­altԹուր­քիոյ ­Սահ­մա­նադ­րա­կան ­Դա­տա­րա­նը 25 ­Փետ­րո­ւա­րին ա­զատ ար­ձա­կեց թրքա­կան «­Ճում­հու­րիէթ» օ­րա­թեր­թի գլխա­ւոր խմբա­գիր ­Ճան ­Տիւն­տա­րը եւ օ­րա­թեր­թի Ան­գա­րա­յի գրա­սե­նեա­կի ղե­կա­վար Էր­տեմ ­Կիւ­լը, ո­րոնք 2015ին թեր­թին մէջ փաս­տա­թուղ­թեր հրա­պա­

րա­կած էին ­Յու­նո­ւար 2014ին ոս­տի­կա­նու­թեան կող­մէ կանգ­նե­ցո­ւած, ­Թուր­քիա­յէն ­Սու­րիա զէնք-զի­նամ­թերք փո­խադ­րող բեռ­նա­տա­րե­րուն վե­րա­բե­րեալ: Օ­րին դէպ­քին առն­չա­կից ոս­տի­կան­նե­րը պաշ­տօ­նէ վտա­րո­ւած էին:

28 ­Փետ­րո­ւա­րին ­Թուր­քիոյ նա­խա­գահ ­Ռե­ճեփ ­Թա­յիփ Էր­տո­ղան յայ­տա­րա­րեց.- «Վ­ճի­ռին նկատ­մամբ յար­գանք չու­նիմ: ­Զայն պի­տի չյար­գեմ»: Ան նշեց, որ եր­կու լրագ­րող­նե­րուն կա­տա­րա­ծը «մամ­լոյ ա­զա­տու­թեան հետ ո­րե­ւէ կապ չու­նի», այլ` լրտե­սու­թեան:

Երկ­րի մը բնա­կիչ­նե­րուն հա­մար ի­րա­պէս մտա­հո­գիչ պէտք է ըլ­լայ, երբ ի­րենց երկ­րին նա­խա­գա­հը հրա­պա­րա­կաւ կը յայ­տա­րա­րէ, թէ ­Սահ­մա­նադ­րա­կան ­Դա­տա­րա­նի վճի­ռին նկատ­մամբ յար­գանք չու­նի եւ զայն պի­տի չյար­գէ, մա­նա­ւանդ երբ նշեալ նա­խա­գա­հը աշ­խա­տանք կը տա­նի երկ­րին մէջ կա­ռա­վար­ման նա­խա­գա­հա­կան հա­մա­կարգ հաս­տա­տե­լու:

­Ժո­ղովր­դա­վա­րա­կան եր­կիր­նե­րու մէջ նա­խա­գահ մը բնա­կա­նա­բար ի­րա­ւունք ու­նի վճի­ռին նկատ­մամբ տա­րա­կար­ծիք ըլ­լա­լու: Ա­սի­կա ա­նոր անձ­նա­կան կար­ծիքն է, սա­կայն այդ տա­րա­կար­ծու­թիւ­նը հրա­պա­րա­կաւ ար­տա­յայ­տե­լու պա­րա­գա­յին բնա­կա­նա­բար պի­տի վե­րա­ծո­ւէր նա­խա­գա­հի կար­ծի­քի եւ ընդվզում յա­ռա­ջաց­նե­լով «ամ­բար­տա­ւան» նա­խա­գա­հը թի­րախ պի­տի դարձ­նէր բուռն քննա­դա­տու­թեանց: Ան այդ գայ­թակ­ղու­թեան հա­մար քա­ղա­քա­կան սուղ գին պի­տի վճա­րէր եւ ա­նոր կու­սա­կից­նե­րը ան­կէ պի­տի հե­ռա­նա­յին, ինչ­պէս առ­նէտ­նե­րը` ընկղ­մող նա­ւէն:

­Թուր­քիոյ մէջ, սա­կայն, Էր­տո­ղա­նի կու­սա­կից­նե­րը ոչ միայն ա­նոր կե­ցո­ւած­քը պաշտ­պա­նե­ցին, այ­լեւ` խորհր­դա­րա­նին մէջ յար­ձա­կում գոր­ծե­ցին ա­նոր այդ կե­ցո­ւած­քը քննա­դա­տող ընդ­դի­մա­դիր ե­րես­փո­խան­նե­րուն դէմ:
Ու­շադ­րու­թեան ար­ժա­նի է այն ե­րե­ւոյ­թը, որ «­Ճում­հու­րիէթ»ի ա­ւագ խմբա­գիրն ու լրագ­րո­ղը կ­՛ամ­բաս­տա­նո­ւին «լրտե­սու­թեամբ», այ­սինքն` պե­տա­կան գաղտ­նիք­նե­րու բա­ցա­յայ­տու­մով:

Այդ ամ­բաս­տա­նու­թիւ­նը խոր­քին մէջ խոս­տո­վա­նու­թիւն մըն է, թէ թրքա­կան պե­տու­թիւ­նը մեղ­սա­կից է ­Սու­րիոյ մէջ ա­հա­բեկ­չա­կան խմբա­ւո­րում­նե­րու զէն­քի մա­տա­կա­րար­ման:

Այ­լա­պէս ամ­բաս­տա­նու­թիւ­նը պի­տի ըլ­լար «կեղծ փաս­տա­թուղ­թե­րու հրա­պա­րա­կում» եւ «պե­տու­թեան ա­ղար­տում»: «Լր­տե­սու­թեան» ամ­բաս­տա­նու­թիւ­նը կու գայ վե­րա­հաս­տա­տե­լու բո­լո­րին ծա­նօթ եւ յա­ճախ հնչող ամ­բաս­տա­նու­թիւ­նը` ուղ­ղո­ւած թրքա­կան իշ­խա­նու­թիւն­նե­րուն, ո­րոնք զայն կտրուկ կեր­պով կը մեր­ժէին, սա­կայն ա­հա զայն կը խոս­տո­վա­նին դա­տա­կան իշ­խա­նու­թեան եւ երկ­րի նա­խա­գա­հին մա­կար­դա­կով:

ՎԱՀՐԱՄ ԷՄՄԻԵԱՆ