altԵ­թէ Եւ­րո­պա­յի, Ա­մե­րի­կա­յի եւ ար­դա­րու­թեան մա­սին ճա­ռող ղե­կա­վա­րու­թիւն­նե­րը դադ­րէին բա­ռե­րու եւ ճկոյ­թի ե­տին թաք­նո­ւե­լու խա­ղէն…
­Քա­ղա­քա­գէտ­ներ եւ մեկ­նա­բան­ներ չեն վա­րա­նիր խօ­սե­լու, Ա­ռա­ջին Աշ­խար­հա­մար­տի ա­ւար­տին, կայ­սե­րա­պաշ­տա­կան շա­հե­րու հի­ման

վրայ գծո­ւած ­Սու­րիոյ, Ի­րա­քի, ­Լի­բա­նա­նի եւ ­Յոր­դա­նա­նի սահ­ման­նե­րու մա­սին:

Ոչ ոք կը հա­մար­ձա­կի խօ­սիլ նոյն Ա­ռա­ջին Աշ­խար­հա­մար­տի ա­ւար­տին Օս­մա­նեան ­Կայս­րու­թեան փլու­զու­մէն ետք ստեղ­ծո­ւած ­Թուր­քիոյ սահ­ման­նե­րուն մա­սին, ո­րոնց մէջ նե­րա­ռո­ւած են ճնշո­ւած եւ ճնշո­ւող ժո­ղո­վուրդ­նե­րու հայ­րե­նիք­ներ, ո­րոնց հա­մար ո­չինչ փո­խո­ւե­ցաւ.- Օս­մա­նի տի­րա­պե­տու­թեան տակ էին, մտան ազ­գայ­նա­մոլ թուրք իշ­խա­նու­թեան տի­րա­պե­տու­թեան տակ, ուր ա­ղօթ­քի պէս, դպրոց­նե­րու եւ բա­նա­կի մէջ կը կրկնո­ւէր՝ «Ե­րա­նի ա­նոր որ թուրք եմ կ’ը­սէ» (­Նէ մութ­լու թիւրք իմ տի­յա­նէ)…:
­Մարդ­կա­յին ի­րա­ւանց պաշտ­պան Ա­րեւ­մուտ­քը գի­տէր, գի­տէ՛: ­Պաղ ­Պա­տե­րազ­մի հրա­մա­յա­կան­նե­րը կը ստի­պէին չլսել եւ չտես­նել, եւ ­Թուր­քիոյ ձեռ­քե­րը ա­զատ կը ձգէին նոր ­Հան­րա­պե­տու­թեան մէջ փոք­րա­մաս­նու­թիւն դար­ձած ժո­ղո­վուրդ­նե­րուն հետ ըստ կամս վա­րուե­լու:

Ար­տօ­նեա­լի թե­լադ­րած տրա­մա­բա­նու­թեամբ, ­Թուր­քիոյ մէջ զար­գա­ցաւ բռնագ­րա­ւո­ւած հայ­րե­նիք­նե­րու թրքա­ցու­մը, հա­լա­ծանք­նե­րը ան­պա­կաս ե­ղան, տուր­քեր դրո­ւե­ցան փոք­րա­մաս­նու­թիւն­նե­րու վրայ, բռնագ­րա­ւո­ւե­ցան կա­լո­ւած­ներ, ­Հայ­կա­կան ­Հարց եւ ­Ցե­ղաս­պա­նու­թիւն գիր­քե­րէ եւ հան­դի­սու­թիւն­նե­րէ ան­դին չան­ցան:

­Ներ­կա­յի անբ­նա­կան կա­ցու­թիւ­նը կը յի­շեց­նէ ֆրան­սա­կան ա­ռա­ծը, որ կ’ը­սէ, թէ վա­նե­ցէ՛ք բնա­կա­նու­թիւ­նը եւ ան քա­ռասմ­բակ կը վե­րա­դառ­նայ (chassez le naturel, il revient au galop): ­Հի­մա աշ­խարհ կը գտնո­ւի իր ցարդ տես­նել չու­զած քաո­սին առ­ջեւ: ­Թուր­քիոյ նա­խա­գա­հը հաս­տա­տած է դէ­պի բռնա­տի­րա­կան վար­չա­կարգ ըն­թացք. «փոք­րա­մաս­նու­թիւն­ներ»ուն դէմ հա­լա­ծանք, ռազ­մա­կան բրտու­թեամբ յար­ձա­կում­ներ, քա­ղաք­նե­րու ռմբա­կո­ծում: ­Բիւ­զան­դիո­նի ոս­տա­նը - Կ. ­Պո­լի­սէն դար­ձած Իս­թամ­պուլ -, ա­մէն օր թա­տե­րա­բեմ է բա­խում­նե­րու, կա­մա­յա­կա­նու­թիւն­նե­րու, օ­րէն­քի ան­տես­ման, ձեր­բա­կա­լու­թիւն­նե­րու: ­Կը փա­կո­ւին թեր­թեր, կը լռե­ցեն դէ­պի ա­զա­տու­թիւն արթն­ցող գի­տակ­ցու­թիւ­նը, լրագ­րող­ներ կը բան­տար­կո­ւին, կրնան ցկեանս բան­տի մէջ մնալ:

Ա՛յս է ի­րա­կա­նու­թիւ­նը: ­Բե­րան-բաց թո­շա­կա­ռու զբօ­սաշր­ջիկ­նե­րը միշտ կրնան հիա­նալ ­Վոս­փո­րի գե­ղեց­կու­թեան, տես­նել եւ լու­սան­կա­րել մզկի­թի վե­րա­ծո­ւած ­Սուրբ ­Սո­ֆիա քրիս­տո­նէա­կան ե­կե­ղե­ցին, եր­թալ թան­գա­րան այլ ժո­ղո­վուրդ­նե­րու մշա­կու­թա­յին իւ­րա­ցո­ւած ժա­ռան­գու­թիւ­նը դի­տե­լու: Ա­նոնք հե­տաքրք­րո­ւած չեն պայ­թու­մը նա­խոր­դող ժո­ղովր­դա­յին եւ ժո­ղո­վուրդ­նե­րու ցա­սու­մի դղրդիւ­նով:

Ա­րեւ­մուտքն ալ ինք­զինք կը խա­բէ գու­նա­ւոր պատ­կեր­նե­րու տո­ղանց­քով եւ կը շա­րու­նա­կէ ­Պաղ ­Պա­տե­րազ­մի օ­րե­րու շա­հագրգ­ռու­թիւն­նե­րու սո­վո­րու­թեամբ ան­տե­սել կայ­սե­րա­կան ե­րա­զան­քով զար­գա­ցող ­Թուր­քիոյ հի­մե­րու ցնցու­մը: ­Գիտ­նա­կանն­ներ եւ թրքա­կան հար­ցե­րու մաս­նա­գէտ­ներ ա­ռար­կա­յա­կան կեր­պով կը գնա­հա­տեն նոր դրու­թիւ­նը, բայց պե­տու­թիւն­ներ չեն լսեր, կը խցեն ի­րենց ա­կանջ­նե­րը, չեն ու­զեր հա­ւա­տալ, որ մի­ջազ­գա­յին կա­ցու­թիւ­նը ոչ-հե­ռու ա­պա­գա­յին պի­տի վատ­թա­րա­նայ եւ պի­տի ու­նե­նայ ան­նա­խա­տե­սի­լի ծան­րակ­շիռ հե­տե­ւանք­ներ: ­Ղե­կա­վար­նե­րը ու­նին ընտ­րո­ւե­լու եւ իշ­խա­նու­թիւն պա­հե­լու մտա­հո­գու­թիւն:

­Թուր­քիոյ մէջ եւ դուր­սը անդ­րա­դար­ձող­ներ կան: «­Ճում­հու­րի­յէթ» եւ «­Զա­ման» թեր­թե­րը շատ սուղ կը վճա­րեն ի­րենց մեղ­քին հա­մար, ճշմար­տու­թիւն­նե­րը հրա­պա­րա­կե­լով եւ քննա­դա­տե­լով վար­չա­կար­գի դէ­պի բռնա­տի­րու­թիւն շեշ­տո­ւող ըն­թաց­քը: ­Հաս­տա­տո­ւած է ոս­տի­կա­նա­կան դրու­թիւն: Կ­’ամ­բաս­տա­նուին եւ կը դա­տա­պար­տո­ւին լրագ­րող­ներ, դա­տա­ւոր­ներ, ընդ­դի­մա­դիր­ներ: Եւ ինչ­պէս ան­ցեա­լին, Օս­մա­նի օ­րով, ամ­բո­խի կիր­քին, մո­լե­ռան­դու­թեան եւ ազ­գայ­նա­մո­լու­թեան կեր կը հայ­թայ­թո­ւի, այդ ամ­բաս­տա­նեալ­նե­րը կը ներ­կա­յա­ցո­ւին որ­պէս հայ­րե­նի­քի դա­ւա­ճան­ներ:
­Զար­մա­նա­լի է: Ա­րեւմ­տեան աշ­խար­հը ­Թուր­քիոյ դէպ­քե­րուն նմա­նող այլ եր­կիր­նե­րու մէջ պա­տա­հած­նե­րուն հա­մար ո­րո­շում­ներ կը կա­յաց­նէ, պատ­ժա­մի­ջոց­ներ կ’ո­րո­շէ, եր­բեմն բա­նակ կը ղրկէ:

­Թուր­քիոյ պա­րա­գա­յին աչք կը խփէ եւ լիա­բուռն յատ­կա­ցում­ներ կ’ը­նէ: ­Թուր­քիոյ ­Գաղտ­նի Ս­պա­սար­կու­թիւ­նը (ՄԻԹ) ա­հա­բեկ­չա­կան կազ­մա­կեր­պու­թիւն­նե­րուն եւ բա­նակ կազ­մած ծայ­րա­յե­ղա­կան­նե­րուն զէնք կը ղրկէ, եւ այդ խաղ­քու­թիւ­նը հրա­պա­րա­կող թեր­թը կը հա­լա­ծո­ւի, յար­ձակ­ման կ’են­թար­կո­ւի, գրա­սե­նեակ­նե­րը կ’ա­ւե­րո­ւին, լրագ­րող­նե­րը կը բան­տար­կո­ւին:
Ա­րեւ­մուտ­քը գի­տէ, բայց ­Թուր­քիան կը հրա­ւի­րէ Պ­րիւք­սէլ: ­Թուր­քիան կը պա­հան­ջէ, միշտ ի­րեն վե­րա­պա­հո­ւած ա­մե­նա­թո­ղու­թեան ի­րա­ւուն­քով -տիք­թա­թով -, որ իր քա­ղա­քա­ցի­նե­րուն Եւ­րո­պա ա­զատ մուտ­քի ար­տօ­նու­թիւն տրո­ւի:

­Թուր­քիոյ ներ­կայ վար­չա­պե­տը, ինչ­պէս դար մը ա­ռա­ջո­ւան իր հո­գե­ւոր հայ­րե­րը ը­րած էին հա­յե­րու պա­րա­գա­յին, կ’ամ­բաս­տա­նէ քիւր­տե­րը, որ ա­նոնք կը գոր­ծակ­ցին ռու­սե­րուն հետ:
Իսկ հզօր ­Միա­ցեալ ­Նա­հանգ­նե­րը ձայն-ծպտուն չեն հա­ներ հա­կա­ռակ ա­նոր, որ այդ քիւր­տե­րը տեղ­ւոյն վրայ ա­հա­բեկ­չա­կան եւ ծայ­րա­յե­ղա­կան բա­նակ­նե­րու դէմ կռո­ւող եւ յաղ­թա­նակ ա­պա­հով ոյժն են:

­Թուր­քիան պաշ­տօ­նա­պէս ծայ­րա­յե­ղա­կան­նե­րու դէմ կռո­ւող դաշ­նա­կից­նե­րուն հետ է, բայց փամ­փուշտ չ’ար­ձա­կեր, եւ ա­ռի­թը օգ­տա­գոր­ծե­լով կը ճզմէ քիւր­տե­րը: Այդ­պէս ը­րած էր Երկ­րորդ Աշ­խար­հա­մար­տին, ո­րուն ամ­բողջ տե­ւո­ղու­թեան սի­րա­բա­նած էր հիթ­լե­րա­կան­նե­րու հետ, կռի­ւի չէր մաս­նակ­ցած եւ վեր­ջա­ւո­րու­թեան պա­տե­րազմ յայ­տա­րա­րած էր եւ գտնո­ւած էր յաղ­թա­կան դաշ­նա­կից­նե­րու կող­քին:

Ա­ռա­ջին Աշ­խար­հա­մար­տի օ­րե­րուն ­Միա­ցեալ ­Նա­հանգ­նե­րու դես­պան ­Հան­րի ­Մոր­կան­թաու ը­սած էր, որ «­Թուր­քիան քա­ղա­քա­կան ա­ւա­զակ մըն է» (bandit politique)… ­Թուր­քիոյ օ­ժան­դա­կե­լով, զայն հա­ւա­սար­նե­րու կող­քին դա­սե­լով, ա­զա­տու­թեան եւ մարդ­կա­յին ի­րա­ւանց ա­նու­նով խօ­սող եր­կիր­նե­րը ի­րենց հո­գին կը ծա­խեն: Եւ պէտք չէ զար­մա­նալ, որ ծայ­րա­յե­ղա­կան­նե­րը հե­տե­ւորդ­ներ կը գտնեն, նոյ­նիսկ վատ ու­ժին առ­թած հիա­ցու­մով:

­Մին­չեւ ե՞րբ օ­րէն­քի պաշտ­պան աշ­խար­հը, գիտ­նա­լով հան­դերձ որ ­Թուր­քիան ա­հա­բեկ­չա­կան եւ ծայ­րա­յե­ղա­կան շար­ժում­նե­րու կ’ա­ջակ­ցի, իր սահ­ման­նե­րը բա­նա­լով ա­նոնց առ­ջեւ, զէնք մա­տա­կա­րա­րե­լով, ա­նոնց ար­տադ­րած նաւ­թը վա­ճա­ռե­լով, որ զէնք գնո­ւի, պի­տի հան­դուր­ժէ ­Սու­րիոյ ա­ւեր­ման, եւ պի­տի շա­րու­նա­կէ ­Սու­րիոյ ու ­Ռու­սիոյ նա­խա­գահ­նե­րը ամ­բաս­տա­նել յա­նուն մար­կա­յին ի­րա­ւանց: ­Բաղ­դա­տե­լին պէտք է բաղ­դա­տել եւ ընտ­րու­թիւն կա­տա­րել:

Ա­րեւմ­տեան աշ­խար­հը, նոյն հու­նով ­Միա­ցեալ Ազ­գե­րու ­Կազ­մա­կեր­պու­թիւ­նը պի­տի կա­րե­նա՞ն քիչ մը նո­ւազ հե­տե­ւիլ ան­հե­թու­թեան եւ չա­ռաջ­նոր­դո­ւիլ ան­ցեա­լի ալ ժա­մա­նա­կավ­րէպ սէ­րե­րով եւ շա­հե­րով, ո­րոնք յղի են գա­լիք օ­րե­րու բա­ցա­սա­կա­նու­թիւն­նե­րով:
Ե­թէ դէպ­քե­րը շա­րու­նա­կո­ւին նոյն ըն­թաց­քով, պի­տի հաշ­տո­ւինք նոր խա­լի­ֆա­յու­թեան եւ սուլ­թա­նու­թեան ստեղծ­ման, նոր-օս­մա­նեան կայս­րու­թեան հետ:

­Քա­քա­կա­նու­թիւ­նը նա­խա­տե­սե­լու ա­րո­ւեստն է: ­Դէ­պի ո՞ւր կ’եր­թայ ­Թուր­քիան: ­Մարդ­կա­յին ի­րա­ւանց պաշտ­պան­նե­րը պի­տի խօ­սի՞ն եւ պի­տի պաշտ­պա­նե՞ն ժո­ղո­վուրդ­նե­րու ի­րա­ւունք­նե­րը:
Մր­ցակ­ցու­թիւն­նե­րու հա­մար հա­ւա­սա­րակշ­ռու­թիւն ստեղ­ծող քա­ղա­քա­կա­նու­թիւ­նը ե­ղած է չա­րիք եւ պա­տե­րազմ­նե­րու պատ­ճառ:
Ի­րա­ւուն­քի եւ ար­դա­րու­թեան վրայ հիմ­նո­ւած հա­ւա­սա­րակշ­ռու­թեան ստեղծ­ման խնդիր ու­նի մարդ­կու­թիւ­նը:
­Ժա­մա­նա­կա­կից­ներս պի­տի դա­տո­ւինք եւ պի­տի դա­տենք այս խնդրին բե­րո­ւած լու­ծու­մով:

Յ. ՊԱԼԵԱՆ