­թեան։ Նոր մար­տահ­րա­ւէրն է ա­սի­կա։ Ինչ­պէս միշտ, մենք այս կռի­ւը պի­տի շա­հինք ա­րիւ­նով եւ հան­ճա­րո­վ։

ԿԱՐՕ ԱՐՄԵՆԵԱՆ