­altՄեծ հե­տաքրք­րու­թեամբ կար­դա­ցի 12 ­Յու­նո­ւա­րին «Ազ­դակ»ի մէջ լոյս տե­սած «­Նոր-օս­մա­նա­կան հնարք մը» խո­րա­գի­րով յօ­դո­ւա­ծիս անդ­րա­դար­ձող «Չ­խախ­տել պատ­մագ­րու­թեան կա­նոն­նե­րը» խո­րա­գի­րով ար­ձա­գան­գը, ո­րուն հե­ղի­նա­կը յստակ է, որ հար­ցե­րը կը դի­տէ`

մեկ­նած ա­կա­դե­մա­կան ո­րոշ տե­սան­կիւ­նէ:

­Յօ­դո­ւածս քա­ղա­քա­կան մեկ­նա­բա­նու­թիւն մըն էր եւ ոչ թէ` պատ­մագ­րու­թիւն, զոր կա­տա­րե­լու ո­րե­ւէ մտադ­րու­թիւն չու­նե­նա­լով` ինք­զինքս ա­զատ կը նկա­տեմ նաեւ ա­նոր կա­նոն­նե­րէն, սա­կայն ո­չինչ կ­՛ար­գի­լէ, որ անդ­րա­դառ­նամ ար­ձա­գան­գին մէջ նշո­ւած կարգ մը կէ­տե­րու, զորս կը նկա­տեմ վի­ճե­լի:

Ար­ձա­գան­գը կը նշէ.- «­Կա­րե­լի չէ 19րդ ­դա­րուն ձե­ւա­ւո­րո­ւած եւ ներ­կայ դա­րուս ա­ւե­լի ամ­րագ­րո­ւած ար­ժէք­նե­րով (…) գնա­հա­տել եւ ար­ժե­ւո­րել 15րդ­ եւ 16րդ ­դա­րե­րէն սկսած Օս­մա­նեան ­Կայս­րու­թիւ­նը», եւ ճիշդ պի­տի չըլ­լայ օս­մա­նեան «պե­տու­թե­նէն» ան­կա­խու­թեան հո­լո­վոյ­թը տա­նիլ մին­չեւ վե­րոն­շեալ դա­րե­րը եւ «ա­նո­ւա­նել այս ամ­բողջ ի­րո­ղու­թիւ­նը իբ­րեւ բռնագ­րաւ­ման շա­րան մը»: Այս պնդու­մը կը յա­ռա­ջաց­նէ այն հար­ցու­մը, թէ Օս­մա­նեան ­Կայս­րու­թեան տի­րա­պե­տու­թիւ­նը սկիզ­բը ա­զա­տագ­րու­թի՞ւն էր եւ հե­տա­գա­յին, 19րդ ­դա­րէ՞ն սկսեալ միայն վե­րա­ծուե­ցաւ բռնագրա­ւու­մի: Ու­րեմն՝ օս­ման­ցի­ներուն կող­մէ ­Կոս­տանդ­նու­պոլ­սոյ գրա­ւու­մը, թա­լա­նու­մը եւ ա­նոր բնակ­չու­թեան կո­տո­րու­մը ե­թէ ոչ բռնագ­րա­ւում, հա­պա ի՞նչ էր, ա­զա­տագ­րո՞ւմ:

Ար­ձա­գան­գը կ­՛ա­ւելց­նէ.- «Բռնագ­րաւ­ման գա­ղա­փա­րը ինք­նին ար­դիա­կան պատ­մա­քա­ղա­քա­կան եզր մըն է, որ կա­րե­լի չէ կի­րար­կել վաղ­ ժա­մա­նա­կա­կից շրջա­նի պատ­մու­թեան քննարկ­ման հա­մար»: Անձ­նա­պէս ծա­նօթ չեմ պատ­մագ­րու­թեան սկզբունք­նե­րուն, սա­կայն այս­տեղ յստակ է, որ այդ­պի­սի սկզբունք մը ե­թէ նոյ­նիսկ կայ, ա­պա գրո­ւած է բռնագ­րա­ւող ու­ժե­րուն կող­մէ, ո­րով­հե­տեւ չկայ ու չէ ե­ղած ժո­ղո­վուրդ մը, որ օ­տար ու­ժի մը տի­րա­պե­տու­թիւ­նը ըն­դու­նի իբ­րեւ բնա­կան եւ օ­րի­նա­կան ե­րե­ւոյթ: Ա­մէն ժո­ղո­վուրդ կը ձգտի կեր­տե­լու իր ան­կախ պե­տու­թիւ­նը: Ե­թէ ա­ռողջ ու իր ինք­նու­թեան գի­տա­կից ու տէր է, ա­պա ժա­մա­նա­կը ո­րե­ւէ ազ­դե­ցու­թիւն չի կրնար ու­նե­նալ այդ ձգտու­մին վրայ, իսկ ա­ռար­կա­յա­կան պայ­ման­նե­րը կրնան միայն ժա­մա­նա­կա­ւոր ար­գելք­ներ ըլ­լալ:

­Պահ մը եր­թանք15րդ­ եւ 16րդ ­դա­րե­րէն շատ ա­ւե­լի վաղ ժա­մա­նա­կաշր­ջան եւ այդ­տեղ տես­նենք օ­րի­նա­կը հրեայ ժո­ղո­վուր­դի ­Քե. 66-73 թո­ւա­կան­նե­րու ըմ­բոս­տու­թեան, որ ա­ւար­տե­ցաւ ­Մա­սա­տա­յի (հա­յե­րէն` ­Բերդ) մէջ ամ­րա­ցած 960 հրեա­նե­րու հա­ւա­քա­կան անձ­նաս­պա­նու­թեամբ: Հ­ռո­մէա­ցի­նե­րուն հա­մար ա­նոնց ըմ­բոս­տու­թիւ­նը թե­րեւս յան­ցա­գոր­ծու­թիւն եւ դա­ւա­ճա­նու­թիւն էր, սա­կայն հրեայ ժո­ղո­վուր­դին հա­մար` ա­պօ­րի­նի բռնագ­րա­ւու­մէն ձեր­բա­զատ­ման հա­մար ար­դար պայ­քար:
Բռ­նագ­րա­ւու­մը ար­դիա­կան գա­ղա­փար նկա­տե­լու «կա­նո­նը» կը ծա­ռա­յէ այդ ի­րո­ղու­թեան ժխտա­կան ըն­կա­լու­մը շին­ծու եւ ե­րե­ւոյ­թը բնա­կան եւ ըն­դու­նե­լի նկա­տե­լու միայն:

Ի­րո­ղու­թեան մէջ «Բռ­նագ­րա­ւու­մը ըն­դու­նե­լի՞ է» հար­ցու­մին պա­տաս­խա­նը կա­խեալ է ա­նոր հաս­ցէա­տէ­րէն: Բռ­նագ­րա­ւու­մը օ­րի­նա­կան է միայն բռնագ­րա­ւող կայս­րու­թեան հա­մար, եւ ոչ թէ` ան­կա­խու­թիւ­նը կորսն­ցու­ցած ժո­ղո­վուրդ­նե­րուն: ­Կայս­րու­թեան մը կա­տա­րած բռնագրա­ւու­մը օ­րի­նա­կան չէր նկա­տո­ւեր նոյ­նիսկ մէկ այլ կայս­րու­թեան մը կող­մէ, ա­հա թէ ին­չո՛ւ կայս­րու­թիւն­ներ շա­րու­նակ ի­րար­մէ կը խլէին տա­րածք­ներ, եւ ե­թէ ո­րոշ հանգրուան­նե­րուս­թա­թիւս քօ ե­ղած է, ա­պա` զի­նա­դու­լի հա­մա­զօր ժա­մա­նա­կա­ւոր հա­մա­ձայ­նու­թիւն­նե­րու կամ ա­ռար­կա­յա­կան պայ­ման­նե­րու բեր­մամբ:

­Դա­րեր շա­րու­նակ կայս­րու­թիւն­ներ ի­րար­մէ հող խլե­լու հա­մար ի­րա­րու դէմ պա­տե­րազ­մած են. ե­գիպ­տա­ցի­նե­րը ա­սո­րես­տան­ցի­նե­րուն դէմ, հռո­մէա­ցի­նե­րը` պար­սիկ­նե­րուն, բիւ­զան­դա­ցի­նե­րը` ա­րաբ­նե­րուն եւ այլն:
­Ժո­ղո­վուրդ­նե­րու ան­կա­խու­թիւ­նը միշտ ալ ե­ղած է դրա­կան ար­ժէք մը եւ ա­նօ­տա­րե­լի ի­րա­ւունք մը, ո­րուն տի­րա­նա­լու հա­մար պայ­քա­րած են բռնագ­րա­ւու­մի են­թա­կայ ժո­ղո­վուրդ­նե­րը, իսկ ա­տոր պահ­պան­ման հա­մար պայ­քա­րած ան­կախ պե­տու­թիւն­նե­րը, ինչ­պէս ՆՔ. 499էն մին­չեւ 449 կա­տա­րե­ցին յոյ­նե­րը «բար­բա­րոս» պար­սիկ­նե­րուն դէմ: Ան­կա­խու­թեան պահ­պան­ման հա­մար էր, որ ՆՔ. 480 թո­ւա­կա­նին 300 սպար­տա­ցի­ներ մին­չեւ վեր­ջին մար­դը կռո­ւե­ցան ընդ­դէմ ի­րենց եր­կի­րը բռնագ­րա­ւե­լու հա­մար ար­շա­ւող պարս­կա­կան բիւ­րա­ւոր բա­նա­կին: ­Հայ­կա­կան ա­ռաս­պե­լին հա­մա­ձայն, ­Հայ­կը եւս նոյ­նը ը­րաւ. ա­զա­տու­թեան սի­րոյն հե­ռա­ցաւ ­Մի­ջա­գետ­քէն եւ ան­կա­խու­թեան սի­րոյն պա­տե­րազ­մե­ցաւ ­Բէ­լին դէմ:

­Կը վե­րա­հաս­տա­տեմ այն պնդումս, թէ հո­ղա­յին կա­լո­ւած­նե­րու շուրջ միջ-պե­տա­կան կամ ան­հա­տա­կան վէ­ճե­րու լուծ­ման հա­մար օս­մա­նեան փաս­տա­թուղ­թե­րու օգ­տա­գոր­ծու­մը կը ծա­ռա­յէ բռնագ­րա­ւու­մը օ­րի­նա­կա­նաց­նե­լու, ո­րով­հե­տեւ ե­թէ ա­նոնք առն­չա­կից կող­մե­րուն կող­մէ կը նկա­տո­ւին օ­րի­նա­կան, ու­րեմն օ­րի­նա­կան է նաեւ զայն տո­ւող իշ­խա­նու­թիւ­նը` Օս­մա­նեան ­Կայս­րու­թիւ­նը:

Ան­տե­ղի է այն մտա­հո­գու­թիւ­նը, թէ այդ պնդու­մը կը վտան­գէ ­Հայ ­Դա­տի աշ­խա­տանք­նե­րը եւ ­Հա­յոց ­Ցե­ղաս­պա­նու­թեան պատ­մագ­րու­թեան փոր­ձե­րը: Ա­ռա­ջին հեր­թին` ­Ցե­ղաս­պա­նու­թեան պատ­մագ­րու­թիւ­նը միայն թրքա­կան փաս­տա­թուղ­թե­րէ կա­խեալ չէ, ո­րով­հե­տեւ ա­սոր վե­րա­բե­րեալ փաս­տա­թուղ­թե­րու աղ­բիւր­նե­րը շատ են (գեր­մա­նա­կան, աւստ­րիա­կան, բրի­տա­նա­կան եւն): Երկ­րորդ` թրքա­կան աղ­բիւր­նե­րը կը ծա­ռա­յեն միայն պատ­մա­կան փաս­տի մա­սին վկա­յու­թիւն­նե­րը հարս­տաց­նե­լու եւ ոչ թէ` ան­հե­թեթ կեր­պով փաս­տո­ւա­ծը փաս­տե­լու:

Այդ պնդու­մը ո­րե­ւէ ձե­ւով չի վտան­գեր ­Հայ ­Դա­տի աշ­խա­տանք­նե­րը, ո­րով­հե­տեւ դե­րա­կա­տար­նե­րը տար­բեր են: Օս­մա­նեան կա­լո­ւա­ծագ­րե­րը կրնան ա­պօ­րի­նի ըլ­լալ եր­րորդ կող­մե­րու հա­մար, սա­կայն` ոչ զայն տո­ւո­ղին կամ ա­նոր ի­րա­ւա­յա­ջոր­դին հա­մար: ­Հայ ­Դա­տի առն­չա­կից կող­մե­րէն մէ­կը այդ փաս­տա­թուղ­թե­րուն հե­ղի­նակն է: ­Մենք ­Թուր­քիոյ կը ներ­կա­յաց­նենք իր իսկ կող­մէ տրո­ւած փաս­տա­թուղ­թե­րը. մենք զա­նոնք կ­՛օգ­տա­գոր­ծենք ա­նոնց հե­ղի­նա­կին հետ մեր ու­նե­ցած հար­ցը լու­ծե­լու հա­մար: Եր­րորդ եր­կիր­ներ այդ փաս­տա­թուղ­թե­րը կ­՛օգ­տա­գոր­ծեն զա­նոնք օ­րի­նա­կան նկա­տե­լու հա­մա­ձայ­նու­թեան մը հի­մամբ` գործ­նա­կան նկա­տա­ռում­նե­րով` խնդիր­նե­րու լուծ­ման բա­նակ­ցու­թիւն­նե­րը դիւ­րաց­նե­լու հա­մար: ­Սա­կայն այդ մէ­կը չի նշա­նա­կեր, որ այդ փաս­տա­թուղ­թե­րը եւ զայն տո­ւող իշ­խա­նու­թիւ­նը իս­կա­պէս օ­րի­նա­կան են:

ՎԱՀՐԱՄ ԷՄՄԻԵԱՆ