altԵր­բեմն դառն ճա­կա­տա­գի­րի հեգ­նան­քը իր հետ կը բե­րէ բա­րե­բեր հո­վիկ մը, որ իր կար­գին կը սփո­փէ մեզ՝ դառ­նակս­կիծ վի­ճակ­նե­րէ պահ մը հե­ռու մնա­լու, ստեղ­ծե­լու եւ ըստ այդմ շա­րու­նա­կե­լու մեր կեան­քը։

Ն­ման յայտ­նու­թիւն մը հան­դի­սա­ցաւ վե­րոն­շեալ գիր­քին հե­ղի­նա­կը՝ ­Լա­լա ­Միս­կա­րեան-­Մի­նա­սեան, ո­րուն սրտա­մօտ եւ հո­գեգ­րաւ գրի­չին հայ ըն­թեր­ցա­սէր հա­սա­րա­կու­թիւ­նը ծա­նօ­թա­ցաւ հայ մա­մու­լի է­ջե­րէն, երբ ան սկսաւ ­Սու­րիոյ պա­տե­րազ­մին ա­հա­ւո­րու­թիւ­նը օ­րագ­րել։

Ա­յո՛, օ­րագ­րել ամ­բողջ ժո­ղո­վուր­դի մը ապ­րած դժո­խա­յին օ­րերն ու ա­միս­նե­րը, տա­րի­նե­րը։ Օ­րագ­րել երկ­րի մը մէջ պա­տա­հած քան­դում­նե­րը, ա­նա­սե­լի վայ­րա­գու­թիւն­նե­րը, բար­բա­րո­սու­թիւն­նե­րը եւ մա­սամբ նո­րին։
­Մե­զի՝ լի­բա­նա­նա­հա­յե­րուս հա­մար այդ­քան ալ նո­րու­թիւն չեն նման ար­հա­ւիրք­ներ, գա­զա­նա­յին պատ­կեր­ներ եւ ա­ւե­րում­ներ։

Այ­դու­հան­դերձ, գիր­քը կը կար­դացուի մեծ հե­տաքրք­րու­թեամբ, ո­րով­հե­տեւ հե­ղի­նա­կը սոսկ դի­պա­շա­րե­րու նկա­րագ­րու­թիւն չէ, որ կ­՚ը­նէ, այլ՝ կ­՚ու­զէ յա­ւեր­ժաց­նել դառ­նու­թեամբ յա­գե­ցած պա­հը, վայր­կեա­նը, ապ­րու­մը, զգա­ցու­մը, մէկ խօս­քով՝ ­Լա­լա ­Միս­կա­րեան-­Մի­նա­սեան իր մոր­թին վրայ զգա­լէ, նեար­դով ապ­րե­լէ եւ իր յու­զա­կան աշ­խար­հէն ան­ցը­նե­լէ ետք է, որ սպի­տակ թուղ­թին կը յանձ­նէ իր մտո­րում­նե­րը։

Եւ այս­պէս, հե­ղի­նա­կը խո­հա­կան ար­տա­յայ­տու­թեամբ, վճիտ լե­զո­ւով, մտքի ներ­դաշ­նա­կու­թեամբ, ա­ռանց ա­ւե­լոր­դա­բա­նու­թեան եւ կամ ան­տե­ղի յու­զա­կա­նու­թեան, ան մե­զի կը ներ­կա­յաց­նէ պար­տադ­րո­ւած պա­տե­րազ­մի մը ա­հագ­նու­թիւ­նը։
­Հա­տո­րը վի­պեր­գու­թիւն մը չէ, հա­կա­ռակ այն ի­րո­ղու­թեան, որ հե­ղի­նա­կը ու­նի գրա­կան-գե­ղա­րո­ւես­տա­կան շունչ, մտա­ւո­րա­կան կազ­մա­ւո­րում եւ ա­րա­րե­լու ներ­քին մղում։

­Լաւ է կա­տա­րած, որ հե­ղի­նա­կը օ­րագ­րու­թիւ­նը զերծ պա­հած է թո­ւա­կան­նե­րու միօ­րի­նա­կու­թե­նէն, ա­ւե­լի լայն հո­րի­զոն մը տա­լով մտո­րում­նե­րու այ­լա­զա­նու­թեան եւ տա­րո­ղու­թեան։
­Լա­լա ­Միս­կա­րեան-­Մի­նա­սեան իր օ­րագ­րու­թիւ­նը հա­մե­մած է նաեւ տար­բեր ստո­րո­գե­լի­նե­րով։ Ան պա­տե­րազ­մի ար­հա­ւիր­քի մը մէն մի պատ­կե­րը կը զու­գոր­դէ քա­ղա­քա­կան խօլ մրցակ­ցու­թիւն­նե­րու, հո­գե­կան վի­ճակ­նե­րու, ա­նո­րո­շու­թիւ­նե­րու եւ կեն­ցա­ղա­յին ա­ռօ­րեայ դժո­ւա­րին ու ան­տա­նե­լի պա­հե­րու հետ։

­Տա­կաւ շա­րու­նա­կո­ւող պա­տե­րազ­մի ա­հագ­նա­գոռ կա­ցու­թեան ա­ռըն­թեր, հե­ղի­նա­կը շատ ան­գամ զո­ւար­ճա­խօս է, լա­ւա­տես, հիւ­մը­րով լե­ցուն, բնու­թեան բա­րիք­նե­րուն երկր­պա­գուն, ժպի­տով կ­՚ու­զէ դի­մա­կա­յել խա­ւարն ու մու­թը, ա­նօ­թու­թիւնն ու զրկանք­նե­րը, քան­դումն ու սպան­դը։
Ա­նոր գրի­չը պատ­կե­րա­ւոր է. դի­պա­շա­րե­րու անց­ման փու­լե­րուն կը փոր­ձէ անդ­րա­դարձ կա­տա­րել պատ­մա­կան դէպ­քե­րու, ան­ձե­րու, նոյ­նիսկ Ազ­նա­ւուր կը յի­շէ, եւ կու տայ իր վեր­լու­ծու­թիւն­նե­րը՝ մեկ­նե­լով իր շուր­ջը գտնո­ւող կա­ցու­թիւն­նե­րէ եւ թշո­ւառ ի­րա­կա­նու­թե­նէ։

­Հե­ղի­նա­կը կ­՚ապ­րի պա­տե­րազ­մի մոր­մո­քը, յու­սա­հա­տու­թիւնն ու ցա­ւա­լի վի­ճակ­նե­րը, սա­կայն ա­ռանց կորսնց­նե­լու ա­պա­գա­յա­կեր­տի իր հա­մո­զում­նե­րը։ Ան կը վկա­յա­կո­չէ իր հայ­րե­նա­կից­նե­րու ապ­րած կսկիծն ու ա­նա­սե­լի դժո­ւա­րու­թիւն­նե­րը, գաղ­թա­կա­նա­կան վի­ճակն ու մա­հո­ւան սպառ­նա­լիք­նե­րը, մտա­սե­ւե­ռում­ներն ու հա­ւա­քա­կան մեր ճա­կա­տա­գի­րը։
«­Սու­րիա­կան օ­րագ­րու­թիւն» հա­տո­րը կեն­դա­նի յու­շա­րարն է գա­ղու­թա­հայ մեր կեան­քի կեն­սագ­րու­թեան, դժո­ւա­րու­թիւն­նե­րուն եւ հե­ռան­կար­նե­րուն։
­Հայ ըն­թեր­ցո­ղը իր ե­րախ­տա­գի­տու­թեամբ կու գայ քա­ջա­լեր հան­դիս­նա­լու հե­ղի­նա­կի յանձն­առու կե­ցո­ւած­քին եւ կա­տա­րած յոյժ գնա­հա­տե­լի մտա­ւո­րա­կան աշ­խա­տան­քին։

­Հա­տո­րը խմբագ­րած է տոքթ. Ար­մե­նակ Ե­ղիա­յեան եւ կը բաղ­կա­նայ 374 է­ջե­րէ։ ­Գե­ղա­տիպ է եւ ներ­կա­յա­նա­լի։ Հ­րա­տա­րա­կո­ւած է «­Գէորգ ­Մե­լի­տի­նե­ցի գրա­կան մրցա­նա­կի» կող­մէ, Ան­թի­լիաս, 2016ին։

ՀԱՄԲԻԿ ՊԻԼԱԼԵԱՆ