altԼեզ­վոս կղզին, ո­րուն մայ­րա­քա­ղա­քը Մի­տի­լի քա­ղաքն է, կը գտնո­ւի Ե­գէա­կան ծո­վուն մէջ, շատ մօտ Թուր­քիոյ։ Լեզ­վոս կղզին, որ Թուր­քիոյ գրաւ­ման տակ մնաց շուրջ 400 տա­րի, ա­զա­տագ­րո­ւե­ցաւ 8 Նո­յեմ­բեր 1912ին։

 

Մի­տի­լիի հայ գա­ղու­թը կազ­մո­ւե­ցաւ 1921ի Օ­գոս­տո­սին, երբ Քե­մա­լա­կան զօր­քը գրա­ւեց Նի­քո­մի­տիան «Իզ­մի­թը»։ Այդ ա­տեն, յու­նա­կան շո­գե­նա­ւե­րը Մի­տի­լի­նի փո­խադ­րե­ցին շուրջ 3000 հա­յեր (­Նի­քո­մի­տիա­յէն, Ա­տա­բա­զա­րէն եւ Պար­տի­զա­կէն), ո­րոնց մե­ծա­մաս­նու­թիւ­նը հե­ռա­ցաւ Մի­տի­լիէն։ Մ­նա­ցին շուրջ 600 հա­յեր, ո­րոնք կազ­մե­ցին Մի­տի­լիի հայ գա­ղու­թը։ Գա­ղու­թը շու­տով կազ­մա­կեր­պո­ւե­ցաւ. ու­նե­ցաւ ե­կե­ղե­ցի, դպրոց եւ միու­թիւն­ներ։ Ամ­բողջ գա­ղու­թը կը պատ­կա­նէր հա­յաս­տա­նեաց ա­ռա­քե­լա­կան ե­կե­ղե­ցիին։

Ե­կե­ղե­ցին՝ 1921ին գա­ղու­թին տրա­մադ­րո­ւե­ցաւ Մի­տի­լիի յոյն Մետ­րո­պո­լի­տին կող­մէ. «­Գուլ­պա­րա» փո­ղո­ցի Ա­յիոս Եան­նիս ե­կե­ղե­ցին էր, որ հայ գա­ղու­թին կող­մէ գոր­ծա­ծո­ւե­ցաւ մին­չեւ 1947, երբ հա­յե­րը զան­գո­ւա­ծա­բար ներ­գաղ­թե­ցին Հա­յաս­տան։
Դպ­րո­ցը փայ­տա­շէն էր եւ կա­ռուցուած էր հո­ղա­մա­սի մը վրայ, զոր գա­ղու­թը վար­ձած էր «Ան­տա­լաք­սի­մոն» սպա­սար­կու­թե­նէն։ Շատ տա­րի­ներ ետք՝ 1937ին, գա­ղու­թը գնեց հո­ղա­մա­սը 160.000 տրախ­միի, որ պի­տի վճա­րո­ւէր տա­րե­կան մաս­նավ­ճար­նե­րով։

altՄի­տի­լի սահ­մա­նա­մերձ քա­ղաք է եւ միայն յու­նահ­պա­տակ­նե­րը ի­րա­ւունք ու­նին ան­շարժ կա­լո­ւած ու­նե­նա­լու հոն, այդ պատ­ճա­ռով հո­ղը գնո­ւե­ցաւ յու­նահպա­տակ Լե­ւոն Ճլ­կու­նիի ա­նու­նով, ո­րուն հայ­րը այդ ա­տեն Մի­տի­լիի հա­յոց հո­գե­ւոր հո­վիւն էր։
Գեր­մա­նա­ցի­նե­րը Մի­տի­լին գրա­ւե­ցին 1941ի Ապ­րիլ 15ին։

Յու­նա­կան դրա­մը ար­ժեզր­կո­ւե­ցաւ եւ շու­տով ար­ժէ­քը հա­սաւ գրե­թէ զե­րո­յի։ Ար­ժեզր­կո­ւած դրա­մով հո­ղին պարտք ու­նե­ցած բո­լոր մաս­նավ­ճար­ներ­նիս վճա­րե­ցինք եւ հո­ղին սե­փա­կա­նա­տէ­րը ե­ղանք, պա­տե­րազ­մէն ետք Լե­ւոն Ճլկու­նին Մի­տի­լի ե­կաւ եւ հո­ղը վա­ճա­ռեց։ Փո­խար­ժէ­քը հար­կաւ յատ­կա­ցո­ւե­ցաւ ազ­գա­յին նպա­տակ­նե­րու։

Մի­տի­լիի հայ­կա­կան միու­թիւն­ներն էին Հայ Ե­րի­տա­սար­դաց Միու­թիւ­նը, Հայ Կա­պոյտ Խա­չի մաս­նա­ճիւ­ղը, Գե­ղա­րո­ւես­տա­սի­րաց Միու­թիւ­նը, ֆութ­պո­լի «Ա­րաքս» խում­բը եւ Հայ Յե­ղա­փո­խա­կան Դաշ­նակ­ցու­թեան Են­թա­կո­մի­տէն։

Հայ Ե­րի­տա­սար­դաց Միու­թիւ­նը կազ­մո­ւած էր 1922ին, երկ­րէն ե­կած ու­սեալ ե­րի­տա­սարդ­նե­րէ, ու­նէր հա­րուստ գրա­դա­րան եւ ըն­թեր­ցա­տուն, կը ստա­նար՝ բա­ցի Ա­թէն­քի «­Նոր Օր»էն, նաեւ Ե­գիպ­տո­սի «­Յու­սա­բեր» օ­րա­թեր­թը, Ա­մե­րի­կա­յի «­Հայ­րե­նիք» օ­րա­թերթն ու «­Հայ­րե­նիք» ամ­սա­գի­րը։

Հայ Կա­պոյտ Խա­չի մաս­նա­ճիւ­ղը ու­նէր խնա­մա­տա­րա­կան գոր­ծու­նէու­թիւն, Ֆութ­պո­լի «Ա­րաքս» խում­բը ճանչ­ցո­ւած էր դա­տա­րա­նէն եւ կը մաս­նակ­ցէր քա­ղա­քի ա­ռա­ջին դա­սա­կար­գի ֆութ­պո­լի խում­բե­րու ա­խո­յեա­նա­կան մրցում­նե­րուն, Գե­ղա­րո­ւես­տա­սի­րաց Միու­թիւ­նը կը կազ­մա­կեր­պէր եւ կը ներ­կա­յաց­նէր թա­տե­րա­կան ներ­կա­յա­ցում­ներ։

Հ. Յ. Դաշ­նակ­ցու­թիւ­նը ազ­գա­յին միակ կու­սակ­ցու­թիւնն էր, որ կը գոր­ծէր Մի­տի­լիի մէջ։
Հայ տղա­քը եւ աղ­ջիկ­նե­րը անխ­տիր բո­լորն ալ կը յա­ճա­խէին ազ­գա­յին նա­խակր­թա­րա­նը, ո­րուն տնօ­րէնն էր պար­տի­զակ­ցի ու­սու­ցիչ Կա­րա­պետ Կե­րե­ւա­մեան։ Կը տօ­նէինք բո­լոր ազ­գա­յին տօ­նե­րը՝ Մա­յիս 28ը, Ապ­րիլ 24ին սգա­հան­դէ­սը, Վար­դա­նան­ցը ե­ւայլն։

Հի­մա ը­սեմ, թէ ին­չո՞վ կը զբա­ղէին Մի­տի­լիի հա­յե­րը։ Ու­նէինք շատ կա­րող եւ փնտռո­ւած բժիշկ մը՝ տոքթ. Նա­ւա­սարդ Տէյր­մէն­ճեան, որ ա­ւար­տած էր Պէյ­րու­թի Ա­մե­րի­կեան Հա­մալ­սա­րա­նը։ Կա­յին 18 խա­նութ­պան­ներ, պատ­րաստ կօ­շի­կի մե­ծա­գոյն գոր­ծա­րա­նը եւ վա­ճա­ռա­տու­նը կը պատ­կա­նէին Ե­րո­ւանդ եւ Զոհ­րապ Սա­րեան եղ­բայր­նե­րուն, ու­նէինք եր­կու թաք­սիի վա­րորդ­ներ, իսկ մնա­ցեալ­նե­րը կ’աշ­խա­տէին ա­լիւ­րի եւ կեր­պա­սի գա­լա­մա­րի մեծ գոր­ծա­րա­նը, ծխա­խո­տի գոր­ծա­րա­նը. իսկ բա­նո­ւոր­նե­րը, ճամ­բա­նե­րու շի­նու­թեան հա­մար քար կը կոտ­րէին։

Թր­քա­կան գրաւ­ման 400 տա­րի­նե­րուն, Մի­տի­լիի մէջ կը ծա­ռա­յէին թուրք հան­րա­յին պաշ­տօ­նեայ հա­յեր, ո­րոնք կը ղրկո­ւէին Կոս­տանդ­նու­պո­լի­սէն։

Կ’են­թադ­րո­ւի, թէ Մի­տի­լի կար հին հայ­կա­կան գաղ­թա­կա­նու­թիւն։ Մի­տի­լիի քա­ղա­քէն Ա­յա­սոս գիւ­ղա­քա­ղա­քը գա­ցող ճամ­բուն 17րդ քի­լո­մեր­թին կայ ջրա­ռատ վայր մը, որ տե­ղա­ցի­նե­րը կ­þա­նո­ւա­նեն Գա­ռի­նի «­Կա­րին», իսկ Կա­րի­նէն Ա­յա­սոս գա­ցող ճամ­բա­յին Ձա­նա­վա­րի «ճա­նա­պարհ»։ Ա­մար­նե­րը Մի­տի­լի կու­գա­յին տա­սի չափ ե­գիպ­տա­հայ ըն­տա­նիք­ներ, օգ­տո­ւե­լու հա­մար բու­ժիչ հան­քա­յին ջու­րե­րէն, ա­նոնց հետ լաւ ժա­մա­նակ կ­’անցը­նէինք։

Մի­տի­լիի հա­յե­րուն յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րը տե­ղա­ցի­նե­րուն հետ շատ լաւ էին, այս­պէս խա­ղաղ ապ­րե­ցանք, մին­չեւ կղզիին գրա­ւու­մը գեր­մա­նա­ցի­նե­րուն կող­մէ, որ տե­ղի ու­նե­ցաւ 1941ի Ապ­րիլ 15ին։
Գեր­մա­նա­ցի­նե­րը ի­րենց հետ բե­րին հայ մը՝ Ար­թին ա­նու­նով, ո­րուն մա­կա­նու­նը չեմ յի­շեր։ Ան յու­նա­հա­յոց ա­ռաջ­նորդ Մազլ­մեան սրբա­զա­նին քրոջ որ­դին էր եւ ծա­ռա­յեց գեր­մա­նա­ցի­նե­րուն, իբր թարգ­ման Կես­թա­փո­յի։

Ար­թի­նը բախ­տախն­դիր եւ ան­գութ մէկն էր, չէր բա­ւա­կա­նա­նար թարգ­մա­նի դե­րով, այլ կը խառ­նո­ւէր հար­ցաքն­նու­թիւն­նե­րուն, մին­չեւ իսկ կը ծե­ծէր ձեր­բա­կա­լո­ւած­նե­րուն, բո­լո­րը կը սար­սա­փէին իր­մէ։ Մ­նաց գեր­մա­նա­ցի­նե­րուն ծա­ռա­յու­թեան մէջ մին­չեւ 1944ի Յու­լի­սը, երբ հրա­ժա­րե­ցաւ պաշ­տօ­նէն, բայց շա­րու­նա­կեց մնալ Մի­տի­լի։

1944ի Յու­լի­սին վեր­ջը Զոհ­րապ Սա­րեան տրա­մադ­րեց դրա­մը, Ար­թի­նը գեր­մա­նա­ցի­նե­րէն ա­ռաւ հրա­մա­նը եւ պէն­զի­նաւ մը լե­ցու­ցին, ձի­թաիւ­ղի թի­թեղ­նե­րով, որ տա­նին Փի­րէա, Ա­թէնք ծա­խե­լու հա­մար, ուր այն ժա­մա­նակ ձի­թաիւ­ղը շատ սուղ էր, բայց ճամ­բան հան­դի­պե­ցան անգ­լիա­կան ռազ­մա­նա­ւի մը, որ կանգ­նե­ցուց պեն­զի­նա­ւին, ա­ռաւ նա­ւուն անձ­նա­կազ­մը, Զոհ­րա­պը եւ Ար­թի­նը, ընկղ­մե­ցուց պեն­զի­նա­ւը եւ գնաց Ա­ղեք­սանդ­րիա (Ե­գիպ­տոս), հոն անգ­լիա­ցի­նե­րը ա­զատ ձգե­ցին Զոհ­րա­պը եւ ձեռ­բա­կա­լե­ցին ու բան­տար­կե­ցին Ար­թի­նը։

Երբ Յու­նաս­տան ա­զա­տագ­րո­ւե­ցաւ, Զոհ­րա­պը վե­րա­դար­ձաւ Մի­տի­լի եւ միա­ցաւ ըն­տա­նի­քին, Ար­թի­նին անգ­լիա­ցի­նե­րը տա­րին Ա­թէնք եւ յանձ­նե­ցին յոյն կա­ռա­վա­րու­թեան, Ար­թի­նը դա­տուե­ցաւ եւ դա­տա­պար­տո­ւե­ցաւ մահուան ու բան­տար­կո­ւե­ցաւ Քեր­քի­րա­յի բան­տը։

1947ին երբ Յու­նաս­տա­նէն ներ­գաղթ ե­ղաւ, կա­ռա­վա­րու­թիւ­նը հայ բան­տար­կեալ­նե­րուն, ինչ պա­տի­ժի ալ դա­տա­պար­տո­ւած ըլ­լա­յին ա­նոնք, ո­րո­շեց ա­զա­տել բան­տէն, ե­թէ ներ­գաղ­թեն Հա­յաս­տան։
Ար­թի­նը ո­րո­շեց օգ­տո­ւիլ այդ ո­րո­շու­մէն, դի­մեց բան­տի տնօ­րէ­նին եւ խնդրեց, որ ի­րեն Փի­րէա փո­խադ­րեն, որ մաս­նակ­ցի ներ­գաղ­թին, բե­րին Փի­րէա, բայց մին­չեւ բե­րել­նին՝ ներ­գաղ­թող­նե­րուն նա­ւը մեկ­նած էր եւ Ար­թի­նին, փո­խա­նակ Քեր­քի­րա­յի բան­տը վե­րա­դարձ­նե­լու, ո­րո­շե­ցին գոր­ծադ­րել մա­հա­պա­տի­ժը եւ գոր­ծադ­րե­ցին։

1943ի ա­մա­ռը կղզիին ժո­ղո­վուր­դը զար­հու­րե­լի սո­վի մատ­նո­ւե­ցաւ եւ տո­ւաւ հա­զա­րա­ւոր զո­հեր, 1941-1944 շրջա­նին Մի­տի­լի քա­ղա­քին մէջ, ա­նօ­թու­թե­նէ մե­ռան նաեւ շուրջ 30 հա­յեր, ո­րոնց թա­ղե­ցինք յոյն քա­հա­նա­նե­րով, ո­րոնց մե­զի տրա­մադ­րեց Միտ­րո­պո­լի­տը։

1943ի Օ­գոս­տո­սին յու­նա­կան ոս­տի­կա­նու­թիւ­նը գեր­մա­նա­կան զի­նո­ւո­րա­կան իշ­խա­նու­թեան հրա­մա­նով հա­յե­րուն ա­ռաջ­նոր­դեց Կես­թա­փո­յի շէն­քին պար­տէ­զը, սաս­տիկ վախ­ցանք, կար­ծե­ցինք, թէ մեզ ալ հրեա­նե­րուն պէս պի­տի ղրկէին Գեր­մա­նիոյ կեդ­րո­նաց­ման ճամ­բար­նե­րը՝ ոչն­ցա­նե­լու հա­մար։ Առտուան ժա­մը 8էն մին­չեւ գի­շե­րո­ւան ժա­մը 11, ա­նօ­թի-ծա­րաւ մնա­ցինք բաց եր­կին­քի տակ, բա­րե­բախ­տա­բար գի­շե­րո­ւան ժա­մը 11ին մե­զի հրա­մա­յե­ցին տու­ներ­նիս վե­րա­դառ­նալ, փրկո­ւած էինք։

Երբ գեր­մա­նա­ցի­նե­րը գրա­ւե­ցին Մի­տի­լին, դպրո­ցը եւ ե­կե­ղե­ցին փա­կո­ւե­ցան, հայ­կա­կան միու­թիւն­նե­րը դադ­րե­ցու­ցին ի­րենց գոր­ծու­նէու­թիւ­նը եւ ազ­գա­յին կեան­քը կանգ ա­ռաւ։ Պա­տե­րազ­մի տա­րի­նե­րուն, Ա­թէն­քի Ազ­գա­յին Ա­ռաջ­նոր­դա­րա­նը եր­բեք չզբա­ղե­ցաւ մեզ­մով։

Գեր­մա­նա­կան զօր­քը լքեց Մի­տի­լին 1944ի Սեպ­տեմ­բեր 14ին եւ պա­տե­րազ­մը վերջ գտաւ մեզ հա­մար։ Այդ ա­տեն գա­ղու­թին ազ­գա­յին կեան­քը վե­րաշ­խու­ժա­ցաւ, Ազ­գա­յին Ա­ռաջ­նոր­դա­րա­նը քա­հա­նայ մը ղրկեց եւ ե­կե­ղե­ցին բա­ցինք, ա­պա՝ դպրո­ցը բա­ցինք վար­ձու շէն­քի մը մէջ, ո­րով­հե­տեւ դպրո­ցին փայ­տա­շէն շէն­քը 1943ին ձմե­ռը փլած էր, վերսկսան նաեւ հայ­կա­կան միու­թիւն­նե­րը ի­րենց գոր­ծու­նէու­թիւն­նե­րը։ 1947ի ա­մա­ռը Մի­տի­լիի հա­յե­րը զան­գո­ւա­ծօ­րէն մասնակցե­ցան դէ­պի Հա­յաս­տան ներ­գաղ­թին, Մի­տի­լի մնա­ցին 15 հայ ըն­տա­նիք­ներ միայն։

Ներ­գաղ­թէն ան­մի­ջա­պէս ետք, մնա­ցած հայ ե­րի­տա­սարդ­նե­րէն կազ­մե­ցի Հայ Յե­ղա­փո­խա­կան Դաշ­նակ­ցու­թեան Ե­րի­տա­սար­դա­կան Միու­թիւ­նը 17 ան­դամ­նե­րով, որ ու­նե­ցաւ ե­րեք տա­րո­ւան կեանք, ո­րով­հե­տեւ ան­դամ­նե­րը ի­րենց ըն­տա­նիք­նե­րուն հետ տե­ղա­փո­խո­ւե­ցան Ա­թէն­քի շրջա­նը։

Միու­թեան ան­դամ­նե­րուն շա­բա­թը ե­րեք ան­գամ կու­տա­յի հա­յոց լե­զո­ւին, ազ­գա­յին պատ­մու­թեան դա­սեր, միու­թեան ան­դամ­նե­րը բո­լորն ալ լաւ հա­յե­րէն սոր­վե­ցան, ե­ղան հայ­րե­նա­սէր հա­յեր եւ կազ­մե­ցին հայ ը­նա­նիք­ներ։

Ներ­գաղ­թէն յե­տոյ մնա­ցած դաշ­նակ­ցա­կան­ներս եօ­թը հո­գի­նոց խումբ մը կազ­մե­ցինք ըն­կեր Խա­չիկ Սափ­րի­չեա­նի խմբա­պե­տու­թեամբ եւ կա­պո­ւե­ցանք Ա­թէն­քի կեդ­րո­նին, այս խումբն ալ ե­րեք տա­րո­ւան կեանք ու­նե­ցաւ՝ իր ան­դամ­նե­րուն Մի­տի­լիէն հե­ռաց­ման պատ­ճա­ռով։

1948 Օ­գոս­տո­սին, Հ.Մ.Ը.Մ.ի Ֆիք­սի ֆութ­պո­լի խում­բը բա­րե­կա­մա­կան մրցում մը ու­նե­ցաւ Մի­տի­լիի մէջ, քա­ղա­քին ա­խո­յեան «­Բան­լես­վիա­քոս» խում­բին հետ, որ­մէ պար­տո­ւե­ցաւ մէ­կով զե­րօ ար­դիւն­քով։ Հ.Մ.Ը.Մ.ի խում­բին հետ Մի­տի­լի ե­կան հայ մար­զա­սէր­ներ, ո­րոնք մնա­ցին քա­նի մը օ­րեր եւ հիւ­րա­սի­րո­ւե­ցան քա­ղա­քի հայ ըն­տա­նիք­նե­րուն կող­մէ։

Ներ­գաղ­թէն ետք Մի­տի­լի մնա­ցած հա­յե­րը շուրջ ե­րեք տա­րի ապ­րե­ցան քա­ղա­քին մէջ եւ յե­տոյ հաս­տա­տո­ւե­ցան Ա­թէն­քի շրջա­նը։ Այ­սօր ոչ մէկ հայ կ’ապ­րի Մի­տի­լի։

1975ի Օ­գոս­տո­սին, երբ Մի­տի­լի կը գտնո­ւէի, խնդրա­գիր մը ուղ­ղե­ցի քա­ղա­քա­պետ Ա­փոս­թո­լօ Ա­փոս­թո­լո­ւին եւ քա­ղա­քա­պե­տա­կան խոր­հուր­դի ան­դամ­նե­րուն եւ խնդրե­ցի, որ Մի­տի­լի քա­ղա­քը ճանչ­նայ Հա­յոց Ցե­ղաս­պա­նու­թիւ­նը, որ գոր­ծադ­րո­ւած է Թուր­քիոյ կող­մէ 1915-1923 տա­րի­նե­րուն եւ ո­րուն զոհ գա­ցին մէ­կու­կէս մի­լիոն հա­յեր եւ քա­ղա­քին փո­ղոց­նե­րուն մէ­կը ա­նո­ւա­նո­ւի «Ար­մե­նիաս» փո­ղոց։

Քա­նի մը օր յե­տոյ պա­տաս­խան ստա­ցայ, թէ ըն­դու­նո­ւած է խնդրա­գիրս եւ ի­մա­ցու­ցին քա­ղա­քա­պե­տա­կան խոր­հուր­դին նիս­տին օ­րը, ո­րու ըն­թաց­քին պի­տի զբա­ղէին ա­ռա­ջար­կած հար­ցիս քննու­թեամբ եւ ինձ ալ հրա­ւի­րե­ցին, որ ներ­կայ գտնո­ւիմ նիս­տին։

Գա­ցի. ներ­կայ էին քա­ղա­քա­պե­տը եւ քա­ղա­քա­պե­տա­կան խոր­հուր­դին բո­լոր ան­դամ­նե­րը, բո­լորն ալ կը ճանչ­նա­յի, նախ խօսք ա­ռաւ քա­ղա­քա­պե­տը եւ ինձ հրա­ւի­րեց, որ խօ­սիմ Ցե­ղաս­պա­նու­թեան մա­սին, խօ­սե­ցայ եր­կար եւ ը­սի, որ 1915ին Օս­մա­նեան Կայս­րու­թեան մէջ կ’ապ­րէին շուրջ եր­կու­քու­կէս մի­լիոն հա­յեր, թուր­քե­րը ո­րո­շած էին սպան­նել բո­լոր հա­յե­րուն, որ­պէս­զի ա­զա­տին Հայ­կա­կան Հար­ցէն։

Այդ ո­րո­շու­մը գոր­ծադ­րե­ցին, երբ սկսաւ Ա­ռա­ջին Հա­մաշ­խար­հա­յին Պա­տե­րազ­մը, ո­րուն մաս­նակ­ցե­ցաւ Օս­մա­նեան Կայս­րու­թիւ­նը, Գեր­մա­նիոյ, Աւստ­րո­հուն­գա­րիոյ եւ Պուլ­կա­րիոյ կող­քին։ Նախ՝ սպան­նե­ցին հայ մտա­ւո­րա­կա­նու­թիւ­նը, որ­պէս­զի ժող­վուր­դը անգ­լուխ մնայ, Կ. Պոլ­սէն եւ շրջան­նե­րէն ձեր­բա­կա­լե­ցին հա­րիւ­րա­ւոր մտա­ւո­րա­կան­ներ, ո­րոնց ա­ռաջ­նոր­դե­ցին Փոքր Ա­սիոյ խո­րե­րը, ուր բո­լորն ալ սպան­նե­ցին։

Յե­տոյ ո­րո­շե­ցին տե­ղա­հան ը­նել ժո­ղո­վուր­դին ոչ միայն հա­յաբ­նակ նա­հանգ­նե­րէն, այ­լեւ նոյ­նիսկ Կ. Պոս­լոյ ա­րո­ւար­ձան­նե­րէն, բո­լո­րին ալ ա­ռաջ­նոր­դե­ցին ոտ­քով՝ հիւ­սի­սա­յին Սու­րիոյ ա­նա­պատ­նե­րը, ճամ­բան մե­ծա­մաս­նու­թիւ­նը սպան­նո­ւե­ցաւ կամ մե­ռաւ ա­նօ­թու­թե­նէն, այս բո­լո­րը տե­ւե­ցին մին­չեւ 1918, պա­տե­րազ­մին ա­ւար­տը։

Պա­տե­րազ­մը ա­ւար­տե­ցաւ Թուր­քիոյ չա­րա­չար պար­տու­թեամբ, այն ա­տեն վե­րապ­րած­նե­րուն վե­րա­դար­ձու­ցին ի­րենց տե­ղե­րը, սա­կայն քի­չե­րը վե­րա­դար­ձան, զոր օ­րի­նակ Պար­տի­զակ հա­յա­քա­ղա­քէն, որ կը գտնո­ւի Նի­քո­մի­տիա­յի մօ­տը, աք­սո­րո­ւե­ցան 12.000 հո­գի եւ վե­րա­դար­ձան հա­զիւ 2000 հո­գի։

Սա­կայն վե­րա­դար­ձող­նե­րուն հան­գիս­տը եր­կար չտե­ւեց, ո­րով­հե­տեւ եր­կու տա­րի ետք սկսաւ քե­մա­լա­կան շար­ժու­մը, քե­մա­լա­կան­նե­րը նոյն­պէս շա­րու­նա­կե­ցին հա­յե­րուն ջար­դը եւ հա­լա­ծանք­նե­րը, Թուր­քիոյ մէջ, բա­ցի Կ. Պոլ­սէն, գրե­թէ հայ չմնաց, ա­զա­տո­ւած­նե­րը փա­խան-ցրո­ւե­ցան աշ­խար­հով մէկ եւ կազ­մե­ցին հայ­կա­կան սփիւռ­քը։

Խօս­քիս ա­ւար­տին՝ պա­տաս­խա­նե­ցի ներ­կա­նե­րու հար­ցում­նե­րուն, բո­լո­րը յու­զո­ւե­ցան, ա­պա՝ ե­ղաւ քո­ւէար­կու­թիւն, եւ քա­ղա­քա­պե­տա­կան խոր­հուր­դին բո­լոր ան­դամ­նե­րը միա­ձայ­նու­թեամբ ըն­դու­նե­ցին Հա­յոց Ցե­ղաս­պա­նու­թիւ­նը. տա­կա­ւին նաեւ ո­րո­շե­ցին, որ նախ­կին հա­յոց ե­կե­ղե­ցիին առ­ջե­ւէն անց­նող փո­ղո­ցը վե­րա­նո­ւա­նո­ւի Հա­յաս­տա­նի փո­ղոց։

Քա­ղա­քա­պետ Ա­փոս­թո­լոս Ա­փոս­թո­լու ներ­քին գոր­ծոց նա­խա­րա­րին պաշ­տօ­նա­կան նա­մա­կով մը հա­ղոր­դեց, թէ Մի­տի­լի քա­ղա­քը ճանչ­ցած է Հա­յոց Ցե­ղաս­պա­նու­թիւ­նը։
Գոր­ծադ­րե­ցին նաեւ քա­ղա­քա­պե­տա­կան խոր­հուր­դին ո­րո­շու­մը եւ նախ­կին հա­յոց ե­կե­ղե­ցիին առ­ջե­ւէն անց­նող փո­ղո­ցը ա­նո­ւա­նե­ցին Հա­յաս­տա­նի փո­ղոց։

ՎԱՀԷ ՕՆՆԻԿԻ ՓԱԹՈՒՔԵԱՆ - ՄԻՏԻԼԻՆՑԻ