Ահա նորութիւն մը, որ դժուար թէ ամէն օր տեսնէք լրահոսի մէջ. նախկին քոնկրէսականը կը դադրեցնէ իր աշխատանքը՝ օտարերկրեայ յաճախորդի համար… մէկ տարուան վարձատրութիւնը չստանալու պատճառով:
Ասիկա տեղի ունեցաւ քոնկրէսական Տէն Պըրթընի (Հանրապետական, Ինտիանա նահանգ) հետ, որ անցեալ շաբաթ դադրեցուց իր աշխատանքը իբրեւ Ատրպէյճա
նական-ամերիկեան Դաշինքի` Միացեալ Նահանգներու մէջ հզօր ատրպէյճանական քարոզչական խումբի նախագահի, վարձատրութեան համար ամբողջ տարի մը սպասելէն ետք:
Ի՞նչ կը մտածէին անոր ատրպէյճանցի տէրերը: Ինչպէ՞ս կրնային խաբել իրենց գործակալներէն մէկը Ուաշինկթընի մէջ: Ասիկա լաւ միջոց է ձեր լոպպիստը ձեր դէմ հանելու…
Լոպպիստները կը նպաստեն յաճախորդի շահերուն ոչ թէ անոր համար, որ կը հաւատան անոր նպատակներուն, այլ՝ գումար շահելու համար: Միակ պատճառը, որ քոնկրէսական Պըրթըն կը սատարէր աշխարհի ամենաճնշող եւ ամենափտած կառավարութիւններէն մէկուն, անձնական նիւթական շահն էր: Երբ վարձատրութիւնը դադրեցաւ, ան այլեւս պատճառ չունէր աջակցելու նախագահ Ալիեւի բռնապետական վարչաձեւին:
Ատրպէյճանական-ամերիկեան Դաշինքը հիմնադրուած է մեծահարուստ, 34ամեայ միլիառատէր Անար Մամետովի կողմէ: Հետաքրքրական է, որ Ա.Մ.Ն. նախագահի Հանրապետական թեկնածու Տոնալտ Թրամփը, զգալի վճարումի դիմաց, թոյլ տուած է իր անունով կոչելու Մամետովի ընկերութեան կառուցած շքեղ հիւրանոց մը Պաքուի մէջ:
Թղթակից Քառլ Շրեքը եւ «Ազատ Եւրոպա/Ազատութիւն» ռատիոկայանը ձեռք բերած են քոնկրէսական Պըրթընի 2016 Մարտ 1ի ելեկտրոնական նամակին պատճէնը, զոր ան ուղարկած է Ատրպէյճանական-ամերիկեան Դաշինքին համար լոպպիստական գործունէութիւն ծաւալող ուաշինկթընեան ընկերութեան ղեկավար Ճէյմս Ֆապիանիին:
«Քանի որ արդէն մէկ տարի է` ո՛չ դուք, ո՛չ Անարը կապ չէք հաստատած հետս, եւ ես չեմ վարձատրուած մէկ տարուան համար, ուստի կը խնդրեմ այս ելեկտրոնային նամակը ընդունիլ իբրեւ հրաժարականի դիմումի՝ Ատրպէյճանական-ամերիկեան Դաշինքի նախագահի պաշտօնէս»:
Ահա՛ լրացուցիչ մանրամասներ «Ազատութիւն» ռատիոկայանի բացայայտած աղմկայարոյց գործէն.
«Պըրթընի հրաժարականը յաջորդեց Ատրպէյճանական-ամերիկեան Դաշինքի ճակատագրին շուրջ ամիսներ տեւած շահարկումներուն, որ Միացեալ Նահանգներու մէջ ատրպէյճանական լոպպիստական արշաւին յենասիւնն է` Արեւմուտքի համար Ատրպէյճանը իբրեւ կայուն ուժանիւթի եւ անվտանգ գործընկեր ներկայացնելու գործին մէջ: Լոպպինկը կ՝ընդգրկէ թէ՛ մասնաւոր, թէ՛ պետական գումարներ»:
«Պաքուի քննադատները կը մեղադրեն նախագահ Իլհամ Ալիեւի կառավարութիւնը եւ անոր վստահուած անձերը` մարդու իրաւունքներու ամենակոպիտ խախտումները «խաւիարային դիւանագիտութեամբ» հարթելու մէջ` օգտագործելով նուէրներ, արձակուրդներ եւ այլ թանկարժէք խթաններ` բարեկամներ ձեռք բերելու եւ արտասահմանեան պաշտօնեաներու բարեհաճութիւնը շահելու համար»:
«Վերջերս Ալիեւը ջնջեց Մամետովի հօր ղեկավարած փոխադրամիջոցներու նախարարութեան լայն լիազօրութիւնները, ինչ որ կը նշանակէ, թէ այդ ընտանիքին ազդեցութիւնը կը տկարանայ կառավարութեան մէջ»:
«2015 Օգոստոսէն, ատրպէյճանական որոշ լրատուամիջոցներ, յղում կատարելով անյայտ աղբիւրներու, յայտնած էին, որ Մամետովը կ՝ուզէ փակել Ատրպէյճանական-ամերիկեան Դաշինքը նիւթական դժուարութիւններու պատճառով` ուժանիւթերու գիների կտրուկ անկման հետեւանքով Ատրպէյճանի ընդհանուր տնտեսական ճգնաժամի հիմքին»:
«Ըստ Opensecrets.org կայքին` վերջին հինգ տարիներու ընթացքին Ատրպէյճանական-ամերիկեան Դաշինքը ընդհանուր առմամբ ծախսած է 12,3 միլիոն տոլար ամերիկեան լոպպիստական ջանքերուն վրայ` կազմակերպելով հիւրասիրութիւններ Ուաշինկթընի վերնախաւին համար եւ առաջ մղելով Պաքուի շահերը Քոնկրէսի բարձրաստիճան անդամներու հետ հանդիպումներու գծով»:
«Կազմակերպութիւնը, որ պաշտօնապէս չի համարուիր ատրպէյճանական պետութեան առընթեր կառոյց, սակայն սերտօրէն կապուած է Ալիեւի կառավարութեան հետ, շարունակած է այս ծախսերը` ամերիկեան լոպպիստական ծառայութիւններու համար 2015 թուականին վճարելով 1,46 միլիոն տոլար, որուն մեծ մասը գացած է Fabiani & Co ընկերութեան` ըստ լոպպինկի հասարակական բացայայտումներուն»:
«Խումբը 430.000 տոլար ծախսած է 2012ի իր ճաշկերոյթին համար, որուն մասնակցած են Ներկայացուցիչներու Տան այն ժամանակուան խօսնակ Ճոն Պէյնըրը եւ Քոնկրէսի 15 այլ անդամներ, ներառեալ Պըրթընը` ըստ «Օտարերկրեայ գործակալներու արձանագրութեան մասին» ամերիկեան օրէնքի (FARA) 2013ի լրացման»:
«Պըրթընը նշանակուեցաւ Ատրպէյճանական-ամերիկեան Դաշինքի նախագահ 2013 Փետրուարին` Քոնկրէսի մէջ իր 30ամեայ գործունէութիւնը դադրեցնելէն մէկ ամիս անց: Այս շաբաթ ան «Ազատութիւն» ռատիոկայանին ըսած է, որ Ֆապիանին զինք ներկայացուցած է Մամետովին` շինարարական ընկերութիւններու, հիւրանոցներու եւ ապահովագրական ընկերութիւններու միաւորման` «Կարանթ» հոլտինկի նախագահին:
«Նախապէս «Ազատութիւն» ռատիոկայանի իրականացուցած հետաքննութիւնները բացայայտած էին, որ Անար Մամետովի գործարարութեան շահերը կապուած են իր հօր` Զիա Մամետովի ղեկավարած փոխադրամիջոցի նախարարութեան հետ»:
«Պըրթըն ըսաւ, որ Ատրպէյճանական-ամերիկեան Դաշինքին մէջ եղած ժամանակ ինքը չէ զբաղած լոպպինկով, սակայն ժամանակ առ ժամանակ հրաւիրած է Քոնկրէսի անդամները խումբի ներկայացուցած «հաւաքոյթներուն»։ Ան նաեւ կարծիք արտայայտող յօդուածներ հրապարակած է՝ ի պաշտպանութիւն Ատրպէյճանի կառավարութեան»:
Անցեալ տարուան Մայիսին ես հանդիպեցայ քոնկրէսական Պըրթընին Նիւ Եորքի հիւրանոցի մը մուտքին եւ բողոքեցի Ատրպէյճանի օգտին անոր շարունակական ջանքերուն եւ Հայոց Ցեղասպանութեան վերաբերեալ բանաձեւերու դէմ քուէարկելուն համար, Քոնկրէսի մէջ իր պաշտօնավարութեան ընթացքին: Ան տուաւ իր այցեքարտը եւ խնդրեց կապ հաստատել իր հետ… Ես չկապուեցայ իր հետ եւ հիմա ալ մտադրութիւն չունիմ, երբ ան այլեւս չ՝աշխատիր իբրեւ Ատրպէյճանի գործակալ:
ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ
«Քալիֆորնիա Քուրիըր»