Մեր կեան­քէն, մաս­նա­ւո­րա­բար նոր սե­րուն­դի հա­սո­ղու­թե­նէն մայ­րե­նիին դուրս մնա­լուն մէջ, կա­րե­ւոր տեղ ու­նին այն սխալ ըմբռ­նում­նե­րը, ո­րոնք ան­գիր «օ­րէն­քներ»ու զօ­րու­թիւն զգե­ցած են եւ պա­տան­դի վե­րա­ծած՝ հայ զան­գո­ւած­ներ, ստեղ­ծե­լով վի­ճակ մը, որ նման է նստած ճիւղդ սղո­ցե­լու ա­րար­քին։ Թ­ւու­մի կար­գով ու հպան­ցիկ ակ­նար­կու­թիւն­նե­րով փոր­ձենք կանգ առ­նել այդ ինք­նաս­տեղծ «օ­րէնք­ներ»էն մէկ քա­նիին առ­ջեւ։

 

Ա.- ­Հա­յե­րէն գիտ­նա­լը (խօ­սիլ-գրել-կար­դալ) նա­խա­պայ­ման չէ լաւ հայ ըլ­լա­լու.- Այս մտա­ծո­ղու­թիւ­նը տա­րա­ծո­ւած է մէ­կէ ա­ւե­լի մա­կար­դակ­նե­րու վրայ, մին­չեւ իսկ ներգ­րա­ւած է ո­րոշ մտա­ւո­րա­կան­ներ։ Ա­նոր հիմք կը ծա­ռա­յեն կարգ մը բա­ցա­ռու­թիւն­ներ, ո­րոնց շար­քին կա­րե­լի է դա­սել ­Հա­յե­րէ­նէն հե­ռու ին­կած ու հռչակ շա­հած գրող­ներՍա­րո­յեա­նէն մին­չեւ ­Մայ­քըլ Առ­լէն­ներ ու ­Պա­լա­գեան, իսկ ­Շահ­նու­րի ու ­Սիւր­մե­լեա­նի նման երկ­լե­զու գրող­նե­րու պա­րա­գան բո­լո­րո­վին տար­բեր է), քա­ղա­քա­կան գի­տու­թեանց ու պատ­մու­թեան կարգ մը հայ մաս­նա­գէտ­ներ, դե­րա­սան­ներ, ա­րո­ւես­տա­գէտ­ներ եւ մա­սամբ նո­րին։ ­Կա­րե­լի է կար­կի­նը տա­րա­ծել՝ այս օ­ղա­կին մէջ առ­նե­լու հա­մար նաեւ ոչ-անուա­նի ան­հատ­ներ եւ ե­րի­տա­սարդ սե­րուն­դէն չնչին փոք­րա­մաս­նու­թիւն մը. սա­կայն ա­նոնք բա­ւա­րար չեն ԱԶԳԻ ԳՈՅԱՏԵՒՈՒՄԸ ԵՐԱՇԽԱՒՈՐԵԼՈՒ հա­մար։ ­Հա­յե­րէ­նը, շատ մը բա­նե­րու կող­քին, բա­նա­լին է հա­յուն ինք­նա­ճա­նաչ­ման, իր պատ­մու­թեան, մշա­կոյ­թին եւ իր լի­նե­լու­թեան մա­սին ընդ­հա­նուր տե­ղե­կու­թեանց իւ­րաց­ման (մաս­նա­գի­տու­թեան հար­ցին կ­’անդ­րա­դառ­նանք քիչ մը ան­դին)։ Ա­ռանց ինք­նա­ճա­նա­չու­մի, ազ­գի թո­ւա­կան ու ո­րա­կա­կան ա­ճը միշտ ալ պի­տի մնայ նա­հան­ջի մէջ, պի­տի շա­րու­նա­կենք զար­մա­նալ, թէ ին­չո՞ւ չենք կրնար քան­դել տկա­րա­ցու­մի օ­ղա­կը։ ­Յար­գե­լի փոք­րա­մաս­նու­թիւն մը չա­փա­նիշ չէ։

Բ.- ­Հա­յե­րէ­նի ի­մա­ցու­թեան վրայ ծան­րա­նա­լը պատ­ճառ կ­’ըլ­լայ, որ պա­տա­նի­ներն ու ե­րի­տա­սարդ­նե­րը օ­տար ա­փե­րու վրայ չկա­րե­նան տի­րա­պե­տել տե­ղա­կան լե­զու­նե­րուն, ա­նոնց ա­ռո­գա­նու­թեան ու նրբու­թեանց.- Ն­ման մտա­ծում կրնար ո­րոշ հիմք ու­նե­նալ ­Ցե­ղաս­պա­նու­թե­նէն վե­րապ­րող ա­ռա­ջին ու երկ­րորդ սե­րունդ­նե­րուն հա­մար, մինչ­դեռ չենք անդ­րա­դառ­նար, որ նոր սե­րունդ­նե­րը տաս­նա­մեակ­նե­րէ ի վեր շրջան­ցած ու փա­րա­տած են այս մտա­վա­խու­թիւ­նը։ ­Պատ­ճա՞­ռը. ո­րով­հե­տեւ հա­յե­րէ­նի հնչա­բա­նու­թիւ­նը փաս­տօ­րէն ան­բաղ­դա­տե­լի ճկու­նու­թիւն կու տայ հա­յուն։ ­Մեր լե­զո­ւին հնչիւն­նե­րը մեզ կա­րող կը դարձ­նեն տի­րա­նա­լու Անգ­լե­րէ­նի, Ֆ­րան­սե­րէ­նի, Ս­պա­նե­րէ­նի, ­Յու­նա­րէ­նի, ­Գեր­մա­նե­րէ­նի, ­Պարս­կե­րէ­նի, ­Ռու­սե­րէ­նի, մին­չեւ ան­գամ ա­րա­բե­րէ­նի հնչում­նե­րուն եւ ա­ռո­գա­նու­թեան, հոգ չէ թէ վեր­ջի­նին կարգ մը կո­կոր­դա­յին հնչում­նե­րըՀէ-ն, Աայն-ը եւ ­Գաֆ-ը) հա­մա­պա­տաս­խան տա­ռեր չու­նին մեր ու հնդեւ­րո­պա­կան այլ լե­զու­նե­րու մէջՉի­նա­րէ­նին կամ ­Ճա­փո­նե­րէ­նին ծա­նօթ­ներ թող վկա­յու­թիւն տան այդ լե­զու­նե­րը խօ­սե­լու կա­րող հա­յե­րու մա­սին...)։ ­Հար­ցին միւս ե­րեսն ալ այն է, որ ընդ­հան­րա­պէս հան­դուր­ժող ու ան­տար­բեր ենք, երբ հայ ե­րի­տա­սար­դը հա­յե­րէն խօ­սի օ­տար­նե­րու ա­ռո­գա­նու­թեան ազ­դե­ցու­թեան տակ։ ­Յե­տոյ, ու ա­ռանձ­նաց­նե­լով Անգ­լե­րէ­նի ա­ռո­գա­նու­թեան պա­րա­գան, կ­’ար­ժէ հարց տալ, թէ ի վեր­ջոյ ո՞րն է լա­ւա­գոյն ա­ռո­գա­նու­թիւ­նը. անգ­լիա­կա՞­նը, աւստ­րա­լիա­կա՞­նը, ա­մե­րի­կեա՞­նը՝ իր տար­բե­րակ­նե­րով։ ­Կամ, վեր­ջա­պէս, ին­չո՞ւ աշ­խար­հահռ­չակ ու ա­կա­նա­ւոր անձ­նա­ւո­րու­թիւն­ներ (քա­ղա­քա­կան, ա­րուես­տի մար­զե­րու ծա­ռա­յող կամ այլ) չեն մտա­հո­գո­ւիր ան­հա­րա­զատ ա­ռո­գա­նու­թեամբ խօ­սե­լու այս կամ այն օ­տար լե­զուն...

Գ.- ­Հա­յե­րէ­նը փոր չի կշտաց­ներ, կամ՝ մեր տղաքն ու աղ­ջիկ­նե­րը հա­յա­գէտ պի­տի չըլ­լան, որ­պէս­զի պէտք ու­նե­նան ­Հա­յե­րէն սոր­վե­լու.- Այս եր­կու թիւր մտա­ծում­նե­րը միա­սին ներ­կա­յա­ցու­ցինք, ո­րով­հե­տեւ «լծա­կից» են։ Ինչ­պէս ոե­ւէ ժո­ղո­վուր­դի զա­ւակ, հա­յերս ալ մեր լե­զուն պէտք չէ նկա­տենք ու­տե­լի­քի տե­սակ, որ մեր փո­րը կուշտ պի­տի պա­հէ։ ­Մոռ­ցած ենք կամ թոյլ տո­ւած՝ որ թօշ­նի այն ճշմար­տու­թիւ­նը, թէ լե­զուն նոյ­նինքն ժո­ղո­վուրդն է, ա­նոր գո­յա­տեւ­ման ու ա­ճին գրա­ւա­կա­նը, ծա­նօթ ու նո­ւազ ծա­նօ­թի բո­լոր ար­ժէք­նե­րուն պահ­պան­ման եւ իւ­րաց­ման բա­նա­լին։ ­Հա­յե­րէն խօ­սող-կար­դա­ցող-գրո­ղը հա­յա­գէտ չէ ու պէտք ալ չու­նի հա­յա­գէտ ըլ­լա­լու. հա­յա­գէ­տը այն անձն է, որ հա­յու­թեան պատ­մու­թեան, գրա­կա­նու­թեան, մշա­կոյ­թին, ե­րաժշ­տու­թեան կամ ո­րե­ւէ այլ կա­լո­ւա­ծին մա­սին մաս­նա­գի­տա­կան ու­սում կը ստա­նայ ու կը խո­րա­նայ տո­ւեալ կա­լո­ւա­ծի մը մէջ, ինչ­պէս բժիշն ու դե­ղա­գոր­ծը, ճար­տա­րա­պետն ու ե­րա­ժիշ­տը կը հմտա­նան ի­րե՛նց ընտ­րած մաս­նա­գի­տա­կան ճիւ­ղե­րուն մէջ։ ­Հե­տե­ւա­բար, պէտք է ձեր­բա­զա­տիլ այն «մտա­հո­գու­թե­նէն«, որ հա­յե­րէն սոր­վե­լով ու հա­յե­րէ­նով հա­ղոր­դակ­ցե­լով, մեր տղաքն ու աղ­ջիկ­նե­րը հա­յա­գէտ պի­տի ըլ­լան (իսկ ե­թէ յի­շեալ ճիւ­ղե­րէն մէկն ու մէ­կը ընտ­րեն, հոն ալ «փոր կշտաց­նող» աշ­խա­տան­քի աս­պա­րէզ գո­յու­թիւն ու­նի, պէտք է զարկ տալ այդ աս­պա­րէզ­նե­րուն...)։

Դ.- ­Մեր պա­տա­նի­ներն ու ե­րի­տա­սարդ­նե­րը ­Հա­յե­րէն չեն սի­րեր, չեն ու­զեր ­Հա­յե­րէն սոր­վիլ, ­Հա­յե­րէ­նով հա­ղոր­դակ­ցիլ։ ­Հա­յե­րէ­նը դժո­ւար լե­զու է- ­Հա­յե­րէն սի­րել-չսի­րե­լը նման չէ այս կամ այն տե­սա­կի ճաշ, պաղ­պա­ղակ կամ կօ­շիկ նա­խընտ­րե­լու։ ­Հա­յը կը ծնի հայ, ինչ­պէս ա­րա­բը՝ ա­րաբ, սպա­նա­ցին՝ սպա­նա­ցի, ռուսն ու անգ­լիա­ցին՝ ի­րենց ժո­ղո­վուրդ­նե­րու ծո­ցին մէջ։ Ե­թէ այլ ժո­ղո­վուրդ­ներ նման հարց ու­նին՝ ո՛չ մէկ ա­տեն լսած ենք, որ տագ­նա­պի մատ­նո­ւած են (օ­տա­րու­մի եւ ու­ծա­ցու­մի ի­րա­կա­նու­թիւն­նե­րը միայն հա­յե­րուս յա­տուկ վի­ճակ­ներ չեն յա­մե­նայն­դէպս, սա­կայն ան­շուշտ որ կայ սահ­ման մը. մեր մտա­հո­գու­թեան կի­զա­կէ­տը մե՛ր ժո­ղո­վուրդն է)։ ­Մայ­րե­նիին հան­դէպ սէ­րը կը ծնի ըն­տա­նի­քի յար­կին տակ, կը զար­գա­նայ դպրո­ցին ու ան­ձը շրջա­պա­տող մի­ջա­վայ­րին մէջ։ ­Բա­նա­լի գաղտ­նի՞­քը. լե­զուն ՍԻՐՑՆԵԼՈՒՆ ՄԷՋ Է։ Ծ­նող­ներ, ու­սու­ցիչ­ներ եւ ե­րէց սե­րուն­դէն ա­ռաջ­նոր­դող դէմ­քեր նախ ի­րե՛նք պի­տի տի­րա­նան այս գաղտ­նի­քին եւ ա­նո՛վ վա­րա­կեն նո­րե­րը։ Ե­րէց­ներ յա­ճախ կ­’ըն­դու­նին կա­մա­կա­տա­րը դառ­նալ ան­չա­փա­հաս ու ան­գի­տա­կից մա­նու­կին ու պա­տա­նիին, ո­րոնք (իբ­րեւ թէ) զի­րենք կը հա­մո­զեն, թէ չեն ու­զեր ­Հա­յե­րէն սոր­վիլ...։ Իսկ բազ­մա­դա­րեան մեր լե­զուն ա՛յն­քան դիւ­րին կամ դժո­ւար է, որ­քան ո՛­րե­ւէ այլ լե­զու, ին­չո՞ւ չէ, զայն սոր­վի­լը ան­հա­մե­մատ ա­ւե­լի դիւ­րին է, բաղ­դատ­մամբ բազ­մա­թիւ այլ լե­զու­նե­րու, կը դիւ­րաց­նէ այլ լե­զու­ներ սոր­վի­լը, եւ ո՛չ թէ հա­կա­ռա­կը։

Ե.- ­Նոր սե­րուն­դը մեր գրա­կան եւ այլ ար­ժէք­նե­րուն ծա­նօ­թաց­նե­լու ար­դի մի­ջոց է մեր գիր­քե­րը անգ­լե­րէ­նի կամ այլ լե­զու­նե­րու թարգ­մա­նե­լը.- Ո­րոշ գիր­քեր օ­տար լե­զու­նե­րու թարգ­մա­նե­լը, խոր­քին մէջ, լաւ մի­ջոց է մեր ար­ժէք­ներն ու հարս­տու­թիւն­նե­րը ՕՏԱՐԻ՛Ն ծա­նօ­թաց­նե­լու հա­մար. այս մի­ջո­ցին յա­ճախ դի­մած ենք. բայց թէ նոր սե­րուն­դը որ­քա­նո՞վ հայ­կա­կան ար­ժէք­նե­րով պի­տի հրա­պու­րո­ւի օ­տա­րա­լե­զու հրա­տա­րա­կու­թիւն­նե­րով, շեշ­տա­կիօ­րէն թէա­կան է, կամ ան­խու­սա­փե­լիօ­րէն նկա­տի ու­նի ցան­կա­լի թի­ւին մէկ փոքր հա­մե­մա­տու­թիւ­նը, ո­րով­հե­տեւ հոն ալ, բա­նա­լին հայ­կա­կան ար­ժէք­նե­րու նկատ­մամբ հե­տաքր­քու­թեան ու սի­րոյ-յար­գան­քի ստեղ­ծումն է։ ­Հայ գրող­նե­րու գոր­ծե­րուն օ­տար լե­զու­նե­րու թարգ­մա­նու­թիւ­նը բո­լո­րո­վին ա­նօ­գուտ չէ, բայց միշտ ալ պի­տի տայ ան­բա­ւա­րար ար­դիւնք, նոր պատ­րո­ւակ պի­տի ծա­ռա­յէ ­Հա­յե­րէ­նէն խոր­շե­լու։ Իսկ ե­թէ պահ մը ըն­դու­նինք, որ դէ­պի օ­տար լե­զու­նե­րու թարգ­մա­նու­թիւ­նը ար­դիւ­նա­ւոր ձեւ է, ու­րեմն պէտք է, ար­դար ըլ­լա­լու հա­մար, մեր գրող­նե­րուն գոր­ծե­րը հայ­կա­կան օ­ճախ­ներ ու­նե­ցող բո­լոր եր­կիր­նե­րու բնիկ լե­զու­նե­րուն թարգ­մա­նենք, օ­րի­նակ, Անգ­լե­րէ­նի, Ֆ­րան­սե­րէ­նի, Ս­պա­նե­րէ­նի, ­Ռու­սե­րէ­նի, ­Փոր­թու­գա­լե­րէ­նի, ­Գեր­մա­նե­րէ­նի, Ա­րա­բե­րէ­նի, ին­չո՞ւ չէ նաեւ՝ ­Չի­նա­րե­նի, ­Ճա­փո­նե­րէ­նի կամ կեդ­րո­նա­կան Ա­սիոյ այլ ժո­ղո­վուրդ­նե­րու լե­զու­նե­րուն, ո­րով­հե­տեւ բազ­մա­թիւ հա­յեր ա­ռեւտ­րա­կան-ապ­րուս­տի մտա­սե­ւե­ռում­նե­րով, սկսած են ստո­ւա­րաց­նել եւ­րո­պա­կան ու ա­սիա­կան բազ­մա­թիւ եր­կիր­նե­րու հայ­կա­կան գա­ղութ­նե­րը...։ ­Մինչ­դեռ, կարճ ու դիւ­րին ճամ­բան՝ պարզ ու մատ­չե­լի հա­յե­րէ­նին իւ­րա­ցումն է մեր պա­տա­նի­նե­րուն ու ե­րի­տա­սարդ­նե­րուն կող­մէ։ ­Կը բա­ւէ միայն մտա­բե­րել, որ պա­տա­նին կամ ե­րի­տա­սար­դը որ­քա՛ն կարճ ժա­մա­նա­կի մէջ կը սոր­վին օ­տար լե­զու մը, երբ դպրո­ցա­կան-հա­մալ­սա­րա­նա­կան ծրա­գի­րին մէջ նման հար­կադ­րանք-ընտ­րանք դի­մագ­րա­ւեն, հե­տե­ւա­բար, ին­չո՞ւ կաս­կա­ծիլ, որ ա­նոնք ի­րենց սե­փա­կան լե­զուն դիւ­րու­թեամբ պի­տի չսոր­վին։ Իսկ թէ կա­րե­լի՞ է կարգ մը գո­հար­ներ հա­րա­զա­տօ­րէն եւ ի­րենց բուր­մուն­քով թարգ­մա­նել, կրնայ պա­տաս­խան գտնել՝ փորձ կա­տա­րե­լով թարգ­մա­նե­լու ­Մե­ծա­րեն­ցի նման հան­ճա­րի մը հե­տե­ւեալ տո­ղե­րըը.- «­Գի­շերն ա­նուշ է, գի­շերն հեշ­տա­գին, հա­շի­շով օ­ծուն ու բա­լա­սա­նով...», ու տես­նել, որ ­Շա բա­ղա­ձայ­նով ստեղ­ծո­ւած ե­րաժշտա­կա­նու­թիւ­նը ինչ­պի­սի՜ կորս­տեան կը մատ­նո­ւի...

Զ.- ­Գիր­քերն ու թեր­թե­րը, գրա­ւոր ար­տա­յայ­տու­թեան մի­ջոց­նե­րը հին դա­րե­րուն կը պատ­կա­նին. նոր դա­րը շրջան­ցած է այդ հնու­թիւն­նե­րը.- ­Նե­րա­ծո­ւած այս ու նման մտա­ծում­ներ, որ­քան ալ ո­րոշ հիմ­նա­ւո­րում­ներ գտնեն, լիո­վին չեն հա­մա­պա­տաս­խա­ներ ճշմար­տու­թեան։ Այլ ժո­ղո­վուրդ­նե­րու մօտ ման­կա­պա­տա­նե­կան եւ այլ գիր­քե­րու հրա­տա­րա­կու­թիւ­նը կամ ման­կա­վար­ժա­կան-դաս­տիա­րակ­չա­կան նիւ­թե­րու տա­րա­ծու­մը ո­րոշ նա­հանջ ար­ձա­նագ­րած է, սա­կայն չի կրնար կորս­տեան մատ­նո­ւիլ, կ­’ար­դա­րա­նայ նաեւ ա­ռեւտ­րա­կան տրա­մա­բա­նու­թեամբ, ո­րով­հե­տեւ տպագ­րու­թեան գիւ­տէն ի վեր, նաեւ ան­մի­ջա­կան ա­պա­գա­յին, գիրքն ու թեր­թը կը մնան կեն­սա­կան կա­րիք­ներ։ ­Փաս­տօէն, ար­դի ար­հես­տա­գի­տու­թեան բո­լոր բա­րիք­նե­րը ճանչ­նա­լով, կրնանք ան­վա­րան հաս­տա­տել, որ ԸՆԹԵՐՑՈՒՄԸ կը մնայ գլխա­ւոր մի­ջո­ցը տե­ղե­կու­թեան ու գի­տե­լի­քի հետ հա­ղոր­դակ­ցու­թեան, ա­նոնց­մով հարս­տա­նա­լու։ Բ­ժիշկն ու դե­ղա­գոր­ծը, խմբա­գիրն ու գրա­գէ­տը, պե­տա­կան ու քա­ղա­քա­կան մար­դի­կը կար­դա­լով-գրե­լով կը սոր­վին, նո­րու­թիւն­նե­րու կը ծա­նօ­թա­նան, կը հա­ղոր­դակ­ցին ու կ­’ար­տա­յայ­տո­ւին։ Երկ­րոր­դա­կան է, թէ ըն­թեր­ցու­մը կը կա­տա­րո­ւի տպագ­րո­ւած գիր­քէ՞, թեր­թէ՞ թէ ե­լեկտ­րո­նա­յին է­ջե­րէ։ ­Ներ­կայ պայ­ման­նե­րուն մէջ, վե­րո­յի­շեալ մտա­ծո­ղու­թեան որ­դեգ­րու­մը ինք­նա­բե­րա­բար զան­գո­ւա­ծը պի­տի ա­ռաջ­նոր­դէ տգի­տու­թեան, լա­ւա­գոյն պա­րա­գա­յին՝ մար­դուն աշ­խար­հը փոք­րաց­նող եւ ու­ղե­ղը փթաց­նող՝ դի­մա­տետ­րեան մա­կար­դա­կի «գրա­կա­նու­թեամբ» հպարտ զգա­լու կա­ցու­թեան։

Թ­ւու­մի շար­քը կա­րե­լի է եր­կա­րել, սա­կայն կ­’ու­զենք բա­ւա­կա­նա­նալ վե­րո­յի­շեալ­նե­րով, իսկ իբ­րեւ «մանր յա­ւե­լո­ւած», կանգ առ­նել գո­նէ եր­կու կէ­տի վրայ։ Ա­ռա­ջի­նը՝ մեր կեան­քին մէջ Ա­րե­ւե­լա­հա­յե­րէ­նին ու Ա­րեւմ­տա­հա­յե­րէին ներ­կա­յու­թեան հարցն է. շա­տեր կը պատ­րո­ւա­կեն, թէ զոյգ ճիւ­ղե­րը ար­գե­լակ կամ խո­չըն­դոտ կը կանգ­նին նոր սե­րունդ­նե­րու մայ­րե­նիին ծա­նօ­թաց­ման ու գոր­ծա­ծու­թեան, միչ­դեռ սա մեր դա­րա­ւոր հարս­տու­թիւն­նե­րէն մէկն է եւ՝ դիւ­րաւ լու­ծե­լի հարց։ Իսկ երկ­րոր­դը՝ դա­սա­կան ուղ­ղագ­րու­թիւ­նը իբ­րեւ միաս­նա­կան ձեւ վե­րա­կանգ­նե­լու հրա­մա­յա­կանն է։ ­Հա­յաս­տա­նի ան­կա­խու­թեան վե­րա­կանգ­նու­մէն աս­դին, այս մա­սին շատ մե­լան հո­սած է, դա­սա­կա­նին վե­րա­կանգ­նու­մի անհ­րա­ժեշ­տու­թիւ­նը փաս­տար­կո­ւած է, իսկ այս վէր­քին բուժ­ման յե­տաձ­գու­մը պի­տի նշա­նա­կէ նոր դժո­ւա­րու­թեանց կու­տա­կում, մա­նա­ւանդ երբ կը թե­ւա­կո­խենք թո­ւայ­նա­ցեալ մշա­կոյ­թի դա­րաշր­ջա­նը։

Ս. ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆ