­altՍահ­մա­նադ­րա­կան փո­փո­խու­թիւն­նե­րու կեն­սա­գործ­ման վե­րա­բե­րեալ ­Հա­յաս­տա­նի ­Հան­րա­պե­տու­թեան նա­խա­գա­հի խօս­քին հե­տե­ւեալ բա­ժի­նը պէտք է լու­սար­ձա­կի տակ բե­րել, ա­մէն ան­գամ, երբ ­Թուր­քիոյ մե­կու­սաց­ման աշ­խար­հա­քա­ղա­քա­կան ա­ռա­ջադ­

րան­քի մա­սին վեր­լու­ծու­մի փորձ կը կա­տա­րո­ւի.
«­Մենք այս պայ­ման­նե­րում ապ­րում ենք ար­դէն 25 տա­րի: Այս պայ­ման­նե­րին մենք ար­դէն ըն­տե­լա­ցել ենք եւ յար­մա­րո­ւել: ­Մեր ա­ռա­ջըն­թա­ցի հնա­րա­ւո­րու­թիւն­նե­րը մենք այս խնդիր­նե­րի լուծ­ման հետ չենք կա­պում եւ չենք կա­պե­լու:

«­Մենք պէտք է հա­մա­կեր­պո­ւենք այն մտքին, որ ­Մար­տա­կեր­տից եւ ­Մար­տու­նուց դէ­պի ա­րե­ւելք եւ ­Գիւմ­րուց ու Ար­մա­ւի­րից ա­րեւ­մուտք մենք ո­րե­ւէ իս­կա­կան գոր­ծըն­կեր չու­նենք: ­Մին­չեւ հի­մա ապ­րել ենք ա­ռանց նրանց` ա­պա­հո­վե­լով զար­գաց­ման ա­ւե­լի կամ պա­կաս կշռոյթ: ­Հա­մա­րենք, որ այն­տեղ ան­յա­տակ ու ա­նան­ցա­նե­լի ճա­հիճ է»:

Ու­րեմն. գէթ ող­ջա­միտ ժամ­կէ­տի հա­մար, հայ­կա­կան կող­մը նա­խա­գա­հի նշած հա­րե­ւան եր­կիր­նե­րու մէջ գոր­ծըն­կեր­ներ չի տես­ներ. այն­տեղ ճա­հիճ է եւ ա­նան­ցա­նե­լի: ­Ճա­հի­ճի քա­ղա­քա­կան մեկ­նա­բա­նու­թիւ­նը բա­ցա­սա­կան կա­յուն վի­ճակն է, որ ո­րե­ւէ ա­լի­քա­ւո­րում, այ­սինքն` դրա­կան տե­ղա­շարժ չի կրնար ա­պա­հո­վել, եւ որ ա­ւե­լի՛ն` ան­կեն­դա­նու­թիւնն ու վա­րա­կը հա­մա­տա­րա­ծե­լի են եւ խո­րա­ցող: Այս ա­ռու­մով ոչ մէկ դրա­կան տե­ղա­շար­ժի նշոյլ կ­՛ե­րե­ւայ եւ դար­ձեալ, ներ­կա­յա­ցո­ւած հիմ­նա­ւո­րում­նե­րով, ակնկա­լելն ալ քա­ղա­քա­կա­նօ­րէն ճիշդ ուղ­ղու­թիւն չի նե­րա­ռեր: Ա­ւե­լի՛ն. այդ ճա­հի­ճը ան­յա­տակ է. այլ խօս­քով` չկայ ոտք դնե­լու, յե­նե­լու եւ գլու­խը ճա­հի­ճէն դուրս բարձ­րաց­նե­լու ո­րե­ւէ ա­ռար­կա­յա­կան են­թա­հող. իսկ այս գա­ղա­փա­րին զու­գոր­դո­ւած երկ­րորդ միտ­քը` ա­նան­ցա­նե­լիու­թիւ­նը կ­՛են­թադ­րէ ճա­հի­ճը ճեղ­քել անց­նե­լու ո­րե­ւէ փոր­ձի ա­պար­դիւ­նու­թիւ­նը:

Այս ի­րա­վի­ճա­կի գնա­հա­տա­կա­նով ալ կը բա­ցատ­րո­ւի հա­րե­ւան­նե­րուն մա­սին կա­տա­րո­ւած բնու­թագ­րու­մին ա­ռա­ջին բա­ժի­նը: Ք­սան­հինգ տա­րիէ ի վեր մեր եր­կի­րը կ­՛ապ­րի այս շրջա­պա­տով. այս շրջա­փա­կու­մով: ­Մեկ­նա­բա­նե­լի է, թէ քսան­հինգ տա­րիէ ի վեր հա­րե­ւան­նե­րը նոյն ճահ­ճա­ցած, նոյն ան­յա­տակ վի­ճա­կին եւ նոյն ա­նան­ցե­լիու­թեա՞ն մատ­նո­ւած էին: ­Հա­ւա­նա­բար այս բա­ժի­նը կը մնայ քննար­կե­լի, որ այս հա­մո­զու­մը ­Հա­յաս­տա­նի ­Հան­րա­պե­տու­թեան ի­րե­րա­յա­ջորդ իշ­խա­նու­թիւն­նե­րուն հա­մար ճիշդ այ­սօ­րո­ւան եզ­րա­կա­ցու­թեան հա­մա­պա­տաս­խա՞ն է, թէ՞ ոչ ճա­հի­ճը ո­րոշ ա­լի­քա­ւո­րում­ներ ու­նէր, եւ թէ յա­տա­կը եր­բեմն տե­սա­նե­լի էր եւ կամ մերթ ան­ցա­նե­լիու­թիւ­նը նկա­տի կ­՛առ­նո­ւէր:

Ք­սան­հինգ տա­րի ճա­հիճ­նե­րով շրջա­փա­կո­ւա­ծու­թեան պայ­ման­նե­րուն մէջ մեր եր­կի­րը յա­ջո­ղած էր վե­րապ­րիլ, ապ­րիլ ու յա­րա­տե­ւել: Ա­ռա­ւել կամ նո­ւազ չա­փե­րով այս պայ­ման­նե­րուն մէջ գոր­ծըն­թաց­նե­րը պի­տի շա­րու­նա­կո­ւին: Շր­ջա­փա­կում­նե­րու ի­րա­կա­նու­թիւն­նե­րուն դի­մաց ­Հա­յաս­տա­նի ­Հան­րա­պե­տու­թիւ­նը պի­տի շա­րու­նա­կէ զար­գաց­ման ու­ղին:

­Հի­մա փոր­ձենք խնդի­րը դի­տար­կել աշ­խար­հա­քա­ղա­քա­կան նո­րա­գոյն զար­գա­ցում­նե­րուն ի­րա­դար­ձու­թիւն­նե­րուն ներ­քեւ: ­Խօս­քը կը վե­րա­բե­րի Եւ­րո­պա­յի վեր­ջին փակ սահ­մա­նը պա­հող պե­տու­թեան, որ նա­խա­պայ­մա­նա­յին քա­ղա­քա­կա­նու­թիւ­նը կը շա­րու­նա­կէ հայ­կա­կան կող­մին նկատ­մամբ: Եւ­րո­պա­յի վեր­ջին սահ­մա­նը փա­կո­ղը ըստ էու­թեան այ­սօր ամ­բողջ Եւ­րո­պա­յին կը սպառ­նայ. իր բո­լոր սահ­ման­նե­րուն, ընդ ո­րում նաեւ ա­նօ­րի­նա­կան­նե­րը, բաց աշ­խա­տի­լը ամ­բողջ աշ­խար­հին, սկսե­լով Եւ­րո­պա­յէն ա­ռաջ­նա­յին վտան­գի վե­րա­ծո­ւած է:

Այդ պաշ­տօ­նա­կան եւ ան­պաշ­տօն, ջրա­յին եւ ցա­մա­քա­յին սահ­ման­ներն են, զորս հա­տե­լով Ան­գա­րա­յի կող­մէ կը գոր­ծու­ղո­ւին փախս­տա­կան­նե­րը, ա­նոնց հետ նաեւ ա­հա­բե­կիչ­նե­րը Եւ­րո­պա­յի հա­մար: ­Թուր­քիան այ­սօր ինք մի­ջազ­գա­յին ըն­տա­նի­քին կող­մէ մե­կու­սա­ցո­ւե­լու եւ շրջա­փա­կո­ւե­լու անհ­րա­ժեշ­տու­թեան առ­ջեւ է: Աշ­խար­հին սպառ­նա­ցող ա­հա­բեկ­չա­կան այս ար­տադ­րա­վայ­րին նկատ­մամբ հա­մա­տա­րած վե­րա­բե­րու­մի ան­յե­տաձ­գե­լիու­թիւ­նը կ­՛ընդգ­ծո­ւի. այս հանգ­րո­ւա­նին այդ ընդգ­ծում­նե­րը քա­րոզ­չա­քա­ղա­քա­կան հար­թու­թեան վրայ են. չէ բա­ցա­ռո­ւած, որ սկսի ձե­ւա­ւո­րո­ւե­լու ա­նոնց ի­րա­ւա­կա­նու­թիւ­նը, մեկ­նած աշ­խար­հա­յին տա­րո­ղու­թիւն ստա­ցած վտանգ­նե­րու դի­մա­կայ­ման մի­ջո­ցա­ռում­ներ որ­դեգ­րե­լու հա­մա­ձայ­նե­ցո­ւած վար­քա­գի­ծե­րէ:

­Ճիշդ է, որ տե­ղա­շար­ժի հա­ւա­նա­կա­նու­թիւ­նը զե­րո­յա­կան է. այ­սու­հան­դերձ տե­սա­կա­նօ­րէն թէ­կուզ շատ փոքր հա­մե­մա­տու­թեամբ, չէ բա­ցա­ռո­ւած, որ ­Թուր­քիան յան­կար­ծա­կի սահ­մա­նի բաց­ման քայ­լի դի­մէ` հե­տա­գայ մե­կու­սաց­ման մի­տում­նե­րը նկա­տե­լով: Այդ չնչին հա­ւա­նա­կա­նու­թեան մաս կը կազ­մէ նաեւ փրո­թո­քոլ­նե­րու վերս­տին օ­րա­կարգ բե­րումն ու ա­նոնց վա­ւե­րա­ցու­մը: ­Թէ՛ աշ­խար­հա­քա­ղա­քա­կան պայ­ման­նե­րու եւ թէ՛ յատ­կա­պէս ռուս-թրքա­կան յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րու սրո­ւած ներ­կայ ի­րա­վի­ճա­կի թայ­մին­կը կը յու­շեն, որ հայ­կա­կան կող­մը անհ­րա­ժեշ­տու­թեան առ­ջեւ է ա­ռանց նա­խա­պայ­մա­նի յա­րա­բե­րու­թիւն­ներ մշա­կե­լու իր ար­տա­քին քա­ղա­քա­կա­նու­թեան վար­քա­գի­ծը վե­րա­նայ­ման են­թար­կե­լու. այլ խօս­քով` այ­սօ­րո­ւան Ան­գա­րա­յի ներ­կա­յա­ցու­ցած հա­մաշ­խար­հա­յին վտան­գի մատ­նան­շու­մով իր սահ­մա­նա­դու­ռե­րը ­Թուր­քիոյ հետ ամ­րօ­րէն կղպե­լու եւ ա­նոր իբ­րեւ նա­խա­քայլ Ե­րե­ւան-Ան­գա­րա ար­ձա­նագ­րու­թիւն­նե­րէն հայ­կա­կան ստո­րագ­րու­թիւ­նը չե­ղեալ յայ­տա­րա­րե­լու:

Շ.Գ.