altՆե­խած հո­գի­նե­րու եւ բթա­ցած ու­ղեղ­նե­րու տէ­րե­րը, ո­րոնք կը ղե­կա­վա­րեն աշ­խար­հը, թող ի­րենց գեր-բեռ­նա­ւո­րո­ւած վի­ճա­կէն դա­դար առ­նե­լով` ի­րենց ո­ւիս­քիի, վոտ­քա­յի ու ա­րա­բա­կան սուր­ճի բա­ժակ­նե­րը վայր­կեան մը վար դնեն ու աչ­քեր­նին սե­ւե­ռեն այս չամ­

բող­ջա­ցած հնգա­մեայ տե­ղե­կա­գիր-հա­շո­ւե­տո­ւու­թեան վրայ ու շա­րու­նա­կեն ի­րենց հա­ճե­լի պա­հը:

­Կան­խաւ նե­րո­ղու­թիւն կը հայ­ցեմ, որ ի­րենց ըմ­պե­լի­քին մէջ լե­ղի կա­թե­ցու­ցի:
- ­Սու­րիոյ հնգա­մեայ պա­տե­րազ­մին պատ­ճա­ռով երկ­րին տնտե­սու­թեան վնա­սը կը գնա­հա­տո­ւի 103.000.000.000 (103 մի­լիառ) տո­լար։

- ­Սու­րիոյ կեդ­րո­նա­կան պա­հես­տի ար­տար­ժոյ­թի վնա­սը` 25.000.000.000 (25 մի­լիառ) տո­լար։
­Քան­դո­ւած է՝
- 3.000.000 (ե­րեք մի­լիոն) բնա­կա­րան։
- 224 հի­ւան­դա­նոց։
- 3000 դպրոց։
- 1000 դպրոց ալ պատս­պա­րա­նի վե­րա­ծո­ւած է։
- 1485 մզկիթ եւ ե­կե­ղե­ցի:
­Մարդ­կա­յին զո­հե­րուն հա­շի­ւը չկայ, կամ՝ դեռ չէ հրա­պա­րա­կո­ւած, թէեւ ը­սող­ներ կան, որ թի­ւը 400.000ի շուրջ է:
Ե­թէ այս խօ­սուն թի­ւե­րը կրցան բան մը շար­ժել ա­նոնց մէջ, թէեւ շատ յոյս չու­նիմ, կը գո­հա­նամ, որ դեռ չմե­ռած զգա­ցում­ներ կան:

Աշ­խա՛րհ, մար­դի՛կ, քսան­մէ­կե­րորդ դարն է, գի­տա­կան, ար­հես­տա­գի­տա­կան հսկա­յա­քայլ յա­ռաջ­դի­մու­թեան դարն է. այս ի՞նչ կ­՛ը­նէք, դէ­պի ու՞ր կը տա­նիք մարդ­կու­թիւ­նը:

Ին­չո՞ւ կը քան­դէք պատ­մա­կան-հնա­խօ­սա­կան հսկայ հարս­տու­թիւն ու­նե­ցող եր­կիր մը. Ին­չո՞ւ կ­՛ա­ւե­րէք խա­ղաղ բնա­կիչ­նե­րուն տու­նե­րը, Աս­տու­ծոյ ա­նու­նով ին­չո՞ւ կ­՛ա­ւե­րէք Աս­տու­ծոյ տու­նե­րը: ­Մեղք չէ՞ ­Սու­րիոյ նման խա­ղաղ, բար­գա­ւաճ, ծաղ­կուն եր­կիր մը դժոխ­քի վե­րա­ծե­լը:

Ի հե­ճուկս հնգա­մեայ ա­հագ­նա­գոյն պա­տե­րազ­մին, ­Սու­րիա տա­կա­ւին ոտ­քի է, ծուն­կի չէ ե­կած ու բո­լոր ծախ­սո­ւած մի­լիառ­ներն ու աշ­խար­հի տա­կանք­նե­րու վոհ­մակ­նե­րուն գե­հե­նա­յին յար­ձա­կում­նե­րուն ու մար­դաս­պա­նու­թեանց տա­րա­տե­սակ ե­ղա­նակ­նե­րու կի­րար­կու­մէն ետք, Ա­րեւ­մուտ­քը նոր միայն կ­՛անդ­րա­դառ­նայ իր սխա­լին ու կը խոս­տո­վա­նի, որ ­Սու­րիան ընկ­ճե­լը ան­կա­րե­լի է:

Ինչ­պէս բո­լոր պա­տե­րազմ­նե­րը, այս պա­տե­րազմն ալ վերջ կ­՛ու­նե­նայ ան­պայ­ման. «Ե՞րբ»ը դեռ յստակ չէ, «ինչ­պէ՞ս»ն­ ալ գու­շա­կե­լի չէ, սա­կայն ար­դիւն­քը ար­դէն յայտ­նի է. կար­դա­ցիք վե­րի թի­ւե­րը, ո­րոնք ա­ւել­նա­լու թեկ­նա­ծու են, այն­քան ա­տեն որ պա­տե­րազ­մը չէ ա­ւար­տած. իսկ ան­կէ ե՞տք…
­Պա­տե­րազ­մը ա­ւար­տե­լէն ետք ի՞նչ պի­տի պա­տա­հի. հա­շո­ւե­յար­դա­րը ան­խու­սա­փե­լի է:

Ո՞վ պի­տի հա­տու­ցէ ­Սու­րիոյ վնաս­նե­րը:
­Թե­րեւս քան­դո­ւած­նե­րը վե­րա­կա­ռու­ցո­ւին, տնտե­սու­թիւ­նը սկսի նոր ծաղ­կում մը ապ­րիլ, իսկ մարդ­կա­յին կո­րո՞ւս­տը…
­Մեռ­նող­նե­րուն հա­շո­ւեկ­ցումն ու հա­տու­ցո՞ւ­մը:

ՅԱԿՈԲ ՄԻՔԱՅԷԼԵԱՆ