Անառակ Որդին
Մարդը (հայրը) կը ներկայացնէ մեր երկնաւոր Հայրը, իսկ կրտսերը որդին՝ մեղաւոր անձ մը, որ ի վերջոյ կը գտնէ ճշմարիտ ճամբան, որ է Քրիս
տոս։ Զարմանալի է, որ հայրը իր ամբողջ հարստութիւնը տուաւ իր որդիին՝ առանց նկատի առնելու, որ անիկա պիտի չլսէ զինք։ Քրիստոս կ’ուզէ մեզի սորվեցնել, թէ Աստուած կու տայ նիւթական հարստութիւն, շնորհներ, կարողութիւններ (զանազան տեսակի պարգեւներ), թէպէտ մենք կրնանք արժանի չըլլալ այդ բոլորին, եւ կամ՝ կրնանք այդ բոլորը մեր անձնական հաճոյքներուն համար գործածել, ինչպէս ըրաւ կրտսեր որդին։ Այլ պարագաներու, Աստուած յաճախ կու տայ ոչ թէ որովհետեւ մօտիկ ենք իրեն, այլ որպէսզի մօտենանք եւ մտերմանանք մեր երկնաւոր Հօր հետ։ Ինչպէս մայր մը քաղցրութիւն ցոյց կու տայ իր ըմբոստ զաւկին նկատմամբ, որպէսզի զինք հնազանդութեան հրաւիրէ։
Աստուած երբեք խտրութիւն չի դներ մարդոց միջեւ, անոնք ի՛նչ ցեղի ալ պատկանին։ Երկու զաւակներուն հայրն ալ իր ստացուածքը հաւասար կերպով բաժնեց իր զաւակներուն միջեւ, ինչպէս որ Ղուկաս 15րդի 12րդ համարը կ’ըսէ.- «Եւ հայրը իր զաւակներուն միջեւ բաժնեց իր ունեցածը»։
Երկու որդիներուն աչքն ալ դէպի դուրսի աշխարհն էր։ Երկուքն ալ իրենց ուրախութիւնը աշխարհիկ կեանքի մէջ կը փնտռէին՝ իրենց բարեկամներուն հետ զուարճանալով։ Կրտսեր որդին պահանջեց իրեն ինկած՝ հօրը տուած բաժինը եւ զայն առնելով հեռու երկիր մը գնաց, որովհետեւ կը կարծէր, թէ իսկական երջանկութիւնը եւ ազատութիւնը, միեւնոյն ժամանակ ուրախութիւնը կը գտնուէին իր հօրենական տունէն դուրս։ Հայրը հակառակ չկեցաւ անոր։
Չմերժեց անոր խնդրանքը։ Տուաւ իր որդիին պահանջածը եւ թոյլ տուաւ, որ մեկնի եւ իր անձնական փորձառութեամբ սորվի, թէ իսկական երջանկութիւնը իր տունէն ներս կը գտնուի։
Աստուած ալ երբեմն թոյլ կու տայ, որ հեռանանք իրմէ եւ ընտրենք տարբեր ճամբաներ, որպէսզի մեր ձեռք ձգած փորձառութեամբ սորվինք, թէ ո՞րն է ճշմարիտ ճամբան։ Սովը նոյնինքն փորձութիւնն է։ Կրնանք ըսել պատիժ մըն է կրտսեր զաւկին, որպէսզի ինք մտածէ իր ըրած յանցանքին համար, որովհետեւ մեղքը նախքան գործուիլը կրնայ հաճոյալից թուիլ մեր զգացումներուն համար, սակայն գործուելէ ետք, անմիջապէս իր ակռաները կը մխրճէ մեր սրտերուն մէջ։
Նոյնն ալ եղաւ անառակ որդիի պարագային, երբ ան խոզերու կերը ուտելով՝ անոնց հետ նոյնացաւ եւ անոնց աստիճանին ու մակարդակին իջնելով՝ ինք ալ «խոզ» դարձաւ։
Անառակ որդին չէր գիտեր, թէ նման դժբախտ վիճակի մը պիտի մատնուէր, եթէ երբեք հեռանար իր հօրենական տունէն։ Այսպիսով՝ անառակ որդին ագարակ կը ղրկուի աշխատելու եւ ոչ թէ տուն մը կամ ուրիշ տեղ։ Ահաւասիկ կը տեսնենք, թէ անառակ որդին կը դառնայ ծառայի մը պէս եւ կը ջանայ իր օրական հացը ապահովել՝ մինչ ինք իր հօրը տան մէջ բարձր պատիւներ կը վայերէր։ «Անառակ որդին գործաւոր դիրք կ’ակնարկէր՝ բայց հայրը աւելին տուաւ իրեն, զայն որդին դարձուց։
Ան յանդիմանութիւն կը սպասէր՝ բայց տաքուկ գրկի հանդիպեցաւ։ Դառն մերժում կը սպասէր, բայց ջերմ ընդունելութիւն գտաւ։ Ձեռքը ցաւցնող ցուպ կ’ակնկալէր, բայց ձեռքերուն մատները զօրացնող մատի ստացաւ։ Ոտքերուն մերկութեան համար ցաւցնող խարազան կը սպասէր՝ բայց ահա ոտքերուն մերկութիւնը ծածկող կօշիկ շնորհուեցաւ իրեն»։
Անառակ որդին իր հօրմէ կը սպասէր, որ զինք ուրանայ իր գործած յանցանքին համար, սակայն ան հորթ մը մորթեց իր զաւակին ողջ եւ առողջ վերադառնալուն համար։ Հորթը կը խորհրդանշէ Քրիստոսը, որ աշխարհ գալով (նոյնիսկ պատրաստ էր մէկ անձին համար զոհուելու) մարդս մեղքերու կապանքէն ազատեց եւ ամենայն սիրով խաչ բարձրացաւ, առանց տրտունջի արտայայտութեան։ Երբ անառակ որդին վերադարձաւ, բարի հայրը ճանչցաւ զայն եւ իր տան մէջ տեղ տուաւ անոր: Աստուած այսօր եւս իր եկեղեցւոյ ճամբով կ՛ուզէ, որ դարձի գանք եւ ապաշխարենք: Ինչպէս Քրիստոս կ’ըսէ՝ «Հովիւ մը, երբ իր կորսուած մէկ գառնուկը կը գտնէ, չ’ուրախանա՞ր», այնպէս ալ հայրը ուրախացաւ, երբ իր կորսուած որդին գտաւ։
Բարի Սամարացին
Բարի Սամարացին Քրիստոս ինքն է։ Որովհետեւ ինքն է միակ բացարձակ բարին։ Բարի Սամարացիի առակին մէջ մենք կը տեսնենք, թէ մարդ մը Երիքով իջած ատեն աւազակներու ձեռքը ինկաւ։ Մարդը կրնանք աշխարհի մէջ գտնուող ամբողջ մարդկութիւնը սեպել, իսկ աւազակները՝ մարդս մեղքի կապանքներուն մէջ հրողները։
Աւազակները կողոպտեցին, մերկացուցին եւ վիրաւորեցին անցորդ մարդուն եւ Քրիստոս ինք բժշկեց այդ մարդուն, որովհետեւ ուր վիրաւոր եւ կարիքաւոր կայ, հո՛ն է Քրիստոս։ Աւազակները, այսինքն չար հոգիները խլեցին մարդուն բոլոր ստացուածքները, եւ մերկացուցած՝ ճամբան թողուցին զայն։
Քահանային որդեգրած կեցուածքը մեզի կը սորվեցնէ կարեւոր ճշմարտութիւն մը։ Քահանան կը ներկայացնէ այն մարդը, որոնք կը լսեն լաւ կամ դժբախտ լուրերը կամ դէպքերը, եւ երբ այդ ամէնը անոնց կը պատմուի՝ անոնք չեն փորձեր անձնական հետաքրքրութիւններով եւ հետամտութիւններով դէպքին մանրամասնութիւններէն տեղեակ ըլլալը։ Անոնք պարզապէս հեռուէն դիտողներ են։
Ղեւտացիները կը ներկայացնեն այն մարդիկը, որոնք երբ լսեն պատահած դէպքի մասին, կը հետաքրքրուին անոր մանրամասնութիւններով, ոչ թէ որպէսզի օգտակար դառնան, այլ՝ որպէսզի իրենց հետաքրքրութիւնը գոհացնեն։ Աւելի լաւ է չհետեքրքրուիլ, քան հետաքրքրուիլ եւ օգտակար չդառնալ։
Քրիստոս եկեղեցին կը նմանցնէ պանդոկի. ինչպէս որ պանդոկը այն տեղն է, ուր յոգնած մարդը կ’երթայ հանգիստ ընելու, այնպէս ալ եկեղեցին ինք պէտք է դառնայ այն վայրը, ուր կեանքի փորձութիւններէն յոգնած մարդը կարենայ երթալ եւ հանգիստ գտնել։
Վիրաւորը պանդոկ տանելու գործողութիւնը ցոյց կու տայ, թէ Քրիստոս կ’ուզէ, որ իրեն հաւատացողները անպայման եկեղեցի յաճախեն։ Թէեւ առակը կը պարզէ, թէ Քրիստոս ինքն է վիրաւոր մարդը եկեղեցի տանողը, բայց մարդիկը եկեղեցի առաջնորդողը միմիայն Քրիստոսը չէ, այլ՝ պարտականութիւնն է ամէն մէկ հաւատացեալին։
Ինչպէս որ քիչ առաջ ըսինք, որ մարդը սկսած էր գէշ գործեր ընել ու մտածել, ուրեմն իր հանգիստը ո՞ւր պիտի գտնէր, անշուշտ եկեղեցիին մէջ, որո՞ւ օգնութեամբ՝ Քրիստոսի՛, ինչի՞ միցոցաւ՝ աղօթքի՛։ Քրիստոս իր ձեռքը երկարելով ոտքի հանեց մարդը (յոյս տուաւ անոր, թէ տակաւին ուշ չէ, կրնաս ապաշխարել), անոր վէրքերը բժշկեց եւ զայն եկեղեցի տարաւ ու յանձնեց պահապան հրեշտակին (Քահանան), որպէսզի զայն պահպանէ «չարի» խաբէութենէն։
Սամարացին, որ օրէնքը չճանչցող մը կը նկատուէր, եղաւ միակը, որ մարդասիրութեան օրէնքը ի գործ դրաւ։ Սամարացին պարզ Սամարացի մը չէր, այլ՝ տիեզերքը նորոգողն էր, համայն մարդկութեան Փրկիչը:
Նմանութիւններ
Առաջին նմանութիւնը, որ կրնանք գտնել Անառակ Որդիին եւ Բարի Սամարացիի առակներուն միջեւ, հետեւեալն է. մէկը «տուն» բառը, իսկ միւսը՝ «պանդոկ» բառը կը գործածէ։
Այս երկու բառերն ալ ցոյց կու տան երկնքի արքայութիւնը, ուր մարդ թէ՛ իր իր մեղքերը կը քաւէ եւ թէ ալ իր երջանկութիւնը կը գտնէ։
Երկրորդ նմանութիւնը այն է, որ երկուքի պարագային ալ զղջումի խնդիր եւ ապաշխարութեան հարց կայ։ Երկուքն ալ կը զղջան իրենց ըրածին համար։ Մէկը կը զղջայ, որ իր հայրը լքեց, իսկ միւսը կը զղջայ, որ Աստուծոյ ճամբէն շեղեցաւ։
Երկուքի պարագային ալ Աստուած ներողամիտ գտնուեցաւ եւ գթաց անոնց։ Ներեց անոնց գործած յանցանքները եւ թոյլ տուաւ, որ դէպի երկինքի արքայութիւն մուտք գործեն։
Անառակ Որդիին դրամամսխումը եւ գէշ կեանք մը ապրիլը, իսկ միւս կողմէ Բարի Սամարացիի առակին մէջ գտնուող մարդուն գէշ մտածումները եւ աւազակներուն յարձակումը կրնանք նմանցնել «չարին», որու նպատակն է մարդ արարածը հեռացնել իր իսկական Աստուծմէ։
Անառակ Որդիի առակին մէջ գտնուղ խոզերը կրնանք նմանցնել Բարի Սամարացիի մէջ գտնուող Քահանային եւ Ղեւտացիին, որ միմիայն ներկայութիւն ցոյց կու տան։
Բարի Սամարացի առակին մէջ գտնուող բարի սամարացին եւ Անառակ Որդիի մէջ գտնուող հայրը մարդեղացեալ Աստուածն են, որ երկինքէն իջաւ, որպէսզի ամէն տեսակի վիրաւորեալները բժշկէ եւ մարդս շիտակ ճամբու մը մէջ դնէ։
Անառակ Որդիին մէջ գտնուող տան ծառաները եւ Բարի Սամարացիին մէջ գտնուող պանդոկատէրը նոյնինքն բարի՝ պահապան հրեշտակներն են, որոնք պատրաստ են մեզ օգնական դառնալու։
Քահանան եւ Ղեւտացին կրնանք նմանցնել երէց եղբօր։ Քահանան տեսաւ վիրաւոր մարդը, սակայն օգտակար չդարձաւ անոր։
Նոյնպէս ալ երէց որդին, երբ տեսաւ իր կրտսեր եղբօր վերադառնալը, բարի գալուստի մաղթանք մը չըսաւ, նոյնպէս չմասնակցեցաւ անոր վերադարձի խրախճանքին։
Անոնց ժխտական կողմն ալ կայ, որ այս երկու առակներուն պարագային ալ, թէ՛ Բարի Սամարացիի մէջ գտնուող մարդը, եւ թէ՛ անառակ որդին ընդդիմացան Աստուծոյ եւ նախընտրեցին վատը, քան լաւը։
Երկու առակներու մէջ ալ փրկութեան գաղափարը կը շեշտուի։ Աստուած անոնց ձեռքէն բռնելով՝ դժոխքի կապանքէն հեռացուց եւ դէպի երկնային առաքինութիւն առաջնորդեց։
ՎԱՀՐԻՃ ԱԲՂ. ՂԱՐԱԽԱՆԵԱՆ
(Հոգեւոր հովիւ Գոգինիոյ Ս. Յակոբ եկեղեցւոյ)